Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սկիւտար, 1 Մարտ 1875

Երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջ, երբ սիրելի մայրս վեց ամիս առաջ մեռաւ, ես տասնըչորս տարեկան էի։ Տարի մը առաջ, փոքր քրոջս հետ Ամերիկացիներուն Հօմ-Սքուլ էն շրջանաւարտ ելայ։

Դպրոց եղած ատենս կը փափաքէի կեանքիս նշանաւոր օրերն ու պարագաները գրի առնել. ահա այսօր կ’սկսիմ այդ փափաքս իրագործել։

Անշուշտ կենսագրութիւն մը յետ մահու միայն ուրիշէ մը կրնայ կարդացուիլ, որով ստիպուած եմ անցքերը եւ դէպքերը իրենց բնական գոյներովը նկարագրել, առանց սուտի ճշմարտութիւնը արձանագրել։

Ճշմարիտ կենսագրութիւն մը գրողին հոգիին հայելին է. ասոր մէջ պիտի արձանագրեմ զգացումներս ու յուզումներս, վիշտերս ու հաճոյքներս, եւ պարագային համեմատ՝ անհատական կարծիքս ու նկատողութիւններս։

Ուրեմն, այսօր կեանքիս նշանաւոր օրերէն մէկն է. այս յուշատետրովս ապագայ սերունդը զիս պիտի դատէ. արդ՝ կեանքիս գովելի կամ պարսաւելի կողմերը իրեն խղճին ու համոզման յանձնելով կը շարունակեմ։

 

2 Մարտ

Այսօր գրելու արժանի նշանաւոր բան մը չունենալուս, մեր ընտանեկան պատմութիւնն ընելով պիտի բաւականանամ։

Երեք եղբայրներս դեռ դպրոց կը յաճախեն, իսկ ես քրոջս եւ սպասուհիի մը հետ տան գործերը կը տեսնեմ, ինչպէս կերակուր, կար, լուացք եւ այլն։

Մօրս մահը հօրս վրայ խորապէս ազդած է. միշտ տխուր, միշտ մտահոգ է. երբեմն որչա՜փ ուրախ եւ զուարթ գիշերներ կ’անցնէինք՝ երբ դեռ մայրս ողջ էր. հացկերոյթներ, պարահանդէսներ, երեկոյթներ իրարու կը յաջորդէին, ո՜հ, երանելի օրեր։ Մայրս կատարեալ տանտիկին, կարգապահ եւ տնտեսող էր. իր հինգ ոսկի ծախքով պատրաստած հանդէսները՝ օտարներէն քսան ոսկի ծախք կը գնահատուէր, քիչ կը ծախսէր՝ այլ շատ կը ցուցնէր։

Հէգ մօրս մեռնելէն վերջը, տան մէջ գերեզմանական տխրութիւն մը տիրեց։

Հայրս իր առաջին կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը հոգելոյս վառօդապետ Պօղոս պէյի շնորհիւ Անգլիոյ մէջ ստացած է. իր լուրջ բնաւորութեամբը եւ բարձր դաստիարակութեամբը ամենուն համակրանքը շահած է։ Տասնըհինգ տարիէ ի վեր մեծահամբաւ եւ բազմաճիւղ հայ վաճառատան մը մէջ տոմարակալի պաշտօն կը վարէ։ Այս վաճառատան բարգաւաճման գլխաւոր եւ առաջին սատարը ինքը եղած է. իր շնորհիւ այս տունը, առաջին անգամն ըլլալով, եւրոպական գործարաններու հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտած է, որուն կը պարտի իր յաջողութեան գլխաւոր գաղտնիքը։ Նախապէս միջնորդի պէս դեր մը կը կատարեն եղեր, բայց հիմա ճշմարիտ վաճառականներ են։

 

