Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կ՚երդնում թէ երբէք չէի սպասեր որ, գրական դիմաստուերներու այս շարքին մէջ, օր մը, Փանոսեանին դիմաստուերը գծել՝ իրօ՛ք տագնապեցուցիչ բան մը պիտի ըլլար ինծի համար։ Ատկից աւելի դիւրին բա՞ն կար միթէ։ Լսուած չէ՞ր թէ իր գործը, զեղուն, յստակ, մաքուր, չունէր կնճիռ մը, ալիք մը, ծալք մը, խորհրդապահ ու ստուերոտ խորշ մը։ Կարելի էր անոր մէջ վստահ նայուածք մը պտտցնել, ինչպէս պաղպաջուն ու թափանցիկ առուակի մը մէջ, ամէն բան յստակօրէն տեսնելու համար։ Մանաւանդ որ անկարելի չէր չառաջնորդուիլ այն քանի մը սիրուն կենդանագիրներէն, զոր իրեն հանեցին ասկից առաջ՝ իր վրայ հիացողներ։

Տակաւին գործի չսկսած, այս տեսակ վստահութեամբ մը սպասել կուտայի իր կարգին՝ Շողեր ու Ցօղերու բազմահամբաւ հեղինակը։

Դժուարութիւնն զգացի ա՛յն ատեն միայն, երբ նօթերուս տետրակը աչքիս առջեւ ու գրիչը ձեռք առի, իր դիմաստուերը մրոտելու բարեմիտ առաջադրութեամբ։ Կը տեսնէի թէ շատ աղուոր կեղծիքներու վեհանձն մսխում մը չպիտի կրնայի ընել իրեն նկատմամբ։ Բայց Փանոսեան սովորական դէմք մըն ալ չէր։ Հապա՞։

Եւ շփոթութեան մէջ մնացի մինչեւ այն օրն՝ ուր Քաթիւլ Մէնտէսի կենդանագիրը աչքիս զարկաւ Պեռնառ Լազառի Figures contemporainesին մէջ։

Արդարե՛ւ, բոլոր իրեն նկատմամբ մսխուած բարիքները՝ վերջին վերլուծումով՝ խարդախուած օշարակի մը արժէքին վերածեր էի։

Դիտեցի որ, եթէ ծանօթագրած չըլլայի թէ՝ իրմէն շա՛տ առաջ այնքան մաքուր աշխարհաբարով Պետրոս Դուրեան մը ունեցած ենք, սիրայօժար պիտի ընդունէի որ աշխարհաբար ոտանաւորի յառաջապահ վարպետն է ինքը, Ե. Տէմիրճիպաշեանին սուտ-վկայութեան համեմատ։ Իսկ իր այսօրուան ոտանաւորը, միշտ այնքա՜ն խնամքոտ, եւ այնքան մաքուր շրջագծով մը մկրտուած, նուազ աշխարհաբար չէ՞ր միթէ նորէն, քան Սիպիլինը կամ Սեղբոսեանինը։ Վասն զի մինչեւ այսօր իրեն անհնար եղած է նեղ պարագաներու մէջ՝ գրաբարի փախստականութեան հին՝ այլ յոռի վարժութիւն մը չյիշել, եւ իր նորագոյն ոտանաւորներն իսկ՝ լեզուական անմաքրութեան մեղադրանքին կրնան դեռ ենթարկուիլ, մինչդեռ այսօրուան ամենէն նորեկ տաղաչափողը, անեղծ աշխարհաբարի մը յաւակնութիւնը շատ չի գտներ ինքիրեն։

Ահա՛ քանի մը նմոյշներ, գրաբարախառն աշխարհաբարի.

Սիրե՞ս տեսնել թարմ կուսական

Դէմքն հայուհեաց նորաբողբոջ…

Չի՞ մտներ մէջն անոնց ունկան

Քարոզչին խրատն յեկեղեցւոջ։

Կամ խօսիլ ի վայել տեղւոջ…

Բարերար երկինք ինձ պարգեւեցին եւն.

