Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր ազատագրական ջանքերուն մէջ իրաւ է որ ջարդուեցանք, բայց միթէ չե՞ն ջարդուիր նաեւ այն ամէն ազգերը որոնք՝ իբրեւ մարդ ապրելու կը ձգտին…։

Այսօր միթէ չե՞ն ջարդուիր Ռուսիոյ եւ Կովկասի ժողովուրդները հարիւրներով եւ հազարներով, տիրող բռնակալ Ռէժիմին դէմ կռուելնուն համար։

Միթէ անոնք կը սպասե՞ն արտաքին որ եւ իցէ միջամտութեան մը. անոնք սա նշանաբանը ունին թէ՝ մարդ կա՛մ յեղափոխական է կա՛մ ոչ, յեղափոխութիւնը երկու կերպ կամ երկու եղանակ չի ճանչնար ու չի հասկնար։

Համբերե՜լ… կ՚ըսեն համբերե՜լ… եւ ժողովուրդը սարսափեցնելու համար անոր աչքերուն առջեւ կը ցցեն սոսկալի մահերը, որպէս թէ կեանքը արդէն նշանակութիւն մը ունենար թշուառներուն համար…։

Տաճկահայաստանի հարստահարեալները, չէ՞ք տեսներ, յուսահատութենէ գրեթէ խենդեցած, մահ կը գոչեն, մահը՜ կաղերսեն… ի՞նչ բանի համար ուզեն ապրիլ. մենակեաց բուերու պէս իրենց հայրենիքի աւերակներուն վրայ ողբալո՞ւ, կամ իրենց կորսուած հոգեհատոր սիրելիներու դիակնե՞րը փնտռելու համար, դիակներ որոնք այդ աւերակներուն երկայնքը փռուած են անկենդան ու այլանդակուած։

Արտասահման ապրող հայութիւնը չի՛ կրնար երբէք գաղափար մը կազմել թէ՝ ի՞նչ ըսել է ապրիլ որբացած հայրենիքի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր ծառ, իւրաքանչիւր քար իրեն յիշատակը ունի, յիշատա՜կ որը մեզ կեանքի հետ կը կապէ։

Գիտէ՞ք թէ ի՞նչ ըսել է՝ տեսնել քար ու քանդ եղած այն տունը, ուր մարդ մեծցեր է, սիրեր սիրուեր, ամուսնացեր, իր կարգին ընտանիքի ու զաւկներու տէր է եղեր. ունեցեր է իր ազգականները, բարեկամները, որոնք սակայն այլեւս չկա՛ն ու չկա՜ն…։

Աչքերը ուր որ դարձնէ կը հանդիպի սարսափելի ամայութեան եւ քստմնեցուցիչ լռութեան։ Չէ՛ ալ անիկա չի լսեր արշալոյսի այն սիրական ձայները որ զինքը քունէն կ՚արթնցնէին, իր ոչխարներուն մայիւնը, կովերուն բառաչը, զաւակներուն սիրուն թռվռոցը։

Արտասահմանի հայերս, ինչքան ալ դիւրազգած ու թունդ հայրենասէրներ ըլլանք, կուգայ պահ մը սակայն ուր կը մոռնանք ցեղին ցաւերը. մենք կըսեմ, չենք կրնար ըմբռնել հոգեկան այն ահաւոր լքումն ու դառնութիւնը անոր՝ որ մայր հայրենիքի մէջ ապրեր է ու կ՚ապրի տակաւին, որուն շրջապատը եղեր է տարամերժօրէն հայ կեանքը ու ամէն օր տեսեր է գրեթէ միայն հայ դէմքեր, մօտիկ ծանօթ բարեկամ, ազգական ու հարազատ դէմքեր, որուն ականջները լսեր են միայն հայ բարբառը, եւ որը տեսեր է սակայն այդ ամենուն մի առ մի անէացումը բռնի ու սարսափելի մահով…։ Օ՜հ, այդ բոլորը տեսնող մարդը չի՛ կրնար կեանքը ցանկալ, եւ վրէժխնդրութենէ ուրիշ զգացում մը չի կրնար այլեւս տածել իր խորտակուած հիւանդ սրտին մէջ։

Ինչո՞ւ ուրեմն մեղադրել հայ յեղափոխականները, որոնք հայ ցեղին անտանելի ցաւերը տեսնելով, ինքնապաշտպանութեան կռիւը պատրաստեցին, եւ ինչո՞ւ մէկ քանի յախուռն ու անխորհուրդ շարժումներու համար պատասխանատու բռնել բոլոր յեղափոխական կազմակերպութիւնները եւ անոնց ոգին, եւ ինչո՞ւ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ սպրդած մէկ քանի անբարոյական ու դասալիք անհատներու համար անուանարկել ամբողջ յեղափոխական շարքերը. միթէ ուրիշ ազգեր իրենց յեղափոխական Մարմիններուն մէջ չունեցա՞ն բնաւ մատնիչներ, անբարոյականներ, սրիկաներ… միթէ մենք կը մոռնա՞նք որ հայ յեղափոխական շարքերուն մէջ կռուեցան ամէն հայու համար նուիրական ու պաշտելի Ժիրայրները, Ծառուկեանները, Մխօները, Զէնկիւճեանները, Արխանեանները, Բաբկէնները, Սերոբները, Շաքէները, Սօսիները եւ մանաւանդ անոնք, այն անանուն հերոսները, հայ պարզուկ զինուորները որոնք յեղափոխական շարժումներու ատեն այնքա՜ն պանծալի արիութեամբ կռուեցան եւ մեռան քաջերու մահովը, եւ որոնց անունները չունինք այսօր, ինչպէս չունինք Վարդանի հետ Աւարայրի վրայ ինկող 1036 վկաներու իւրաքանչիւրին անունները։

Ինչո՞ւ ողորմելի արձագանգը դառնալ պառաւական ըսի ըսաւներու, ետեւէ՝ ականջներու մէջ փսփսացուած սին բամբասանքներու, մինչ այնքա՜ն դիւրին է առնական խոյանքով մը նետուիլ այդ շարքերէն ներս, անձամբ քնել, քրքրել, ստուգել ամէն խնդիր, եւ հաւաքական ոյժ կազմելով մաքրագործել այդ շարքերը եթէ կան տակաւին անբարոյական ու կեղծ յեղափոխականներ։

Ահա ա՛յս է ամէն ազնիւ, գիտակից ու ճշմարտապէս հայրենասէր հայու պարտականութիւնը. իսկ յեղափոխութեան՝ հետեւաբար եւ ազգային կեանքի վերածննդեան ոխերիմ թշնամիներ են անոնք, որոնք այդ բամբասանքներու առջեւ թոյլօրէն ետ կը քաշուին եւ հեռուէն անտարբեր հանդիսատեսներ միայն կ՚ըլլան ազգային այս ճգնաժամին՝ մղուած ներքին եղերական պայքարներուն, մինչ կրնային, ոմանք իրենց խելքով, ուրիշներ իրենց սրտով, եւ ոմանք ալ իրենց ազդեցութեամբ համերաշխութեան ոգին ներշնչել, եւ գործակցութեամբ պատրաստել ստրուկ ազգերու կեանքին մէջ երբեմն երեւան եկող ճակատագրականօրէն վերջնական այն կռիւը, որմէ կը ծագի կա՛մ փրկութիւն եւ կա՛մ կորուստ։