Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՈՒԹ, ՍԷՐ, ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ
(ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ)


ԳՈՒԹ Տեսէ՛ք, օ՜հ տեսէ՛ք սա՛ թշուառները… անոնց երեսները ինչքա՜ն տժգոյն են ու մահատիպ. աչքերնին փոսը ինկած. իրենց պատռտած հագուստներուն ճեղքուածքներէն կերեւին ահա իրենց կմախացեալ թիկունքն ու կուրծքը… գթացէ՜ք անոնց։

Տեսէ՛ք սա՛ մանուկները. դալկահար ստուերներ որ կը թափառին ճոխ ապարանքներու շուրջը եւ զրկանքէ, անօթութենէ նուաղած աչքերով անյագօրէն ճոխ սեղանները կը դիտեն։

Անոնք ամե՛նքը, անոնք ամե՛նքը վաղը պիտի իյնան թշուառութենէ ու զրկանքէ, գթացէ՛ք անոնց։

Սա՛ աշխատող ժողովուրդները որ հո՛ն խորթացող մեքենաներուն տակ արիւն քրտինք կը թափեն, անո՛նք եւ անո՛նց զաւակները վաղը պիտի իյնան ճամբաներուն անկիւնը եւ ատոնց դիակները շատ շատերուն բաղդաւորութեան ու փառքին պատուանդանը պիտի ըլլան…։

Անո՛նց արիւնը, անո՛նց միսը պէտք է այդ շատերուն կենսունակութեանը համար. անո՛նք սանդուխներն են, որոնց վրայէն կը բարձրանան մարդիկ պերճութեան եւ փարթամութեան գագաթնակէտը։ Գթացէ՜ք անոնց։

Մի՛ արհամարհէ՛ք այդ թշուառները, ո՜վ դուք, զոր բաղդը շփացուցած է իր լիաբուռն շնորհներով… Մի՛ ըսէք երբէք. «Միթէ մենք հաւասա՞ր ենք այդ մուրացիկներու, տանջուածներու եւ ինկածներու ամբոխին»։ Մի՛ ըսէք երբէք. «Մեր պերճաշուք ապարանքը, մեր ազնուական անձը ի՞նչ առնչութիւն ունի անոնց խարխլած խրճիթին եւ այլանդակ կերպարանքներուն հետ»։ Մի՛ մտածէք երբէք. «Միթէ անոնք մեր եղբայրները կրնա՞ն ըլլալ»։

Լռեցէ՛ք լռեցէ՛ք, չըլլայ որ արհամարհանօք խօսիք, կամ այնպէս վերաբերուիք դէպի թշուառը. ո՜վ մահկանացուներ. աւելի յառաջ չերթաք. չըլլա՛յ որ Արարիչը կարդայ ձեր մտքին խորը այդ ամբարտաւան մտածումները։

Ի՞նչ երեսով պիտի ներկայանաք իրեն, երբ աշխարհի մէջ ձեր պանդխտութեան օրերը լրացնելէ ետքը՝ երթաք յաւիտենական հայրենիքը։

Անիկա պիտի հարցնէ ձեզի. «Ծարաւի էի. ջուր տուի՞ք ինծի… անօթի էի. կշտացուցի՞ք զիս… հիւանդ էի. տեսա՞ք զիս»։ Ին՞չ պիտի պատասխանէք անոր այդ ահաւոր վայրկեանին, խե՜ղճ մարդիկ, որ մի քանի աւուր յաջողութեան համար կը յոխորտաք, օ՜ կը սոսկամ ձեզի համար եւ ականջիս կը հնչէ Աստուածային ձայնը. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ. ձեզի ալ չեմ ճանչնար…»։ Գթացէ՜ք… գթացէ՜ք… ես՛ որ գթութիւնն եմ, կ՚աղերսեմ ձեզի գթացէ՜ք։