Եթէ հնար ըլլար մասամբ մոռնալ Խորէն Նար-Պէյ Եպիսկոպոսը, ո՞վ պիտի վարաներ քանի մը չափազանց ազնիւ սիրտերու հետ ընդունելու թէ՝ Փանոսեանին ոտանաւորը առաջին անգամ մեզի բերաւ տաղաչափական ձեւերուն այլազանութիւնը։ Մանաւանդ թէ կարելի՞ էր մտքէ հանել որ պայմանադրական ձեւով ոտանաւորներու մէջ (Ռօնտէլ, Բանթում, Թէրձա Ռիմա, Ռօնդօ, եւն. ), զինքը նախորդողներ ու յաջողութեան տեսակէտէն գերազանցողներ չպակսեցան, (Թրթռումներ, Սիպիլ)։ Կ՚ըմբռնէք անշուշտ թէ, անոնց բոլորը բնա՛ւ չեն կրնար ձգտիլ՝ մոռցնել տալու իր անստգիւտ տաղաչափողի կարողութիւնը։ Կ՚ուզէի գրական պատմութեան սխալ մը մատնանիշ ընել։

Կ՚ուզէի նաեւ սա կէտին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել.

Իր ազդեցութիւնը ա՛ն եղաւ նոր սերունդին վրայ որ, բազմաթիւ ինքզինքնուն դուրս ելած ու այսահար պատանիներ, փայլուն բառեր ոտք ոտքի յարմարցնելու երջանիկ արհեստին բացարձակ բաւականութեան հաւատացին, ու գրական հրապարակը բանաստեղծներով ճոխացաւ։

Oհ! oh! dira quelqu'un, la chose est un peu rude,

N'est-ce rien de rimer avec exactitude?

Գալով իրեն, բոլոր լարերը հեծած են իր վարպետ մատներուն ներքեւ։ Զուարթ ու ժպտագիններն, ու տխուր, արցունքոտ լարերը, մանկականն ինչպէս պատանեկանը, երգիծականը, միմոսականը, ինչպէս ողբականը։ Բանաստեղծական մանրերկաթեայքի այս ճոխ վաճառատունը, իր բազմասեռ մթերքին յորդ այլազանութեանը մէջ պիտի խեղդէր զմեզ։ Ու Նուպարեան, բարեկամական միամտութիւն, վայրկեան մը կարծեց թէ բոլոր այս իրողութիւնները ուրանալու անխոհեմութիւնը պիտի գործէի։

Բայց պէտք կա՞ր անպատճառ սպրդեցնել թէ ասիկա ամբողջ քնարը չէր նշանակեր։ Մանաւանդ պէտք էի ըսել թէ՝ քնարական զգացումը խիստ յաճախ կը բացակայի հոն։

Այս կասկածելի ճոխութիւնը բացատրելու համար, երբեմն իր վրայով անփափկանկատ անգաղտնապահութիւններ ըրին։ Բայց իր վկայեալ յանցանքով յանկարծակիի եկած բանագողութիւնը, որ ան ատեն այնքան աղմուկ հանեց, չզարմացայ թէ ի՞նչպէս չվնասեց բնաւ իր լայն ժողովրդականութեան։ Ասոր համար բաւական եղաւ որ ինքը բացատրէր թէ ի՞նչպէս նիւթեր ու գաղափարներ փոխ կ՚առնէր ուրիշներէն, անոնցմով պատրաստելու համար իր բանաստեղծութեան ճոխերանգ դրօշը։ Այսպէսով Փանոսեան իր առաջնակարգ բանաստեղծի համբաւը կը շարունակէ պահել մեր մէջ։ Հիմա, հոս, նորէն, այդ համբաւը իրմէն գողնալու որ եւ է փորձ, այնքան անտեղի է, որքան անօգուտ։ Յետոյ, ձանձրութիւնը չէր արժեր։

Հետաքրքրութեան համար միայն ձեր աչքին առջեւ անհրաժեշտ կը համարիմ՝ պատկերացնել այն ասպետական շարժուձեւը՝ որով բանագողութեան ամօթալի շապիկը իր կռնկէն սկրթեց, այդ հանդիսաւոր օրուան մէջ։ «…Բաւ է որ ըսեմ երկու խօսքով թէ՝ օտար գրուածքի մը նիւթը կամ գաղափարն առնելով, կէս առ կէս յաւելում ու փոփոխութիւններով, նոր ու տարբեր ձեւ ու դարձուածքներով կատարելագործուած զայն հայացնելը՝ ինքնին հեղինակութիւն մը կ՚արժէ, զոր համարձակ ու ճակատաբաց կրնայ ստորագրել մարդ» [1] ։ (Դիտել որ այս տեսակ համարձակութիւնները ամէն մահկանացուի տրուած չեն։ Յետոյ, դիտել նաեւ որ, այս տեսակ խոստովանութիւնները շուտով մոռցուելու բաներ չեն)։

Ուրեմն, հետեւեալներուն նմանները՝ բանագողութիւն չեն կրնար համարուիլ, այս գրական հրապուրիչ վարդապետութեան համեմատ, որ այնքա՜ն անկեղծ ու եռանդոտ հաւատարիմներ պիտի չկրնար իր ետեւէն քաշել։

Ալպէռ Մէռաէն.

