Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձըմեռ գիշերն է խիստ եւ ցուրտ,

Կ՚առաջանան ժամերն երկայն.

Երազներուս իմ խառն աճուրդ

Կը համակէ զիս լըռելեայն։

 

Խորհըրդաւոր, անշարժ ու լու՜ռ,

Ծալլած նայուածքն իր մետաքսէ,

Մատներուս տակ հեշտասարսուռ,

Իմ սեւ կատուս խո՜ր կ՚երազէ։

 

Սենեակին մէջ, շուրջը թոնրին,

Կը լըւէ մայրս՝ օթոցն հերուան.

Քոյրս, անուշիկ տըղեկ, լըռին,

Կը հիւսէ իր անվերջ գուլպան։

 

Եղբայրս, անձայն ու մըտամփոփ,

Կը մըրոտէ էջ մ՚ըսպիտակ.

Ես՝ կը համրեմ սըրտատըրոփ՝

Ժամացոյցին անվերջ թիք թաք։

 

Ու ծեր հայրըս, ճակատն հակած

Հին մատեանին վըրայ խոշոր,

Դեռ կ՚որոճայ իր հին կասկած,

Ունայնաբեկ սըրտով խոժոռ։

 

Եւ լամբարին բակն՝ երազուն

Հինգ ճակատներ կ՚ոսկեզօծէ։

Ճիշտ այսպէս էր ձըմեռն, հերուն,

Գա՞լ տարի… դուռդ ինծի գոց է։

 

Ձըմեռ գիշերն է ցուրտ կարի՜,

Եւ յուսաթափ եմ քիչ առ քիչ.

Ձըմեռ գիշերը կ՚երկարի՜,

Եւ սիրտս ունի հոգ ու կըսկիծ։