Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաջնորդարանի սրահին մէջ ծերունի Բագրատեանը աթոռի մը վրայ ինկեր էր լռիկ։

Քիչ մը հեռուն, նորընծայ վարդապետը վեղարը գլխին, երկար սեւ պատմուճանը ձգած ուսերուն, ոտքի վրայ կը մնար։

Դէմքին ազնուական տժգունութիւնը անգամ մը եւս շեշտուեր էր վեղարին սեւ շրջանակին մէջ, եւ իր խոշոր սեւ աչքերուն նայուածքը անգամ մը եւս անուշ ու թափանցող դարձեր էր այն օրէն՝ երբ ուխտեր էր սրտի եւ հոգւոյ վէրքեր քննել ու բուժելու ջանալ այնուհետեւ, եւ բարեկամն ու պաշտպանը դառնալ բոլոր զրկուածներուն, տառապեալներուն ու դժբաղդներուն։

Եւ սակայն չէր կրնար առանց խորապէս յուզուելու տեսնել իր ծերունի հայրը, որուն ճերմակ մազերը, յուսահատութիւնն ու արցունքները չարաչար կը տանջէին իր փափուկ հոգին։

Զաւա՛կս, կանչեց մէկէն ծերունին առաջին անգամ ինքը խզելով ճնշող լռութիւնը…

Երիտասարդ վեղարաւորը իսկոյն մօտեցաւ, ծնրադրեց հօրը ոտքերուն տակ, եւ դէմքը ծածկեց անոր ծունկերուն վրայ։

Չուզեցիր հօրդ ծերութեան օրերուն մխիթարութիւնը ըլլալ, զաւա՜կս, շարունակեց ծերունին դողդոջուն ձայնով. վաղը պիտի մեկնիս, թողլով զիս մինակ իմ ամայի տանս մէջ, որը կը յուսայի թէ օր մը պիտի շէնցնէիր թոռնիկներու թրվռացող երամներովը… յուսախաբ ըրիր ծերունի հայրդ, մարեցի՛ր սիրտս, քանդեցիր մեր օջաղը…

Վեղարաւորը գլուխը վեր առաւ, գեղեցիկ դէմքը թրջուած էր արցունքներով։

Ներէ՜ ինձ, հա՜յր, ըսաւ ան, չկրցի քու փափաքներդ իրագործել, առա՜ղ… կամքէս շա՛տ հզօր էր սրտիս ձայնը, որը կը գոռար թէ՝ անարժան բան մը ըրած կ՚ըլլայի նուիրուելով միակ հօր մը, միայն ինձմէ ծնած զաւկըներու, մինչ անդին այնքա՛ն թշուառներ, խեղճեր, որբեր կան, որոնք բոլորն ալ իմ հայրերս, զաւակներս, բոլորն ալ իմ քոյրերս ու եղբայրներս են… անոնք կը տառապին, կուլան, կ՚արիւնին, հա՛յր։ Օ՜հ, թոյլ տուր ինձ, որ երթամ սրբելու անոնց արցունքները, բուժելու անոնց վէրքերը, մեղմացնելու անոնց տանջանքները։ Չեմ ուզեր անձնասէր մը ըլլալ միայն իմիններուս երջանկութեանն ու բարօրութեանը վրայ խորհելով։ Մանուշակը հասկցաւ զիս, քանի որ ինքն իր կամքով այնքա՜ն ազնուօրէն խզեց մեր նշանախօսութեան կապը… դուն ալ հասկցիր զիս, հա՛յր, կը պաղատի՜մ, եւ ըսէ՛ ինձ «երթաս բարեա՜ւ»։

Ծերունին իր դողդոջուն ձեռքերը դրաւ երիտասարդին գլխուն վրայ։

Օրհնեա՜լ ըլլաս, մրմնջեց, օրնեա՜լ ըլլաս, զաւակս։

Ու երբ վեղարաւորը իր հօրը վերջին երկա՜ր համբոյրը ընդունելէ ետքը ոտքի ելաւ, ծերունին կրցաւ անոր ցոյց տալ հանդարտ ու պարզ ճակատ մը, որը քիչ առաջ այնքա՜ն ցաւագին յուզումներ կը փոթորկէին…։