Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՎԵՐԱԾՆՒՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԵՒ ՄԵՐ ԴԵՐԸ»
Միքայէլ Վարանդեան, Հրատ. Հ. Յ. Դ., Ժընէվ, 1910.

Հայ ժամանակակից կեանքին արտադրած ամենէն կենսաւէտ ու ամենէն հզօր քաղաքական կուսակցութեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան քսանամեակի առիթով գրուած այս գիրքը, հայ կեանքին պատմական, քաղաքական, ընկերային եւ քաղաքակրթական հանգամանքներուն ուսումնասիրութեան տեսակէտով՝ վերջին երեք տարուան շրջանին տեղի ունեցած հրատարակութիւններուն մէջ՝ արժանի է ամենալուրջ ուշադրութեան։

Անհրաժեշտ չէ որ մարդ ըստ ամենայնի համակարծիք եղած ըլլայ հեղինակին, ընդունելու համար թէ Պ. Միքայէլ Վարանդեան մեր օրուան հայ կեանքի ուսումնասիրութեամբ պարապող հազուագիւտ մտքերուն մէջ կարեւորագոյն շրջանակ մը կը գրաւէ։ Իր ստորոգելիները բազմաթիւ եւ պատուաբեր են։ Հմուտ է ժամանակակից ընկերային գիտութեան այնպէս՝ ինչպէս պարտ էր ըլլալ ժողովուրդի մը կեանքը շինող բազմատեսակ ու տարասեռ ձգտումներուն ու երեւոյթներուն քննութեան մէջ մտնել յանդգնող մէկը։ Սիսթէմապաշտ է այնպէս՝ ինչպէս պիտի ըլլար բացորոշ եւ անդղրդելի տեսակէտներու ետեւ պատնէշաւորուած անկեղծ վարդապետական մը։ Ամէն ինչ սերտօրէն զիրար կը բռնէ իր կառուցումներուն մէջ։ Իր ամուր տրամասացի (dialecticien) անվարան համարձակութեամբ, գիտէ քալել, տրամաբանութեան ջահն ի ձեռին, անձնավստահ ու հաստատուն քայլով մը, դէպի առաջ, եւ այդ ջահը պիտի առաջնորդէ զինքն անվրէպ՝ դէպի այն լուսաւոր հորիզոնները՝ ուր ապագայ կեանքին յաղթանակը պիտի տօնուի գեղեցիկ օր մը։ Պ. Վարանդեան հաւատքի ախոյեան մըն է, որովհետեւ բուռն, խորունկ եւ անկեղծ փափաքներ ունի։ Պ. Վարանդեան երկրաւոր դրախտին ազատարար կրօնը կը քարոզէ, որովհետեւ իր ցեղը, եւ ամբողջ մարդկութիւնը, աւա՜ղ, այնքա՜ն հիւանդ են։ Ան որ կը հաւատայ՝ պիտի ապրի։ Կեանքը հաւատքի պէտք ունի, եւ ոչ թէ փիլիսոփայութեան եւ իր ջլատիչ կասկածներուն։ Կեանքը լաւատեսութեան պէտք ունի, եւ ոչ թէ վարանոտ մտավախութեան մը նուրբ հաշիւներուն։ Կեանքը հաստատումներով (affirmation) կը զարգանայ, եւ ոչ թէ բացասումներով։ Պ. Վարանդեան հայ ցեղին կենսաւէտ հոգիէն թեւ առած թրթռուն ու տաքուկ ձայն մըն է։ Եւ անոր ամենէն ստորադասական բնազդներուն յաղթանակին՝ ի սպաս կը դնէ ջղուտ եւ ճկուն իր իմացականութեան տրամադրած բոլոր կարելի հնարագիտութիւնները։

Ի՜նչ պայծառ, ու զգացումով ելեկտրացած ոճ, իր ինքնատիպ, քնարաշունչ, կենդանի եւ ուժեղ ոճը։ Քիչ անգամ ռուսահայ գրող մը այնքան տանելի ու հաճելի է իր արտայայտութեան եղանակին մէջ։

