Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Յովհաննէս Գազանճեան գաւառացի գրագէտ մըն է։

Հիմակէն չէ՞ք գուշակեր բոլոր այն միամտօրէն ողորմելի հեգնութեան ժպիտները՝ որ պիտի ուրուագծուին ընթերցողներուն մէկ մասին քթին շուրջը գոհունակ արհամարհանքի նուրբ ժպիտներ, ծաղկանկարչական դիմածռումի ուրուագիծներ, որ այնքան երջանիկ պիտի ընեն զիրենք, որքան ատոնց շարժառիթը եղած պիտի ըլլայ ոճրական ու վտանգաւոր անհասկացողութիւն մը, դէպի ոգին տոհմային լուրջ գրականութեան։

Անձկամիտ ընթերցողին երջանկութիւնը խանգարելու եւ իր անիմաստ դիմածռումին մէջ զինքը անգթօրէն անհանգիստ ընելու դիտաւորութիւն չունիմ։ Բայց պիտի ըսեմ թէ՝ Գազանճեան ալ ինքնիրեն բուսածներէն է։ Վարժարանական փայլուն շրջանի մը յիշատակները չեն սփոփեր զինքը, իր յամառ ու տաժանելի տքնութիւններուն մէջ, եւ շողշողուն վկայականներու ամոքումը կը պակսի իր ինքնաշխատութեամբ ու հազար դժուարութիւններով երեւան եկած գրողի յաճախադէպ դառնութիւններուն։ Ուրեմն ինքն ալ մէկն է այն անանուն ծաղիկներէն՝ որոնք անջրդի ժայռի մը կողին վրայ կը բուսնին, դժուարաւ դուրս գալով քարերու բացուածքներէն, եւ արեւին հայրական խանդաղատանքին տակ, օրին մէկը իրենց բովանդակ ուժն ու կենսունակութիւնը կ՚զգացնեն առոյգ ու ջերմ բողբոջումով մը՝ որ այնքան ուժգնօրէն կ՚ընդդիմադրէ ջերմանոցներու կեղծ մթնոլորտին մէջ ու պարտիզպանի ախտավարակ խնամքներուն ներքեւ հասնող ծաղիկներուն հիւանդ գեղեցկութեան։

Իր արժանիքին ստորոգելիները թուելէ առաջ, զինքը կը ներկայացնեմ կարեւոր անդամներէն մէկը այն փոքրաթիւ՝ այլ յամառօրէն կամքոտ խումբին՝ որ բարի պայքարը կը շարունակէ մղել ընդդէմ պոլսահայ օտարացած ու կեղծաւոր մտքին՝ ի նպաստ վաղուան հայ գրականութեան ցեղայնութեան եւ ինքնուրոյնութեան առողջ ու կենսունակ գաղափարին։

Իր յօդուածները՝ մտածուած, սերտուած ու լուրջ գաղափարներու գեղեցիկ ընդլայնումներ են, եւ անոնք որ հետաքրքրութիւնը ունենան օր մը մեր մէջ մտաւորական ժամանակակից հոսանքներուն ուսումնասիրութեան ձեռնարկելու, օգտակար վաւերանիւթեր պիտի գտնեն Գազանճեանի գրութիւններուն մէջ։

Արդեօք խնդի՞ր է թէ այսօրուընէ վաղը անմիջապէս պիտի իրագործուին Գազանճեանին եւ իր համախոհներուն ծրագիրները։ Արդեօք խնդի՞ր է թէ գաղափարի մը կարեւորութիւնը՝ տրամաբանական է որ համեմատական նկատուի այն մօտաւորութեան կամ հեռաւորութեան՝ զոր անիկա ունենալ կը թուի հաւանական իրագործումին հետ։ Գաղափարը, իր կարեւորութեան մէջ, անկախ չէ՞ միթէ անմիջական օգտակարութեան անձուկ նկատողութենէն։ Շատեր՝ հակառակ կերպով կը դատեն գաւառական գրականութեան պարագան, փաստաբանելով անոր կանխահասութիւնը։ Երբ այսօրուանը կայ, կ՚ըսեն, իր բովանդակ խեղճութեան մէջ, վաղուանին վրայ մտածել՝ գործնական մտքի յայտնի պակաս է։ Այլ ի՞նչ բան ճշդիւ պիտի հակադրէր վաղուան գրականութեան գաղափարողները՝ եթէ ոչ իսկ եւ իսկ այսօրուանին անբաւականութիւնն ու ողորմելի նկարագիրը։ Բոլոր առարկութիւնը բառերու աղուոր կատակ մըն է, անհիմն ու անտանելի։ Ուրեմն այսպէս խորհողները աւելի նպաստաւոր են գաղափարին քան Պէրպէրեան էֆ[էնտի] որ հիմնապէս կը մերժէ թէ ապագայ հայ գրականութիւն մը, վաղուան գրականութիւնը, կրնայ պոլսականէն աւելի տոհմային ըլլալ, կամ թէ գաւառական գրականութիւնը՝ ընդունակութիւններ ունի վաղուան ճշմարիտ հայ գրականութիւնը դառնալու։ Առաջինները մանաւանդ կ՚ըսեն թէ պոլսականէն անկախ գաւառական միտք մը առ այժմ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, հետեւապէս Պոլսինը կ՚ուղղէ եւ հարկ է որ տակաւին երկար ատեն ուղղէ գաւառականը։ Չէ՞ք զգար հոս հաւանութեան լռին հանդիսաւորութիւնը։

