Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿՆՈՋ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ.
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԿԻՆԵՐԸ
Բ

Հայրենիքի սէրը դաւանանք մըն է, կրօնք մըն է, եւ այն միակ կրօնքը՝ որուն միշտ կոյր ու մոլեռանդ պաշտումով մը պիտի երկրպագէ մարդկութիւնը, եւ որուն մէջ՝ դարերու ընթացքը, զարգացումը, քաղաքակրթութիւնըբան մը չպիտի կրնար փոխել։ Անիկայ պիտի մնայ յաւիտենական նորը, մի՛շտ ճշմարիտը, միշտ ստիպողականը եւ միա՛կ տիեզերականը, եւ այդ սէրը այնքա՛ն բնականօրէն է՛ն նախնականն է ու զօրաւորը որ կարելի է ըսել թէ՝ ծնողական սէրէն ալ առաջ կ՚անցնի, որովհետեւ մենք գիտենք շատ մարդիկ, որոնք մեռած են հայրենաբաղձութեան ցաւէն, բայց չի յիշուիր բնաւ մարդ մ որ մեռած ըլլայ իր ծնողքը կորսնցուցած ըլլալու վիշտէն։

Հայրենասիրութեան կրօնին պաշտամունքին մէջ սակայն քանի կինը հետզհետէ տեղ ու դիրք կը բռնէ, հաւատքը աւելի՛ կ՚ամրապնդուի, եւ կրօնքը կ՚աստուածանայ ու կը մշտնջենաւորուի։

Եւ ասի թող զարմանալի չի թուի, վասնզի մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամեն գաղափարները, դաւանանքները, շարժումներն ու զգացումները որոնք կնոջ մասնակցութեամբն ու աջակցութեամբը մէկ խօսքով կնոջ շունչովն են ոգեւորուեր, անո՛նք միշտ մե՛ծ, հերոսական ու տիրական եղեր են։

Քրիստոնէական կրօնը պիտի չգտնէր ապահովաբար այն գրեթէ տիեզերական ընդունելութիւնը եւ պաշտումը, եթէ կին մարտիրոսուհիներ իրենց դիւցազնական արիութեամբը չի խանդավառէին ժողովուրդը եւ իրենց աննկուն հաւատքով անոր չի ներշնչէին Հաւասարութեան, Եղբայրութեան ու Սիրոյ խորհուրդին մեծութիւնն ու սրբութիւնը։

Եւ դարձեալ Քրիստոնէութիւնը գուցէ երկար չապրէր, եթէ կին մը, սրբուհին Հեղինէ իր ազդեցութեամբ չի յաջողէր ձեռք բերել այդ նոյն կրօնքին ազատ պաշտաման իրաւունքը։ Եւ նոյնիսկ ա՛յսօր քրիստոնէութիւնը իր բացարձակ հոգեւարքին մէջը կ՚ըլլար, եթէ կինը չի պահպանէր զայն նախանձոտ գուրգուրանքով ու երկիւղածութեամբ իր ընտանեկան յարկին ու ապրծ միջավայրին մէջ։

Կնոջ ազդեցութիւնը, լաւ թէ վատ— ոչ միայն այսօր՝ ուր կինը յառաջդիմած, զարգացած եւ իբրեւ մարդէակ իր բնական եւ արդարացի իրաւունքները ձեռք բերած է, այլ նախնական դարերու մէջ ալ երբ անիկայ գերի, ստրուկ էր նկատուած— մի՛շտ մեծ ու տիրական եղեր է ընտանեկան կեանքի վրայ, ընկերական կեանքի վրայ, ինչպէս նաեւ իր ապրած միջավայրին վրայ։

Մեր նախամայրը Եւա իր ազդեցութեամբ կրցաւ խախտել Ադամի կամքը եւ անոր կերցնել տալ արգիլեալ պտուղը, եւ Սառա, Աբրահամու կինը կրցաւ ազդել իր ամուսնոյն վրայ եւ յաջողեցաւ վռնտել տալ անոր սիրելի հարճը՝ Հագարը եւ որդին՝ Իսմայէլը։