Եւ ի՜նչ շինարար գիրք, իր գիրքը։ Անիկա՝ տեսակ մը նոր ժամանակներու աւետարան է, որ կը հաւաստէ զմեզ մարզել իտէալին կորովի զինուորութեան։ Պատմութեան մէջ յարատեւելու որոշում տուող ցեղ մը, ինչպէս կ՚ուզէ եղած ըլլալ մեր ցեղը, այդ տեսակ գիրքեր պիտի կարդայ, անոնցմէ քաղելու համար կեանքի լաւագոյն սնունդը։ Եւ ինծի պէս անբախտներն իսկ, որոնց հոգիին ապահովութիւնը մեծ չափով խախտած է կասկածանքէ ու անվստահութենէ ցեցակեր, որոնք՝ իբր թէ առաւելապէս գիտնալու քանդիչ յիմարութենէն բռնուած, մոխիրներու եւ աւերակներու աշխարհի մը մէջ՝ տակաւին ու յաւիտեան անթերի ճարտարապետութեամբ շէնքեր բարձրացնել երազողներուն ազնիւ միամտութեան վրայ անուշ զմայլանքով ժպտելու կացութեան մը (attitude) կը ջանան կրթնցնել իրենց գոյութիւնը, ինծի պէս հաւատքի անկարող հոգիներն իսկ, եթէ գիտեն ազնուօրէն վայրկեան մը ինքզինքնին մոռնալ, եթէ ազատ են՝ իրենց եսին իրաւացի՝ բայց սեղմ ու խիստ ճշմարտութիւնները ի շահ ընկերութեան մերթ ընդ մերթ իրենց մէջ սահմանափակելու աստիճան, պիտի խրատեն որ, Պ. Վարանդեանի գիրքը, եւ նմանները, կարդացուին, կարդացուի՜ն եռանդով, կարդացու՜ին հաւատքով, որպէսզի ապրին մարդիկ, որպէսզի կեանքը յաղթանակէ։ Վասնզի՝ «Այս է իմաստութեան վերջին խօսքը. նա միայն արժանի է ազատութեան եւ կեանքի՝ ով որ ամէն օր կռիւով կը նուաճէ զանոնք»։ (Կէօթէ)։

***

Վերածնւող Հայրենիքին կողքը կը դարձնեմ։

Պատկերաշար մը՝ հայ ազատագրական շարժման դէմքերու եւ նահատակներու։

Առաջին էջին վրայ՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, «գլխաւոր հիմնադիր Հ. Յ. Դաշնակցութեան, նահատակուած 1905ին։» Ես միշտ հիացում ունեցած եմ ամէն կարգի հերոսներու մասին։ Միշտ մարդկութեան արջառին մէջ շատ քիչ են անոնք, եւ իրենց մէջ կը պանծայ անհատապաշտութեան (individualisme) սկզբունքը՝ որուն կամակորներէն եմ։ Հերոսներն են մարդկութեան գերագոյն կարելիութիւններուն հազուագիւտ արտայայտութիւնները։ Արջառը՝ արջառ է, հասարակաց աղքատիկ ու աննշան հանգամանքներով՝ բուսակենցաղ գոյութիւն մը քաշքշող երկրի վրայ։ Անոր բաղկացուցիչ տարրերն իրարու կը նմանին, եւ զիրար միայն կ՚արժեն։ Մէկը միւսին տեղ՝ խնդիր չէ։ Անոնք որ չեն նմանիր ոչ ոքի, անոնք որ կը տարորոշուին անհատական մասնաւորութիւններով՝ անոնք ուշագրաւ միութիւններն են, եւ չեն շփոթուիր բնաւ։ Երկրին աղն իսկ են անոնք։ Առանց անոնց՝ համ հոտ չէր մնար աշխարհի մէջ։ Այդ պայծառ փարոսներն են որ՝ խաւարին տրտում միօրինակութիւնը կը լուսաւորեն ցանցառօրէն։

Քրիստափոր Միքայէլեա՜ն։ Սրտագին ուշադրութեամբ կը դիտեմ այդ ինքնազուսպ կամեցողութեան մը ուժին մէջ խաղաղած համակրելի դիմագծութիւնը։ Որքա՜ն երազ կայ իր կիսախուփ անուշ նայուածքին պայծառ միամտութեան մէջ, որքա՜ն խորհուրդ՝ իր լայն ու գմբէթարթ ճակատին վրայ, ու որքա՜ն կամք ու կորով՝ իր սեղմ շրթունքներուն վշտաբեկ այլ վճռական շրջագիծերուն մէջ։ Անշուշտ քիչ անգամ կը պատահի որ երազը ի սպաս իրեն ունենայ այն հանդարտ, աննկուն ու գործնական կամեցողութիւնը՝ որով Քրիստափոր Միքայէլեան կրցաւ արժեցնել իր կեանքն ու իր գործունէութիւնը։ Unifie [1] մըն էր անտարակոյս, վսեմագոյն անուրջի մը տեսիլքէն շանթահար, ու զայն հետապնդելու անդրդուելի հաւատքով ամրացած։ Եւ գնաց, մինչեւ վերջը, նոյն ուղղութեամբ, ուխտի դժուարին ճամբուն վրայ իյնալով՝ անպարտելի արիութեան մը առաքինութեամբ։ Սուրբերուն Պանթէոնը, իր պատուանդաններուն ընտրելագոյնին վրայ կը բարձրացնէ Միքայէլեանի կիսանդրին, եւ մենք պատկառանքով կը խոնարհինք այս մեծ ու ազնիւ Հայու Զաւկին անուան առջեւ։

