Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ


Վերջին գիշերն կ՚անցընեմ իմ հայրենի երգիս տակ.

Վաղը պէ՛տք է որ մեկնիմ, բռնակալը չի՛ ներեր.

Կէս գիշեր է, աստղազարդ երկինք ժպտի տրտմանոյշ,

Եւ իրե՛ն է որ կ՚ուղղեմ մնաս բարովս առաջին։

Վաղը գիշեր արդէն նոր երկինք մը պիտի դիտեմ,

Իր կապոյտով, աստղերով, իր դիւթանքով անծանօթ,

Որոնք պիտի իմ հոգիս բնա՜ւ երբէք չի թովեն…։

Վերջին գիշերն կ՚ացնեմ իմ հայրենի երգիս տակ,

Օ՜հ քուն չունիմ… պէ՛տք է որ արշալոյսին սպասեմ.

Հայրենիքիս արշալոյսն վերջին անգամ մ՚ալ դիտեմ…։

***

Առանձին եմ այս գիշեր թուղթերուս հետ սիրական,

Զոր ջերմագին կարօտով կը համբուրեմ ու կուլամ.

Եւ որ սակայն քիչ ետքը պէտք է մատնեմ կրակին.

Իմ երազներս, յոյսերս այդ թերթերուն մէջ պահուած,

Իմ իսկ ձեռքովս այս գիշեր պէ՜տք է մոխիր դարձնեմ.

Որովհետեւ բռնակալն չի՛ ներեր որ ես սիրեմ…։

***

Այն ո՞վ է մութին մէջ կորաքամակ, խղճալի,

Ճերմակ մազերն ուսին փռած իբրեւ ստուեր թափառիկ,

Կը մօտենայ դողդոջուն, ու թեւերը կ՚երկարէ,

Արցունքները կը վազեն իր ծերացած աչքերէն…

«Օ՜հ, ներէ ինձ, Աստուա՜ծ իմ, հօրս արցունքն կը տեսնեմ…»։