Avec de délicats frissons

Bien des femmes y sont passécs,

Fermant l'oreille à mes chansons,

Amoureusement cadencées.

 

Փանոսեանէն.

Կիներ, աղջիկներ հոնկէ շատ անցան,

Պչրոտ, դողդոջուն, վէս խնդումերես,

Խո՜ւլ իմ երգերուս ձայնին ցիրուցան…

Փանոսեան՝ անբարեմիտներուն ու միամիտներուն, որ կը պնդէին թէ բանաստեղծութիւնը ասկից տարբեր բան մը կրնար ըլլալ, հարցուց այդ հանդիսաւոր օրուան մէջ, խանդաղատալի սրտաբացութեամբ մը, որ անմոռանալի վիճակուած է մնալ մեր գրականութեան միօրինակ ու տխուր տարեգրութիւններուն մէջ.

«Ո՞վ կը համարձակի քանդակագործը՝ մարմարագող, ճարտարապետն ալ՝ փայտագող անուանել»։ Ուշադրութիւն ըրի՞ք։ Լաւ ուրեմն, տակաւին քաջութիւն մնա՞ց քովերնիդ՝ օտար գրուածքներուն նիւթերը կամ գաղափարները, բառերը կամ բացատրութիւնները փոխ առնողը՝ բանագող անուանելու, հնօրեայ ու յամառ շնականութեամբ մը։

Այս մասին՝ հռչակաւոր բանասէր-լեզուաբան-ազգագրագէտ-ընկերաբան Դաւիթն ալ իր կարծիքէն է։

Ասիկա՝ գրականութիւններուն մէջ անխուսափելի թիփ մըն է։ Ամենէն պատուական տեսակը ա՛ն է, որ իր յանցանքին սրտառուչ տգիտութիւնն ունի։ Փանոսեան՝ այս վերջիններէն է։ Պաշտելի՜ միամտութիւն։

Արդ, լսեցէ՛ք ինչ որ գրած է Պէռնառ Լազառ՝ Քաթիւլ Մէնտէսի նկատմամբ։ Այս ընդօրինակութեան մէջ անունը միայն պէտք տեսնուած է փոխել։ Սուտ չէ թէ մարդիկ նմանութեամբ զոյգ կը ծնին ժողովրդային հաւատքի մը համեմատ։

«Աղեքսանդր Փանոսեան կը շարունակէ մնալ իր հռչակին մէջ։ Հայկական պառնասի ըռօֆէռէօռն է՝ ըսին իրեն համար, ու կ՚ուզեն հաւտացնել զմեզ թէ՝ իրմէն ուսած ենք prosodieն։ Եթէ ասիկա ճշմարիտ չէ՝ կարելի է, վասն զի ոչ ոք իրմէն աւելի տէրը եղաւ ոտանաւորի նիւթական գիտութեան ու նաեւ՝ ոչ ոք իրմէն աւելի երեւան հանեց անոր անբաւականութիւնը։ Բայց եթէ աշակերտներ ունեցաւ, ունեցաւ նաեւ վարպետներ, եւ վերջինները զինքը չլքանեցին, ինչպէս ըրին առաջինները, վասն զի յաւէտ առաջնորդներ ունեցաւ, եթէ ոչ նախատիպեր (modèle)։

Ըստ երեւոյթին՝ բազմայօդ էակ մըն է, եւ սակայն իր բնութիւնը պարզ է, կնճռոտ կ՚երեւի, եւ սակայն՝ մի է։ Կը նմանի հայելիի մը՝ որ կը ցոլացնէ հազարաւոր անակնկալ ու այլազան պատկերներ, հայելի մը՝ որուն վրայէն ամէն բան կ՚անցնի եւ որ ոչինչ կը պահէ, ռամիկ հայելի մը։ Այսու հանդերձ՝ անիկա կը պատրէ, վասն զի ճարպիկ է։ Կը պատկանի անոնց դասակարգին՝ որ նրբարուեստ ճարտարութեամբ կը գործածեն՝ իսկատիպ արուեստագէտներու կողմէն իրենց մատակարարուած նիւթեղէնները»։ Փակագիծ, ասոր անկեղծ խոստովանութիւնը տեսանք արդէն։

