Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քընաթաթախ մըսկոտ առտուն ձըմեռուան

Կը սարսըռայ ձորձերու մէջ ձիւնեղէն.

Ջինջ է երկինքն, ամայութեանց օթեւան.

Կը ծաղկի այգն հեռաստանին լեռներէն։

 

Թարմ արեւին պայծառ ժըպիտը անհուն՝

Կ՚ոսկեզօծէ փառքը ձիւնէ շուրջառին.

Բիւր զանակներ, կայծեր՝ հեռուի բլուրներուն

Մարգարտապատ կողին վըրայ կը վառին։

 

Լեռնանըկար հորիզոնը փառաւոր։

Սէգ շըղթայում՝ ադամանդեայ բուրգերու

Ճերմակ հըրդեհ մը կը վառէ անսովոր,

Տարաշխարհիկ շըքեղութեամբն իր հուժկու։

 

Շափիւղաներ կը քանդակուին ձիւնին մէջ,

Անճառելի փողփողում մը՝ ամէն բան.

Եւ ցոլքերու խըտղըտանքն ու ելեւէջ՝

Կը խազխըզեն ձիւնին սընդուսն անսահման։

 

Մեծվայելուչ է ամէն իր, ամէն ինչ,

Կըրօնական խորհուրդով մը սըրբանուէր,

Ու ձըմեռուան տօնն ըսպիտակ ու շինիչ՝

Կը թելադրէ ինձ գարնաւէտ անուրջներ։

 

Ամենուրեք խաղաղութիւնն է համակ.

Մեծ հաշտութեան մ՚օծումն ունի ամէն բան,

Ու վեհ տօնին պայծառութիւնն անապակ՝

Կը համակէ հոգւոյս ծալքերն իմ խոպան։

 

Աստուածային ոսկերչութի՜ւնն է վըսեմ,

Որուն առջեւ կը ծընրադրեմ հոգեզմայլ.

Եւ հոն միստիկ հեշտութիւնը ես կ՚ըմպեմ

Նըւիրական ճերմակ տօնին մաքրափայլ։