Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆԱՆՑ ԲԱԺԻՆԸ
ԿԻՆԸ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ


Ամէն դարերու եւ ամէն ժամանակներու մէջ մի՛շտ ազատ, մի՛շտ ընդարձակ ասպարէզ ունեցեր են այր մարդիկ. ասպարէզ՝ խօսելու, խորհելու, գրելու եւ գործելու. մինչդեռ կանանց համար մասնաւորապէս հայ կանանց համար ըսել կ՚ուզեմ ստեղծուեր է շատ սահմանափակ վիճակ մը. շատ կաշկանդուած կեանք մը։

Հայ կինը ազատ չէ գրելու անխտիր ամէն նիւթերու վրայ. «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը շատ անգամներ կը խեղդէ իր մտքին ու սրտին խորերէն թռչող ամենէն վեհ ձայնը, կը ջլատէ իր հոգւոյն ամենէն բարձր ձգտումները, եւ հետեւաբար կը կաշկանդէ իր գրիչն ալ…։ Եթէ գրէ իսկ, որոշ նիւթերու վրայ կը գրէ, զորս գրեթէ կը նշանակէ իրեն համար հանրային կարծիքը, եւ այդ պատճառաւ, բռնադատուած, սեղմուած բան մը, որոշ չափէն դուրս չելնելու ջանք մը կամ աւելի ճիշդը վախ մը կայ առ հասարակ իր բոլոր գրուածքներուն մէջ։ Ազատ չէ կարծիք յայտնելու համարձակ եւ անկեղծ այն ամէն հարցերու մասին՝ որոց խառնուիլը անպատշաճ նկատեր է իրեն համար հանրային կարծիքը…։ Շատ անգամներ, ընկերութեան մէջ՝ երբ խօսակցութիւնը կը դառնայ ընկերային եւ հանրային խնդիրներու առանցքին վրայ եւ կը ծեծուին այնպիսի հարցեր՝ որոնք կենսական կը նկատուին, զգուշաւոր ու երկչոտ կը տեսնես զինքը միշտ. սակայն նա կ՚զգայ. համակ զգացում է ինքը արդէն. Սէր եւ Գութ է միանգամայն. անոր սիրտը միշտ վառուող կրակ մըն է, ուր կը տաքնան, ու կը բռնկին ամենէն նուիրական եւ սուրբ զգացումները. սակայն ատոնք իրենց մէջ կ՚այրուին, մոխիր կը դառնան, որովհետեւ հայ կինը ազատ չէ, ազատ հոսանք մը տալով իր զգացումներուն, վառել ու մաքրել նաեւ սիրտերն ամէն անոնց՝ որոնք իրեն շուրջը կը գտնուին. այդ բանը կ՚արգիլէ իրեն հանրային կարծիքը…։

Եւ ոչ միայն հայ ազգին՝ ամէն ազգերու մէջ ալ առ հասարակ կինը միեւնոյն տխուր ու կաշկանդուած կեանքը ունի հազիւ ուրեմն իբրեւ բացառութիւն կրնանք յիշել մէկ քանի ցանցառ ազգեր՝ ուր կինը քիչ թէ շա կ՚ապրի իբրեւ ազատ խղճի, ազատ համոզման, եւ ազատ գաղափարի տէր էակ։

Շատ անգամ խորհեր եմ ինքնին թէ՝ երբ մեր երկիրը դուրս եկեր է վերջապէս անծանօթ խաւարներէ, թօթափեր է իր դարաւոր քունը, եւ ծներ՝ մարդկութիւնը, ո՞վ արդեօք առաջին անգամ յղացեր է գծել կնոջ համար կեանքի այսքան նեղ սահման մը. նա ինչո՞վ է պակաս «հզօր» կոչուած սեռէն…։ Առարկուի գուցէ թէ նա պակաս է խելքով, խորհելու եւ գործելու կարողութիւններով, թէ զուրկ է այն որոշ տրամադրութիւններէն՝ որոնք բացարձակ ազատութեան իրաւունքը կուտան այր մարդուն. եւ սակայն ո՞ւր է ապացոյցը…։

