Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒՀՒՈՅ ՄԸ ԽՕՍՔԵՐԸ
ՍԻՐԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ


Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑԻ Սանուհիներուն

Ամեն կիրակի մենք ձեզի կը պատուիրենք՝ «Եկեղեցի եկէք». ու դուք, տղաքս, մեծ խղճմտութիւն կը դնէք մեր այդ պատուէրը կատարելու մէջ ու կուգաք սիրով։

Արդեօք ձեր դպրոցականի պարտականութի՞ւնն է միայն որ կը մղէ զձեզ եկեղեցի, արդեօք ուրիշ զգացում մը աւելի՛ վաղեմի, աւելի՛ տիրական չի՞ թրթռացներ ձեր սիրտերը, երբ կիրակի առտու կը լսէք ձեր եկեղեցիին, Հայ եկեղեցիին զանգակներուն մտերիմ ձայնը…։

Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ե՜ս մոռցած եմ այսօր իմ մանկութեան երգերս ու խաղերս, ե՛ս մոռցած եմ իմ պատանեկան երազներս եւ յոյսերս, ե՛ս մոռցած եմ իմ երիտասարդութեանս փառասիրութիւններն ու յաղթանակները, բայց կը յիշեմ… գորովագին խանդաղատանքով մը, անցած սիրելի բաներու համար զգացուած մորմոքիչ քաղցրութեամբ կը յիշեմ այսօր, նոյնքա՛ն իրական, նոյնքա՛ն կենդանի իմ բնակած թաղիս եկեղեցին։ Ծերունի պանդուխտ քահանան որուն սպիտակ փառայեղ մօրուքը կուրծքը կը ծեծէր ամէն անգամ երբ Ս. Աւետարան կը կարդար, դպիր տղաքը՝ որ իրենց դպրապետին կը նայէին աշխոյժ աչքերով, եւ լուսարարը, հաւատացեալ ու բարեպաշտ մարդուկ մը, որը խորանէ խորան կ՚երթեւեկէր, անդին ծածկոյթի մը ժանեակները շտկելով, ասդին մոմ մը վառելով։

Կը յիշեմ «Տէր ողորմեա»ի մը մելամաղձիկ եղանակը, շարականի մը վսեմ նօթերը, աղօթքի մը մխմխուն շեշտերը… եւ այդ ամենը զուգորդուելով իմ անհետացած բարեկամներուս քաղցր դէմքերուն հետ, դեռ այսօր սիրտս թունդ կը հանեն, եւ կը կարծեմ վերապրիլ այն օրերը, ուր այդ նոյն եկեղեցիին մէջ իմ երիտասարդ հաւատքովս անոնց հետ ծնրադիր, աղօթեր ու լացեր էի՜…։ Ահա՜ այնքա՜ն խորունկ, այնքա՜ն նուիրական է սիրելի՜ք եկեղեցիին սէրը մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ մենք անոր կապուած ենք սերտօրէն մեր կեանքի է՛ն քաղցր, ինչպէս նաեւ է՛ն դառն յիշատակներով։

Կը ծնինք, եւ հո՛ն է որ մեր ճակտին վրայ կը հանգչի Քրիստոսի Աստուածային համբոյրը, Ս. Միւռոնը։

Կ՚ամուսնանանք, եւ հոն է որ կ՚օրհնուի ու կը նուիրագործուի երկու զիրար սիրող սրտերու միութիւնը։

Կը մեռնինք, եւ հո՛ն է դարձեալ որ խունկի ու աղօթքի մէջ հանգիստ ու խաղաղութիւն կը գտնեն մեր տանջուած հոգիներն ու մարմինները…։

Եւ դեռ ինչո՞ւ համար կը սիրենք մեր եկեղեցին։

Արդեօք անո՞ր համար միայն որ մեր փրկութեան ճանապարհը ցոյց կուտայ մեզի։

Արդեօք անո՞ր համար միայն որ մեր անդրշիրիմեան կեանքի յոյսն է եւ մեր ներկայ ցաւերուն մխիթարութիւնն ու ապաստանարանը։

Չէ՛, սիրելի՛ տղաքս…։ Մենք կը սիրենք մեր Եկեղեցին անո՛ր համար մա՛նաւանդ որ անիկայ մեզի կը սորվեցնէ մեծ ըլլալ…։

Քրիստոսի կեանքը՝ որը եկեղեցին մեզի կը պատմէ, գերազանց եւ կենդանի օրինակն է այն ամենառաքինութեանց՝ որոնց աղբիւրն է ինքը, Քրիստոս եւ որմէ մենք պիտի խմենք, եթէ կ՚ուզենք ապրիլ թէ՛ հոս եւ թէ՛ հանդերձեալ կեանքի մէջ։

Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ կեանքի իսկական նշանակութիւնը, թէ կեանքը միջոց մըն է միայն հոգին կատարելագործելու եւ ոչ թէ սին վայելքներու եւ հաճոյքներու համար միայն սահմանուած հանգրուան մը։

Եկեղեցին վերջապէս գերազանց դպրոցն է բարոյական դաստիարակութեան, ուր մենք ամենքս պարտաւոր ենք երթալ լսելու Աստուծոյ մը տուած դասը, եւ այդ դասը ոչ միայն խօսքով, տեսականօրէն կ՚աւանդուի մեզ, այլ գործնական, կենդանի, եւ ապրուած օրինակներով…։

