Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իր մօրը երեւումը սակայն շա՛տ բան փոխեց տղուն կեանքին մէջ։ Կ՚ըսկսէր ճանչնալ գորովը, որը ջերմիկ ու կենսատու արեւն է մանկան գոյութեան համար, եւ օրըստօրէ աւելի՛ վարժուած, աւելի՛ ընտանեցած կը խաղար անոր ծունկերուն վրայ, նոր փայլուն խաղալիքներով՝ զորս իւրաքանչիւր այցելութեանը կը բերէր իրեն մայրը։

Առաջին ուրախութիւնն էր զոր կզգար տղան ի տես այդ խաղալիքներուն որ իրենն էին. ո՛չ ոք իրեն բան մը ընծայեր էր մինչ ցարդ։

Իր հօրեղբօրորդիքը հակառակ իր աղերսներուն, միշտ կը մերժէին փոխ տալ իրենց խաղալիքները, նոյն իսկ քանի մը վայրկենի համար. ու երբ անոնք կը խաղային, խեղճ տղան անյագ նայուածքով մը կը դիտէր այն փայլուն ու գեղեցիկ զինւորները շարք շարք բարեւի կեցած, հրացանները իրենց ուսերուն վրայ, կամ արագ սուրացող շոգեկառքերը եւ մանաւանդ ճոխ հագուած դեղին մազերով ու սեւ աչքերով սիրուն պէպէքը՝ զոր անգամ մը գրկելու, համբուրելու համար հոգի կուտար։

Ուստի իր ուրախութիւնը չափ չունէր հիմա որ իր բացարձակ տրամադրութեանը տակ ունէր պէպէքներու է՛ն շքեղը։ Թռչունի պէս անհանդարտ մէյ մը կը ցատկէր մօրը վզին կը փարէր, մէյ մը պէպէքը կը սեղմէր կուրծքին վրայ, կ՚օրրէր զայն իր թեւերուն մէջ, քնացնելու համար օրօրներ երգելով անոր։

Իսկ դեռատի մայրը վերացած, երջանկութեամբ արբշիռ կը դիտէր զայն, կը մասնակցէր այդ մանկական խաղերուն. մերթ պէպէքը հագուեցնելով, խաղցնելով, մերթ իր զաւկին խարտեաշ խոպոպները շոյելով։

Այնքա՜ն զբաղուած էր ան իր զաւակով որ չլսեց դրան բացուելուն թեթեւ շռինդը, մինչեւ հազի խռպոտ ձայն մը դարձնել տուաւ իրեն գլուխը։

Ֆաթիմէ սառեցաւ։ Իր նախկին ամուսինն էր որ կը կենար հոն, իր մօտը, ժպիտը շրթունքներուն վրայ…։

Չորս տարիներէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կը տեսնէր այդ հրէշը՝ որ զինքը այնքա՜ն տառապեցուցեր էր։

Կ՚երեւի թէ շա՜տ կը սիրես զաւակդ, ըսաւ ան կնոջը, ջանալով անուշ հանել ձայնը։

Թշուառ կինը դողաց. ակնթարթի մէջ իր կրած բոլոր չարչարանքները պատկերացան մի առ մի աչքերուն առջեւ. իր ամբողջ ատելութիւնն ու զայրոյթը պոռթկալու, զայն է՛ն կծու բառերով նախատելու եւ իր ծայրայեղ արհամարհանքը անոր երեսին թքնելու անզուսպ տենջանք մը բացաւ բերանը, բայց աչքերը հանդիպեցան Լէյլաին աղւոր աչքերուն, ու ինքզինքը զսպեց։

Անիծեա՛լ ըլլաս, մրմնջեց, դո՛ւն բաժնեցիր զիս զաւկէս։

Կրնաս անոր միանալ եթէ կուզես, տունը քուկդ է, եւ ամուսինդ քեզ գրկաբաց ընդունելու պատրաստ է դարձեալ։

Երբէ՜ք, գոչեց ան գլուխը ուժգին թօթուելով, երբէ՜ք…։

Աչքերը դարձուց Լէյլաին վրայ։

Մանուկը երբէ՛ք այնքա՜ն տխուր, այնքա՜ն անուշ նայած չէր իրեն։

Իր սեւ խորունկ նայուածքովը կարծես կ՚աղերսէր մօրը որ չբաժնուի՜ քովէն, չթողո՜ւ զինքը։

Աչքերը գոցեց չտեսնելու համար այդ նայուածքը։

Երբէ՜ք, մրմնջեց դարձեալ, եւ արագ համբոյր մը դրօշմելով մանկան այտերուն վրայ թողուց այդ փորձիչ սենեակը եւ դուրս վազեց առանց ետեւը նայելու։

Իսկ նա կռուփը ցոյց տալով գոց դրանը։

Պիտի խորտակե՜մ քեզ, գոչեց, քա՜ծ… ծնկան վրայ շնորհ պիտի խնդրես ինձմէ…։