Միթէ օր մը ուզեցի՞ն քննել կնոջ մտային ու բարոյական ընդունակութիւնները…։

Շատ հեղինակներ կնոջ հոգեբանութիւնը ըրին, բայց խնդիր է թէ յաջողեցա՞ն արդեօք, դարձան ու դարձան անոր հոգւոյն ու սրտին շուրջը, իսկ մինչեւ խորերը կամ չկրեցին, կամ աւելորդ համարեցին թափանցել…։ Ե՞րբ արդօք տրուեցաւ կնոջ այն պայմանները կամ այն տեղը՝ ուր նա մերկապարանոց ցոյց պիտի տար իր բոլոր կարողութիւնները, եւ տրամադրութիւնները, ըլլա՛յ հանրային, ըլլա՛յ ընկերային, ըլլա՛յ նոյնիսկ հասարակական խնդիրներու մէջ։

Կնոջ ըսին. «Դուն պիտի ծնիս, ամուսնանաս, քու կարգիդ ծնունդ պիտի տաս զաւակներու, ու մեռնիս, խոտի պէս, բոյսի պէս, աննշան եւ անշշուկ անցնելով աշխարհի վրայէն։ Ուրիշ կոչում չունիս դուն. ընտանեկան յարկի մէջ է քեզի համար բացուած ասպարէզը, հոն ալ սակայն ազատ չես ուզածիդ պէս գործելու. հրամաններ պիտի ընդունիս եւ անոնց համեմատ շարժիս. դուն իրաւունք չունիս քեզի աւելի լաւ ու նպաստաւոր երեւցած կերպովը գործելու, որովհետեւ քու մազերդ երկայն՝ բայց խելքդ կարճ է»։

Ահա այսպէս որոշեցին, դատեցին ու վճռեցին։ Տեսակ մը մեքենայ, տեսակ մը գործիք, տեսակ մը խաղալիք դարձուցին կինը, առանց նկատողութեան առնելու թէ նա եւս կը ձգտի դէպի աւելի՜ լայն ու բարձր գործունէութիւն մը, իր խորհելու, զգալու, սիրելու, տառապելու, յուսալու բոլոր տրամադրութիւններովը, պիտի ըսեմ նաեւ բոլոր իրաւունքներովը…։

Անուրանալի է թէ՝ կինը ունի իր նկարագրին մէջ զոհուելու բնական ընդունակութիւն մը ո՛ եւ է նպատակի համար, միայն թէ այդ նպատակը կապ ունենայ աւելի՛ իր սրտին հետ։ Նա պատրաստ է զոհուելու ի՛ր ծնողքին, ի՛ր ամուսնոյն, ի՛ր զաւակներուն համար եւ վերջապէս այդ խիստ մօտիկ շրջանէն դուրս ալ վկայ մեր յեղափոխական կեանքի պատմութիւնը դէպի Հայրենիքի ազատութեան Ս. Գործը, նա ցոյց տուաւ անհուն անձնուիրութիւն, վսեմ քաջասրտութիւն եւ հերոսական զոհողութիւններ… այսու հանդերձ եթէ ինքը զուրկ է ամուր նկարագրէ եւ առողջ կամքէ, եթէ երբեմն թուլութիւններ կ՚երեւան իր վրայ, ատոր մէջ ինքը, իր խառնուածքը կամ իր բնութիւնը չէ՛ յանցաւորը…։