Ամեն Քրիստոնեայ եկեղեցիի մէջ կը խօսուի այս դասը, իրա՛ւ, բայց մենք պիտի կապուինք մասնաւորապէս մեր եկեղեցիին, Հայ եկեղեցիին, անո՛ր համար մա՛նաւանդ որ անիկայ պահպանած է մեր ազգային ինքնուրոյնութիւնը, եւ իր սիրովը ներշնչելով զՍուրբն Մեսրոբ, մեր գեղեցիկ բարբառը անմահացուցած է հայ տառերու հրաշալի գիւտովը։

Եւ ո՛ր եկեղեցին աւելի վսեմ է քան մերը… եւ ո՞ր բարբառը կ՚արտայայտէ այնքա՜ն հարազատօրէն Աստուածային լեզուն որքան մերը, այն պաշտելի բարբառը՝ որով երգեր, աղօթեր, սիրեր են մեր նախնիքը, մեր սուրբերն ու մեր բանաստեղծները։

Այսօր, դո՛ւք որ մեր շուրջը կը թրվռաք, սիրելի տղա՛քս, դուք որ ձեր ուրախ ճռուողիւններով այս վարժարանը ու մեր սիրտերը կը կենդանացնէք, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, պիտի չունենայինք զձեզ, առանց մեր եկեղեցիին, որովհետեւ հայ լեզուն պիտի չապրէր առանց հայ եկեղեցիին, եւ դուք, որոց վրայ դրուած են ապագայի ամէն յոյսեր, ամէ՛ն հաւատքներ, դուք ձուլուած պիտի ըլլայիք աւելի զօրաւոր ցեղերու մէջ, ձեր պապենական կրօնը խաթարուած, ձեր հայրերուն նուիրական գերեզմանները հողին հաւասար, բնաջինջ եղած…։

Ահա՛ թէ ինչո՞ւ համար մենք ոչ միայն սէր այլ նաեւ երախտիք կը պարտինք մեր եկեղեցիին, ու պէտք է անոր գիրկը մեռնինք իբրեւ հաւատարիմ, հարազատ եւ երախտագէտ զաւակներ։

Անիկա՛յ հայ տառերը գրող լուսեղէն ձեռք ցոյց տուաւ Ս. Մեսրոպին։ Անիկա՛յ ներշնչեց Ս. Սահակի իր Աւագ Շաբթուայ հրաշալի շարականները։

Անիկա՛յ ներշնչեց Եղիշէին իր Վարդանանց Պատերազմին զմայլելի նկարագրութիւնը։

Անիկա՛յ ներշնչեց Ս. Վարդանի աղջկան, Սրբուհին Շուշանիկի «Գոհար վարդն…» գեղեցիկ շարականը որ եկեղեցական գրականութեան զարդերէն մէկն է։ Եւ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ոչ մէկ քրիստոնեայ եկեղեցի տուած է աշխարհի նման հանճարներ։

Ասկից զատ մեր ազգային կեանքի ամենագեղեցիկ դրուագները կապուած են մեր եկեղեցիին հետ։

Տրդատ կը տառապէր Հռիփսիմեան կոյսերը սպաննած ըլլալուն խղճի խայթէն. գիշերը քուն եւ ցերեկը հանգիստ չունէր, եւ ահա՛ Խոսրովիդուխտ իշխանուհւոյն երազը եկաւ Աստուծոյ հրեշտակը, կ՚ըսէ պատմութիւնը, եւ հրամայեց Ս. Գրիգորը հանել վիրապէն։ Ս. Գրիգոր վիրապէն ելաւ, եւ Տրդատ ու իրենները բժշկուեցան ու սրբացան։

Սուրբն Ներսէս կ՚աղօթէր Նպատ Լերան վրայ եւ Հայոց բանակը կը յաղթէր, կ՚ըսէ պատմութիւնը, ու եղաւ որ յոգնեցաւ ու թեւերը վար կախեց, իսկոյն թշնամին սկսաւ յաղթական ելնել, այն ատեն երկու մարդիկ կեցան անոր թեւերուն տակ, մինչեւ որ պատերազմը վերջացաւ, Հայերը յաղթեցին։

Մենք զօրաւոր եղանք տղաքս, այնքա՜ն ժամանակ որքան կապուած մնացինք մեր եկեղեցիին. այն ատեն դժուարութիւնները մեզի չկրցին յաղթել. ու երբ փորձեցինք եկեղեցիէն հեռանալ՝ դժուարութիւնները մեզի յաղթել սկսան։

Կրօնքը մարդուն սիրտը ու հոգին բարձրացնող մեծագոյն ազդակն է. առանց կրօնքի կինը՝ անկեալ հրեշտակ մըն է։

Այն ամէն տուներուն մէջ ուր կրօնքի եւ եկեղեցիի դէմ արհամարհանք ու անտարբերութիւն կը տիրէ, այդ տուները վէճերու եւ հակառակութիւններու թատր մը կը հանդիսանան. իսկ ընդհակառակը օրհնուած է այն տունը, ուր նուիրական եւ սուրբ բաներու համար երկիւղած յարգանք ու պաշտամունք կը տիրապետէ։

Նոյնպէս եւ դուք, տղաքս, դուք որ կը սիրէք ձեր հայրենի կրօնն ու եկեղեցին, մի՛ վախնաք, դուք պիտի կազմէք օրհնուած ընտանիքը, դրախտի ընտանիքը։