Կը թղթատեմ պատկերաշարը։ Սերոբ։ Չեմ տեսած դէմք մը իրենին չափ հայեցի, իրենին չափ գեղեցիկ, իրենին չափ հանդարտ ու գիտակից ուժի առնագեղ արտայայտութեան մը մէջ պատկերացած։

Ո՞ր մէկն անուանեմ սակայն բոլոր այն պաշտելի նահատակներուն, որոնք անխտիր գացին, գերագոյն իտէալին անունով, մեռնիլ «ազատութեան ճանապարհին», որպէսզի ապրի գաղափարը, որպէսզի ապրինք մենք…։ Ուշի ուշով կը նկատեմ իւրաքանչիւրին դէմքը, հոն իրենց հոգին կարդալու բարեյօժարութեամբ։ Ոմանք կ՚արտայայտեն խանդավառ հոգիներ, անգիտակից ու ինքնացայտ, վերացական ու երազատոջոր, ինքնամոռաց, ուռուցիկ եւ կուրօրէն բոլորանուէր։ Ուրիշներու մօտ՝ կը պատկերանայ գերագոյն արդարութեան զգացումին զայրոյթը, եւ տառապողներու ցաւին վերահասութիւնը, լուսաւորուած՝ իմացականութեան գիտակից շնորհով։ Իրենց նպատակներուն մէջ ամուր, իրենց որոշումներուն մէջ սառնօրէն անդրդուելի եւ ահեղ են անոնք։

Պ. Վարանդեան՝ հոյակապ պերճախօսութեամբ ու վճիտ քնարականութեամբ գլուխ մը կը նուիրէ հերոսներու պաշտամունքին։ Լիովին համակարծիք եմ իրեն։ Մեր այսօրուան ճշմարիտ սուրբերն անոնք են՝ որ կրցան հերոսանալ ու մեռնիլ յանուն ազգային վերածնութեան դատին։

***

Հակիրճ գրախօսական մը, ինչպէս պարտաւոր են ըլլալ իմիններս, չի կրնար իրենց մանրամասնութիւններուն մէջ ձեռք առնել այն բոլոր հարցերը, որոնց ուսումնասիրութեամբ կ՚զբաղի Պ. Վարանդեանի գիրքը։

Ընդհանրապէս խօսելով, անհրաժեշտ է սակայն մատնանիշ ընել թէ, այս գիրքը կը պարզէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հայեացքները եւ ընդհանուր աշխարհահայեցողութիւնը՝ հայ կեանքին վերաբերմամբ։

Դաշնակցութիւնը մեր այսօրուան քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ, անժխտելի կերպով, ամենէն գործունեայ, ամենէն ընդարձակածաւալ, ու միեւնոյն ատեն ամենէն աւելի հասարակաց ըմբռնումին մէջ վէճի ու անհամաձայնութեան առարկայ դարձած կուսակցութիւնն է, թէ՛ իր ձգտումներուն եւ թէ՛ իր գործելակերպին տեսակէտներով։ Իր ընկերվարական ծրագիրը մեզի համար վտանգաբեր կը գտնեն շատեր։ Իր գործելու եղանակը՝ այլամերժ, խիստ եւ բուռն։

