Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Թովմաս Քարլայլ. ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ՄԱՀՄԷՏ. ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Յայտնի, հմուտ ու տաղանդաւոր գրագէտ մը, որ իր անունը կ՚ուզէ ծածկել, մեզի կուտայ Քարլայլի Դիւցազնապաշտութենէն՝ Իսլամութեան Մարգարէն Մահմէտ ի թարգմանութիւնը։ Ո՛չ անգլիագէտ ըլլալու եւ ոչ ալ բնագրին հետ բաղդատելու անհրաժեշտութիւն կայ՝ վստահ ըլլալու համար թէ, ըստ վկայութեան քննադատներու, Քարլայլի պէս խրթին երկը թարգմանուած է մեր լեզուին՝ ամենամեծ ձեռնհասութեամբ եւ լիակատար ու լուսաւէտ հասկացողութեամբ։

Անշուշտ շատ գովելի է թարգմանչին նպատակը, երբ զայն կը բացատրէ տեսակ մը խանդաղատելի ապահովութեամբ, որ նշանակն է բարեացակամ հոգիներու։ «Օսմանցի իսլամաց եւ քրիստոնէից, մանաւանդ Հայոց, քաղաքակրթական ու երկրակցական եղբայրութեան վերջին հանդիսաւոր առիթով, որ օսմանեան սահմանադրութեամբ ալ օծուեցաւ աշխարհօրէն, պարտ անձին համարեցինք հրատարակել Քարլայլի այս ձեռնարկը՝ մարգարէ Մահմէտի վրայ, որով չեզոք ու իմաստասիրական գաղափար մը կրնան կազմել մերայինք իսլամութեան ու իր մարգարէին սկզբանց ու կենցաղին մասին եւ աւելի հաշտ վերաբերուիլ կրօնքի մը հանդէպ, որ ունի իր մէկէ աւելի հաշտ առընչութիւնները Ս. Գրքի հիմնական սկզբանց հետ»։

Այս բարեմտօրէն օգտապաշտ նպատակէն դուրս, յանկուցիչ, դիւթիչ, եւ միեւնոյն ատեն հրահանգիչ ընթերցում մը կայ Քարլայլի այս «ձեռնարկ»ին մէջ։ Մարդ կը զգայ թէ մեծ պատմագէտ մը, այսինքն մեծ միտք մը միայն արժանաւորապէս կարող է խօսիլ դիւցազնի մը վրայ։ Պատմութիւնը զայն գրողին արժէքն ունի այսպէսով։

Քարլայլի Մահմէտ ը դիւցազներգութիւն մըն է, եւ հոն, մեծ գրագէտը, իր իմաստնացած, բուռն՝ այլ զուսպ եւ գիտակից հիացումը կ՚աղաղակէ մեծ մարգարէի մը հասցէին, ներամփոփ, խորահնչիւն յուզիչ շեշտով մը, որ երկինքին հեռաւորութիւններէն գալ ուզէր, պատգամի մը շանթահարող բացարձակութեամբը։

Արդարեւ, մեծերու գործը հասկնալու եւ բացատրելու երկու եղանակ կայ, արտաքնուսոյց (exotérique) եղանակը, որ հասարակաց դիւրին եղանակն է, եւ որ այնքա՛ն հեշտօրէն տեղի կուտայ հաւասարապէս անմիտ հիացումներու եւ կտրուկ խծբծանքներու, եւ ներքնուսոյց (ésotérique) եղանակը, որ հասարակ աչքերու անտեսանելի խորհուրդին, իրողութեանց ներքին իմաստին խելամտելու ընդունակ կը դարձնէ, հիացումի, պատկառանքի ու պաշտումի կրօնազօծ միջավայր մը ստեղծելով մօր հոգիին մէջ, հերոսին համար։

Եւ Քարլայլ, որ խորին ու մեծ բանաստեղծ մըն է, քրմաշունչ երկիւղածութեամբ մեր աչքերուն առջեւ կը պայծառացնէ Մուհամմէտի ազնուական դիմագծութիւնը։

Մարգարէն, որ Արաբիոյ ամայի անապատներուն իր ձայնը լսելի ընել տուաւ աշխարհի չորս ծայրերուն, բնութեան կամ Աստուծոյ հզօր առաքումներէն մին էր անկասկած։ Վասն զի սովորական մարդու մը չէ տրուած կրօնք հաստատելու գործը հրաշակերտել, «սովորական անճշմարիտ մարդը՝ որ աղիւսէ խրճիթ մը անգամ չի կրնար շինել»։ Եթէ ինքը բնութեան անկեղծ ու ճշմարիտ ուժերէն եղած չըլլար, իր գործը առժամանակեայ հրաշք մը ըլլալով՝ վաղանցիկ հմայք մը միայն թողուցած կ՚ըլլար իր ետեւէն։ Ինքը մէկն էր այն քանի մը Անկեղծներէն ու հաւատացողներէն, որոնք իրենց հոգիին ճառագայթումովը՝ աշխարհը լեցունելու չափ լոյս կը պարունակեն։ «Անկեղծութիւն, ըսել կ՚ուզեմ, խորին, մեծ, անխառն միամտութիւն մը, որ եւ է գլխաւոր հանգամանք բոլոր մեծագործ դիւցազներու, ինչ եւ իցէ եղանակով։ Ոչ՝ այն անկեղծութիւնը կ՚ըսեմ, որ կ՚անուանէ զինքը անկեղծ. ո՛չ բնաւ, ողորմելի բան մըն է այն ծանծաղ ու պարզուկ անկեղծութիւն, եւ կցորդ յաճախ յամառ ինքնասիրութեան։ Մեծ մարդուն անկեղծութիւն այնպէս մըն է, որուն վրայ ինք չի խօսիր, բնաւ, անգիտակից ալ ըլլալով անոր…»։ Մեծ մարդուն միտքն ալ, որ սովորական միտքերու եղանակէն ոչինչ ունի, ճշմարտութեան կը հասնի անմիջական ուղիղ գծով, ինչպէս հրացանի գնդակը իր թիրախին, պատռել թափանցելով ամէն խաւար, խորտակելով ամէն արգելք։

