Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մայիսի առտու մըն էր, մին այն թովիչ արշալոյսներէն, որոնք յատուկ են լեռնային երկիրներուն։

Վեղարաւորը կանուխ արթնցեր, կը պատրաստուէր իր սովորական պտոյտը ընել լեռներուն ու դաշտերուն վրայ։

Կը սիրէր ան կորսուիլ անտառներուն մէջ, աղօթել միս մինակ բնութեան հետ եւ իր մաքուր սրտին խունկը ծխել Ամենակալին առջեւ, բաց դաշտին վրայ։

Կը սիրէր խառնել իր սաղմոսերգութիւնները թռչուններուն դայլայլիկներուն, մերթ տամուկ կանաչին վրայ թռչկոտող խատուտիկ թիթեռնիկներուն վրայ զմայլելով, մերթ ծաղիկներ փնջելով եւ վարդերու ու շահոքրամներու անուշ հոտէն գինովնալով։

Կը սիրէր յաճախ իր երկար պտոյտներէն ետքը՝ ծառի մը թաւուտ հովանիին տակ ընկողմանած, երկա՜ր ծփծփալ խոհերու ու խորհուրդներու մէջ, քննել իր ցարդ ըրածները, եւ ապագայ ընելիքներուն ծրագիրը մշակել։

Եւ ահա իր յափշտակութեան է՛ն քաղցր վայրկենին ցաւագին աղաղակ մը ցրուեց, տարտղնեց իր ոսկի երազները։

Վեղարաւորը ընդոստ ցատկեց տեղէն։

Աղաղակը կրկնուեցաւ, այս անգամ աւելի՛ ուժգին, աւելի կսկծալի։

Կնոջ մը ձայնն էր անկասկած, կնոջ մը որ բութ դանակով կը մորթեն։

Վեղարաւորը երագեց իր քայլերը եւ ահա մօտակայ լերան ստորոտը տեսաւ երկու մարդակերպ գազաններ, որոնք կին մը բռնած մազերէն խուժդուժօրէն ու վայրագօրէն կը չարչարէին։

Առաջին նայուածքով Վեղարաւորը զգաց թէ ինկած կին մըն էր ան. հագուստներուն աչք ծակող գոյները ու չափազանցուած սեթեւեթը, ներկուած դէմքն ու աչքերը՝ ուր այդ պահուն սակայն սարսափը մարեր էր այն լկտի արտայայտութիւնը որը յատուկ է այդ դժբաղդ կանանց նայուածքին, յայտնապէս ու բացարձակապէս կը շէշտէին ատիկայ։

Ի՛նչ փոյթ սակայն։

Հոգի մըն էր որ կը տառապէր, եւ պէտքը ունէր իր օգնութեան։

Այդ բաւական էր։

Վեղարաւորը մօտեցաւ։

Ինչո՞ւ կը տանջէք այդ կինը, հարցուց մեղմութեամբ խօսքը դահիճներուն ուղղելով, թողէ՛ք որ երթայ։

Անոնք դարձան դէպի Վեղարաւորը, եւ ապուշ նայուածքով մը սկսան դիտել այն գեղեցիկ ու սէգ դէմքը, որը այդ վայրկենին բարկութենէն կարմրեր էր։

Թշուառականները գինով էին։

Վեղարաւորը զգաց այդ։

Թողէ՛ք, կրկնեց քաղցրութեամբ, ինչո՞ւ կը չարչարէք այդ խեղճ կինը։

Մեզի խաբեց, թոթովեց անոնցմէ մէկը, հազիւ լեզուն բերնին մէջ դառնալով, դրամնիս առաւ ու քթերնուս խնդաց։

Թող մեռնի՛, թող մեռնի՛, մռնչեց միւսը գազանային զայրոյթով իր որսը աւելի պինդ սեղմելով։

Թշուառուհին գերմարդկային ճիգ մը ըրաւ։

Ինքզինքը քաշեց ազատեց զինքը չարչրկողին ձեռքերէն։ Ապա ձեռնամած ու պաղատագին վազեց ինկաւ Վեղարաւորին ոտքերուն տակ…։