Իմ գործս չէ հոս զուտ փիլիսոփայութեան տեսակէտով քննութեան ենթարկել ո՛չ ընկերվարական վարդապետութիւնը, իր տեսաբանութեան եւ իր առաջ բերած գործնական արդիւնքներուն համեմատ, ո՛չ ալ յեղափոխական կուսակցութեան մը գործելակերպը։ Այդ տեսակ ուսումնասիրութիւն մը ընելու պահուն, պէտք պիտի ըլլար նաեւ նկատի առնել վերլուծական նշաւակութիւնը ամէն կարգի ընկերային ձգտում ունեցող վարդապետութեանց եւ իրենց գործելակերպերուն, այն բոլոր բարոյական դրութիւններուն՝ որոնք անհատին ու ընկերութեան առընչութիւնները ներդաշնակելու համար՝ կը վատնեն աշխարհի լաւագոյն բարեկամեցողութիւնն ու իմաստութիւնը։ Ի՞նչ ապերախտ ու կործանարար աշխատութիւն մը պիտի ըլլար այդ, եւ ի՜նչ անուշ պատրանքներ, հմայաթափ, պիտի ցնդէին, այդպիսի պարագայի մը մէջ։ Ո՛չ, ասիկա իմ գործս չէ այս անգամ։ Վասնզի տեղի չկայ։

Այս պահուս կ՚ուզեմ միայն ըսել որ, հետեւած ըլլալով այն մեղադրանքներուն, որոնցմէ հայ ժողովուրդին մէկ մասը ուզած է նշաւակել Դաշնակցութիւնը, կը գտնեմ զանոնք մեծագոյն չափով զրպարտական։ Պ. Վարանդեանի գիրքը կարդալու է, տեսնելու համար թէ ի՜նչ խելացի, ի՜նչ բանիմաց, ի՜նչ քաջատեղեակ եղանակով մը Դաշնակցութիւնն առաջադրած է օժանդակել հայ կեանքի վերակազմութեան, իր ընդհանուր հանգամանքներուն մէջ, ժամանակակից ընկերային մտաւորական աշխարհը տոգորող գաղափարներուն համեմատ։ Ոչի՜նչ տեսայ կործանարար՝ այս գրքին մէջ պաշտպանուած սկզբունքներուն ու ձգտումներուն խորը։ Ընդհակառակը, զանոնք կը գտնեմ կենսաւէտ, ապրեցնող, վերանորոգիչ, քանի որ անոնք իսկական արտայայտութիւնն են կեանքը նեխումէ կամ քարացումէ ազատել ձգտող բնաշրջման օրէնքին։

Անշուշտ իրաւացի է հետաքրքիր ըլլալ, գիտնալու համար թէ Պ. Վարանդեանի քարոզած ընկերային վարդապետութիւնը եւ զայն գործադրելու մեթոտը ընդհանրապէս այս եղանակո՞վ ընդունուած են մեր մէջ, իր բոլոր հաւատակիցներէն։

Պ. Վարանդեան բնաւ չըսեր թէ Հայ տարրը աշխարհի մէջ կրնայ մէկէն ի մէկ ընկերվարականութիւնն ապրիլ առանց իր գոյութիւնը վտանգելու։ Այս ճշմարտութիւնը հասարակաց է բոլոր բարոյական համամարդկային դրութիւններուն համար, օրինակ՝ քրիստոնէութիւնը։ Կոյր ըլլալու է չտեսնելու համար այն անդունդը՝ զոր զմեզ շրջապատող մարդկութիւնը կը պահպանէ իր պաշտօնական դաւանանքներուն եւ իր ամենէն իրական ապրելակերպին մէջ։

Արդարեւ կարելի չէ, առանց յիմարութեան, ձգտիլ՝ հայութեան բաղկացուցիչ ուժերն իրարմէ հեռացնելու, հայութեան ամբողջութիւնը կազմալուծելու ներքին պառակտումներով, յանուն վարդապետական աղանդամոլութեան, յանուն յեղափոխական կամ հակայեղափոխական սկզբունքներու— եւ աս այնպիսի ժամանակներու մէջ՝ ուր զմեզ շրջապատող քաղաքական փոթորկալի հանգամանքերն ու պայմանները՝ ահարկու սպառնալիքներ են մեր գոյութեան համար։ Այդ սխալ մեթոտը, որի՝ կողմէն որ ալ առաջարկուի, պիտի մատնէ ազգային հաւաքական շահերու անգիտակցութիւն. պիտի մատնէ մահամերձ ժողովուրդի մը ջղաձգական շարժումը։

Որքան ատեն որ նշաններ չտեսնենք մեր շուրջը, որ զմեզ պիտի ապահովէին ի մասին համամարդկային բացարձակ արդարութեան մօտալուտ յաղթանակին, մեր գերագոյն առաքինութիւնը պիտի ըլլայ արթուն կենալ ու շուրջերնիս նայիլ։ Կարելի չէ տեղի տալ, յանուն տեսականօրէն լաւագոյն վարդապետութիւններու, երբ ուրիշներ զմեզ առանձին պիտի թողուն անոնց գործադրութեան մէջ։ Կարելի է որ մարդիկ պատրաստուին ընկերվարութեան։ Բայց պէտք է գիտնալ որ, իր ընդհանրացած ձեւին մէ՛ջ միայն ընկերավարութիւնը գործադրելի է անվարան։