Եսթեր հրեայ գերուհի մը կրցաւ ազդել զօրաւոր Ասուերոսի վրայ եւ իր ցեղը ազատել անխուսափելի աղէտքէն։

Ալանաց գեղեցիկ օրիորդը, Սաթենիկ, յաջողեցաւ իր անուշ լեզուին ազդեցութեամբ համոզել հպարտ Արտաշէսը որ ազատէ իր եղբայրը գերութենէ. եւ Խոսրովիդուխտ հայ իշխանուհին կրցաւ վերջապէս համոզել պալատական իշխաններն ու նախարարները որ երթան վիրապին մէջ փնտռեն կենդանի Ս. Գրիգորը, որուն երեւումը բոլորովին յեղաշրջեց այն ատենուան հայ կեանքը։

Եւ կիները ըմբռնած ըլլալու էին իրենց այդ խորունկ եւ անդիմադրելի ազդեցութիւնը, քանի որ իրենք կ՚ոգեւորէին, կը խրախուսէին իրենց ամուսինները, եղբայրները, զաւակները պատերազմի ատեն։

Ո՞վ չի յիշեր Սպարդացի այն դիւցազն կիները, որ իրենց սիրելիները պատերազմի ղրկած պահուն վահանը ցոյց տալով կ՚ըսէին. «Կա՛մ տակը, կա՛մ վրան»։

Ո՞վ չի յափշտակուիր յիշելով Հռովմայեցի այն սքանչելի մայրը, Կուռնելիան, որ իր զաւակները ժողովուրդի բարօրութեան ու երջանկութեան համար զոհուելու ու մեռնելու յորդորած ատեն կ՚ըսէր անոնց թէ՝ իր միակ տենչալի բաղձանքն էր գերեզմանին վրայ իբր տապանագիր ունենայ միայն «Կրաքեաններու մայրը»։

Շա՜տ համառօտ ու միեւնոյն ժամանակ շատ պերճախօս տապանագիր մը, որը իր մէջ կը բովանդակէ հայրենիքի, ցեղի սիրոյն գերազանց բարձրութիւնը, ու միանգամայն փառասիրութիւններու ամենէն ազնիւը ու ամենէն սուրբը…։

Ո՞վ չի յիշեր պատմութիւնը ասպետական դարերու, ուր ասպետը իրական կամ նոյնիսկ երեւակայական գեղուհւոյ մը սիրովը ոգեւորուած, անոր սիրոյն արժանի ըլլալու համար կ՚երթար հերոսական արկածներ փնտռելու եւ շատ անգամ իրօք հերոս կը դառնար մի՛շտ այդ ներշնչող ազդեցութեան խթանին տակ։

Ուրեմն կինը ամեն դարերու եւ ամեն ժամանակներու մէջ սիրեր է արին, կարիճը, եւ անոր դիւցազնական գործերը վարձատրեր է ամենէն բարձր շնորհներով։

Եւ այսօր նոյն բանը չէ՞, դարձեալ…

Ո՞ր սրտով ու հոգւով ճշմարիտ հայ աղջիկը իր անտիական հասակին երազները չոսկեզօծեր հայ կարիճին իտէալ պատկերով, հայ կտրիճը, վեհ եւ սքանչելի նկարագրով մը օժտուած, որ ամեն զրկանք ամեն տառապանք կը տանի անտրտունջ հասնելու համար իրեն պարտականութիւն դաւանած սուրբ նպատակին… Եւ ո՞ր լուրջ, ճշմարտապէս զարգացած հայ աղջիկը զզուանօք երես չի դարձներ այն փափկասուն ինքնակոչ—կենցաղագէտ երիտասարդներէն որոնք վարպետ են միայն ճարպիկ հաճոյախօսութիւններ անոր ականջներուն մօտ սահեցնելուն մէջ… Ծիծաղելի՜ խամաճիկներ, որոնք արժանիքը կը տեսնեն միայն իրենց վայելուչ սմօքինքներուն եւ կամ մի քանի արուեստական նրբացած ծեքծեքումներուն մէջ։


