Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիպիլին

Լուռ երկայնքովն հորիզոնին ամպամած

Կը դեգերի ուղեւորը վարանոտ,

Եւ գիշերուան արհաւրալի դըռնէն բաց՝

Սեւ ուրուական՝ կ՚իջնէ խաւարը շըփոթ։

 

Կը տեղայ ձիւնն՝ անկարեկիր թուլութեամբ,

Կանգնելով իր անհուն տաճարն ըսպիտակ,

Եւ բընութեան հոգին թաղծոտ, մըտամփոփ

Կը սարսըռայ այս ձիւնեղէն սուգին տակ։

 

Ճերմակ տըխուր դաշտերուն մէջ անսահման,

Արհաւիրքը կայ լուռ, խաղաղ իրերուն,

Եւ ըսպիտակ բըրգաշարը լեռներուն

Ունի խորին լըրջութիւնը ըսպասման։

 

Մերթ կը լըսուին տարտամ վանկեր վայրենի,

Խուլ արձագանգ՝ լերանց կարմիր կըրքերու,

Եւ հէգ ճամբորդն արհաւիրքի տենդն ունի,

Իր ծածկամիտ ճակատագրէն՝ շըւարուն։

 

Կը մըթագնի ցուրտ նայուածքը ճամբորդին,

Այս ըսպիտակ ողողման մէջ՝ խեղդամահ,

Ու կը դիզուի ձիւնն անտարբեր իր չորս դին,

Սե՜ւ մատնութիւն, յուշիկ, անձայն ու խաղաղ։

 

Եւ ան՝ հըպարտ՝ կը մարտընջի անտըրտունջ,

Անգութ ճերմակ յարձակման դէմ դատախազ,

Եւ հովին դէմ որ կը յուզուի սառնաշունչ,

Արհաւրալից իրիկուան մէջ վաղահաս։

 

Ա՜լ կ՚սպառին վերջին ուժեր մարդկային,

Եւ ճամբորդը կ՚ընկճի՝ բախտին անձնատուր,

Մինչ երկիւղի չունի արատն իր հոգին,

Խիղճն՝ ապահարկ նուաստացման խայթէն սուր։

 

Այլեւս անուշ ճերմակ անուրջ մ՚աննըման

Կը լեցընէ արի ու ջինջ իր հոգին,

Արբեցութիւնն այս անբասիր պարտութեան

Զայն կը թաղէ մոռացման գիրկն հեշտագին։

 

Ու կ՚երկարի՜ պահն ըսպիտակ երազին,

Հեռու՝ մարդոց գիտութենէն սըրբապիղծ։

Կը ցըրտանան հոն կըրակէ կիրքերն հին,

Ու կը սառին ամէն պատրանք, ամէն իղձ։

 

Մահը, բարի՜ ազատարար, կը հասնի

Վըսեմ պահուն անպարագիր անուրջին,

Եւ ուղեւորն ա՜լ մարդկային հոգ չունի,

Երանաւէտ սեմին վըրայ ոչինչին։

 

Տակաւ գիշերն իր անսահման սեւ շուրջառ

Կը տարածէ դաշտին վըրայ մենաւոր,

Թաղելով այս մաքուր խորհուրդն՝ իր յամառ

Եւ ցըրտագին ծալքերուն տակ սըգաւոր։