Գիտենք թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ այսօր ինքզինք քաղաքակիրթ եւ մարդկայնացած հռչակող քաղաքական աշխարհը։ Ի՜նչ լիրբ եւ աղտոտ կատակերգութիւն կը խաղայ ան։ Այս հանգամանքները միշտ աչքի առջեւ ունենալու է։ Եւ ես տեսայ որ Պ. Վարանդեան ա՛յս շինարար մտքով կ՚ուսուցանէ։ Եւ այս իմաստով կը գրէր Պ. Ռ. Դարբինեան ասկէց առաջ՝ Ազատամարտի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքով մը։

***

Ասոնցմէ դուրս, ինչ որ ալ ըլլային այն բոլոր կարելի տեսակէտները, որոնք պիտի ընդդիմահանուէին Դաշնակցութեան տեսակէտներուն, չենք կրնար ուրանալ թէ, Դաշնակցութիւնը, անտարակոյս՝ զինքը տոգորող ընդհանուր ոգիին իսկ բերմամբ, հայ կեանքին մէջ կենսաւէտ ուժ մըն է, զոր կարելի չէ վարկաբեկել կամ ջլատել ջանալ, առանց վնասելու ազգային դատին ու շահերուն։ Անտարակոյս կարելի է քննադատել Դաշնակցութիւնը, երբ տեղի կայ, անկեղծութեամբ ու անշահախնդրութեամբ։ Արի կուսակցութիւն մը չէր կրնար մերժել քննադատուելու կարելիութիւնը։ Բայց զայն քանդելու աններելի ինքնասպանութիւնը թող չգործուի բնաւ։ Դաշնակցութիւնը, հիմնարկութիւն մըն է, որ, եթէ չուզեր ցրտութեան մը մէջ բիւրեղանալ, անշուշտ պարտաւոր է կրելու ժամանակին հարկադրած փոփոխութիւնները։ Ինքը ձգտելով ըլլալ հայ կեանքին պահանջներուն արտայայտութիւնը, ի հարկէ չի կրնար անտեսել այն նորանոր պայմանները, որոնց մէջ պիտի կրնար արդիւնաւորել մեզի համար՝ նոր մտքին բոլոր բարիքները։ Պ. Վարանդեան, որ լուրջ գրող մըն է, այդ մտքով կը հաւաստէ իր ընթերցողները։ Կը սիրեմ հաւատալ իր անկեղծութեան, վասնզի կը փափաքիմ որ Դաշնակցութիւնը ապրի ու բարգաւաճի, եւ վասնզի համոզուած եմ թէ՝ կազմակերպութիւնները նշանակելի ու մեծ արժէք ունին իրենց քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ պատմական եւ այլ կարգի չարիքներէ հալածական ժողովուրդներուն գոյութեան տեսակէտով։ Տակաւին ճշմարիտն այն է որ, քաղաքակրթութեանց թոհուբոհին մէջ ապրիլ ու զարգանալ ձգտող ժողովուրդները կը յաջողին ու կը բարգաւաճին որքան իրենց բուսցուցած անհատական հանճարներով, նոյնքան ու նաեւ՝ այն կազմակերպական ուժերով, որոնք կոչուած են իրականացնել մեծ մարդոց մեծ երազները։

 

«Շանթ» կիսամսեայ հանդէս, 1 Նոյեմբեր 1911, էջ 163-164։


[1]            Unifie կ՚անուանեմ այն տիպարները, որոնց մէջ ներդաշնակութիւնը առաջ կուգայ չէ թէ գրեթէ հաւասարազօր ձգտումներու հաւասարակշռութենէն, այլ՝ ձգտումներու ամբողջութեան՝ անոնցմէ մէկին կամ մէկ քանիին հպատակումովը։ Այս վերջինները կը կազմեն անձնաւորութեան միութիւնը, եւ միւս ձգտումներուն կը թողուն կեանքի եւ առողջութեան պահպանման պէտք եղած գործունէութիւն մը միայն, այն պահուն իսկ, երբ անհրաժեշտ ներդաշնակութեան խզումով՝ իմացականութեան աւերումին ու գործարանաւորութեան մահուան պատճառ չեն ըլլար»։ (Les Caractères, p. 16, par Fr. Paulhan. F. Alcar.