Ստեղծելով կնոջ համար գերութեան ստորնացնող կեանքը, կոյր հպատակութեան եւ բռնի հնազանդութեան փճացնող վիճակը, եւ նկատելով զանիկայ իբրեւ շնչաւոր առարկայ մը սոսկ մարդոց հաճոյքին ու պէտքերուն համար ստեղծուած, անոր հոգւոյն մէջ մեռցուցին ինքնաճանաչութեան, իր անձի գիտակցութեան եւ արժանապատուութեան վսեմ զգացումները. եւ կինը մի՛շտ ենթակայ դարաւոր ճնշումներու, սկսաւ ինքն ալ կամաց կամաց հաւատալ թէ՝ բնութիւնը կամ արարչութիւնը զինքը ստրուկ է ստեղծեր, թէ՝ ինքը դատապարտուած է յաւիտեան ստրուկ ապրելու։

Հին անծանօթ ժամանակներէ ի վեր, ուրիշներու կամքին ու քմահաճոյքներուն տեղի տալու վարժուած՝ իր հոգւոյն մէջ չէ կրցեր բուն դնել կամքի այն սքանչելի ուժը, որ վսեմ նկարագրի մը խորը (fond) կը կազմէ եւ որոյ դէմ ամենէն անյաղթելի կարծուած արգելքները, եւ ամենէն ամուր ենթադրուած ուժերը ապակիի պէս կը փշրուին, այդ է ահա՛ իսկական պատճառը որ նա յողդողդ, վարանոտ, փոփոխամիտ կ՚ըլլայ շատ անգամ զանազան խնդիրներու մէջ։

Ուրիշներու կարծիքները ու գաղափարները ընդունելու եւ իւրացնելու սովորած՝ ինքը անկախ միտք, ազատ մտածումներ, եւ ինքնուրոյն գաղափարներ չէ ունեցեր մինչ ցարդ եւ այսպէս հանրային կարծիքը կաշկանդելով կինը իր մտածումներուն եւ զգացումներուն մէջ՝ անոր բարոյական կեանքի մակարդակը զգալի կերպով ցածցուց։

Նա սորվեցաւ կեղծել եւ սքանչելապէս յաջողեցաւ։

Եթէ կը սիրէր՝ այդ սէրը թաղեց իր հոգւոյն ու սրտին ամենէն խորունկ ծալքերուն տակ իբրեւ արատ մը բարոյականի դէմ, իբրեւ դաւաճանութիւն մը պատւոյ սկզբունքներուն դէմ, իբրեւ ընդունուած սրբապղծութիւն մը, ոճիր մը վերջապէս…։

«Ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը կնոջ ամենէն մեծ սարսափն ու արհաւիրքը եղած է միշտ. նա կը սոսկայ հանրային կարծիքէն, ինչպէս մարդ կը սոսկայ կախաղանէն։

Երբեմն կը տեսնես աչքերը կը փայլին, սիրտը կը բաբախէ, բերանը կէս մը կը բացուի խօսելու, ազատ ասպարէզ տալու իր ներքին հոգեկան աշխարհին մէջ յուզուող ու եռացող զգացումներու բուռն հոսանքին, եւ սակայն ինքզինքը կը զսպէ. հո՛ն է հանրութիւնը, որ լարուած ուշադրութեամբ մէկիկ մէկիկ կը կշռէ, կը վերլուծէ իր իւրաքանչիւր խօսքը, աչքերը չորս բացած կը քննէ իր ամէն մէկ արարքը, ամէն մէկ շարժումը, դէմքին խաղերն իսկ կը զննէ, կ՚ուզէ թափանցել անոր մտածումներուն մինչեւ խորերը, եւ շատ անգամ ինչ որ չտեսներ՝ կը կարծէ գուշակել եւ այդ՝ առանց կարմրելու իբրեւ ճշմարտութիւն հրապարակ կը հանէ։

Անպատկառ հետաքրքրութեամբ կ՚ուզէ կամ աւելի ճիշդը կը տենջայ անոր հոգւոյն ու սրտին ամենէն գաղտուկ խորշերն ալ քրքրել ու զննել, եւ վա՜յ այն կնոջ որ անխոհեմ քայլ մը առնելով կասկածանքի տեղի կուտայ. նա դատապարտուած է արդէն անողոք ու սարսափելի վճռով։

