Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐ


ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, ո՜վ դուք որ հայր մը, եղբայր մը, սիրական մը կորսնցուցիք այս անիծապարտ պատերազմներուն մէջ։

Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, քանդուա՜ծ սրտեր, ջախջախուա՜ծ հոգիներ խորտակուա՜ծ կեանքեր։

Գիտե՜մ, հիմա դուք աշխարհին կը նայիք դառնութեան եւ զզուանքի զգացումներով։

Գիտե՜մ, հիմա դուք կ՚ըսէք թուրք բանաստեղծին հետ.

«Պառաւցած ջատուկ կնկան մը պէս կ՚երեւի երեսդ ինծի, աշխարհ»։

Ասոնք բոլորը գիտեմ եւ սակայն պիտի ապրիք։

Ա՛յս է բնութեան հրամանը, ա՛յս է կեանքի օրէնքը, այս է Աստուածային կամքը։

Եւ քանի որ պիտի ապրիք՝ պիտի աշխատիք, պիտի մտածէք ու պիտի գործէք. որովհետեւ մտածել, աշխատիլ, գործել, կեանքն իսկ է։

Ատոր համար սակայն կամք ու կորով է հարկաւոր, եւ յուսահատութիւնը կամքն ու կորովը կը սպաննէ։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, վատ է այն մարդը, որ մտածելէ, աշխատելէ, գործելէ խոյս տալու համար մահուան թեւերուն մէջ ապաստան կը փնտռէ։

Վա՛տ է այն մարդը որ կորսուած սիրականի մը յիշատակին մորմոքէն փախչելու համար մահը կը կանչէ։

Վա՛տ է այն մարդը որ իր եսական ցաւերուն, իր անհատական սուգին մէջ խորասուզուած եւ անորմով միայն տարուած կը մոռնայ իր շուրջը ծովացող տառապանքը…։

Վա՛տ, վա՛տ, վա՜տ։

Նայուածքնիդ վայրկեան մը դարձուցէք հոն, ձեր մօտը, տեսէ՛ք սա կտրիճը, անիկա՛յ կեանքի մրրիկներուն դէմ ամուր ժայռի մը պէս կուրծքը տնկած, հարուած հարուածի վրայ կ՚ընդունի խրոխտ եւ անվախ։

Օ՛հ, ինչքա՜ն վսեմ է ան այսպէ՛ս, ինչքա՜ն գեղեցիկ, ինչքա՜ն առնական եւ ինչքա՜ն պաշտելի։

Անոր հասակը չի՛ խոնարհիր, անո՛ր ոտքերը չեն սայթաքիր, անո՛ր սիրտը չի՛ տկարանար…։

Բաղդը կը շարունակէ սակայն իր հարուածները։

Մէկիկ, մէկիկ կ՚առնէ ձեռքէն իր դիւրութիւնները, իր հանգիստը, իր խաղաղութիւնը, իր սիրականը։

Անիկա կը փորձէ ստեղծել դարձեալ այդ դիւրութիւնները, գտնել վրդովուած հանգիստը, փնտռել կորսուած խաղաղութիւնը եւ՝ սրտին խորը կանգնելով իր սիրականին յիշատակին նուիրուած սիրոյ սրբազան խորանը, ամէ՛ն օր եւ ամէ՛ն վայրկեան առաքինութեան, բարութեան եւ ազնուութեան գործերու խունկովը զայն կը խնկարկէ, կը փառաւորէ եւ կը յաւէրժացնէ…։

Բաղդը թո՛ղ շարունակէ իր անագորոյն իր անիրաւ հալածանքը. ի՛նչ փոյթ. անիկա՛յ կանգուն պիտի մնայ. անիկայ կեանքին զօրաւորներէն է, անիկա՛յ յաղթած է կեանքին։ Յարգա՜նք իրեն…։

Օ՛հ թօթուեցէ՛ք եւ դուք ձեր մտքին ու սրտին վրայէն այդ թուլամորթ եսականութիւնը։

Մի՛ ապրիք միայն ձեր անձին եւ ձերիններուն համար. չափազանց դժբաղդ, չափազանց աննպատակ կըլլայ կեանքը այն ատեն։

Քաջասիրտ, վսեմ, ազնուական եւ համբերատար եղիք, եւ ձեր կորսնցուցած սիրելիները ձեր մօտը զգալով պիտի մխիթարուիք։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այն ամէն բարի գործերը զոր դուք կը գործէք անոնց ներշնչումովն է։

Այն ամէն ազնուական ժէսթերը զոր դուք կ՚ընէք ա՛նոնց թելադրութիւնովն է։

Այն ամէն գեղեցիկ եւ կորովի գաղափարները զոր դուք գործադրութեան կը դնէք ա՛նոնց մղումովն է։

Ցորչափ ազնիւ էք ու բարի, անոնք ձեր մօտն են կը գրկեն ձեզ ու կը գգուեն. չէ՞ք զգար միթէ անոնց շունչը ձեր ճակտին վրայ, անոնց ձեռքերուն քաղցր ու զովարար շօշափումը ձեր դէմքերուն վրայ։

Անոնք շնորհակալ կ՚ըլլան ձեզի իրենց փափաքները, իրենց տենջանքները այսքան ուղիղ եւ այսքան նուրբ զգացողութեամբ մը գուշակած ըլլալնուդ համար։

Ճշմարիտ կըսեմ ձեզի, արցունքները, հառաչանքները, վշտի ու կոծի աղաղակները կը հեռացնեն ձեզնէ ձեր սիրելիները։

Եւ որքա՜ն քիչ սիրած կ՚ըլլաք զանոնք երբ անոնց ներշնչումը, անոնց թելադրութիւնը, անո՛նց մղումը այս կերպով կը մերժէք, կը վռնտէք ու կ՚օտարացնէք. որքան քիչ սիրած կ՚ըլլաք անոնց հոգին ու սիրտը եւ տարամերժօրէն կապուած մարմինին, քանի որ մարմինը մահանալէն ետքը, ա՛լ հոգին կը մոռնաք եւ ձեր սիրականը ձեզ համար իսպառ կորսուած կը նկատէք։

Գիշերուան լռութեան մէջ մտիկ ըրէք սակա՛յն ձեր հոգիներուն խորէն պիտի բարձրանան անոնց պաշտելի ձայները. մտիկ ըրէք, անոնք կըսեն ձեզի.

«Ինչո՞ւ կուլաք մեր վրայ, խաղաղութիւնը իջած է մեր հոգիներուն մէջ եւ յաւիտենական հանգիստը կ՚օրրէ մեր էութիւնը։ Մարդկային դժբաղդ կիրքերը՛ սարսափելի կասկածը ալ եւս չեն կրնար մեր սիրտերը չարչարել։ Թշուառնե՜ր… ձեր վրայ լացէք, դո՛ւք որ խաղաղութիւն չունիք ձեր հոգիներուն մէջ, դուք որ կը կասկածիք, դո՛ւք որ չէ՛ք հաւատար»։

Ա՜խ երանի՜ ձեզի… ի զուր կարօտագին կը փնտռեմ եւ ե՛ս հանգիստը. ի զուր անձկանօք կը կանչեմ եւ ես խաղաղութիւնը ու մեծ մարգարէին հետ կ՚ըսեմ պաղատագին.

«Որպէս եղջերու պապակի յաղբերս ջուրց՝ այնպէս եւ քեզ պապակի անձն իմ»։