Ամեն ժամանակներու մէջ կիներու գնահատումը, կիներու գովեստը մեծապէս փնտռուած եւ անհունապէս ազդեցիկ էր, ըլլա՛յ պատերազմական, ըլլա՛յ հասարակական զանազան գործերու մէջ. անիկա խթանը եղած է ամէն յառաջդիմութեան ամէն յաջողութեան։

Հրէից պատմութենէն գիտենք որ երբ Սաւուղ եւ Դաւիթ յաղթական կը վերադառնային Փղշտացւոց դէմ մղուած պատերազմէն, կիները ծնծղաներով ու երգերով դիմաւորեցին զանոնք գոչելով. «Սաւուղ հազարաւորները զարկաւ, իսկ Դաւիթ՝ բիրաւորները»։

Սաւուղ սաստիկ նախանձեցաւ եւ խորապէս տխրեցաւ, գուցէ անտարբեր մնար եթէ այդ գովեստները այր մարդոցմէ հասած ըլլային, եւ այն օրէն թշնամացաւ Դաւիթի հետ, իսկ Դաւիթ բարձրացաւ եւ հետզհետէ մեծցաւ։

Կինը՝ պաշտելով հանդերձ դիւցազնը, քաջը, ինք անձամբ ալ դիւցազնական գործեր կատարելու ընդունակութիւն ու կարողութիւնը մի՛շտ ցոյց է տուեր, հակառակ իր փափուկ եւ երկչոտ երեւցող բնաւորութեանը։

Յուդիթ, փափկասուն հրէուհին, բեհեզներու, սնդուսներու մէջ ծնած ու ապրած, կրցաւ սակայն իր սիրտը պնդացնել այր մարդու յատուկ վճռողականութեամբ, երբ հարկ եղաւ իր ցեղի փրկութեան համար դանակը մխել Հողեփեռնէսի կոկորդը։ Եւ Հարաւային Ամերիկա, Ամազոնի եզերքներուն վրայ եղան կիներ՝ որոնք այրերու հաւասար քաջութեամբ գիտցան պատերազմիլ, եւ որոնք կոչուեցան Ամազոն, հին առասպելական անունով։

Ամենէն հին դարերու եւ նոյնիսկ ներկայ ժամանակակից պատմութիւնը մեզ կուտայ անհերքելի ապացոյցները կնոջ հերոսական հոգիին։

Դեռ շատ հեռու չէ այն ժամանակը երբ նշանաւոր Իտալացի՝ հայրենասէր Կարիպալտիի կինը՝ Անիթա, իր ամուսնոյն հետ կողք կողքի պատերազմելով, անոր գլխուն վրայ կախուած հազարաւոր վտանգները բաժնելով ապրեցաւ։ Անիկա մխիթարիչ հրեշտակը կ՚ըլլար պատերազմի մէջ մեռնողներուն, քրոջ մը գուրգուրանքով կը դարմանէր վիրաւորեալները, ամենուն եւ ամէն տեղ կը հասնէր, եւ ինքն ալ մեռաւ վերջապէս յոգնութենէ ու զրկանքէ։

Հանրի Դ. ի օրով մատաղատի աղջիկ մը իր նշանածին՝ զօրավար Լաշէսնէի հետ մտաւ պատերազմին մէջ եւ երկուքն ալ ինկան քաղաքը պաշտպանելով։

Հապա Պարսատիկի (La Fronde) ատե՞ն… Ո՞վ կրնայ առանց հիացումի յիշել անունները այն ամէն կիներուն, որոնք այդ յեղափոխութեան շրջանին մէկէ աւելի անգամներ արիութեան ու անձնուիրութեան այնքան գերազանց օրինակներ տուին։

