Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Հետեւեալ բառերէն ու բացատրութիւններէն մէկին կամ մէկ քանիին, թեւ տալ, թափ տալ, տատանք, բահուանդել, աչքառու, ընդելուզել, անթեղել, անշքանալ, եթէ հանդիպիք որ եւ է հռետորական պատկերի մէջ (գործածելու համար գրագիտական terme մը) գրութիւնը ըլլա՛յ ստորագրուած Արամ Անտոնեան, Մարա, Մէրսէտէս, Այբայբ, Էտլվայս, կամ ուրիշ որ եւ է ծածկանունով, հարիւրին հարիւր գրաւ դրէք թէ հեղինակը միեւնոյն մարդն է, Արամ Անտոնեան։

Գրողներ կան՝ որ բառի մը կամ բացատրութեան մը կը սիրահարուին, իրենց անունը կը կապեն անոր, յարմար գործածութեան մը վարժութիւնը տալով ընթերցողին եւ եթէ այդ բառին կամ բացատրութեան մենք հանդիպէինք նա՛եւ ուրիշ գրիչներու ծայրը, մեր միտքը ինքնաբերաբար պիտի երթար գտնէր այն անունը՝ որմէ անբաժան կ՚ընենք մենք զայն։— Ո՞վ չի գիտեր Նարեկացիին ճենճերիլ ը, Դուրեանին մխալ ը, Սիպիլին ժանեակ ը, Տէմիրճիպաշեանին ներքնահայեցութիւն ը, Զօհրապին ըմբոշխնել ը, այդ բարբարոս բառը՝ որ գրական նուիրագործումի բարձրացաւ։ Կ՚ըսեն թէ Տը Հէրէտիա բանաստեղծը իր անունը կապած է irradiation (ճառագայթում) բառին, ու ցանկը դժուար չպիտի ըլլար անպայման երկարել։

Ասոնք՝ գրողի անվնաս քմահաճոյքներ են, անտարակոյս ապահարկ ամէն ստգտանքէ, յաճախ ունենալով նոյնիսկ հոգեբանական արժէք մը, երբ երեւան կը բերեն անհատականութեան գիծ մը, նկարագրի ցայտք մը։

Գրագէտի քմահաճոյքները բազմաթիւ են։

Հաւտացուցած են զմեզ Թէօտօռ տը Պանվիլլ բանաստեղծին համար թէ նախ իր յանգերը կը գտնէր, (ամենէն աւելի ճոխ ու զուարճալի տպաւորութեամբ յանգեր, Ժիւլ Լըմէթռի դիտողութեան համեմատ), ու յետոյ կը գրէր ոտանաւորը։ Թերեւս չպիտի խաբուէինք միեւնոյն ենթադրութիւնը ընելով նաեւ Ալփասլանին կարգ մը ոտանաւորներուն համար։

Այս քմայքներու կարգէն է անտարակոյս՝ ծածկանուններու սէրն ալ։

Հեղինակներ կան, որ իրենց կ՚ընտրեն միակ ծածկանուն մը, որ կը դառնայ միանգամ ընդմիշտ իրենց գրական անունը, զազրելով ծածկանունութենէն, աւելի՛ ընդհանրացած, աւելի՛ հանրածանօթ՝ քան իրենց աւազանի անունը։ Այսպէս են՝ Քամառ-Քաթիպա՝ . Պատկանեան), Շահնուր՝ . Մամուրեան), Ծերենց՝ (Տր. Շիշմանեան), Սիպիլ՝ (Տիկին Ասատուր), Թլկատինցին՝ (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Բիէռ Լօթի՝ (Ժիւլիէն Վիօ), Սթանտալ՝ (Անռի Պէլ), եւն, եւն. ։ Ասոնք աւելի գրական անուններ են քան ծածկանուններ։

