Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ակո՛ւնք վըճիտ, անճառ յագուրդ՝ իմ հոգւոյս

Անյաղթելի երազատենչ ծարաւին.

Կարօտըդ զիս կը հալածէ տակաւին.

Քու հըմայքէդ ես չը կըրցայ դեռ տալ խոյս։

 

Դուն կը բըղխիս ապառաժին կողէն կոյս,

Մաքո՜ւր կայլակ, օծուած լոյսովն արեւին,

Ու կը ցոլայ քու մէջ միստիկ անհունն հին

Ուր կը սիրեմ ես ընկլուզիլ խորասոյզ։

 

Պայծա՜ռ, ակունք, մի՜շտ աւելի մաքրափայլ,

Քու մէջդ՝ ինքզինքս ես կը դիտեմ հոգեզմայլ,

Անճառելի արբեցութեանդ անձնատուր։

 

Ու կը քալեմ դերբուկ ճամբէն անուրջին,

Դեռ տոգորուած խանդովն՝ օրուան առաջին,

Յոգնած՝ այլ քու ջերմ հաւատքով սիրտս ամուր։