Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հետեւեալ օրը Ֆաթիմէ կը պատրաստուէր երթալ տեսնելու իր Լէյլան։

Չորս տարիէ ի վեր չէր տեսեր. արդեօք ինչքա՜ն մեծցած ու գեղեցկացած էր հիմա։

Ու դեռատի մօր երեւակայութիւնը մտածումէ աւելի արագ կը թռչէ՛ր արդէն իր զաւկին մօտը. մտքին ու սրտին աչքերովը կը տեսնէր անոր սեւ, աղուո՜ր նայուածքը, խարտեաշ գանգուր խոպոպները ճակտին մէջտեղէն երկուքի բաժնուած, եւ այնքան սիրուն անփութութեամբ մը թափուած ուսերուն վրայ։

Ահա՛, դեռ հազիւ ոտքի ելած, աջ ու ձախ օրօրուելով կուգար Լէյլան իր շուշան թեւերը փաթթելու չարչրկուած մօրկանը վզին. եւ Ֆաթիմէ սիրտն ուռած հեծկլտանքներէ, թեւերը կը բանար անհուն կարօտով սրտին վրայ պինդ սեղմելու զաւակը…։

Յանկարծ ամպ մը կը սեւցնէր իր պայծառ ճակատը, եւ բաց թեւերը թուլցած՝ կը կախուէին կողքերն ի վար։

Հապա եթէ զիս մոռցա՜ւ… կըսէր, հապա եթէ զիս կ՚ատէ՜… ի՞նչ գոյներով արդեօք պատկերացուցին զիս զաւկիս…

Ու կուլա՜ր… արցունքները հատիկ հատիկ կը թափուէին իր դեղնած այտերն ի վար։

Կառքը կը սպասէր իրեն։ Ֆաթիմէ երկու ձեռքերովը կը սեղմէր կուրծքը, ջանալով զսպել սրտին ուժգին բաբախումները. իջաւ վար, մտաւ կառքը, եւ նախկին ամուսնոյն բնակարանին ճամբուն բռնեց։

Ինչքա՜ն ծանր էր հիմա իրեն համար տեսնելը այն ատելի դէմքերը Լէյլաին քովիկը. պիտի կրնա՞ր արդեօք համարձակ բանալ իր թեւերը, գրկել, համբուրել զաւակը… ատոնց զզուելի ներկայութիւնը չպիտի՞ կաշկանդէր իր սրտին թռիչները, իրեն չպիտի՞ տար բռնազբօսիկ կերպարանք, մինչ ինքը կուզէր ամիսներէ ի վեր սրտին մէջ կուտակուած սէրը, կարօտը ազատօրէն պոռթկալ, զաւկին հետ մի՛ս մինակ…։

Կառքը կանգ առաւ։

Խորունկ սարսուռ մը ցնցեց Ֆաթիմէի ամբողջ մարմինը. ինքզինքը անկարող զգաց ոտքի ելնելու…։

Յեղակարծօրէն ահա՛ իր աչքերուն առջեւէն անցաւ Լէյլաին պայծառ դէմքը՝ որ կը ժպտէր իրեն։

Նոր ուժ առաւ. իջաւ կառքէն, եւ իր դողդոջուն ձեռքը կրցաւ համարձակ քաշել դրան զանգակը։

Դուռը իսկոյն բացուեցաւ. կ՚երեւի թէ կ՚սպասէին իրեն, վասն զի սպասաւորը առանց ո՛ եւ է ընդդիմութեան թողուց որ վեր ելնէ։

Մտաւ Ֆաթիմէ այն սենեակը՝ որը իրենն էր երբեմն…։

Տխո՜ւր, ցաւագի՜ն յիշատակներ խառն ի խուռն կը խուժէին իր արդէն խորապէս յուզուած մտքին մէջ…։

Կարծես դեռ երէկ էր իր նորհարսնութիւնը, իր առաջին միամիտ ու փափուկ սէրը, անգթօրէն բզկտուած այն մարդուն ձեռքով՝ որը իր ամուսինն էր եղեր։

Իր վարդ յոյսերուն մի առ մի վայրագօրէն փեթռտուիլը՝ անոր դաժան մատներովը, իր ոսկի երազներուն խեղճօրէն ջարդ ու կտոր փշրուիլը անոր ոտքերուն տակ, թափած արիւնն ու արցունքը, ապա իր զաւկին ծնունդը, անոր առաջին ժպիտը, որը իրեն մոռցնել կուտար շա՜տ տանջանքներ…։