Այս դասակարգին չեն պատկանիր անշուշտ բուն ծածկանուններու սիրահարները։ Ասոնք յարատեւ իրենց անձը զիրենք կարդացող հասարակութենէն անծանօթ պահելուն մէջ տեսակ մը եսական ու պչրոտ հաճոյք կը թուին փնտռել, ու յարատեւ կը փոխեն իրենց դիմակը, ընթերցողին ուշադրութիւնը խաբելու նպատակով, այսօր՝ Խաչկեան, վաղը՝ Խաչկոնց, միւս օր՝ Իքս, ուրիշ օր մը՝ Հասկաքաղ-Գիշերուկ, Մազկերտունի, եւն, եւն. ու, դիտելով իրենց թողած տպաւորութիւնը, այս զուարճալի ու շահեկան հոգեփոխութիւններուն բովանդակ քէյֆ ը ճաշակել կը թուին մի՛ս մինակ, իրենց հաշւոյն։

Այս հոսանքը՝ օրուան լրագրութեան մէջ, մանաւանդ նորահասներուն մօտ, մեծ համեմատութիւններու հասած է, ընթերցող հասարակութիւնը շփոթութեան ու շուարումի մատնող համեմատութիւններու։

Արամ Անտոնեան՝ այս վերջիններուն դասակարգէն է ահա։

Իր գրական սկզբնաւորութիւնը հազի՜ւ թէ քանի մը տարիէ ի վեր ըրած, այս երիտասարդ գրողը արդէն իսկ բազմաթիւ ծածկանուններ ունի, եւ, այս ընթացքով, կը խոստանայ քիչ ատենէն իր տարիքին թիւով կեղծանուններու անակնկալին ենթարկել զմեզ։ Ասիկա՝ իրեն ուղղակի մեղադրանք մը ընել չէ նպատակս։ Կ՚ուզէի միայն բարոյական նկարագիրը ճշդել այս քմահաճոյքին։

Դիմակին հոգեբանութիւնը բարդ ու բազմակնճիռ է։ Անիրաւ չպիտի ըլլայի օրինակի համար ենթադրելով թէ, անընդհատ անուն փոխելու այս մոլութիւնը հոգեկան հիւանդութեան մը ախտանիշն է։ Կ՚ենթադրէի, օրինակի համար, թէ, տարտամ, յեղյեղուկ, ո՛չ ինքնավստահ անհատականութեան մը խարխափանքները կրնային յատկանշուիլ այդ միեւնոյն քմահաճոյքով։ Յետոյ չէի՞ կրնար միթէ ճղել՝ դիմակին եսասէր հրապոյրը՝ երկչոտութեան զգացումին եւ կասկածոտ զգուշաւորութեան, ու, դիմակին հեռատեսութիւնը վնասակար չէ՞ր կրնար ըլլալ գաղափարի մարդուն որ եւ է գրող սկզբունքով նկատելով միշտ գաղափարի մարդ, բարոյական ազդեցութեան ու պարկեշտութեան։ Ըստ իս, յարափոփոխ դիմակաւորումի քմահաճոյքը չպիտի պարտկուէր անկեղծ համեստութեամբ մը, որ մանաւանդ պիտակ անկեղծութեան մը միայն կրնայ ըլլալ։

Եթէ իրաւունք կուտայիք ինծի հոս անձնական նախասիրութիւն մը յայտնել, պիտի ըսէի թէ նողկանքն ունիմ դիմակին, ի՛նչ ձեւի տակ ալ ըլլայ ան, որ կը թաքուցանէ, կը պարտըկէ, կը պատրուակէ, որ կը շպարէ ու պատկերազեղծ կ՚ընէ։ Դիմակին վրայ անկարելի է անպայման վստահութիւն. մի՜շտ կասկած մը, որդի կերուք մը կայ հոն։ Ամենէ՛ն անմեղ, ամենէ՛ն անվնաս դիմակը, օգտակար դիմակն իսկ, կեղծիք մըն է, աւա՜ղ։

Գալով Անտոնեանին, սակայն, իրեն համար դիմակը եթէ ո՛չ երբեմն պէտք մը, յաճախ շքեղանք մը, պչրանք մը ու քմշոտ եւ փոփոխամիտ dilettantismeի (գեղարուեստասիրութեան) գոհունակութիւն մըն է։ Նկատեցէք արդէն, թէ իր առաջին քմահաճոյքն ալ, բառերու քմահաճոյքը, աննման ուրիշ գրողներուն էն, տեսակ մը յարափոփոխ ճաշակի վրայ հիմնուած է, առժամանակեայ սիրահարութիւն մը, այս կամ այն բառին, այս կամ այն բացատրութեան, «ի դէպ թէ յանդէպ» առիթը փնտռելով զանոնք քշելու։ Այնպէս որ, հիներուն, քանի մը ամսուան գործածութեան մէջ մաշածներուն տեղը պիտի գան բռնել հետզհետէ աւելի նորերը, իրենց կարգին հիննալու համար։