Այլ ո՛չ Պէրպէրեան էֆ[էնտի]ի վտանգը, ոչ ալ կանխահասութեան սարսափին տակ դողացողները իրենց մէջ բաւականաչափ ոյժ ունին դիմադրելու այն հոսանքին՝ որ կը զարգանայ հայ ժողովրդին կուրծքին տակ, տոհմային ինքնամփոփումի զգացման ձեւին ներքեւ, որ կը համակէ նոր սերունդը, իր կազդուրիչ ու ջղուտ տենդով, եւ որ պիտի տիրապետէ վաղուան գրականութեան ընդհանուր ոգիին վրայ, պոլսահայ միտքը լուսանցքին մէջ ձգելով, եթէ անակնկալ հակազդեցութիւններ չջլատեն թռիչքին աշխոյժն ու թափը։

Խնդացողները եւ ծաղրողները, ամբողջ խումբը չհասկցողներուն, բոլոր ապականած վոհմակը խառնածիններուն, երկակենցաղներուն ու իրենց տոհմայնութեան անարատ արիւնին մէջ այլասերածներուն, նահանջի եւ պարտութեան ամօթին տակ պիտի ընկճուին։ Գաղափարը՝ հաւատքի մը անխորտակելի պատուանդանին վրայ բարձրացած է միտքերու մէջ։ Գազանճեանին ու իր ընկերներու արժանիքը պիտի մնայ իրենց ուժին նպաստը բերած ըլլալ անոր շուտափոյթ յաղթանակին։

Բայց Գազանճեան դեռ բուն գաւառացի գրագէտը չէ, անիկա՝ որ իր հանճարին մէջ արտայայտութեան մասնիկ մը պիտի ըլլար իր ցեղի ոգիին։ Գազանճեան ուղղակի չի բաղդատուիր Թլկատինցիին, բուն գաւառացի տոհմային գրագէտին հետ։ Բացի այն զանազան քննադատական յօդուածներէն, հէքեաթներէն, նոյն իսկ ոտանաւորներէն, որոնցմէ օգտուած են գրեթէ բոլոր օրագիրներն ու հանդէսները, Գազանճեան իր արժանիքի տիտղոսը կը գտնէ մասնաճիւղի մը, բանասիրական լեզուաբանութեան մէջ, գիտութիւն մը՝ զոր ասպետական հանդիսաւորութեամբ ծաղրելու անհաւատալի քաջութիւնը գործեց Պոլսեցի աղմկալից գրիչ մը, Պ. Ենովք Արմէն։

Բայց ի՞նչ է այդ ըստ Պ. Ենովքի բարակցաւ գիտութիւնը՝ որ իր խստութիւնները կ՚ընդդիմադրէ նորելուկ գրագէտներու սանձարձակ եւ ազատասէր քմահաճոյքին։

«Բանասիրութիւնը, կ՚ըսէ Ֆրէտէրիք Նիցչէ [1], այն յարգելի արուեստն է, որ ամէն բանէ առաջ իր հաւատարիմներուն վրայ պարտք կը դնէ մեկուսի մնալ, ժամանակին նուիրուիլ, լուռ, յամր ըլլալ, արուեստ մը ոսկերիչի, բառաճանաչի ուր բոլոր աշխատութիւնները փափուկ են ու մանրակրկիտ, ուր կարելի չէ ոչ մէկ բան յաջողցնել, եթէ ոչ յուշիկ, յամրօրէն։ Այս պատճառով է նաեւ որ անիկա աւելի քան երբեք պիտանի է այսօր. այս պատճառով է որ անիկա զմեզ կը գերէ ու կը հրապուրէ այս «աշխատութեան», ըսել կ՚ուզեմ աճապարանքի, անպատեհ ու քրտնաթոր գահավիժման ժամանակին մէջ, որ կարելի եղածին չափ շուտով կ՚ուզէ ամէն բան «կարճ կապել», ամէն բան գլխէն վանել, գիրքերն ալ, անոնք ըլլան հին կամ նոր։ Բանասիրութիւնը, անիկա երբեք չի գիտեր կարճ կապել, խնդիրը ի՛նչ բանի վրայ որ ըլլայ, անիկա կը սորվեցնէ լաւ կարդալ, այսինքն յամրօրէն, խորապէս, ամէն կողմէն զգուշանալով կանխորոշ մտածումներէն շրջահայեցութեամբ վերաբերուելով ելքերու մասին, անիկա կը սորվեցնէ վերջապէս կարդալ փափուկ ձեռքով մը եւ փորձ աչքով մը»։

