Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ֆաթիմէ աւելի քան երբէք կը տառապէր յորմէ հետէ կ՚երթար տեսնելու Լէյլան։

Ինչ որ իրեն գերագոյն մխիթարութիւնը ու երջանկութիւնը երազեր էր, ցաւերու ու տառապանքներու նոր աղբիւրներ դարձան իրեն համար։

Երբ իր աչքերէն հեռու էր զաւակը, կը յուսար թէ՝ կեսուրն ու տալուըտանքը թէպէտ այնքա՜ն անխիղճ, այնքա՜ն անգութ դէպի ինքը տկար մանկան վրայ գթան թերեւս, եւ անոր մատղաշ տարիքին պահանջած հոգն ու խնամքը տանին։

Առաջին այցելութենէն, արդէն խաբուած ըլլալը զգաց։

«Սրտի տեղ քա՛ր է դրեր Աստուած անոնց կուրծքին տակ», մրմնջեց արցունքներով։

Իր աչքերովը կը տեսնէր հիմա թէ՝ ինչքա՜ն անխնամ թողուած էր տղան վարձկան ձեռքերու տակ, ինչքա՜ն կը չարչրկուէր ու կը զրկուէր անոր մանկութիւնը։ Երբէք գութ ու սէր չէր ճանչցեր, մի՛շտ ծեծն ու լուտանքը եղեր էին իր բաժինը։

Ատելութեան նշաւակ եղեր էր այն օրէն՝ յորմէ հետէ թողեր փախեր էր իր մայրը տունէն. ինչո՞վ էր սակայն ինքը մեղաւոր… բացակայ մօրմէն ցածօրէն վրէժ կը լուծէին զաւակը չարչարելով, անմեղը, տկարը, որը չէր կրնար խօսիլ, չէր կրնար ինքզինքը պաշտպանել. օ՜ վատերը…։

Իր հօրեղբօր որդիքը շաքարով ու մեղրով, գգուանքներով ու համբոյրներով կը յղփանային, իսկ այդ հէքը, անկիւն մը կծկտած, վզիկը ծուռ, մի՛ս մինակ, կը դիտէր անոնց երջանիկ մանկութիւնը արցունքներէ ուռած ու կարմրած աչքերով։

Ինչո՞ւ էր ինքը այդպէս զրկուած… ինչո՞ւ զինքը չէին սիրեր, չէին գգուեր ու համբուրեր ուրիշ ամէն տղոց պէս։ Հարցում մը՝ որը իր մանկական ուղեղը կը չարչրկէր, ու չէր կրնար ատոր պատասխանը գտնել…։

Անգամ մը ինքն ալ սիրուելու, համբուրուելու մանկական անզուսպ տենջովը վառուած, վազեր էր հօրաքրոջը վրայ թեւաբաց, եւ ուզեր էր գրկել անոր վիզը։

Կորի՛ր, գոչեր էր հրէշ կինը մէկդի հրելով զայն. կորի՛ր քածին զաւակը, եւ վերցնելով մօտը խաղացող տղան, համբուրեր էր զայն գուրգուրանօք.

Ահա՛ իմ տղաս, ըսեր էր շեշտով անգթօրէն, իմ աղւո՜ր տղաս։

Լէյլա այս վայրագ մերժումէն խորտակուած, դողդոջուն, աչքերը լեցուած, սակայն արցունքը այն գազանին ցոյց չի տալու հպարտութեամբը դեռ հզօր, յուշիկ յուշիկ հեռացեր էր քովէն, ու անգամ մըն ալ չէր գացեր մօտը։

Տղայք բնականաբար անգութ կ՚ըլլան. Լէյլաի հօրեղբօրորդիքը քաջալերուած իրենց մայրերուն օրինակովը, հազար ու մէկ չարութիւններով կը տանջէին խեղճուկը, եւ շատ անգամներ կը ծեծէին զայն անպատիժ։

Մօրը յանցանքը թանգ կը տուժէր զաւակը…։