«Ձեռական անվիճելի յատկութիւններ ունի, յատկութիւնները փորձ արհեստաւորին (praticien) որ կ՚աշխատի տրուած maquetteի մը, արձանագործական առաջին նախարտակի մը վրայ. եւ կրնայ ամենայն ճշդութեամբ յաջողակօրէն ձուլել՝ անհամանման նիւթեր։ Իրեն պէսերը՝ ճարպիկ (adroit) կ՚անուանուին, երբ հռչակաւոր են, միջակ՝ երբ աննշան մնացած են, եւ իրաւացի է աս, վասն զի միջակութիւնը ճշտիւ կը կայանայ այս որ եւ է ինքնայատուկ գաղափարի բացակայութեան մէջ, բայց անհաշտ չէ երբեմն շատ մեծ ճարտարութեան մը հետ։ Այս մասնաւոր ճարտարութիւնը ո՞վ պիտի մերժէր Ա. Փանոսեանին։ Ոչ ոք, արդարեւ։ Ուրիշ բաներ կային, զոր պիտի մերժէինք իրեն, բայց ո՛չ այս դիւրութիւնը՝ յարմարելու ամէն նիւթերուն, ամէն բաղձանքներուն։ Այս անտանելի ճկունութիւնը, որ թոյլ կուտայ իրեն անփութօրէն անցնելու, հաւասարապէս լաւ ու հաւասարապէս գէշ՝ ծանրէն՝ ախորժելիին, ծաղրաշարժէն՝ լուրջին, ըլլալ փոխն ի փոխ յայրատ ու զգայամոլ, ու գոհացնել ամենէն դժուարապահանջ ծերերը, ու ամենէն եղերերգական պարմանուհիները։

Ամէն բանէ աւելի, սակայն, Փանոսեան մեր արդի գրականութեան վերջին կախարդն է։ Կը ճանչնա՞ք այս կախարդները։ Անոնք կը ներկայանան ինչպէս թատերաբեմին վրայ, սեղանի մը ետեւ, որուն վրայ զանազան սկահակներ շարուած են։ Հանդիսականներուն բաղձանքին համեմատ կ՚աճապարեն անոնք՝ փոքրիկ մշկընկոյզներով, կը յաջողցնեն ձուազեղին յայտնի խաղը, փոխ առնուած գլխարկի մէջ, վասն զի կախարդը բնա՛ւ իրեն սեփական գլխարկ չունենար, եւ գիտեն հաւասարակշռութեամբ կայնեցնել շիշ մը՝ անագէ թուրի մը վրայ։

Ու այս աճպարարները՝ իրենց սեփական բան մը չունենալնուն համար է որ ուրիշներու ստացուածքով կը գործեն, կը շահագործեն հին բացատրութիւններն ու անարժէք փոխաբերութիւնները, փոփոխակի հին ու նոր կը ձեւանան, առանց լրջօրէն շահագրգռուելու սակայն՝ առաջինով կամ վերջինով, հապա՝ խնդրանքներուն համեմատ։ Այս պատճառով է որ աճպարարներէն կը պաղի հասարակութիւնը, եւ անոնք ա՜լ յարգէ կ՚իյնան» [2] ։

Մի կարծէք թէ կամաւոր մոռացումներով պիտի վերջացնեմ իր գրական պատկերին ուրուագիծը։ Այս կենդանագիրը՝ vignetteներով զարդարուելու արժանի դէմք մըն է։ Օրինակի համար, ֆրանսերէն ոտանաւորի մրցման մը մէջ՝ իր նախկին պսակաւորի գեղեցիկ համբաւը կայ, զոր իր կենսագիրները չպիտի զանց ընեն, եթէ Աբրահամ Այվազեանի խղճամտութիւնը ունենան։ Յետոյ, ո՞վ կը ժխտէր իր թարգմանողի անբաղդատելի կարողութիւնը։ Սա՛ ճշմարիտ է յաւէտ որ, ոչ ո՛ք Փանոսեանին չափ բնատուր ընդունակութիւն ու, ինչո՞ւ չէ, տաղանդ ունեցաւ օտար ծաղիկներ՝ մեր վտիտ ածուներուն մէջ խնամոտ, գգուստ ու գուրգուրացող մատիկներով փոխադրելու, առանց անոնց զգացնելու հայրենաբաղձութեան սուր ցաւն ու անդարմանելի գունատութիւնը։ Եւ եթէ այս բանաստեղծը թարգմանողի սահմանափակ յաւակնութեան մը միայն թիկնածութիւն ցոյց տուած ըլլար, պէտք պիտի ըլլար որ երկարօրէն գովէինք զինքը, իբրեւ արդի աշխարհաբարին մէջ ոտանաւորի լաւագոյն թարգմանողը։