ՍԷՐ Եւ ին՜չ քացր բան կայ աւելի քան սիրելը Աստուծոյ ստեղծած այդ խեղճ էակները, որոնք ոչ մէկ բանով պակաս չեն ուրիշներէն եւ զորս շատ անգամ մարդիկ կը զրկեն, կը չարչարեն, կը սպաննեն իրենց ժամանակաւոր շահուն ու պերճանքին համար, եւ այդ բոլորին պատասխանատուն՝ բաղդը կը բռնեն… ի՞նչ է բաղդը սակայն, ո՜վ մարդիկ. միթէ աշխարհի վրայ բաղդը գոյութիւն ունի՞…։ Մարդն է որ մարդը կը դժբաղդացնէ, կը զրկէ, կը թշուառացնէ, մարդիկ են պատասխանատու այդ բիրաւոր ժողովուրդներուն, որոնք իրենց ստեղծած դժոխքին մէջ կը տապկուին…։ Անոնց արիւնը կը բողոքէ երկրիս վրայէն։ «Կայէ՛ն պիտի հարցնէ ձեզի Ամենակալը, ինչ ըրիր Աբէլ եղբօրդ»։ Ի՞նչ պիտի պատասխանէք, թշուառ մարդիկ. դուք պարտական էիք այդ զրկուածներուն տալ ձեր աւելորդէն, դո՛ւք անոնց որբերուն հայրը ըլլայիք, անոնց հիւանդներուն պահապան հրեշտակը։

Վա՜յ ձեզի, եթէ անոնց անօթութեան ու զրկանքին առջեւ, ձեր յափրացումին ու զեղխութեան վայրագ տեսարանը պարզեցիք եւ զանոնք տանջեցիք. վա՜յ ձեզի, եթէ զանոնք չսիրեցիք։

Սէր, Եղբայրութիւն, Հաւասարութիւն. ա՛յս պիտի ըլլայ մարդկութեան նշանաբանը, մոռցա՞ք միթէ որ Աստուած մը շատ սիրելուն համար մեռաւ։ Սիրեցէ՛ք զանոնք։

Ով դուք, որ չուզեցիք ձեր հողեղէն մարմինը անոնց հողեղէն մարմնոյն հետ համեմատութեան դնել եւ մոռցաք ձեր անմահ հոգին եւ անոնց անմահ հոգին։ Ի՜նչ պիտի ըլլայիք եթէ կարենայիք ձեր հողեղէն աչքերով տեսնել անոնց հոգիներուն զմայլելի գեղեցկութիւնը… օ՜հ պիտի սոսկայիք ձերինէն որ ահռելիօրէն տգեղ ու այլանդակ պիտի երեւէր ձեզի։

Ե՛ս որ Սէրն եմ, կ՚ըսեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք թշուառները։

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ Շատ անգամ սրբավայրներու մէջ կը տօնեն յիշատակը անոնց՝ որոնք գթացին, սիրեցին եւ ողորմեցան։ Անոնք ամէն բան ունէին, փառք, պատիւ, պերճանք բայց ըմբռնեցին թէ՝ այդ բոլորը իրենց տրուած էր երկինքէն ոչ իրենց համար միայն, այլ որպէսզի մասն ու բաժին հանեն իրենց տառապեալ եղբայրներուն։

Անոնք գուրգուրանօք սիրեցին տանջուածները, ժողվեցին զանոնք իրենց հիմնած նուիրական յարկերուն տակ եւ անոնց հայրը, բարեկամը, սէրն ու պաշտպանը եղան եւ անոնք հիմա վերը արդարներու հայրենիքը կը հրճուին հոգեկան անճառ ուրախութեամբ տեսնելով իրենց թողած մարդասիրական մեծ գործերը ծլած ու ծաղկած աշխարհի վրայ։

Իսկ դուք որ այնքա՜ն կապուեր էք անցաւոր պերճանքին, ի՞նչ պիտի տանիք ձեր հետը գերեզման, ո՜վ մահկանացուներ, որո՞ւ համար կը դիզէք այդ ոսկիները, որո՞ւ համար կը կառուցանէք այդ շքեղ պալատները. ինչո՞վ պիտի հրճուին ձեր հոգիները յաւիտենական կայանին մէջ, ի՞նչ պիտի պատասխանէք հոգիներուն որոնք ձեզ պիտի հարցնեն թէ՝ ի՞նչ գործեցիք աշխարհի վրայ, ի՞նչպէս պիտի տանիք անոնց գերագոյն արհամարհանքը։

Բացէ՛ք ձեր աչքերը ճշմարտութեան լոյսին քանի դեռ ժամանակ կայ. արթնցէ՛ք, քանի դեռ ուշ չէ։

Ես՝ որ Ողորմութիւնն եմ կ՚ըսեմ ձեզի ողորմեցէ՛ք։

ԳՈՒԹ Գթալ, Սիրել, Ողորմիլ, ահաւասի՛կ կեանքը.

ՍԷՐ Գթալ, Սիրել, Ողորմիլ, ահաւասի՛կ կեանքի նպատակը.

Ողորմութիւն Գթալ, Սիրել, Ողորմիլ, ահաւասիկ կեանքի իմաստը։