Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Վերջապէս հնչեց սեւ ժամը… Վեղարաւորը կը մաքառէր մահուան հետ.

Դեռ շա՜տ գործեր ունիմ կատարելիք, կ՚ըսէր, թո՛ղ զիս. դեռ շատ աշխարհներ ունիմ այցելելիք, շա՜տ արցունքներ ունիմ չորցնելիք…։

Չէ՛ կը պատասխանէր դժնէ մահը եկո՛ւր գիրկս…։

Ու մինակ անոր չկրցաւ յաղթել ինքը մարմնացեալ գաղափարը, ինքը անյաղթը։

Դուրսը՝ սենեկին դրանն առջեւ իրարանցումը կը մեծնար…։

Թողէ՛ք, կը գոչէր կին մը, թողէ՛ք վերջին անգամ տեսնեմ զինքը։

Ուժգին մղումի մը տակ դուռը մէկէն տեղի տուաւ եւ կռնակի վրայ բացուեցաւ։ Եւ մահամերձին մարելու մօտ աչքերը տեսան այն մեղաւոր կինը, որը փրկեր էր եւ սրբացուցեր։

Հա՜յր, կը գոչէր խեղճ կինը սոսկալի յուսահատութեամբ գլուխը զարնելով մահճակալին երկաթներուն, թող ե՛ս մեռնէի քու տեղդ, ե՛ս… անօգուտ կին մը, որ ցեխերուն մէջէն քաշեցիր հանեցիր…։

Հա՜յր, կը մրմնջէր տարիքն առած մարդ մը մօտենալով անկողնին, որը Վեղարաւորը իսկոյն ճանչցաւ. սա այն ոճրագործն էր, որը փրկեր էր անպատուութենէ ու մահուանէ…։ Հա՛յր թող ե՛ս մեռնէի քու տեղդ. տե՛ս, Հաւատքի, Յոյսի ու Սիրոյ կեանքը՝ որը ինձ վերադարձուցիր, զաւակներս երջանի՜կ են։

Հա՜յր, կ՚ըսէր ուրիշ մը արցունքներով թրջելով անոր պաղած ձեռքերը, անօթութենէ, անպատուութենէ անկումէ փրկեցիր զիս. օրհնեա՜լ ըլլաս, օրհնեա՜լ ըլլաս։

Եւ ամենքը միաբերան արցունքներու եւ հեծկլտանքներու մէջէն կը կրկնէին։

Օրհնեա՜լ ըլլաս, օրհնեա՜լ ըլլաս…։

Եւ ինքը իր օրհասականի տագնապներուն մէջէն կը ժպտէր ամենուն, գոհ ու երջանիկ ժպիտով մը. «Աստուա՜ծ իմ, եղաւ իր վերջին խօսքը, օրհնեա՜լ ըլլաս. ալ հիմա չեմ ցաւիր. բաւակա՛ն ապրեր եմ…»։