Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4 Մայիս

Երէկ ամբողջ օրս Լամարթինի Լէ Ֆուայէն կարդալով անցուցի. այսօր ինքզինքս յոգնած կ’զգամ, ամբողջ ջղային դրութիւնս գրգռուած է. օդ առնելու եւ բնութիւնը վայելելու մեծ պէտք ունիմ։

Գարնան էն զուարթ եւ ախորժելի օրերէն մին է. բնութիւնը իր ամբողջ գանձը բացած է, երփներանգ ծաղիկներ սրտերնին բացած, սէր կը բուրեն. դաշտերուն, մարգերուն, պուրակներուն մէջէն սահող քաղցր հողմիկը սէր կը բզզայ։

Մարմարան հայելիի նման կը փայլի ու կը ծփայ, թեթեւաշարժ նաւակները իրենց հեզասահ ընթացքով հանդարտիկ ջուրերը ճեղքելով կ’անցնին ու կը դառնան, ետեւնին փրփրալից արծաթափայլ ուղի մը ձգելով։ Ծովափը եւ պարտէզները երկսեռ բազմութեամբ լի են, սիրատենչ զոյգեր ծաղիկներով զարդարուած կը ճեմեն, սիրայոյզ ժպիտներ փոխանակելով…։

Իսկ ես, սգաւոր ըլլալուս, բնութեան բարիքները վայելելէ կը զրկուիմ. ընկերութիւնը անողոք է, վրաս չարախօսել տալ չեմ ուզեր. պատուհանիս առջեւ նստած բնութեան զարթնումը դիտելով կը բաւականանամ…։

Պ. Մ… երեկոյին ընկերի մը հետ մեր տան առջեւէն անցնելով յարգալից կերպով մը զիս բարեւեց. ժամանակէ մը ի վեր զինքը տեսած չըլլալով կարօտովը եւ սիրովը կը տոչորուէի. մանաւանդ ի՜նչ մեղքս պահեմ, կը կասկածիմ, չըլլայ թէ ուրիշ մը իր սրտին տիրէ. կասկածիս անտեղի ըլլալը թէեւ կ’զգամ, սակայն ձեռքս չէ, ինքնին կը ծնի եւ տեղի կուտայ նախանձի մը։

 

9 Յունիս

Պ. Մ. այս գիշեր ընտանեօք մեզի էր։ Միջոց մը գտնուելով զիս ըսաւ.

Սուգդ ուրիշին պահէ, համբերութիւնս հատաւ, սիրովդ պիտի խենթենամ, թոյլ տուր ինձ, սրտիս կրակը մարելու համար, աչքերէդ համբոյր մը քաղեմ։

Չմերժեցի. յետոյ մազերէս փնջիկ մը ուզեց, ան ալ նուիրեցի։

Երկար ատեն մեր ապագայ միութեան վրայ խօսեցանք. խոստացաւ զիս երջանիկ ընել։ Իսկ ես, ո՜հ, բոլոր հոգիս պիտի զոհեմ իր երջանկութեանը համար. պահապան հրեշտակի մը նման վրան պիտի հսկեմ։

Կասկածներս իրեն յայտնեցի։

Կը հաւատա՞ս, ըսաւ, որ քեզ ունենալէս վերջը ուրիշ մը սիրեմ. ո՛չ, այդպէս մտածելդ բոլորովին անգթութիւն է…։

Այս բացատրութենէն շատ գոհ եմ։

Բոլորովին վստահեցայ։

 

16 Յուլիս

Ա. եան ընտանիքին կից է մեր տունը. հետեւաբար անոնց հետ սերտ մտերմութիւն մը ունենալնիս բնական է։ Տասնըչորս տարեկան գեղանի աղջիկ մը ունին որուն դաշնակի մասնաւոր դաս տալ յանձն առի. պարապ ատեններուս՝ իրեն պիտի դասախօսեմ. խնդրեցի որ վարձք տալերնին ուրիշի չյայտնեն։

 

30 Յուլիս

Հայրս օժիտիս համար ամսական գումար մը յատկացուցած էր. դասախօսութեանս իբրեւ վարձք ստացածս ալ նոյն նպատակին պիտի յատկացնեմ. արդեն սկսայ մաս մաս ձեռքովս պատրաստել։

