Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկունը կը ծաւալի ձորին մէջ,

Ցուրտ գիշերուան բերանաբաց դըռներէն.

Բլրին թաւշոտ կողին վըրայ, մեղմօրէն,

Հովի քընքուշ հեւք մը կ՚առնէ ելեւէջ։

 

Կը թըրթռայ յուշիկ՝ զեփիւռը թեթեւ,

Ու դեռածիլ դալարիքը ձըմեռուան

Իր համբոյրին փայփայանքէն՝ ցուրտ մահուան

Կարծես կ՚ըզգայ նախազգացումն ակներեւ։

 

Իրիկուն է, լուռ է գիւղակն ամայի.

Վերադարձող կովերը մերթ, սրտագի՜ն,

Կը բառաչեն կարօտն իրենց հորթուկին,

Փողոցներուն մէջ գիւղակին ամայի։

 

Ետ կը դառնան մարդիկ՝ հեռուի դաշտերէն,

Մինչ յոգնութեան տոպրակը դեռ կըռնակին,

Հողագործը, դուրսը նըստած իր հիւղին,

Տըրեխներուն կը թոթուէ հողն յամրօրէն։

 

Ու երկինքի թաւիշ խորէն կապտանուշ,

Կըռունկներու կարաւան մը կը հոսի,

Եւ չի կենար, դեռ շա՜տ ցուրտ է, եւ քանզի

Գարունն աւա՜ղ, գուցէ մընայ դեռ շատ ուշ։

 

1912