Հիմա տեսա՞ք թէ բանասիրութեան դառն օշարակը՝ տկար ու հաճոյասէր քիմքերուն չպիտի կրնայ պատշաճիլ։ Այսօր հայ բանասիրութիւնն ալ պէտք է ազատագրուի չոր ու ցամաք հասկաքաղութիւններու սահմանագծումէն, եւ ըստ Նիցչէի, անիկա պէտք է ճոխանայ կամ լրանայ մանաւանդ իմաստասիրութեան ու արուեստի նպաստներովը։

Այսօր բաւականին չափ հում նիւթերու աշխատութեան եւ բնագիրներու եւ ձեռագիրներու բաղդատութեան գործը առաջ գացած բաներ են։ Ինծի կը թուի թէ այլեւս հնարաւոր է այս ցրուած ու ցրցքնուած տարրերով համադրել ու վերակազմել հայ ոգիին շիջելափառ անցեալը, իր անկումներուն ու բարձրացումներուն, իր քաղաքակրթութեան յարափոփոխ փուլերուն մէջ։ Այն ատենն է որ արդի հայը, առօրեայ խորթ ազդեցութիւններու մշտատեւ սպառնալիքին մէջ, ինքզինքը պիտի ճանչնայ՝ ոգեկոչուած անցեալին ստուերոտ նշոյլներուն ընդմէջէն, ու պիտի վերագտնէ հոն հարազատ բնազդները ցեղի ոգիին, պիտի լսէ հոն յուզող, ցնցող կոչը՝ ցեղին ձայնին։

Ահա՝ այն բանասիրութիւնը՝ որուն այլեւս իրօք պէտք ունինք, զոր փորձած են մասամբ իրագործել մէկ կամ երկու Ռուսահայ վիպասաններ, եւ զոր կը թուի ջատագովել Գազանճեան իր ուսումնասիրութիւններով։

Գազանճեան, բաց ի այն տեսակ ուսումնասիրութիւններէ, որոնցմով Շահինեանին եւ ուրիշ մէկ երկուքի հետ մատնանիշ ըրած է հայ ազգագրութեան, հայ բանասիրութեան, հայ հնագիտութեան կարեւորութիւնը, վաղուան գրականութեան գաղափարին իրագործման տեսակէտէն, աշխատասիրած է նաեւ թոքատի գաւառաբարբառին ուսումնասիրութիւնը, (Ձայնաբանութիւն, Բառացուցակ, Առածներ, եւն. ) Թրքահայերու մէջ առաջին անգամ փորձը տալով նմանօրինակ անհրապոյր՝ այլ օգտաշատ երկին։ Իզմիրեանց կտակին յանձնաժողովը, որուն գնահատման ներկայացած էր այս գործը, վերապահումով մը վարձատրեց զայն, ինչ որ ամէն պարագայի մէջ Գազանճեանի արժանիքին պաշտօնական նուիրագործման նշան մըն է։

