Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թո՛ղ սըրտապընդէ ըզքեզ տակաւին

Հո՛գիս, գէշ գըրքի մը պարծանքին ունայն.

Կը սիրես կեանքը ու դեռ կ՚ապրիս զայն,

Քանի չէ ցամքած հեգնութեան գինին։

 

Եւ չես գանգատիր եթէ եղաւ որ

Գիրքըդ չըստեղծեց նոր յոյզ մ՚իրական.

Գիտե՜ս, վըճիռն է ճակատագրական

Կը համակերպիս բախտիդ՝ գըլխիկոր։

 

Կը ջանաս փրկուիլ հոգերէ ունայն,

Ու կը խորտակես կապերը բոլոր,

Եւ քացրաժըպիտ՝ կ՚երթաս անմոլոր՝

Դէպի խորհուրդը անվերջ գիշերուան։