Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու գիշեր էր, աղւոր լիալուսին մը մեղմօրէն կը լուսաւորէր ընդարձակ, մերկ տարածութիւնը. հոս ու հոն ցանցնուած ճերմակ վրաններուն տակ խոր լռութիւն կը տիրէր։

Օրուան կեանքէն յոգնած այդ մարդիկը կը քնանային աշխատողներու հանդարտ ու խորունկ քունով։

Յանկարծ ցեղապետին վրանը կամացուկ մը բացուեցաւ. դեռատի կին մը զգուշութեամբ դուրս հանեց գլուխը, եւ իր անհանգիստ նայուածքը գնաց թափառիլ ճամբուն է՛ն հեռաւոր անկիւնները։

Եւ ահա բուի երկա՜ր ու սուր վայիւն մը խռովեց անապատին հանգիստը։

Ա՜ն է, մրմնջեց դեռատի կինը, ու աճապարանօք դուրս նետուեցաւ վրանէն։

Քանի մը քայլ անդին, լուսնի շողերուն տակ որոշակի կը գծագրուէր մարդու մը հսկայ սիլուէթը։

Կինը մօտեցաւ։

Ալի՛, մրմնջեց մեղմիւ.

Զիւպէյտա՛, կանչեց միւսը։

Եւ երկուքը իրարու գիրկ նետուեցան։

Եկա՜ր վերջապէս, ըսաւ Ալի, նստեցնելով Զիւպէյտան իր քովը աւազին վրայ, ուրեմն քնա՞ցաւ քաւթառը։

Այո՜… քնացա՜ւ. եթէ գիտնայի՜ր ինչ անհամբերութեամբ կը սպասեմ գիշերուան, որպէսզի կարենամ սրտիդ վրայ իյնալ։

Խե՜ղճ Զիւպէյտա։

Ի՜նչ երջանիկ էինք հոն, մեր ովասիսներուն մէջ, ո՜վ Ալի, կը յիշե՞ս, ինչքա՜ն անուշ էր կեանքը հոն մեզի համար. խե՜ղճ հայրս դեռ կ՚ապրէր, ու մենք վարդ յոյսերով կը սպասէինք այն օրուան՝ ուր նիքեահը պիտի նուիրագործէր մեր Սէրը… Եւ ահա՛, սեւ օր մը անապատին գազանները յարձակեցան մեր վրայ, սպաննեցին իմ խեղճ հայրս, սպաննեցին, հալածեցին, ցրուեցին մեր ցեղը, եւ մեզ բռնի բերին ձգեցին այս դժոխքը, եթէ գիտնային որ նշանածս էիր, Ալի՛, քեզի ալ անշուշտ սպաննած կ՚ըլլային. ու ես՝ չէի ապրեր քու մահուանէդ ետքը։

Այո՛, բարեբաղդաբար Ապտիւլ Քէրիմի ստրուկը կարծեցին զիս. յուսա՛ Զիւպէյտա՛, դեռ ամէն բան կորսուած չէ. երէկ լուր առի աղա Ապտուլլահէն։

Հօրեղբօրմէ՜ս…

Կ՚ըսէ թէ քիչ օրէն ամէն բան պատրաստ կ՚ըլլայ, եւ թէ՝ զարհուրելի կերպով պիտի լուծուի Ապտիւլ Քէրիմի վրէժը, արեան հեղեղներ պիտի թրջեն անապատին աւազները, Զիւպէյտա՛ եւ դուն քու ձեռքերդ պիտի լուաս հօրդ դահճին արեանը մէջ…։

Վայրենի ցոլք մը վառեցաւ դեռատի կնոջ աչքերուն մէջ։

Երդում ըրի, մրմնջեց, ես իմ ձեռքերովս մխել դաշոյնը Մալտարի սիրտը, ինծի կ՚իյնայ իմ հօրս վրէժը լուծել. ո՜վ հայր իմ, երբէք պիտի չմոռնամ թէ ինչպէ՜ս մեռար դուն…։

Երիտասարդը պուրնուզին տակէն հանեց արծաթէ կոթով կարճ ու կեռ դաշոյն մը եւ երկնցուց Զիւպէյտային.

Ա՛ռ, ըսաւ, հօրդ դաշոյնն է ասի, հազիւ յաջողեցայ մէջքէն քաշել առնել երբ իր արեանը մէջ կը լողար իմ մօտս, ա՛յս դաշոյնով պէտք է մեռնի իր սպաննիչը…։

Զիւպէյտա համբուրեց դաշոյնը։

Թո՛ղ Ալլահը ինծի ոյժ եւ քաջութիւն տայ արդարութեան այս մեծ գործին մէջ։

Վաղ գիշեր կը լմնցնես այդ քաւթառին գործը, եւ կուգաս հոս, ես ամէն բան պատրաստեր եմ, կը փախչինք մէկտեղ մեր ովասիսները. պատերազմը պիտի հրատարակուի մեր փախուստէն ետքը, որպէս զի մեզի վտանգ մը չհասնի հոս։

Ի՜նչ երջանկութիւն… յարեց Զիւպէյտա ցնծուն. տեսնե՜լ մեր հայրենիքը, մեր վրանները…

Ու սեղմուելով սիրելւոյն կուրծքին.

Հապա մեր հարսանիքը՜… մրմնջեց.

Փառաւո՜ր պիտի ըլլայ յաղթանակէն ետքը, պատասխանեց երիտասարդը, համբուրելով անոր աչքերը։

Յանկարծ չորս երկաթեայ ձեռքեր լախտի պէս իջան սիրահար զոյգին վրայ, եւ ձայն մը հանել, կամ շարժում մը ընել կարենալէ առաջ, ակնթարթի մը մէջ կապեցին անոնց ձեռքերն ու ոտքերը, ու ծրարի մը պէս վերցնելով տարին…։