Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քաղցր ու գլխիկոր ծաղիկներն աշնան

Կ՚երազեն մենիկ.

Չըկայ գըթութեամբ հարցընող սակայն՝

Ո՜վ դուք, ի՞նչ ունիք։

 

Եւ կը դալկանան ու կը թարշամին.

Խորհուրդ են համակ.

Սուրբ միայնութեան ու մոռացումին

Մաքուր նահատակ։

 

Առտուն՝ անոնց հետ հոգիս կամեցաւ

Խօսիլ քաղցրօրէն,

Այլ չը պատմեցին իրենց սուգն ու ցաւ,

Լո՜ւռ էին նորէն։

 

Ու յամր, հեռացայ, ես ինք շըփոթ,

Յարգանքով լեցուն,

Լի՝ կարեկցութեա՛մբը վերապահոտ՝

Չըսուած ցաւերուն։