Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԶԱՒԱԿԸ


Ամեն մի նոր յեղաշրջում, որը կը կատարուի հասարակութեան կեանքին մէջ, բնականաբար իրեն նպատակ կ՚ունենայ հասարակութեան բաղդաւորութիւնը, առանց ատոր չարժեն այն եռանդուն պրօպականտները, չարաչար զրկանքներն ու տառապանքները, զորս մէկէ աւելի ընկերաբաններ ու դաւանանքի մարդիկ կուտան իրենք իրենց, մի որ եւ է մեծ, օգտակար սկզբունքի սերմը դնելու համար մարդկութեան ըսեմ‒ ապերախտ հողին վրայ, որը մինչեւ ընդունի զայն իր անհիւրընկալ ծոցին մէջ կը քամէ ու կը ծծէ անյագ ընկերաբան, խմբագիր, վարժապետ-մշակին ե՛ւ քրտինքը, ե՛ւ արիւնը, ե՛ւ կեանքը շատ անգամ, սա՝ այնքան պայծառ ու որոշ ճշմարտութիւն է ինչպէս արեւուն լոյսը։

Արդ՝ կնոջ ազատագրական հարցը, որ ժամանակէ մը ի վեր հզօր արձագանգ գտած է Եւրոպայի էն պատկառելի մտաւորական կեդրոններու ու շրջաններու մէջ, եւ որը վիթխարի քայլեր առնելու վրայ է դէպի վերջնական լուծումը, մին է անշուշտ այն մեծ յեղաշրջումներէն, որոնք մարդկութեան ճակատագրին վրայ կ՚ունենան խորունկ ազդեցութիւն, եթէ սակայն ատիկայ հիմնաւոր ու օգտակար նպատակի մը կրթնած կը յառաջանայ, հակառակ պարագային այդ պիտի նմանի տաշեղի բոցին որ ակնթարթի մէջ կը բռնկի, կը բարձրանայ մինչեւ երկինք ու կը հանգչի իսկոյն, բուռ մը մոխիր միայն թողլով աշխարհային փոփոխական հովերու քմահաճոյքին, որը կը ցրուէ կը տարտղնէ զայն եւ տեղն իսկ կը թողու անյայտ։

Մենք «Ֆէմինիզմ»ի ներկայ սանձարձակ ուղղութեան մէջ կնոջական ոտնակոխ եղած իրաւունքները ձեռք բերելու եռանդէն ու տենչէն աւելի՝ այր մարդէն վրէժ լուծելու, անոր դարաւոր անիրաւութիւնները իրեն յիշեցնելու, անոր անձնասիրութիւնը քաւել տալու անորոշ գուցէ եւ անգիտակից ձգտում մը կը տեսնենք։ Ֆէմինիզմը կ՚ուզէ ֆիզիքական տարբերութիւնը միայն տեսնել առն եւ կնոջ մէջ, ուրիշ ոչինչ, ճիշտ է որ ատիկայ արդարացի պահանջ մըն է. բայց խնդիր է թէ՝ իր այդ ձգտումներուն լիակատար յաղթանակը օգտակա՞ր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ապագայ մարդկութեան վրայ թէ վնասակար. ահա այս կէտը պէտք է ըլլայ մեր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան։

Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ այսօր այր մարդը բարոյապէս հազար անգամ աւելի ինկած է քան կին մարդը, եւ ատոր պատճառը դարերէ ի վեր իր վայելած սանձարձակ ազատութիւնն է, եթէ կնոջ ալ իր այր ընկերոջ կողքին կեանքի ամէն ճամբաներուն մէջ հաւասարապէս քալելու իրաւունքները լիովին տրուած ըլլային, այսօր՝ ինչպէս ուրիշ անգամներ ալ ըսած ենք, կիրքերու գերի, անասնական բնազդներով ապրող մարդկութիւն մը գոյութիւն պիտի ունենար աշխարհի վրայ։

Սակայն բնութիւնը անհունապէս բարձր, անհունապէս իմաստուն, ընտրելով կինը իբրեւ վստահելի, ապահով պահապան մարդուն բանականութեանը, ինքը առաջինը մերժեր է անոր տալ նոյն հաւասար ազատութիւնը։

Ճակատագրելով կնոջ մայրութեան վիճակը, կաշկանդեր է նախ անոր այն ամէն ձգտումները՝ որոնք անբարոյական բնութիւն մը կը թագցնեն. եւ որպէսզի այդ լուծը դարձնէ անոր քաղցր ու բեռը թեթեւ, եւ պաշտպանելու համար զայն պիղծ անկումներէ, անոր ծոցին ու գրկին մէջ դրեր է Զաւա՜կը…։

Զաւա՜կը… ու միեւնոյն ատեն բռնկցուցեր է կնոջ սրտին մէջ որդիական գերագոյն սէրը… միակ անփոփոխելին, այդ մահուան պէս հզօր սէրը, սրբագոյն սէրը, որոյ վրայ չի կրնար ազդել տարիներու ընթացքը, որոյ համար ո՛չ երիտասարդութիւն կայ, ո՛չ ծերութիւն, ո՛չ գեղեցկութիւն, ո՛չ տգեղութիւն. մայրութեան վիճակը սուրբ պահած է կինը. առանց ատոր նա գուցէ ինկած պիտի ըլլար այն գետնաքարշ պղծութիւններուն մէջ, ուր թաթախուած է այր մարդը։