3 Մարտ

Ո՜հ, այս տան հոգերը, ժամանակիս մեծագոյն մասը կը կաշկանդեն. երբ մայրս ողջ էր, թռչունի պէս ազատ կ’ապրէի, բայց հիմա, իբրեւ տան մեծը, ամէն հոգ իմ վրաս ինկած է։ Քոյրս գրեթէ անհոգ, դաշնակի եւ ընթերցումներուն հետ կը պարապի, իսկ ես հազիւ ժամ մը միջոց կ’ունենամ լուրջ ընթերցանութեամբ պարապելու։

Դպրոցէն ելլելէս վերջը օգտակար ուսումնասիրութեամբ պիտի զբաղէի, բայց մօրս անակնկալ մահը եւ հիւանդութիւնը վրայ հասնելով ցարդ արգելք եղած էին, հիմակ ալ տան գործերը արգելք կ’ըլլան, սակայն անոնք կարգի դնելով կը յուսամ թէ աւելի երկար ժամանակ մը պիտի շահիմ։

Հայրիկս վաղը Վիքթօր Հիւկօի Թշուառները պիտի բերէ. երեւելի անձերու գլուխ-գործոցները կարդալու մեծ փափաք ունիմ։

 

4 Մարտ

Այսօր Թշուառները կարդալ սկսայ. ի՜նչ սքանչելի գրիչ, կարծես ճարտար նկարիչի մը վրձինն է որ կը պատկերացնէ դէմքերը ու դէպքերը։ Արդեօք ի՜նչ վսեմ սկզբունքներ, ի՜նչ վեհ զգացումներ արտայայտուած են այդ ստուար հատորներուն մէջ։

Մասիսի մէջ, որուն հայրս բաժանորդ է, շատ շատ անգամներ կարդացած եմ այդ գործին վրայ մասնաւոր գովեստներ. չգիտեմ ո՞ւր տեսած եմ, զայն դարուս Աւետարանը անուանած էին։ Գիշերները եւս մէկ երկու ժամ անով պիտի զբաղիմ. աւելի պիտի վերլուծեմ քան թէ հարեւանցի կարդամ, որովհետեւ անոնց մէջ լրջօրէն ուսումնասիրելու ստուար պաշար մը կայ, վիպական կապերը մերթ ընդ մերթ երկար խորհրդածութիւններով խզուած են. այս պարագան անոր վիպականէն տարբեր հանգամանք մը կ’ընծայէ. աւելի իմաստասիրական եւ ընկերաբանական գործ մըն է քան թէ վէպ մը։

 

5 Մարտ

Այս գիշեր մեզի հիւր էր Թուրք հազարապետ Ա. պէյը։ Դաշնակից մեծ Տէրութիւններու Սեվաստաբօլի վրայ արշաւած միջոցին հայրս բանակին մէջ թարգման գտնուելով անոր հետ ծանօթացեր է։ Խիստ ազնիւ ու բարի զինուորական մըն է, երբեք հայրս մոռցած չէ։

Պատերազմէն վերջը հայրս շքադրամ մը ստացած է, որ իրեն կը յիշեցնէ երիտասարդութեան փառաւոր ժամանակը։

 

6 Մարտ

Իբրեւ նշանաւոր բան, ամբողջ օրս Թշուառներ ը կարդալով անցնելս հոս կ’արձանագրեմ. զայն ամբողջ կարդալէս վերջը միայն տպաւորութիւններս եւ դիտողութիւններս պիտի յայտնեմ։

 

20 Մարտ [1]

Երէկ գիշեր Պաղլար-Պաշիի թատրոնը ընտանեօք ներկայացման մը ներկայ գտնուեցանք։ Խաղին նիւթն էր Հաւատք, Յոյս եւ Սէր. չեմ կարծեր թէ այս երեք բաները ունեցողը աշխարհիս վրայ իրականապէս թշուառ ապրի։ Ճշմարտին, բարւոյն եւ գեղեցիկին առաջնորդող կեանքի այդ երեք հիմերը արտաքին ցնցումներու պիտի դիմադրեն, վերջապէս ըստ իս, երջանիկ ապրելու միակ պայմաններն են։