Արդարեւ անմեղ, շատ անմեղ քմահաճոյք։ Բայց եթէ իմաստները շատ կը յարգէք, եթէ միշտ աւելի նշանակութիւն կուտաք կորիզին կան կեղեւին, վախ չունի՞ք թէ հոս կրնայ իր կարեւորութեան մէջ վտանգուած ըլլալ գաղափարը՝ զոր կը ստորադասենք բառերու քէյֆին։

Թերութիւն կամ բարեմասնութիւն, այս քանի մը գիծերը զինքը կը յատկանշեն բաւական։ Արամ Անտոնեան նորերէն՝ կամ եթէ կ՚ուզէք նորագոյններէն է, վասնզի մեր համեստ գրականութիւնն ալ հիներ ու նորեր կը համրէ իր մշակներուն մէջ—։

Արամ Անտոնեան՝ առ այժմ հրապարակագիր է։ Կ՚ըմբռնէք անշուշտ համազգեստին բովանդակ պատկառելին ու հմայքը։ Սիրոյ երգեր, հէքեաթներ կամ անոնց պէս բաներ գրելով սկսած է, առանց շատ գուշակել տալու իր հիմակուան վիճակը։ Ասոնք՝ սկզբնաւորութեան պատրանքներն են։ Պիտի հաւտայի՞ք եթէ ըսէի ձեզի թէ Հրանտ Ասատուր, լուրջ ու խոհական բանասէրը, բանաս…տեղծութիւններու թռուցիկ հատոր մը իր անութին տակ՝ առաջին անգամ երեւցած է թատերաբեմին վրայ։ Արամ Անտոնեան ալ, այսօր շատ աւելի կ՚արժէ, ու դեռ կը խոստանայ, քան իբրեւ հէքեաթագիր։

Արժանի գովեստներ ունիմ իրեն ընելիք։ Շատ անկեղծ է ու համարձակախօս, ու նաեւ՝ անվախ։ Ասոնք պզտիկ յատկութիւններ չեն հրապարակագրի մը համար, մանաւանդ երբ նկատենք թէ՝ հազուադէպ է հանդիպիլ անոնց՝ մեր հրապարակագիրներուն մօտ։ Շատե՜ր երեսուն տարի անընդհատ գրիչ շարժած են, ու կը խոստանան դեռ կէս դարու մըն ալ վրայէն ազատ առոյգ ոստում մը խիզախել, առանց յոգնութեան նշան տալու։ Ասիկա՛ ինքնին հրաշալի բան է, իրաւ, բայց հանրային-բարոյական գործունէութեան մը քանակական արժէքէն աւելի՝ որակական արժէքը նկատել թերեւս շատ անխելք գնահատութիւն մը ընել չի նշանակեր։ Առվէռ՝ մէկ հնչեակով անմահացած է, ու Դուրեան՝ շատ աւելի քիչ քերթած է քան մեզի ժամանակակից իր անուանակիցը, Դ ի եւ Թ ի շատ աննշան տարբերութեամբ մը միայն՝ իրենց անուններուն մէջ։

Մեր հրապարակագիրները այնքան հնարամիտ են, որքան վարպետորդի։ Գիտեն թէ տարբեր բան է լրագրութիւն ընել՝ յաջողելու համար, ու տարբեր բան է անկեղծ, աննկատ, բացսիրտ հրապարակագրութիւնը, որ շատ անգամ դառնութեան օշարակով կը վարձատրուի։ Գիտեն ճահիլութեան, անփորձութեան արժէքը, գիտե՛ն յաջողութեան գաղտնիքը, ու դեռ ինչեր չեն գիտեր։