Արդեօք իր այս թանկագին ընդունակութիւնը՝ կարեւոր ու երկայնաշունչ գործի մը թարգմանութեան պիտի յատկացնէ՞ օր մը, գրականութեան մէջ մեզի մոռցնել տալու համար Հայր Արսէն Ղազիկեաններու տխուր ու մթին յիշատակը։ Չեմ գիտեր, բայց կը յուսամ։

Այն ատեն միայն, այս պատուական մարդը, որ գրականութիւնը իր նպարավաճառի անփայլ կեանքին պզտիկ ձանձրոյթները փակագծող հաճելի ժամանաց մը, գրչի զբօսանք մը, անպէտ խօսքերու վեհանձնօրէն անհաշիւ մսխում մը, շռայլութիւն մը նկատած է, այն ատե՛ն միայն անմահութեան անուշ յոյսեր ալ սնուցանելու իրաւունք պիտի ունենայ։ Այլապէս, իմ խոնարհ կարծիքովս, կը սխալի այդ տեսակ յոյսի մը իրականացման թիկնածութեամբը։ Անտարակոյս, ինքը յանցանք չպիտի ունենար այսպիսի միամտութեան մը համար։ Մահկանացու մարդուն տկարութիւնն է դիւրահաւանութիւնը, երբ անիկա անձնասիրութեան եւ ունայնասիրութեան շուրջը կը դառնայ, եւ Փանոսեանը խաբողը՝ մեր հասարակութիւնը եղաւ. վասն զի հասարակութիւնները, մանաւանդ մերինը, հակառակ Պէռնառ Լազառի կարծիքին, դեռ կը շփացնեն գրական աճպարարները, եւ շատ ախորժ կ՚զգան անոնց շողոքորթ երեսպաշտութիւններէն, ի վնաս չհասկցուած ու նոյն իսկ արհամարհուած այն բանաստեղծութեան՝ որ հոգիները բարձրացնող ու ազնուացնող վերացումի մը մէջ՝ ռամկութիւններէն վեր պահելու նկարագիրն ունի։

Այդ տխուր ճշմարտութիւնը ապացուցանելու համար էր որ՝ ժողովրդական քրօնիկագիր մը, Տիգրան Արփիարեան, իրմէն չյուսացուած արիասրտութեամբ յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ ի նպաս աճպարարին։ Կը հաւատայի՞ք. ըսաւ թէ՝ Փանոսեան միակ տարուան մը մէջ Սիպիլին տասնեւեօթը տարիէն տքնութեամբ ու կրկին կրկին սրբագրութիւններով գրած ոտանաւորներուն չափ ու անոնցմէ գերազանցապէս գեղեցիկ քերթուածներ գրած է։

Բայց հիասթափումը որքան ալ դառն ըլլայ, պէտք է փութալ, ի սէր մերկ ու խորշելի՝ այլ անարատ ճշմարտութեան, զինքը արթնցնել այս շատ անուշ՝ բայց վտանգաւոր քունէն։ Եւ, աւա՜ղ, ճշմարտութիւնն ա՛ս է որ, ապսպրանքի, «ժամանցի», «գրչի զբօսանքի» եւ «անօգուտ խօսքերու» հանրամատոյց հաճոյակատարութեամբ բանաստեղծութիւն մը, անձնական վաղանցիկ ու խաբուսիկ հաճոյքի մը հմայքին սահմաններէն անդին չի կրնար անցնիլ։ Այս գաճաճ պարկեշտութիւնը՝ զուրկ է միամիտ յաւակնութիւններու վտանգաւոր ճաշակէն։ Անիկա՝ դիւրագնի զուարճասիրութեան մը ինքնաբաւութենէն դուրս ելնելու անխոհեմութիւնները չի ճանչնար, տարածուելու, ճառագայթելու համար իր ժամանակին ու իր միջավայրին վրայ։

Բանաստեղծութիւնը, շատերու դժբաղդութենէն, միջին սահման չի ճանչնար։

Կա՛մ լիովին, ամբողջական բնորոշութիւնը, եւ կամ՝ ողորմուկ հետեւակութիւնը, կրնայի ըսել՝ ոչնչութիւնը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, Դեկտեմբեր 1, թիւ 23, էջ 975-982


[1]            Մասիս, 1901, Մայիսի

[2]            Bernard Lazare, Figures Contemporaines, էջ 31։