Հանրութեան կարծիքը Տամոկլէսի սուրն է, որ սպառնալից կախուած է միշտ իր գլխուն վերեւ։ Սակայն պիտի ծագի ցանկալի օրը՝ յորում կինը վերջապէս առողջ եւ հիմնական դաստիարակութեամբ լուսաւորուած ու զօրացած, պիտի կոտրտէ այն անտանելի շղթաները՝ որով նախապաշարեալ հանրութիւն մը կը կաշկանդէ իր ամէն Նուիրական ու Սուրբ իրաւունքները. այն ատեն ցոյց պիտի տայ իր մտքի, սրտի, հոգւոյ բոլոր թագուն գանձերը…։

Ֆլամմարիոն կ՚ըսէ թէ մեր երկրին դրացի «Մարս» մոլորակին մէջ ապրող մարդկութիւնը, ամէն բանի մէջ նախապատուութիւնը տուած է կնոջ. թէ հոն՝ կինը շատ աւելի գերազանց կը նկատուի այր մարդէն ամէն տեսակէտներով։ Ի հարկէ չգիտենք թէ ո՛ր աստիճան ստոյգ է այդ ենթադրութիւնը, միայն թէ մեզ համար ուրախալի է որ Ֆլամմարիոնի պէս մարդ մը արդէն համոզում գոյացուցեր է կնոջ կոչման բարձրութեանը վրայ, ճանչցեր ու գնահատեր է անոր արժանիքները, եւ «Մարս»ի երեւակայական մարդկութեան մէջ տուեր է անոր այն տեղը՝ զոր չ՚ունի հոս՝ երկրի վրայ…։

Սակայն «Մարս»ը մեր երկրէն շատ աւելի ծեր, փորձառու, զարգացած ու նրբացած կ՚ենթադրուի. ո՞վ գիտէ, երբ մեր երկիրն ալ հասնի անոր տարիքին, ի՞նչ ճակատագիր կը վիճակուի մեզ կանանցս համար. բայց այդ ապագան որքան յանկուցիչ այնքան ալ հեռաւոր է դժբաղդաբար. ատիկայ՝ մեզի յաջորդող բաղդաւոր սերունդներուն վերապահուած է։ Մենք ջանա՛նք ցորչափ կ՚ապրինք, մեր ներկայ այս անտանելի դրութիւնը բարւոքելու, որը շատ դժուար ալ չէ։

Լսե՛նք միայն մեր խղճի ձայնին, նոյն իսկ եթէ աշխարհ մը բամբասանք ու մեղադրանք թափեն մեր վրայ. արհամարհե՛նք չարամիտ պարսաւանքները՝ որ մեր ականջները կը վիրաւորեն. խեղճը մի՛շտ Ճշմարիտը, Գեղեցիկը, Բարին կը թելադրէ մարդուս։

Բարոյականի որոշ ու ճշմարիտ օրէնքները, սկզբունքները ծանօթ են մեզի. ատոնք նուիրական են ու սուրբ պէտք է մնան յաւէ՜տ մեզի համար։

Բարձրացնե՛նք մեր սեռը այն ստոր վիճակէն՝ որոյ ենթարկուած է դարերէ ի վեր, հզօր զարկ մը տալով մասնաւորապէս մեր սեռի դաստիարակութեան, որ դժբաղդաբար շա՜տ թերի է, եւ աւելի երեւութական քան իրական բնութիւն մը ունի։

Ճանչնա՛նք մեր արժանապատուութիւնը, քա՛ջ ըմբռնենք մեր բարձր կոչման գիտակցութիւնը, գործե՛նք առողջ եւ ամուր համոզումներէ առաջնորդուած միայն. եւ մոռնա՛նք հանրութեան կարծիքը։