Արամ Անտոնեան երեւոյթը չունի վերահասու եղած ըլլալու այդ շատ մը բաներուն։ Ինքը կը սիրէ իր անկեղծ մարդու ճահիլութիւնը, ու կ՚ըսէ ինչ որ կը մտածէ, կամ եթէ ոչ՝ գէթ կը ջանայ ըսել ինչ որ կը մտածէ։ Կարելի է խնդիր ընել թէ միշտ լուրջ ու գեղեցիկ բան մը կարո՞ղ է մտածել։ Կրնայ խնդիր ըլլալ թէ միշտ լաւագոյն ու օգտակարագոյն բա՞նն է որ մտածելու ընդունակ է իր քիչ մը թռուցիկ, զաղփաղփուն եւ դեռ անփորձ միտքը։ Բայց այդ կէտը ամէն մարդու համար ալ կարելի է խնդրի առարկայ ընել։ Իրողութիւնը սա՛ է թէ, Անտոնեանին գրիչը փոխանցիկ ուժ մըն է այսօր։ Խարբերդի մէջ Թլկատինցիին վարժարանին, այդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու մաքուր բոյնին, վերաբացումը՝ Արամ Անտոնեանի Աջ ու Ձախ երէն մէկին կը պարտինք։

Ամէն պարագայի մէջ այս եռանդուն տղան հասկցած ըլլալ կը թուի թէ հրապարակագրի մը դիրքը կրաւորական պէտք չէ ըլլայ զինքը շրջապատող հասարակութեան հանդէպ, թէ՝ հայ հրապարակագրին դերը չի վերջանար գրչի չեզոք ծայրով մը օրուան խնդիրներուն դպչելով, ռամկացած ու նորութենէ ինկած ճշմարտութիւններ (վասնզի ճշմարտութիւններն ալ մահկանացու են) իբրեւ նոր քշելով, հասարակաց կարծիքը փայփայելով, փաղաքշելով, արեւներուն շուրջը՝ արբանեակի շնորհալի, ճապուկ ու բարեկիրթ թեքումներ ընելով։ Ինքը հասկցած ըլլալ կը թուի թէ, հրապարակագիրն ալ, վարժապետին ու վարդապետին նման, ու գուցէ անոնցմէ աւելի, ժողովուրդներուն ու հասարակութիւններուն՝ վաղուան ճշմարտութիւնները ուսուցանելու նուիրական կոչումն ունի։ Անիկա պիտի դառնայ ազդու եւ ներգործական զսպանակ՝ բնաշրջութեան ուժին. պիտի տեսնէ սովորական տեւողութիւններու սահմաններէն անդին. պիտի նշմարէ անկոխ ճամբաներ, եւ իր անհատականութիւնը պիտի արժեցնէ միեւնոյն ատեն իբրեւ զօրութիւն՝ հակազդելու համար հինցած ըմբռնումներու տիրապետումին դէմ։

Այսպէսով է որ օրուան ամենէն հրատապ խնդրին մէջ ամենէ՛ն վտանգաւոր կերպով նետուելու, ամէն կռուի մէջ իր անհանդարտ ու վիճասէր մարդու ներկայութիւնը արժեցնելու չի քաշուիր։ Ատկէ է իր կռուազանութեան ու կճան օրագրողի ցուցասիրութիւնը։

Կռիւը այն գինովութիւնն է, ուր մարդիկ ոմանք տեսակ մը հաճութիւն կ՚զգան, զարկած ըլլան թէ զարնուած։ Հաւասար հպարտութիւն մը կայ աչք մը հանելուն, թեւ մը կոտրելուն կամ ականջ մը վրայ տալուն մէջ։ Բաւական է որ խիզախած ըլլանք, բաւական է որ ընկրկած, դասալքուած չըլլանք։

Հիմա տեսա՞ք թէ Արամ Անտոնեան որքա՜ն անկեղծ է ու համարձակ։ Այդ յատկութիւնները եթէ շարունակեն իր մէջ զարգանալ իր կոչումին մէկ խորունկ գիտակցութեանը համեմատ, մեծապէս պիտի օգտուի իր համբաւը, եւ ի զուր կարդացած չպիտի ըլլայ զինքը այն հասարակութիւնը, որուն համար կը գրէ, եւ որ պիտի հատուցանէ՛ լաւագոյն գնահատութիւններով։

