Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տըժգոյն տըղայ մ՚էր, կանխահաս սիրահար,

Այրած հոգի՝ այն անսովոր կըրակէն,

Եւ ապերախտ իր կեանքին ալ ըրած քէն,

Ինչպէս կընկան՝ զոր ողոքել չենք կըրնար։

 

Իր տենդակոծ մատներուն տակ՝ մի քընար

Մերթ մըրմընջեց հեծեծագին՝ քաղցրօրէն,

Ու մերթ գոռաց բողոքի շեշտն հըրեղէն.

Մինչեւ ինկաւ տըժգոյն տըղան վըշտահար։

 

Բոցի, բոյրի, կայծի, վարդի ու շանթի,

Մերթ խօլ կիրքի, մերթ արցունքի, աղօթքի

Քուրայ մ՚էր, ան, հէ՜գ պատանին բազմացաւ։

 

Առտուն երգեց. շունչն՝ հատեր էր իրիկուան.

Իր հոգին ալ (վերջալոյս մը կը մեռնէր),

Խունկ մաքրաբոյր, լուռ մըխալով ցընդեցաւ։