Կը յիշէր աւա՜ղ, շատ պայծառ կը յիշէր յուսահատութեան այն սեւ՜ օրը, յորում խենդի պէս թողեր էր տուն ու տեղ, թողեր էր եւ իր սիրական զաւակը, ու փախեր էր գլուխը բաց, ոտքը բոբիկ։

Մի՛ս մինակ այդ սենեկին մէջ, մտքովը ապրելով անցեալի այդ ահռելի վայրկեանները, կը սոսկար հիմա, երբ ահա՛ ներս մտաւ սեւամորթ սպասուհին պզտիկ Լէյլաին ձեռքէն բռնած։

Ֆաթիմէի ամբողջ արիւնը սիրտը խուժեց. եւ աչքերը աւելի՛ խոշոր, աւելի՛ սեւ դէմքին ահաւոր տժգունութեանը մէջ, յառեց անթարթ զաւկին վրայ։

Լէյլա՜… պօռաց, ԼԷյլա՜ զաւա՛կս…։

Եւ տեսնելով որ տղան անշարժ ու սահմռկած կը նայէր, վախցած իր այլայլուն կերպարանքէն, ինքը ցատկեց ոտքի, խենդի պէս վազեց տղուն վրայ, թեւերուն մէջ առաւ զայն, եւ համբոյրներով ու արցունքներով սկսաւ ծածկել անոր կարմրուկ այտերն ու ոսկի գանգուրները։

Զաւա՜կս, կ՚ըսէր, սիրակա՜ն զաւակս, չճանչցար ինծի, ե՜ս եմ, քու մայրդ. քու թշուա՜ռ մայրդ… ժպտէ՛ ինծի, անուշի՜կ զաւակս, օ՜հ, որքա՜ն գեղեցկացեր է իմ Լէյլաս… փա՜ռք քեզ Աստուած… տեսա՜յ զաւակս, փա՜ռք քեզ…։

Ու կը խօսէ՜ր… բառերը յորդ կը հոսէին բերնէն անկարգ, անկապ, մերթ սեղմելով տղան ջղաձգօրէն իր թեւերուն մէջ, մերթ համբոյրներու նոր տարափի մը տակ խեղդելով զայն, եւ մանուկը կէս մը շնչասպառ այդ բուռն գգուանքներէն, սկսաւ յանկարծ լալ, իր մանրիկ թաթիկներովը փորձելով հեռացնել այդ անծանօթուհւոյն երեսը իր երեսէն։

Օ՜հ, զիս մոռցեր է… մրմնջեց հէք մայրը արտասուքի նոր հեղեղ մը դուրս տալով իր աչքերէն, իրաւո՜ւնք ունի, արժանաւոր պատիժս է, վա՜յ ինձ, անիծեալ մայր մըն եմ ես։

Եւ դնելով տղան իր քովը բազմոցին վրայ, սկսաւ լռիկ դիտել, պաշտումի այնպիսի՜ խորունկ նայուածքով մը՝ ուր իր ամողջ կարօտը կը հալուէր։

Է՜հ, ալ ժամանակ է, հանըմ, ըսաւ սեւամորթ սպասուհին յանկարծ ոտքի ելնելով, մէկ ժամէն աւելի տեւեց ձեր այցելութիւնը։

Թո՛ղ… վայրկեան մըն ալ թո՛ղ… աղերսեց մայրը, նորէն գրկելով Լէյլան. թո՛ղ կշտանա՜մ զաւկէս…։

Սեւամորթ կինը խոժոռեցաւ, եւ խիստ ձայնով մը.

Ինծի հրամայուած է աւելի երկար չթողուլ տղան ձեր մօտը, ըսաւ, բռնելով տղուն թեւերէն եւ գրեթէ բռնի քաշելով մօրը գրկերէն։

Տղուն պզտիկ դէմքը ցաւէն կծկուեցաւ, սկսաւ լալ. եւ տարաբաղդ մայրը տեսաւ թէ ինչպէ՛ս սպասուհին առանց իր ներկայութենէն քաշուելու, քանի մը անգամներ ուժգին զարկաւ անոր բերնին լռեցնելու համար զայն։

Օ՜հ, պոռաց գլուխը ծածկելով երկու ձեռքերուն մէջ, Աստուա՜ծ իմ, գթա՛ ինծի, զաւա՜կս կը չարչարեն…։