Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դիտէ՛, հո՛գիս, պատուհանէդ մըշտանոյն,

Որ կը բացուի տիեզերքիդ վրայ չըւառ,

Դիտէ՛ լըռին՝ վերադարձող ցուրտ աշունն,

Եւ ամփոփուէ քաղցր եսութեանդ մէջ յամառ։

 

Դիտէ՛ հեռուն՝ թըթաստաններն ու այգին

Որ կը դողան ցուրտ հովին տակ՝ դեղնահար

Եւ աւելի հեռուն՝ գիւղիդ սահմանն հին,

Որմէ անդին չունիս երկիր կամ աշխարհ։

 

Եւ ամոքել ջանա՛ ժըպտուն քացրութեամբ

Կարօտները երկինքներուն՝ զոր բընաւ,

Դուն չը տեսար եւ զոր երազ մ՚ապըստամբ

Կ՚ոգէ երբեմն հըմայքի մը խորն անբաւ։

 

Դիտէ՛, հոգիս, դիտէ՛ աշունը տըխուր,

Ու կըշտացի՛ր գեղեցկութեամբն իր տըժգոյն

Ու բաց պահէ պատուհանըդ մըշտալուռ

Իր թաղծալիր ճըշմարտութեան գերագոյն։