Մուհամմէտ՝ անոնցմէ մին էր։ Քարլայլ կը բացատրէ մեզի թէ անտեղի չէր անոր բղխումը, ինքնատիպ երկրի մը արգանդէն եւ նշանաւոր ցեղի մը պորտէն։ Մարդ սքանչացումով կը խորհի այդ աւազի հրեղէն անսահմանութիւններուն վրայ, ուր ամեհի լռութիւնը կ՚աշխարհակալէ, միայնութիւնը ջախջախիչ նշանակութիւն մը կը ստանայ մարդուն համար, որ տպաւորութեան ճնշող ու միօրինակ սաստկութեանը տակ, կարծես աւելի հեշտօրէն եւ աւելի հրամայողօրէն պիտի տարուէր խորհրդածելու յաւիտենական ու ճակատագրական խնդիրներու վրայ։

Քարլայլ մեծ համակրութեամբ կը խօսի նաեւ Արաբներու մասին, որոնց մօտ կը գտնէ նկարագրի ինքնուրոյն գիծեր, արժանի ուշադրութեան եւ յարգանքի։ Քարլայլ Արաբը կ՚անուանէ ի բնէ ազնուական, օժտուած ազատական հզօր ու վայրի բնազդներով, ընդունակ խստակեաց ողջախոհութեան, ընդհանուր առմամբ լռասէր, իսկ ի հարկին՝ ճարտարաբան ու քաղցրախօս, լուրջ եւ ճշմարտասէր։

Գրքոյկին մէջ կանխահաճութեան քաղցր տեսակէտ մը կը տիրապետէ ըստ ամենայնի։ Քարլայլի ազնիւ նպատակն է մեծ մարդ մը եւ մեծ գործ մը իրենց արժանի շրջանակին մէջ զետեղել, քաղաքակիրթ աշխարհի նկատողութեան առջեւ։ Քարլայլ չուզեր իսլամութեան մարգարէն ու գործն՝ ըստ ինքեան նկատելով, բաւականանալ արժանաւոր սքանչացումի մը սահմանին մէջ։ Իր կանխահաճութիւնը զինքը կը մղէ Մահմէտի հիմնած կրօնը բաղդատելու քաղցր ու աստուածային Նազովրեցիին քարոզած խօսքին հետ, եւ եզրակացնելու թէ իսլամութիւնն ինքնին տեսակ մը քրիստոնէութիւն է։ Բայց այդ եզրակացութեան յանգելու համար արդեօք կը բաւէ՝ որ պատուական մարգարէն Մուհամմէտ եղած ըլլայ անձնապէս բարեկենցաղ ու մաքրակեաց նահապետ մը։ Ինծի կը թուի թէ, երկու կրօնները նոյն նշանակութիւնը չունին, ինչ որ ալ ըլլայ իւրաքանչիւրին առանձին կարեւորութիւնը, եւ թէ, Աւետարանին ու Քուրանին միջեւ փիլիսոփայական տեսակէտի մը վրայ կեցած, հիմնական ձգտումներու ուղղութեամբ, տարբերութեանց անդունդներ կան, զոր չեմ գիտեր ինչո՛վ կարելի ըլլար լեցնել երկու կրօնները իրարու մօտեցնելու համար։ Ո՜ւր քրիստոնէութեան ոգիին անպարագից լայնութեամբ սաւառնումը, եւ ո՜ւր իսլամութեան մարգարէին աններող խստութիւնը, որ բանաստեղծներու իսկ չկրցաւ հանդուրժել իր դրախտի սահմաններուն մէջ եւ հալածեց մուտահհապաթներ ու ու մուալլափաթներ ու իր ժամանակակից ազատամիտ, անկախ քերթողները (Քուրան, ԻԶ, 224)։

Այս մասին ի՛նչ կերպ մեկնութիւններ ալ տրուին, Քարլայլի գրքոյկին թարգմանութեան ընթերցումը շահաւէտ է ամէն տեսակէտով։ Հոն կը սորվինք վերջապէս թէ ո՞րն է եղանակը մեծ մարդու մը վրայ խօսելուն, եւ թէ, ազատ ու լայնաճախր միտքը որքա՛ն աննախապաշար յօժարութեամբ ու համակրութեամբ կը մտնէ աշխարհի բարոյական մեծագոյն երեւոյթներուն խուզարկութեան ու անոնց ներքին արժէքի դատաստանին մէջ։

 

«Ձայն Հայրենեաց», 1910, 11-24 Յունիս, թիւ 28, էջ 308-309