 

20 Օգոստոս

Դաշնակի աշակերտուհիս շատ ուշիմ եւ փութաջան է. գերմանական մեթոտով կը դասախօսեմ. եթէ այսպէս շարունակէ՝ գալ տարի դժուարին կտորները բաւական յաջողութեամբ պիտի կրնայ ածել։

Հայրը հարուստ ըլլալով հարսանեկան օժիտը այժմէն պատրաստած է. թէեւ միջակ կրթութիւն մը ստացած է, սակայն խոհեմ բնաւորութիւնը եւ հոգեգրաւ գեղեցկութիւնը, մանաւանդ հազար ոսկի դրամօժիտը, ամուսնանալ փափաքող երիտասարդներու համար լաւագոյն ընտրելիի մը հանգամանքը կ’ընծայեն. շիտակը, զայն առնող երիտասարդը չի խաբուիր։

 

29 Օգոստոս

Այս գիշեր Ս… եաններուն էինք, իրենց ազգականներէն Տէր եւ Տիկին Փ… եան Պէյքօզէն հիւր եկած էին, գիւղէն ալ Մ… եան եւ Կ… եան ընտանիքները ներկայ էին։

Ժամի մը չափ դաշնակով զբօսնելէ յետոյը թղթախաղի սեղանը մէջտեղ բերին։ Այս կարգի երեկոյթներու մէջ թուղթ խաղալը ջիղերուս կը դպի. իմաստալից խօսակցութիւններով ժամանակ անցնելը միթէ աւելի օգտակար չէ՞, մանաւանդ ասանկ զարգացած ընկերութեան մը մէջ, որ գիտական, գրական, գեղարուեստական ու ընկերբանական խնդիրներու վրայ խօսելու եւ գաղափար յայտնելու համար մտաւորական բաւական լաւ պաշար ունի։

Թղթախաղի սեղանին շուրջը բոլորուողները գիւղին բարձր դասին պատկանող ծանօթ երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներն էին։

Զիս ալ շատ ստիպեցին, չմասնակցեցայ. Պէյքօզէն եկող մանկամարդ հարսին հետ անկիւն մը քաշուելով՝ քիչ մը օրուան խնդիրներուն եւ քիչ մըն ալ ամուսնական կեանքին վրայ խօսեցանք։

Յետոյ իրար խառնեցինք բոլոր թէ՛ ծանօթ եւ թէ նոր գրիչները. երեք չորս ժամ խօսելու նիւթ հայթայթեցին Խօճասարեան, Մամուրեան, Իւթիւճեան, Չիլինկիրեան, Տէտէեան, Պալթազարեան, Տօք. Ռուսինեան, Տօք. Թիրեաքեան, Տօք. Մէզպուրեան Տօք. Շիշմանեան, Օտեան, Պէրպէրեան, Տէմիրճիպաշեան, Արփիարեան, Գուրգէն, Փանոսեան եւ այն անուները ու իրենց գործերը։

Մենք մինչդեռ անկիւնը այս շահագրգիռ եւ օգտաւէտ խօսակցութիւններով իրարու գաղափար կը փոխանակէինք, անոնք սննդին շուկայի յատուկ զզուելի եւ կնոջ մը բերնին անվայել խօսքերով գողութեան մը կամ սխալ խաղալու վրայ կը պօռային ու կը ճչուռտէին, արժանապատուութեան զգացումնին խաղի յուզումներուն մէջ կորսնցնելով. եթէ չեմ սխալիր՝ երբեմն հայհոյութիւններ ալ կը լսէի։

 

22 Հոկտեմբեր

Պ. Մ… այսօր կարճ նամակով մը ինձ նուիրեց ոսկեզօծ փառաւոր կազմով ֆրանսերէն Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթ գեղեցկահիւս թատերգութիւնը։ Կողքին վրայ այսպէս գրած էր.

Միեւնոյն սէրը կը բաղձայ նաեւ քեզ յաւէտ պաշտող ապագայ խօսեցեալդ։

Նամակն ալ սա պէս կը վերջանար.

