Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՇԱՀ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ 

Ուրախ եմ հաստատելու թէ Տիգրան Երկաթի գործերուն հրատարակութեան մասին Բիւզանդիոնի մէջ ըրած առաջարկս բոլորովին անլսելի չմնաց, եւ արձագանգ գտաւ մէկ երկու ցանցառ՝ բայց ազնիւ ու մեծապէս կարեւորութեան արժանի կէտերու վրայ։ Ամէնէն առաջ Պ. Չօպանեանն էր որ փութացեր էր հրապարակով իր եռանդագին հաւանութիւնը բերելու առաջարկին, այնպիսի խանդավառութեամբ մը եւ այնպիսի գիտակցական հաճոյքով, որուն ապացոյցները տուած է նշանաւոր գրագէտը, ամէն անգամ որ, դուրս ըլլայ թէ նորին մէջ, ինքզինքը գտած է Հայ հանճարը հաստատելու եւ պանծացնելու գեղեցիկ պարագայի մը առջեւ։ Միւս կողմէն, անուղղակի եղանակով կ՚տեղեկանամ թէ, օրուան ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մին, Դուրեան Եպիսկոպոս, կ՚հաւանի առաջարկիս, եւ Պ. Խուրտաճի կ՚գրէ ինծի թէ նկատողութեան առած է զայն, եւ մտադիր է Տիգրան Երկաթի յիշատակը յարգող հասարակութեան նիւթական օժանդակութեան դիմում ընել այն օրը ուր կարելի ըլլայ ձեռնարկելու ողբացեալ երիտասարդին գործերուն հրատարակութեան։

Սպասելով այս ուրախառիթ օրուան, ես պիտի խնդրէի Պ. Խուրտաճիէն պզտիկ յօդուածով մը մեզի ծանօթութիւններ տալ Երկաթի գործերուն ընդարձակութեան, բաժանումներուն եւ այն վիճակին վրայ, ուր կ՚գտնուի զանոնք մէկտեղելու աշխատութիւնը։ Անհամբեր եմ այդ մասին տեղեկանալու եւ կը կարծեմ թէ լաւ կ՚ըլլայ որ, գործնական ճամբու մէջ քայլ մ՚առած ըլլալու, գրասէրներուն բարի տրամադրութիւնները շահելու եւ լարուած պահելու համար այդ ծանօթութիւնները հրատարակուին։

Ի գլուխ հանելով Երկաթի գործերուն հրատարակման աշխատութիւնը, թրքահայ գրասէր հասարակութիւնն ապացոյցը տուած պիտի ըլլայ ամենաազնիւ խանդավառութեան, դէպի յիշատակը իր ամէնէն արժանի զաւակներէն մէկին։

Տիգրան Երկաթ հազուագիւտօրէն մաքուր եւ բարձրագոյն ազնուացման հասած պայծառ դիմագծութիւն մըն է, այնքա՛ն համակրելի, այնքա՛ն սիրելի։ Եւ ես մեծ յոյս ունիմ թէ, այն օրը, ուր Պ. Խուրտաճի կարենայ դիմում ընել մեզի, ընդհանուր եւ անխտրական հաւանութեամբ մը պիտի փութանք մէկ հարուածով մէջտեղէն վերցնել գործին նիւթական դժուարութիւններուն դրամական մասը, որ ընդհանրապէս դժուարութեանց մեծագոյնը կ՚կացուցանէ նմանօրինակ պարագաներու մէջ։

Տիգրան Երկաթի գործերուն հրատարակութեան այս պարագան ինծի կ՚թելադրէ կարգ մը խորհրդածութիւններ, մեր օրուան գրական կեանքին ինչ ինչ երեւոյթներու մասին։