Պոլսահայ-գաւառահայ գրական վէճը՝ իր ցաւալի թիւրիմացութիւններն ունի։ Գրականութեան մէջ երբ գաւառացիները լեզուի խնդիր յարուցին, շատեր, ու ամենէն յօժարամիտներէն կարծեցին թէ գաւառաբարբառներուն դերը կը հրաւիրուէր ոտնձգութիւններ ընելու՝ արդի Պոլսահայ աշխարհիկ լեզուին ձայնաբանական ու քերականական սահմաններուն վրայ։ Դաւիթ Խաչկոնց իր Բիւրակներովը երբեմն այդ սխալը նուիրագործելու նպաստեց, լեզուաբանական յայտնի անզգուշութեամբ։ Գաւառաբարբառներու առանձին ու բաղդատական ուսումնասիրութիւնը ունենալով հանդերձ գիտական շատ բարձր նշանակութիւն, վաղուան գրականութեան գաղափարողները մտքերնուն չանցուցին բնաւ որ եւ է գաւառաբարբառ իր ձայնաբանութեան ու քերականութեան տեսակէտէն գրական լեզուի բարձրացնելու անխոհեմութիւնը գործել։ Գազանճեան եւ իր ընկերները ըսին ու կը կրկնեն թէ, Պոլսահայ բարբառը, արդէն բարձրացած գրական լեզուի նուիրագործումին, ու իր նկարագրով ունենալով բազմակողմանի հանգիտութիւններ՝ քանի մը կարեւոր կենդանի գաւառաբարբառներու հետ, անպայման կերպով կը պահէ իր այդ դիրքը։ Բայց եթէ լեզուաբանօրէն անիկա այսօր զարգացած ու կանոնաւոր լեզու կրնայ համարուիլ, այլ սակայն, գրականութեան տեսակէտէն հասնելու համար բաղձացուած հարստութեան ու ընդարձակութեան, շատ պէտք ունի գաւառաբարբառներու բառամթերքին ու ոճին, որոնք իբրեւ հայ լեզուին հարազատ՝ այլ անտեսուած ստացուածքները, պիտի գային արդի աշխարհաբարին մէջ գրաւել իրենց համար բաց մնացած տեղերը, այնքա՜ն գեղեցկապէս ու օգտակարապէս հերքելով օտար լեզուներու բառարանին ու ոճին խաթարող ու այլասերող արշաւանքը։

Ուրեմն Գազանճեան շատ իրաւամբ կը քննադատէ օրինակի համար Թլկատինցիին ու Գեղամին լեզուները, երբ այս գաւառցի գրողները շատ անգամ իրենց բարբառին քերականութիւնը եւ հնչումները կը գործածեն, եւ գրուածքը խրթին ու անհասկնալի կը դարձնեն, մինչդեռ Զարդարեանին լեզուն, այս տեսակէտով կրնայ անստգիւտ համարուիլ, նկատելով որ անիկա կը պահէ Պոլսահայ բարբառին քերականութիւնն ու ձայնաբանութիւնը, իր լեզուն ճոխացնելով միայն գաւառական գեղեցիկ բառերով, ոճերով, դարձուածքներով։

Գազանճեանը, գաւառացի գրողներու խումբին այս յարգելի անդամը ներկայացուցած պահուս, դիտմամբ շատ զբաղեցայ քանի մը երկրորդական գիծերով, որոնք այնքան լաւ կը յատկանշեն տիրապետող նկարագիրը Գազանճեանի մտաւորական ձգտումներուն։ Իբրեւ բարացուցիչ իր իսկ հոգեբանական խառնուածքին, պիտի աւելցնեմ թէ այս տղան, որ գաղափարներու ամենէն հրատապին ու ամենէն գրգռիչներէն մէկին պաշտպանութեան համար զինուորագրուած գտնուեցաւ, իր կռուողի դերին մէջ զգացումէ, կիրքէ, խանդավառութենէ աւելի գերակշռօրէն՝ հաշիւ, հեռատեսութիւն ու հնարք դնել գիտցաւ։ Ջղային հանդարտութեան այն հազուագիւտ յատկութիւնը, հոգեբանական ձգտումներու այն հաւասարակշռութիւնը, որ զինքը այնքա՛ն կը մօտիկցնէ մտաւորական խառնուածքով՝ ուրիշ գաւառացի գրագէտի մը, Գ. Անդրէասեանին, չեմ գիտեր թէ տկարացուցա՞ծ է իր մէջ գաղափարը, որ այնքան հաշիւ, լրջութիւն, որքան կիրք, տենդ, խանդավառութիւն կը պահանջէ, իր բովանդակ ուժգնութեան մէջ արտայայտութեան գալու համար։

Խնդիրը այն է թէ՝ Գազանճեան աշխարհի ամենէն ազնիւ մարդն է, զոր երբեք ճանչցած ըլլամ, եւ որուն սրտին ազնուութիւնը իր մտածումներուն անկեղծութեան եւ իր գաղափարներուն անկախութեան կրցած է զուգահեռաբար ընկերանալ, պարագայ մը՝ որ իր մէկէ աւելի արժանիքներուն ամենէն պզտիկը չպիտի եղած ըլլայ։

 

1 Օգոստոս 1902

«Արեւ[ելեան] Մամուլ», էջ 731-736



[1]            La philosophie de Nietzche, par H. Lichtenberger, F. Alcan, éditeur, p. 36.