Երկար կ՚ըլլայ մի առ մի թուելը կին սեռին այդ պանծալի ներկայացուցիչներուն իւրաքանչիւրին անունները. բայց չենք ուզեր փակել յիշատակութիւններու այս էջը, առանց Հայ անցեալ ու ներկայ պատմութենէն ալ տալու մի քանի նմոյշներ միայն, որոնք կ՚ապացուցանեն թէ Հայ կինն ալ հերոսութեան մէջ կրնայ յաջողութեամբ մրցիլ իր օտարազգի քոյրերուն հետ։

Վարդանանց պատերազմին՝ Հայ փափկասուն տիկինները երեսի վրայ թողած տուն ու տեղ, իրենց ամուսիններուն, եղբայրներուն, զաւակներուն օգնականը, մխիթարողը, խրախուսողը կ՚ըլլային եւ միանգամայն վիրակապներ կը շինէին պատերազմին մէջ վիրաւորուողներուն համար։

Աւելի ուշ, Թաթարաց արշաւանքներէն առաջ, երբ Բագրատունեաց Անի փառաւոր մայրաքաղաքը այլազգիներու կողմէն պաշարուեցաւ, Անեցի կիները իրենց ներկայութեամբ կը խրախուսէին իրենց ամուսինները, եւ քաջասիրտ կին մը՝ Այծեամն անունով, պարիսպին վրայ կեցած քարերով կը հալածէր թշնամիները եւ անոնց արձակած նետերը վէրքերէն հանելով նորէն անոնց կը նետէր։

Լանկթիմուրի օրով, Մշեցի կին մը թշնամիներու ձեռքը չիյնալու եւ իր պատիւը, ազգութիւնը ու կրօնը պահպանելու համար, չի վարանեցաւ անոնց աչքին առջեւ սուրը ցցել իր եօթնամեայ որդւոյն սիրտը, եւ ինքն ալ ժայռի մը վրայ բարձրանալով ինքզինքը վար գլորեց եւ մեռաւ քաջերու մահով։

Ու դեռ երէկ չէ՞ր հերոսական Շաքէն, այդ նոր Մշեցի քաջուհին, որ պատուաւոր մահը՝ անպատիւ կեանքէն նախադաս համարելով իր հերոս ընկերուհիներուն հետ ինքզինքը նետեց Սասունի հպարտ լեռներն ի վար եւ Սէրոբ բաշայի կինը՝ Սօսին եւ մեր Զէյթունի եւ Սասունի քաջամարտիկ կիները, որոնք իրենց ամուսիններու կողքին առիւծի պէս կռուեցան, եւ Կ. Պօլսոյ փափկասուն հայուհիներէն շատեր, որոնցմէ ոմանք ռումբեր եւ ատրճանակներ փոխադրելու պահուն ձերբակալուեցան, եւ ոմանք յեղափոխականներ եւ զէնքեր պահելու ոճիրովը բանտարկուեցան ու չարչարուեցան…։

Վերջապէս դեռ մէկ քանի տարի առաջ անգլիական թերթերը չէի՞ն ծանուցաներ մեզ թէ՝ Կովկասեան Զին անուն գիւղակին մէջ եօթը Հայ կիներ պաշտպանած են իրենց գիւղը ընդդէմ քսան զինեալ թաթարներու յարձակման, մինչ իրենց ամուսինները դրացի գիւղացւոց օգնութեան գացած էին։

Այս հարեւանցի թռուցիկ ակնարկը Հին եւ Նոր Պատմութեան վրայ կնոջ բարոյական ու գործնական ազդեցութեան ու կարողութեան մասին մեզ մտածել կուտայ իրաւամբ թէ՝ ի՜նչ ահագին նշանակութիւն կրնայ ունենայ նաեւ իր ազդեցութիւնը ընկերական եւ հասարակական ապագայ նոր բարեշրջումներու ճակատագրին վրայ ալ, եւ ի՜նչ գերազանց դեր կրնայ խաղալ ան անձամբ այդ բարեշրջումներուն մէջ։