Ինչպէս կ՚տեսնուի, չի բաւեր միայն որ հասարակութեան մը մէջ ուշադրութեան արժանի տաղանդներ գոյութիւն ունենան, որպէս զի գրականութիւնը շահի այն նպաստով, զոր այդ տաղանդները պիտի բերէին անոր։ Ի հարկէ, առանց որ երկասիրութիւն մը մամուլին տակէն անցնի, կարելի չէ անկէց սպասել բոլոր հնարաւոր արդիւնաւորումն իր արժէքին։ Գրքի մը հրատարակութիւնը, մեր մէջ, երբեմն, զայն գրելու աշխատանքէն աւելի բարդ դժուարութիւններու հետ գործ ունի։ Հեղինակներ՝ միշտ միեւնոյն ատեն գործի մարդիկ չեն, որպէս զի կարենային, այս կամ այն ձեւով, յաջողցնել իրենց գործերուն հրատարակութիւնը։ Մտքի մարդոց մեծագոյն մասին, ինչպէս յայտնի է, կը պակսին գործնական կեանքի կարգ մը յատկութիւններ, առանց որոնց որ եւ է նիւթական յաջողութիւն գոյութիւն չունի։ Մեր մէջ գրքերու հրատարակութիւնը կը կատարուի կարգ մը ձեւերով, ուր հեղինակները միշտ իրենց շահերն ստիպուած են օտար ձեռքերու վստահիլ։ Բայց ամէն հեղինակ բաւականաչափ դիւրակեաց չէ, որպէս զի կարենայ հանդուրժել իր գործերուն հրատարակութենէն յառաջ գալիք նիւթական դժուարութիւններուն։ Մեր մէջ հարուստ հեղինակներ քիչ կան։ Հարուստները բնական խորշանք ունին գրականութենէն։ Իսկ այն հեղինակներ, որք ամէն զոհողութեամբ իրենց գործերուն հրատարակիչն իրենք իսկ կ՚հանդիսանան, ստիպուած են միշտ կարգ մը նիւթական ու հաշուական լուրջ հոգեր վստահիլ երկրորդական ու երրորդական ձեռքերու, այսպէսով վտանգելով իրենց դրամն այնպիսի ձեռնարկի մը մէջ, ուր գործելու եւ արժելու որ եւ է արժանիքէ զուրկ են իրենք։ Վասն զի նոյն իսկ չի բաւեր գիրք մը հրատարակել, զայն պէտք է նաեւ սպառել։ Եւ գրագէտ մը, որ իր գործին հրատարակիչն է, ի՞նչ միջոցներ ունի այդ աշխատութեան համար, բացի աւելի կամ նուազ անվստահելի ձեռքերու մատնելէ իր շահերը։

Մեր մէջ ձեռագիր մը չի ծախուիր բնաւ, եւ այն պարագային իսկ, ուր հեղինակին կողմէն առանց դրամական մասնակցութեան գործը կ՚ստանձնուի հրապարակ հանել հրատարակիչի մը կողմէ, օրինակի համար՝ վաճառուած օրինակներուն վրայ սաչափ առ հարիւր շահաբաժնի մասնակցութեան պայմանով, դարձեալ հեղինակը ո՛չ մէկ ուղղակի կամ անուղղակի միջոց ունի վաճառման ընթացքին վրայ հսկելու եւ հաշուական մանրամասնութիւններ հակակշռի ենթարկելու, որպէսզի լիովին իր իրաւունքներուն տէրը մնայ։ Միշտ ստիպուած է հաւատալ Հայ գրավաճառին պարկեշտութեան, եւ փորձառաբար գիտենք թէ Հայ Գրավաճառութիւնը, այսօր, հազուագիւտ բացառութիւններով, խիստ վարկաբեկ ասպարէզ մ՚է, ուր ուղղամտութիւնը, տրուած խոստում մը յարգել կարենալու առաքինութիւնը, առեւտրական ճշդապահութիւնը՝ ցնորական ապուշութիւններ կ՚նկատուին։ Մեր մէջ գրավաճառ-հրատարակիչները, (յարգանք բացառութիւններուն) գձուձ, գող եւ մարդկային արժանապատուութենէ զուրկ արարածներ են։ Պօռացէք այս բոլորն իրենց երեսին. Հրեայի մը պատուասիրութեամբ կ՚հանդուրժէին, պայմանով որ անոնց փոխարէն չնչին գումարի մը համար իրենցմէ խաբուած ըլլալու համակերպութեան ենթարկուիք։ Ասիկա յոյժ բացայայտ ճշմարտութիւն մ՚է, թէեւ խիստ, անհրապոյր եւ տխուր ճշմարտութիւն մը։

Խորհեցէք թէ, այս պայմաններուն մէջ, հեղինակ մը ինչ կարգի քաջալերութիւններով կ՚մեծարուի այն մարդոց կողմէն՝ որոնց հետ գործ ունենալու դժբախտութեան մէջ կ՚իյնայ։ Եւ գրականութիւնը մեծապէս կ՚տուժէ, նիւթական պայմաններու այս անձեռնտուութեան հետեւանքով։ Ուրեմն մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ այս վիճակը։ Չկա՞յ միջոց մը, Հայ հեղինակը փրկելու աւազակներու չարաշահութեան ճիրաններէն, եւ անոր տալու դիւրութիւնը՝ իր մտաւորական աշխատութիւններու տարամերժ ջանքին ստեղծագործ հաճոյքներուն վայելման։ Այդ միջոցը, մեզի համար, առ այժմ հրատարակչական ընկերութեան մը հիմնարկութիւնն է, որուն կ՚կարծեմ թէ ա՛լ ժամանակը եկած է։ Բայց ըսէ՛ք դուք ձեզի թէ այլեւս ի՞նչ բան արգելք կրնայ ըլլալ այդ ընկերութեան հիմնարկութեան, եթէ ոչ ուղեղը մահալլէպիով քացխած մեր Պոլսահայ կնաբարոյ մտաւորականութեան ապիկարութիւնն ու անձեռնհասութիւնը։

