Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ցուրտ սենեակին առանձնութեան՝ քուրմ հըսկող,

Ու գերեզման՝ երազներուս անանուն,

Դուրս կը նայիմ պատուհանէս հին, լըքուն,

Ձիւն գիշերուան տըրտմութեան մէջ մըթասքող։

 

Խորն երկինքին ու իմ վերացմանցս օթեւան,

Ոսկի աչքեր ինձ կը քըթթեն մըտերիմ.

Ես՝ մոռցըւած իմ երգերուն կը խորհիմ,

Որք շըրթներէս թեւ առնելով հոն թըռան։

 

Աւանն ամբողջ՝ քունի մը մէջ ինքնամփոփ

Կը մըրափէ եւ գիշերը ձըմեռուան

Հագած դըժնեայ իր ըսպիտակ ցուրտ սաւան,

Կը մըտածէ խոկման մը մէջ սըրտատրոփ։

 

Ձիւնապայծառ տանիքներուն վրայ մաքուր՝

Ոսկեճամուկ ասղընտումներ կը խաղան.

Թանձր ըստուերներ՝ պատկերներուն ձըմեռուան

Արհաւրալից շըրջագիծ մը կուտան սուր։

 

Խաղաղական լուռին ծոցէն խորամանկ,

Փողոցին մէջ շուն մը կ՚ոռնայ լալագին,

Եւ յեղակարծ՝ հաստ ճոկանը պահակին

Հեռուներէն կուտայ մերթ խուլ արձագանգ։

 

Կը պարզըւի դաշտերուն մէջ անկենդան

Ըստուերալից վայրանըկարն ըսպիտակ.

Ու ոսկեզօծ մառախուղի ծովին տակ

Ուրուատեսիլ երեւոյթներ կ՚արթըննան։

 

Լեռնադընդեր լայն հորիզոնն առնական

Կ՚ուրուագըծուի, դըժնեայ պատկեր խըստադէմ,

Ուր սարերը կը խիզախեն երկնից դէմ

Իրենց մըռայլ ըստուերները մենական։

 

Ճերմակութեան կը փայլի փառքն անսահման

Լուսնին խարտեաշ երազին տակ փայփայոտ,

Եւ բընութիւնն ամբողջ, յոգնած մայր գըթոտ,

Կ՚երկնէ յուշիկ ջինջ առտուներն իր վաղուան։

 

Լուռ սենեակիս առանձնութեան քուրմ հըսկող,

Եւ գերեզման՝ իմ հոգերուս անանուն,

Դուրս կը նայիմ պատուհանէս խուլ, նըկուն,

Ձիւն գիշերուան խորհուրդին մէջ մըթասքող։