Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս պահուն Ֆաթիմէ կուգար իր զաւկին այցելութեան. փախուստի ամէն պատրաստութիւն տեսեր էր յաջողութեամբ, եւ ուրախ կը քալէր ճամբան, յուսալով որ պարագաները կ՚օգնեն իրեն, ու կրնայ նոյն օրը թերեւս առնուլ տանիլ Լէյլան։ Անուշ անուշ երազելով մօտեցաւ տանը։ Դուռը բաց էր։ Անսովոր իրարանցում մը կը տիրէր ներսը։

Ֆաթիմէի սիրտը յեղակարծօրէն սեղմուեցաւ, սոսկալի նախազգացում մը սարսռացուց իր ամբողջ մարմինը։

Երագեց քայլերը, մտաւ ներս, գրեթէ վազեց անցաւ մեծ բակը. տեսաւ սեղանատան մէջ խռնուած ահագին բազմութիւնը, բրտօրէն ճեղքեց այդ ամբոխը, եւ անցաւ առաջ։

Սարսափելի տեսարանը իր բոլոր արհաւիրքներով մէկ անգամէն պարզուեցաւ տարաբաղդ կնոջ աչքերուն առջեւ։

Սոսկումի աղաղակ մը արձակեց, եւ գլուխը սեղմած երկու ձեռքերուն մէջ։

Լէյլա՜…պօռաց, Լէյլա՜զաւա՛կս…։

Տղան անշարժ, յաւիտենապէս լուռ իր բաց աչքերովը կը նայէր իրեն…։

Տարաբաղդ կինը մոլորուն նայուածք մը պտտցուց իր շուրջը։

Քնացա՜ծ ըլլալու է… մրմնջեց տարօրինակ ժպիտով մը։

Ու սեղմելով դիակը իր թեւերուն մէջ, սկսաւ օրրել իր կուրծքին վրայ, երգելով մին այն արեւելական տխուր մեղեդիներէն, որով սովոր էր քնացնելու տղան։

Խոր լռութեան մէջ ամէնքն ալ կ՚արտասուէին։ Այս միջոցին որդեսպանը մօտեցաւ կնոջը։

Մօլլաները եկան, մրմնջեց անոր ականջին, հիմա պիտի տանին թաղելու, տո՛ւր ինծի տղան…։

Ի՜նչ… պօռաց հէք մայրը, զաւակս թաղելո՛ւ պիտի տանի՜ն… հա՜… հա՜… հա՜… ի՞նչ կ՚ըսէ այս մարդը. հա՜… հա՜… հա՜…։

Եւ այս այլանդակ քրքիջը կրկնուեցաւ այնպիսի՜ ահռելի արձագանգներով, որ ներկաներուն վրայ պաղ դող մը իջաւ։

Խենդեցա՜ւ… պօռացին ամենքը մէկ բերան, խենդեցա՜ւ… օ՜հ… թշուա՜ռ կին։

Իսկ ան աւելի պինդ գրկած դիակը, աչքերը առանց արտայայտութեան նայուածքի մը մէջ կորսուած կը շարունակէր օրրել զայն երգելով իր մեղեդին, եւ մերթ սուր քրքիչներով ընդմիջելով զայն։

Ան ատեն դահիճը փորձեց բանալ անոր թեւերը, եւ առնուլ գրկէն դիակը։

Տարաբաղդ կնոջ աչքերը զարհուրելի կերպով խոշորցան, դէմքը աննկարագրելի վայրագութիւն մը հագաւ, եւ թողլով տղան իր գրկէն, յափշտակեց մօտակայ սեղանին վրայ դրուած պղնձէ հսկայ աշտանակը, եւ իր բոլոր ուժովը կատաղօրէն իջեցուց անոր գլխին։

Որդեսպանը տապալեցաւ գետին զաւկին դիակին քով. հարուածը շեշտակի քունքին դիպեր, եւ մահը վայրկենական էր եղեր։

Այն ատեն թշուառ կինը ծռեցաւ, նայեցաւ երկա՜ր այդ երկու դիակներուն, եւ նորէն թնդաց իր քրքիչը, սոսկալի՜, չարագո՜յժ քրքիչը, « հա՜…հա՜…հա՜…»։