Ինծի կ՚թուի թէ այս խնդրին մէջ նախնական դրամագլուխ մը գոյացնելու հարցը ամէնէն դժուարը չէ։ Հայ ժողովուրդը չափազանց առատաձեռն է։ Դարերով, կոտորեալներ, արկածեալներ, հրկիզեալներ, հիւանդներ, որբեր ու աղքատներ ապրեցուցած է, եւ միեւնոյն բանը կ՚ընէ այսօր։ Բարի Պոլսահայը խժդժօրէն պղծուած Աննիձային օժիտը կ՚հանգանակէ, անձնական խնդրի հետեւանքով բանտարկուած զաւեշտաբանի մը իր դրամական նպաստը կ՚ղրկէ, տուգանքի դատապարտուած թերթերուն ի նպաստ հանգանակութիւններ կ՚կատարէ ամէն կողմ, եւն, եւն, եւն։ Լա՛ւ, Պոլսահայը անկարո՞ղ է ուրեմն հրատարակչական ընկերութեան մը մէկ քանի հարիւր ոսկիի նախնական չնչին դրամագլուխն երեւան հանելու։ Ո՞ւր են մեր քիչ շատ նիւթական բարեկեցութեան մէջ ապրող գրագէտները, որո՛նց անկ է նախաձեռնարկ ըլլալ այս գործին համար։ Եւ յետոյ ա՜լ չունի՞նք ուսումնասէր հարուստներ, որք մտքի շռայլութիւն մը պիտի ուզէին համարել, տասնական, քսանական ոսկի տրամադրելով այսպիսի մեծապէս ազնիւ ձեռնարկի մը համար։ Հակառակ անոր որ հրատարակչական ընկերութեան մը գաղափարին մէջ սրտի խօսող որ եւ է բան չի նշմարուիր, եւ Հայ ժողովուրդն ընդհանրապէս սրտի ճամբով միայն կուտայ, հակառակ անոր որ զգացումի ժողովուրդ մը դարձած ենք հետզհետէ, ես դեռ կ՚հաւատամ որ մեծ դժուարութիւն չկայ այս մտքով նախնական դրամագլխի մը կազմութեան գործին մէջ, պայմանով որ առաջին քայլերն առնուին, եւ գործին նախաձեռնութիւնը վիճակի բարոյական վստահութեան եւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած քանի մը անկեղծ անձերու։ Ահա՛ դժուարին կողմը գործին։ Ես Պոլսոյ մէջ չեմ ճանչնար այսպիսի մտահոգութիւններով եւ կամքով պատրաստ մտաւորականութիւն մը։ Չէ՞ մի որ մեր մտաւորականներու փառասիրութիւններն հիմա այլուր կ՚միտին։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունի գրականութիւնը։ Տղայական զբաղանք։ Մինչդեռ իրենք, եթէ անպատճառ օր մը Թուրքիոյ նախարար ըլլալու փառամոլութեան ետեւէն չեն վազեր, բայց ապահովաբար այսօր կամ վաղը ազգ[ային] երեսփոխան, թաղական, կամ հոգաբարձու դառնալու հերոսական մտահոգութեամբ կ՚տաղտապին։ Մեր «գրագէտ»ներուն ամէնէն համեստին երազն այս ըլլալ կ՚թուի այսօր։

Այս մեղադրանքները կ՚ընեմ մեր գրագէտներուն, եւ լրջօրէն։ Իրենց ծիծաղելիութեան չափը չեն զգար, այնքա՜ն տարուած են կարգ մը սնոտի, ապուշ, Տօն Քիշօթական խանդավառութիւններէ։ Պէտք է խորհիլ եւ ընդունիլ թէ մարդ մը միակ բան մը լաւագոյն կերպով կրնայ ընել, եւ երբ հազար անիմաստ փառասիրութիւններու մէջ կ՚տարտղնի, այլ եւս ապահովաբար ոչինչ լաւագոյն եղանակով կարելի է ընել։

Օ՜ն ուրեմն, պիտի սպասեմ որ Պոլսոյ մէջ գտնուին երկու հոգի, գլուխ կանգնելու համար հրատարակչական ընկերութեան գործին, եւ հերքելու համար ընդհանրական հանգամանքն այն մեղադրանքներուն զորս ուղղեցի Պոլսահայ մտաւորականութեան հասցէին։

Բաւական է որքան միայն եւ միայն աղքատներու, հիւանդներու, մահամերձներու համար սրտերնուս դռուըները բացինք։ Ժամանակն եկած է որ քիչ մըն ալ բանանք մեր մտքին պատուհանները, ի շահ Գրականութեան։

 

«Բիւզանդիոն», 1910, 16-29 Յունուար, թիւ 4034