Փրկէ՛ զիս, աղաղակեց յուսահատութեամբ փաթթուելով անոր վերարկուին քղանցքներուն, փրկէ՛ զիս ի սէր Աստուծոյ, որուն պաշտօնեան ես երկրի վրայ։

Գազանները կատղած ցատկեցին խեղճ կնոջ վրայ կարծես ուզելով բզքտել զայն։

Փրկէ՛ զիս կը պոռար թշուառուհին խենդի աչքերով նայելով Վեղարաւորին։

Չխօսեցաւ ան, վերարկուին տակէն վեցհարուածեան մը հանեց եւ սպառնալից փողը դարձնելով դէպի երկու հրէշները.

Թողէ՛ք այդ կինը, որոտաց…։

Անոնք շտկուեցան սարսափած, եւ իսկոյն թողլով կինը արագ արագ հեռացան երերալով դեռ իրենց ոտքերուն վրայ։

Վեղարաւորը կը նայէր երկար անոնց ետեւէն մինչ ոչ եւս էին։

Կը խորհէ՜ր…։

Զէնքով սպառնացեր էր ի՜նքը, Խաղաղութեան պաշտօնեան, Սիրոյ զինուորը։

Չէ՞ որ Մեծ Վարդապետը Ինքն ալ սակայն խարազանով սպառնացեր էր Հօրը տունէն վռնտելու համար ամբարիշտներն ու աւազակները։

Իր աչքերուն մէջ բարկութիւնը տեղի տուեր էր անհուն գթութեան ու խորունկ ցաւի արտայայտութեան։

Այն թովիչ անուշութիւնը, որ վայրկեան մը թողեր էր իր նայուածքը ի տես գազանային վայրագութիւններու, եկեր էր դարձեալ տեղաւորուիլ հոն։

Նայեցաւ իր ոտքերուն տակ ինկած կնոջ վրայ։

Թշուառուհին կուլար տղու մը պէս բարձրաձայն հեծկլտալով։

Յորդ արցունքները լուացեր էին իր երեսին կարմիրն ու ճերմակը, եւ բնական կաշին կը դողդըղար խորունկ յուզմունքի մը սարսուռներով։

Հա՛յր… մրմնջեց վերջապէս երբ կրցաւ խօսիլ, հա՜յր…թողութիւն տուր ինծի։

Գնա՛ խաղաղութեամբ, զաւակս, պատասխանեց ան քաղցրութեամբ, գնա՛ եւ ալ մի՛ մեղանչեր. այնչա՜փ քաղցր է շիտակ ու պարկեշտ ճամբու մէջ քալելը…թող այս դէպքը փրկարար դաս մը ըլլայ քեզի…։

Հա՜յր… կրկնեց տարաբաղդ կինը փաթթուելով անոր ծունկերուն եւ արցունքներովը թրջելով անոր ոտքերը… արդե՞օք Աստուած պիտի ներէ ինծի…։

Տղայ… մրմնջեց ան խորապէս յուզուած թշուառուհւոյն խորունկ զիղջէն, Ան՝ որ այնքան քաղցրութեամբ ներեց անառակ կնոջը, միթէ՞ քեզի համար պիտի ըլլայ խստասիրտ…։

Եւ ձեռքերը դնելով անոր գլխուն վրայ արձակեց զանի իր մեղքերէն եւ օրհնեց անոր զղջումը։

Եւ վերջին նայուածք մը նետելով անոր, ուր կարծես խեղճ կնոջ բոլոր ցաւերը հալեցան, վեղարաւորը հեռացաւ ծանր ծանր։

Ու սրբուած կինը դեռ ծնրադիր նոյն դիրքին մէջ, յափշտակուած, գերագոյն անդորութեան ու անխառն երջանկութեան արտայայտութիւն մ՚ունենալով իր տանջուած դէմքին վրայ երկա՜ր կը նայէր անոր ետեւէն, ճիշդ այն նայուածքով, որով անառակ Մագթաղինէն կը նայէր Քրիստոսի մաքրագործումի վսեմ վայրկեանէն ետքը։