Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՛վ իմ օրըս, անփայլ, ոսին, անշըշուկ,

Եղերական՝ պարզութեամբըդ կեղակարծ,

Միօրինակ ո՜վ իմ օրըս մահաշուք,

Խաչելութեանս խորհուրդովը բեռնաբարձ։

 

Կը ճաշակեմ՝ մուխփոր ու լի հեշտանքով

Անկիւնիս մէջ՝ ողբերգութիւնդ մըտերիմ,

Եւ իրիկուան, անվերջ ճամբուն երկայնքով

Կ՚երթամ փնտռել իմաստն օրուան մ՚իմ կեանքին։

 

Հոն՝ կը ծըծեմ լըրջութիւնը խորհուրդիդ,

Աննըշա՛ն օր, ո՛չ մէկ դէպքով յոգնատանջ։

Մարդիկ կ՚անցնին քովէս համըր, անժըպիտ,

Անել ուխտին դաժան ճամբէն աննահանջ։

 

Ու կ՚ապրի՞մ քեզ թէ չեմ ապրիր, օ՛ր նըսեմ,

Ես ինքս իր մ՚եմ այլեւս անյայտ ու մըթին,

Եւ մոռցուած խաչելութեան այս վըսեմ՝

Գաղտնածածուկ խընկոտ խորանն մ՚ըտերիմ։