«Սիրոյ սաստկութիւնը բերնով չկրնալ հաղորդելուս, ստիպուեցայ գրիչս սրտիս թարգման կանգնել, նոյնը նաեւ քեզմէ կ’սպասեմ, ցանկալի երկտողիկդ համբոյրներովս պիտի ծածկեմ եւ միշտ սրտիս վրայ պիտի պահեմ…։»

 

6 Նոյեմբեր

Դաշնակի աշակերտուհիս սկսաւ առանձին բաւական յաջողակութեամբ դժուար կտորներ զարնել. զինքը շատ կը սիրեմ. եթէ ձայնը յարմար ըլլար, մտադիր էի միւզիք-վօքալի եւս դաս տալու. դժբախտաբար ձայնը անյարմար է։

Պ. Մ… երէկ գիշեր հիւանդացեր է. ստոյգ եւ կատարեալ լուր մը չառնելուս՝ շատ անհանգիստ եմ. մտադիր եմ վաղը եղբայրս ղրկելով վիճակը հասկնալ։

 

7 Նոյեմբեր

Խեղճ Մ… իս վիճակը ինձ մտատանջութիւն կը պատճառէ. բժիշկները թիֆօ կը կարծեն եղեր։ Այսօր իրեն համար աղօթեցի։ Տէրը երիտասարդութեանը ողորմի։

 

10 Նոյեմբեր

Պ. Մ… ի թիֆօ ըլլալը բժշկները հաստատեր են. շատ կը վախնամ։ Գիշեր ցերեկ մտքէս երբեք չելլեր, զգացած ցաւս ու սրտնեղութիւնս չեմ կրնար նկարագրել. գիշերները գրեթէ միշտ իր վրայ մտածելով անքուն կ’անցնեմ։

 

19 Նոյեմբեր

Եղբայրս Պ. Մ… ի վիճակը շատ ծանր նկարագրեց. Աստուած իմ, պիտի խենթենամ. ա՜խ, ո՜ւր էր թէ քովը ըլլայի եւ ձեռքովս խնամէի զինքը։ Բժիշկները դուրսէն այցելութիւններն արգիլեր են։

 

28 Նոյեմբեր

Այս երեկոյ հայրիկս Պ. Մ…ի ապաքինման լուրը բերելով աշխարհ իմս եղաւ. ուրախութենէս պիտի խենթենամ. արդեօք ե՞րբ պիտի տեսնեմ իր բարձր հասակը եւ անուշ աչքերը։

 

15 Դեկտեմբեր

Աստուա՜ծ իմ, Պ. Մ… ո՜րչափ փոխուեր է, նիհարութենէն աչքերը փոսը իջեր եւ խնձորիկները դուրս ցցուեր են։ Այսօրուան այցելութենէս շատ գոհ մնաց, իսկ ես բոլորովին յուզեալ տուն դարձայ։

 

20 Դեկտեմբեր

Ջղային տագնապներս բաւական մեղմացան. վաղը անկողինէս պիտի ելլեմ։

 

1 Յունուար 1877

Անցեալ տարի Կաղանդին ուրախ էի. նոր Գատըգիւղ եկած էինք. գիւղին օդը ողբացեալ քրոջս օգնելով ապաքինմանը մեծ յոյս ունէի։

Այլ աւա՜ղ, 1876 տարին ինձ համար սուգի եւ արտասուքի տարի մը եղաւ, ինչպէս նաեւ իր նախորդը. իցի՜ւ թէ այս տարին շնորհաւոր ըլլար ու դադրէին արտասուքներս։

Բոլոր բարեկամներուս եւ համայն մարդկութեան երջանիկ ու բարեբաստիկ նոր տարի մը կը մաղթեմ։

Այսօր նոր տարւոյ առթիւ ազգականներէս ու բարեկամներէս իբր նուէր ստացայ Տօտէի Ճէքը, Բօլ Ֆէվալի Կավօթը, Մոնսըլէի Մոռցուածները եւ Արհամարհեալները, եւ Մաքսիմ տիւ Գանի Անձնասպանի մը Յիշատակարանը ու բազմաթիւ խորհրդաւոր ծաղկանկարներ, Քրիսթմըսներ եւ այլն։