Այդ անսահման, ըսեմ անբացատրելի սէրը սրտին մէջ, անբնական չէ՞ արդեօք կնոջ համար հետեւիլ ուզելը կեանքի այն ամէն պայմաններուն, որոնց անձնատուր կըլլայ այր մարդը անտարբեր ու անհոգ, վասն զի զաւակի սէրը նո՛յն բարձրութեամբ ու նո՛յն խորութեամբ չէ՛ զարգացած անոր սրտին մէջ։

Ազգային բանաստեղծ մը սապէս կը բացատրէ արդիական սիրոյ զգացման տարբերութիւնը հօր եւ մօր միջեւ. «Երբ որդին մեռնի՝ հայրը կուլայ ծանրաթախիծ. բայց ժամանակը անոր այս վիշտը միւս վիշտերէն աւելի չի յարդեր. բայց տարիներէ ետքը տե՛ս մօրը սիրտը, դեռ նոյն վէրքը արիւնահոս է»։

Անասուններուն մէջն ալ նոյն կարգը դրած է բնութիւնը, ո՞վ է որ կը հսկէ ձագուկներուն վրայ, ո՞վ է որ կը պաշտպանէ զանոնք քաջաբար թշնամիներու դէմ, ո՞վ է որ սիրով ու գուրգուրանքով կը դիեցնէ զանոնք իր կաթով. չէ՞ որ էգն է դարձեալ…։

Մարդկութեան մէջ գիտակցութիւնը շա՛տ աւելի զարգացած է, եւ հայրը բաղդատմամբ մօր՝ թէպէտ անհոգ ու անտարբեր, եւ սակայն որոշ սէր, որոշ խնամք կը տածէ իր զաւկին համար։ Իսկ անասուններուն մէջ այդ չկայ, արուն արդէն մոռցած անոնք՝ որ իր ալ ձագերն են, կը հեռանայ ամէն հոգ թողլով էգին վրայ։

Կը հարցնենք, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ թողուլ զաւակը, սրտի այդ հատորը, որուն համար կրած զրկանքը մայր մը կը դաւանի վայելք, եւ ընել ա՛յն ինչ որ իրաւունքը կը թոյլատրէ մեզի…։

Օրինակի համար կրնա՞նք թողուլ զաւակը անկիւն մը, երեսի վրայ, կամ յանձնել զայն օտար վարձկան ձեռքերու, ու երթալ հոն՝ ուր կը կոչէ մեզ իրաւունքը, կանգնիլ հոն՝ ուր կեցած է այր մարդը, եւ ընել ա՛յն ինչ որ կ՚ընէ ան. մեր սիրտը արդեօք կը թոյլատրէ՞ մեզ այդ, բանը… չէ՛ անշուշտ, եւ ամենէն թունդ ֆէմինիստները այսօր, նախամեծար կը համարին գուցէ զոհել իրենց ամբողջ դաւանանքը, քա՛ն իրենց զաւկին մազերուն մէկ թելէն անցնիլ։

Նոյն իսկ վայրկեան մը ենթադրենք թէ՝ իրաւունքէ դուրս բան մը ճանչնալ չուզեն, ուրանան զաւակը, ատիկայ հրէշային բան մը կըլլայ որ զզուանքէ ուրիշ բան չկրնար առթել։ Բնութիւնը լաւ է կարգադրեր ամէն զգացում ու ելնել բնութեան այս իմաստուն կարգադրութիւններուն հակառակ պահանջքներ ունենալը՝ նախատել է զայն, թքնե՜լ է անոր երեսին…։

Ենթադրենք դարձեալ պահ մը որ «Ֆէմինիզմ»ը կը յաղթանակէ շուտով. վնասէ դուրս ուրիշ ի՞նչ օգուտ կայ ատոր մէջ մարդկութեան համար։

Ելնելով բնական ճամբէն դուրս, մեր սուրբ ու փափուկ պաշտօնը առնելով ոտքի տակ, նետելով մեր վզէն զաւակին մտքին ու սրտին վրայ հսկելու բնական պարտականութիւնը, ամբարտաւանօրէն փքանալով մեր անձնասիրութեան գոհացումովը եւ յղփանալով այն կարգ մը հաճոյքներուն մէջ, որոնք մեզի ձգելու ու մեր մաքրութիւնը արատաւորելու բնութիւնը ունին, այդ բոլորին համար կըսեմ, նախ պիտի տուժէ զաւակը, անմեղը, որուն գոնէ կեանք տալու չէինք, եւ յետոյ ապագայ սերունդներուն բարոյական փճացումը մեր վրայ պիտի ծանրանայ, վասնզի «Մայրերն են որ ազգեր կուտան»։

