Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ահագին աղմուկ հանեց այս դէպքը գիւղին մէջ։ Չարախօսութիւններն ու բամբասանքները լայն ասպարէզ գտան դարձեալ իրենց առջեւ։ Կարգ մը անարգ արարածներ կառավարութեան աչքին սուրբը իբրեւ ոճրագործներու պաշտպան եւ իբրեւ գողօնաթաքոյց ներկայացնելու չափ յառաջ գացին։ Եւ օրին մէկը դատարան հրաւիրուեցաւ ան։

Ահագին բազմութիւն խռնուած էր դատարանի ընդարձակ սրահին մէջ այդ օրը. ամենքն ալ իր ոչխարները, զորս այնքան գուրգուրանքով կ՚արածէր։ Անոնք եկեր էին ազատելու իրենց Վարդապետը եթէ հարկ ըլլար՝ իրենց կեանքին գինովը։

Իւրաքանչիւր հարցումներուն, զորս դատաւորը կ՚ուղղէր իր պաշտելի հովիւին, ժողովուրդը ինքն էր որ միաձայն կը պատասխանէր։

Սո՜ւտ է… սո՜ւտ, անմե՜ղ է ան… ա՛ն մեզ կերակրեց երբ անօթի էինք, մեզի ջուր տուաւ՝ երբ ծարաւի էինք, մեզ մխիթարեց՝ երբ սգաւոր էինք ու վշտացեալ։ Անմե՜ղ է ան… անմե՜ղ է ան…։

Նա պէտք չունեցաւ արդէն ինքզինքը պաշտպանելու։ Իր պատկառելի գեղեցիկ դէմքը, ուր անմեղութեան հանդարտութիւնը այնքա՛ն պայծառօրէն կը ճառագայթէր, իր ազնուական կեցուածքը, եւ միւս կողմէն ժողովուրդին միաբերան ու միաձայն վկայութիւնը պէտք եղածէն աւելի պերճախօսութեամբ կը հաստատէին իր սրբութիւնը։ Իսկոյն անպարտ արձակուեցաւ. եւ ժողովուրդը զայն գրկած, յաղթական կեցցէներով ու ցնծութեան աղաղակներով տարաւ մինչեւ իր բնակարանը։

Եւ սակայն ճշմարտութեան այդ փառաւոր յաղթանակէն ետքը՝ երբ առանձին մնաց ան իր սենեկին մէջ, գնաց ծնրադրել Խաչելութեան այն մեծ պատկերին առջեւ, որը իր մահճակալին ճակատը կը զարդարէր. եւ գլուխը առնելով իր երկու ձեռքերուն մէջ, «Աստուա՜ծ իմ, մրմնջեց արցունքներով, ոյժ տուր ինձ տանելու այս երկաթէ խաչը»։