Ապագան ընդարձակ երկիր մըն է, մարդ չէ կարող զայն մէկ ոստիւնով չափել, կ՚ըսէ Ամերիկացի հեղինակ մը՝ Տօնալդ Միշէլ։ Եւ ես պիտի ըսեմ թէ ապագան ընդարձակածաւալ ովկէանոս մըն է. այն նաւը որ կանխատեսուած հաստատունութիւն մը, կամ լաւ նաւապետ մը եւ կամ ղեկավար մը չունի, փոթորիկներէ ազատելով իր նաւահանգիստը չպիտի կրնայ հասնիլ, պիտի ընկղմի կամ խրի։

Այսպէս ահա, կեանքի փոթորիկներուն դիմադրելով ուղղակի ապագային դիմելու համար, մարդս Հաւատք, Յոյս եւ Սէր ունենալու է. առանց անոնց բախտին ու ճակատագրին ձեռքը խաղալիկ մը ըլլալով ապերջանիկ պիտի ապրի։

 

7 Ապրիլ

Երէկ Թշուառներ ուն վերջին հատորը լրացուցի. որչափ որ տպաւորութիւններս արձանագրել խոստացեր էի սակայն այսօր ամբողջ գործը վերլուծելով ինքզինքս անկարող կ’զգամ զգացումներս ու տպաւորութիւններս ի գիր առնելու։ Անոր վեհութեան տակ գրիչս կ’ընկճի։ Չգիտեմ թէ նմանօրինակ գիրք մը աշխարհիս վրայ լոյս տեսա՞ծ է, որ այնքան ճշգրտօրէն պատկերացնէ ու գծէ մարդկային թշուառութիւնը եւ անոր սկզբնական պատճառները. ո՜հ, Ժան-Վալժան մը Վ. Հիւկօ միայն կրնայ ստեղծել, ինչպէս Քրիստոս մը՝ Աւետարան ը եւ Մովսէս մը՝ Աստուածաշունչ ը…։

Եւ ես այդ վսեմ ու վեհ գրչին տպաւորութեանը տակ կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայէն երբեք չպիտի վերնայ թշուառութիւնը. բնութեան խորհրդաւոր ներդաշնակութեան հետեւանքն անհաւասարութիւնն է, որմէ կը ծնի մարդկային թշուառութիւնը։

Սակայն եթէ ընկերութիւնը բոլորովին չի կրնար թշուառութիւնը բառնալ, գէթ կրնայ զայն մեղմացնել. միթէ քիչ ծառայութիւն կը մատուցանէ՞ այն դեղը որ մահամերձի մը անտանելի ցաւերը իրեն զգացնել չի տար եւ միթէ այս նպատակին չե՞ն ծառայեր այն հանրային բիւրաւոր հաստատութիւնները որոնք ամէն օր թշուառութեան ահռելի ճիրաններէն հազարաւոր զոհեր կ’ազատեն, եւ անոր դէմ կը պաշտպանեն գինեմոլը, հիւանդը, յիմարը, ոճրագործը, ընկեցիկ մանուկը, որբը, աղքատ գործաւորուհին եւ իր դիեցիկ մանուկը, ծերը, խուլ-համրը, կոյրը, պոռնիկը, հրկիզեալը, նաւաբեկեալը, երկրաշարժէ վնասուողը, պատերազմի մէջ վիրաւորը եւ այլն։

Քանի՛ Թշուառներ ը կարդացի, մարդկութիւնը այնքան աւելի սիրել սկսայ։


[1]            Մարտ 6էն մինչեւ 20 օրագրին մէջ կարեւոր գրուածք մը չգտնուելուն, զանց կ’առնեմ յիշել. այսուհետեւ նոյն ուղղութեան պիտի հետեւիմ։ Ծ. Հ