Մենք այնքան բարձր ըլլալու ենք որ գիտնալու ենք զոհել մեր նոյն իսկ կարգ մը խոշոր իրաւունքներն ալ մեծ նպատակին, այսինքն սերունդի ազնուացման ու բարձրացման համար։ Ուրիշ առթիւ ըսած ենք թէ մօր ազդեցութիւնը անջնջելիօրէն կը մնայ տղուն հոգւոյն ու սրտին վրայ, գիտնա՛նք ուրեմն միշտ լաւը, գեղեցիկը, օգտակարը ներշնչել անոնց։ Մտածե՛նք թէ՝ ամբողջ սերունդներ մեզի պիտի պարտին իրենց մեծութիւնը. եւ այս գիտակցութիւնը շատ մը ազատութիւններէ ու վայելքներէ աւելի մեզ չի՞ վարձատրեր, չ՚ե՞րջանկացներ արդեօք։

Մենք Հայ կանայքս, համեմատաբար, ամենէն աւելի զրկանք ու բռնութիւն տեսեր ենք։ Քաղաքակրթութիւնը հազիւ այսօր քիչ մը թուլացուցած է մեր ստրկութեան շղթաները։ Իսկ գաւառացի խեղճուկ հայուհին դեռ նոյն զրկանքներուն տակ կը հեծէ։

Այսու հանդերձ, այդ պատճառ մը չէ որ մենք բոլորովին անձնատուր ըլլանք «ֆէմինիզմ»ի ուղղութեան, դաւանելով զայն իբրեւ մեր ազատարարը, մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն փրկիչը…։ Ատիկայ կորստաբեր կ՚ըլլայ մեր արդէն խախուտ ցեղին։ Կամովին զոհելով մեր իրաւունքներէն շատ մը բաներ, պահպանելու համար ընտանիքը, սերունդը, ազգը՝ գիտնանք միեւնոյն ժամանակ քաջաբար պաշտպանել ա՛յն ինչ որ անհրաժեշտ է ապրելու համար իբրեւ մարդ, իբրեւ բանաւոր էակ…։

Այր մարդուն համահաւասար ազատութիւն վայելել՝ չ՚ըլլայ թող մեր միակ նպատակը, ատիկայ շատ հասարակ ձգտում մըն է, որը ծայրայեղ անձնասիրութիւն կը բուրէ լոկ. այլ մեր սկըզբունքը թող ըլլայ գլխաւորաբար ազգութեան բարձրացումը, մեր խեղճ ազգութեան որուն կը սպառնայ միշտ աւելի՛ մեծին, աւելի հզօրին մէջ ձուլուելու ահարկու վտանգը…։

Գիտնանք որ գաղափարի մը կամ սկզբունքի մը կռիւը երբէ՛ք կրնայ միշտ միեւնոյն թափով յառաջ մղուիլ՝ եթէ սահմանեալ բարձր տեղ մը, ազնիւ նպատակ մը չունենայ իրեն յենակէտ, ուստի մեր յաղթանակը ապահով է, վասնզի մեր սկզբունքը վեհ՝ ու նպատակը ազնիւ պիտի ըլլայ։

Չափաւորենք մեր պահանջները, զգացնելով սակայն թէ՝ գիտակցութեամբ, եւ մեր իրաւունքներուն հաւասարութիւնը լիովին ըմբռնելով՝ ետ կը քաշուինք։ Բայց ուժգին մաքառինք այն կարգ մը նախապաշարումներուն դէմ, որոնք մեզի դժբաղդացուցեր են դարերէ ի վեր եւ ցայսօր կը սպառնան մեր կեանքի բաղդաւորութեան։

Պահանջենք որ իրաւունք ունենանք սիրելու բացարձակ եւ համարձակ, իրաւունք ունենանք ընտրելու առա՛նց որ եւ է թելադրանքի ու ստիպումի, ազա՛տ կամքով մեր կեանքի ընկեր այն՝ որուն սրտին հետ կապուած է եւ մեր սիրտը։

Իրաւունք ունենանք ազատ խօսելու եւ համարձակ կարծիք յայտնելու այն ամէն խնդիրներու մասին՝ որոնք կը շօշափեն հասարակական կեանքը, եւ պահանջենք որ մեր ալ կարծիքները նկատողութեան առնուին ու գաղափարները յարգուին։

Ազա՛տ ըլլանք մեր ընտանեկան կեանքին մէջ, ազա՛տ եւ անկախ մեր գործելու ու մտածելու եղանակին մէջ, ազատ հետեւելու ո՛ եւ է գաղափարի կամ մեզ համար սիրելի մի նպատակի, մէկ խօսքով ազա՛տ այն ամէն բանի մէջ որը մաքուր եւ նախապաշարումներէ բոլորովին ազատ բարոյական մը կը թոյլատրէ ու ո՛ եւ է կերպով չի վնասեր սերունդի ազնուացման գործին։

Այդ սահմանէն անդին չ՚անցնինք. կամովին ու սիրով մնանք մեր սրբազան դերին մէջ, յիշելով թէ՝ ամենէն բարձր գոհունակութիւնը, ամենէն մեծ երջանկութիւնը պարտականութեան անթերի կատարման մէջ կը կայանայ։