Բայց տեսակ մը վարակող բան կայ Անտոնեանին վրայ, որ վնասակար եղած է մեր այսօրուան գրական նորահաս սերունդին։ Իրմէ ետքը եկողներուն շատերը քիչ մը ընդօրինակած են իր փառասիրութեան երբեմնի burlesque կեցուածքը, որ այնքա՛ն խանդաղատելի միամտութիւններ կը թուի սնուցանել։ Ես, իմ մասիս, անմիտ, յիմար ու ծիծաղելի գտած եմ այդ նորահաս տղոց գոռոզութիւնը, այնքա՜ն սնամէջ, այնքա՜ն ուռուցիկ, այնքան անտեղի, ու, աւա՜ղ, նաեւ անտանելի։ Գէթ ունեցած ըլլային իրենց նախատիպին յամառ անձնաւորութիւնը՝ որ կը նուիրուի մի՛շտ աւելի կամ նուազ անկեղծ համոզումին ու սիրուած գաղափարին պաշտպանութեան, լեցուն գիտակցութեան մը թափովը ստորագծուած։ Այլապէս՝ Սէրվանտէսեան քաջարի հերոսներ միայն կ՚ունենանք, որոնց պատճառած նախնական շահեկանութիւնն ու զուարճութիւնը՝ չուշանար փոխուելու ձանձրոյթին ու զզուանքին։

Չեմ կրնար մոռնալ ձեզի խօսելու portraitiste Արամին մասին։ Որերնի՞դ մեծ հաճոյքով ու անխառն հիացումով չէք կարդացած Էտլվայսի Թափառումներ ը, այն հիանալի, այն հրաշալի chargeերը, զոր գեղեցիկ ու առոյգ տաղանդով մը շինեց մեր ժամանակակիցներու մէկ քանիին, եւ որոնց շարքը անակնկալօրէն դադրեցաւ. ո՞վ չի յիշեր Մարաի համով սրամտութեամբ Ասուլիսներ ը, երկու շարքերն ալ շատ աւելի աղւոր ու շատ աւելի ճարտարօրէն շինուած քան իր նորավէպները. որոնք իրենց մէջ կեղծ ու տարաշխարհիկ բան մը ունին, Էտկար Բօյական կամ Ռիշբէնեան արհաւրալից անհեթեթութիւններ՝ զուրկ ապրուած ու կենդանի դրուագներու բաբախուն ու տաք յայտնատեսութենէն։

Անտոնեանի գրական տաղանդին ամենէ՛ն հարազատ ու ամենէ՛ն ազնիւ ծիլերը չնշմարեցի՞ք հոն։ Իմ մասիս, ես պիտի սիրէի որ Արամէն՝ Էտլվայսի Թափառումներ ը եւ Մարաի Ասուլիսներ ը շատ յաճախ կարդայի։

Կեանքը այնպէս կ՚ընէ որ, սակայն, մենք յաճախ ստիպուինք մոռնալ մեր ընդունակութիւնները, հրաժարիլ մեր նախասիրութիւններէն, ու անտեսել մեր նկարագրին ամենէ՛ն ուշագրաւ կարկառները, որոնց յարատեւ մշակումը միայն պիտի կարենար զմեզ երեւան բերել մեր նկարագրին լրութեանն ու մեր ընդունակութիւններուն ամբողջութեանը մէջ։ Եւ իրաւ է թէ, առանց անիրաւութեան հնար չպիտի ըլլար պնդել որ, այս դժբախտութեան յանցանքը միշտ մեզի կը պատկանի։

Ամէն պարագայի մէջ, սակայն, յոյս ունենանք նորերուն վրայ։ Դիւրութիւններ տանք իրենց՝ ուռճանալու իրենց ինքնուրոյն ձգտումներուն համեմատ, վասնզի վաղուան ոյժերը, վաղուան մտաւորական հունձքերն են անոնք, ու վաղը մի՛շտ աւելի կ՚արժէ քան երէկը եւ իր նուիրականութիւնը, որոնք սին բառեր են միայն, ու այս օրը՝ որ վերջալուսային մահուամբ մը սպառնացուած է արդէն։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, Յուլիսի 15, թիւ 14, էջ 623-629