Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿՈՒՌՔԵՐ


Ո՜վ խեղճ սիրտս… ի՜նչ խորան անմատչելի Սըրբութեանց

Կանգնեցի մէջդ՝ նուիրուած իմ կուռքերուս պաշտօնին,

Ու խունկ կտրած՝ քաղցրաբոյր ամպերու մէջ հատնելով

Քուլայ, քուլայ օրն ի բուն միացի՜ ու մոխրացա՜յ…։

Հաւատացեալ մոլեռանդ, երիտասարդ առաքեալ

Անոնց կրօնքն համարձակ տարփողեցի խանդավառ,

Եւ շա՜տ սրտեր հաւտացին, տարուած իմ խո՜ր հաւատքէս.

Ու երկրաւոր Սէրերը անգըթօրէն մեռցուցած,

Երիտասարդ եւ առոյգ կեանքըս համակ տարամերժ

Զգացումներս էն կրակոտ, երազներըս էն բոցոտ

Իմ կուռքերուս բագնին վրայ սիրով ըրի ողջակէզ։

Ուրիշ աշխարհ գոյութիւն չունէ՜ր բնաւ ինձ համար,

Կուռքերուս մօտ ծնրադիր՝ կ՚աղօթէի՜ ջերմեռանդ,

Կը հաւատայի թէ անոնք՝ մարդ- էակէն գերագոյն,

Երկաթ կամքեր, սուրբ սըրտեր, Իտէալին ուխտըւած,

Մարդկային խօլ կիրքերուն՝ արհամարհոտ կը նային…

Եւ անսասան, ժայռ հաւատքս զանոնք աստուա՜ծ հըռչակեց…։

Մէն մի խօսքը կուռքերուս՝ նուիրական պատգամ մ՚էր,

Մանուկ մտքիս մէջ զանոնք քանդակեցի խորապէս,

Որպէս զի բառ մ՚չըլլայ որ ես չի յիշեմ ատոնցմէ։

***

Ո՞ւր էք հիմա, հէ՜ք կուռքերս… ջախջախուա՜ծ ու խըղճալի՜

Պատուանդաննուդ վար ինկած, ցեխերու մէջ քաշկռտուած,

Ձեր բեկորներն ցիրուցան արցունքներով ժողվեցի

Ու Ձեր շըքեղ խորանին դեռ կանգուն վէմ քարին տակ

Խոր յուզմունքով սարսըռուն ես թաղեցի՜ խնամքով,

Որ չըլլայ թէ փշրելով ըլլաք հողին հաւասար,

Ձեզի սրտէս վանելու քաջութիւնը չունեցա՜յ…։

Ու իրիկունն երբ զըւարթ բուրաստանէս կը դառնամ

Կեանքիս լըռին անապատն մինակուկ հետն յուշերուս,

Կ՚առանձնանամ սրտիս խորն ու կը գտնեմ Ձեզ նորէն.

Ու այն ատեն երկրաւոր արհամարհուած Սէրերը

Մութին մէջէն վրէժխնդիր՝ կը ցցուին դէմս հեգնօրէն

Ցոյց տալով Ձեր բեկորներն, վէմ քարին տակը թաղուած

Մինչդեռ իրենք կենդանի՝ երեսիս լուռ կը խնդան…

Բայց եւ այնպէս չեմ զղջար, ո՜վ իմ կուռքերս խորտակուած.

Թ՚երիտասարդ կեանքս համակ Ձեր պաշտօնին զոհեցի,

Գուցէ Ձեզի կը պարտիմ ամբըծութիւնը սրտիս…։