Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վարդեր՝ հոգւոյս մէջ

Կը թօշնին դալկոտ,

Վարդի թերթեր գէջ,

Թարմ ու մըշկահոտ։

 

Գարուն մ՚իմ սըրտին

Մէջ կը գունատի

Ու հոն կը փըթթին

Ցաւեր նորատի։

 

Հոն՝ կը նուաղին

Ջահերն աղուալոյս

Իմ անհընարին

Յամառ յոյսերուս։

 

Ու կը մըթնէ, ո՜հ,

Տաճարն ամայի.

Հոգիս է դըժգոհ

Տագնապներով լի։

 

Կ՚երկարի՜, մինչ ո՞ւր

Խորհուրդն անծանօթ,

Ու կը մըխայ, լո՜ւռ,

Խունկն անուշահոտ։

 

Եւ արբեցութիւնն

Այս ցաւին անգութ

Կը լընու անքուն

Կեանքըս բազմասուտ։