Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՂՈՒԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գրականութիւնը այն ատեն միայն ճշմարիտ ու անկեղծ է, երբ անիկա կը ներկայանայ իբրեւ գրաւոր ցոլացումն ու յիշատակարանը անցեալ ու ներկայ կեանքի երեւոյթներուն այն ցեղին՝ որուն կը պատկանի, արտայայտուելով այդ ցեղին գեղեցկագիտական-գրական մասնաւոր խառնուածքին տիրական առանձնայատուկ յատկութիւններուն համեմատ։

Սկզբունքով ընդունելէ ետքը այս assertion-ը [1].

 

Ա. Կը կարծէ՞ք թէ մեր ցեղն ընդունակ ըլլայ ճշմարտապէս հայ գրականութիւն մը ստեղծելու։

Բ. Այսօրուան թրքահայ գրականութիւնը ընդհանրապէս կը համապատասխանէ՞ ակնարկուած պայմաններով հայ գրականութեան մը, եւ, Պոլիս՝ թրքահայերու արդի մտաւորական կեանքին իբրեւ գլխաւոր կեդրոն՝ ընդունա՞կ է ու կրնա՞յ ըլլալ այդ գրականութիւնը երեւան բերելու, իր բովանդակ ընդարձակութեանն ու կատարելութեանը մէջ։

Գ. Կը կարծէ՞ք որ այսօրուան Պոլսահայ-թրքահայ գրականութիւնը պէտք ունենայ նոր ձգտումով մը ներշնչուելու, եւ, այս տեսակէտէն՝ ի՞նչ ուղղութեամբ ու ի՞նչ ոգիով կը բաղձաք որ կատարուի մեր գրականութեան բարեշրջումը վաղուան համար։

Դ. Ի՞նչ կը խորհիք գաւառական գրականութեան մասին։ Ըստ ձեզ, գաւառական գրականութիւնը ընդունա՞կ է ակնարկուած բարեշրջութիւնն իրագործելու, թէ՝ մեր գրականութեան մէջ անոր գոյութեան իրաւունքը պէսպիսութեան մը, զանազանութեան մը, մասնաճիւղի մը հանգամանքով միայն ընդունելի կը նկատէք։

Իսկ եթէ կ՚ընդունիք գաւառական գրականութեան կարեւորութիւնն ու առաւելութիւնը Պոլսականին վրայ, զուտ հայեցի ներշնչումով ու իսկատպութեամբ գրականութիւն մը ծաղկեցնելու ծրագրին իրականացուցման տեսակէտէն, ըստ ձեզ, որո՞նք են այն միջոցները որոնցմով գաւառացի գրագէտները գործնական վիճակը պիտի ունենային այդ գրական ծրագիրը գործադրելու։

Այդ պարագային, ի՞նչ պիտի ըլլար Պոլսեցի գրագէտին դերը՝ վաղուան գրականութեան նկատմամբ, եւ ի՞նչ կը խորհիք իր ապագային մասին։

Այս հարցարանին առթիւ, Մասիս ի խմբագրութիւնը կը գրէր հետեւեալը.

«Այս հարցումը, զոր հրապարակաւ կ՚ուղղենք մեր հին ու նոր բոլոր գրագէտներուն վաղուան հայ գրականութեան նկատմամբ քննութիւն մը կատարելու բաղձանքով, մեզի թելադրած է մեր բարեկամ ու աշխատակից Արտաշէս Յարութիւնեան՝ գաւառացի ծանօթ գրագէտը որ ամէն ձեռնհասութիւն ունի այս տեսակ ձեռնարկի մը։ Աւելի պարզ խօսելու համար, ըսենք թէ Յարութիւնեան ինքն է հեղինակը հարցումին՝ զոր իր առաջարկութեան վրայ՝ սիրայօժար կը ստանձնէ Մասիսի խմբագրութիւնը, իր թերթին էջերը բանալով այս կարեւոր խնդրին առջեւ, հասնելիք պատասխանները յաջորդաբար հրատարակելու պատրաստակամութեամբ։ Ինչպէս կը տեսնուի՝ հարցումը բոլորովին լուրջ հանգամանք մը ունի, եւ կը փափաքինք կարելի եղածին չափ շատ ունենալ ձեռնհասներու կարծիքը կամ պատասխանը, փոյթ չէ թէ հակիրճ ըլլան կամ ընդարձակ— որոնց ամբողջին երեւումէն ետքը, ընդհանուր եզրակացութիւն մը պիտի գրէ Յարութիւնեան, եւ Խմբագրութիւնն ալ իր կարգին։

«Թէեւ Մասիս ի խմբագրութեան կողմէ պիտի ձեռնարկուի առանձին նամակներով դիմում ընել ամէն անոնց որոնք անուն մը ունին մեր գրականութեան ու լրագրութեան մէջ, բայց ուրախ պիտի ըլլանք՝ եթէ ընդհանուր կերպով՝ իբրեւ իրենց ուղղուած նկատեն այս հարցումը մեր հեղինակները, գրագէտները, հրապարակագիրները, եւ ինքնաբերաբար պատասխանել յօժարին, առանց անհատական հրաւէրի սպասելու, որուն առաքման մէջ կրնար յապաղումներ եւ նոյն իսկ թերացումներ պատահիլ։

«Կը սիրենք յուսալ որ մեր սոյն հրապարակային հրաւէրը ինչպէս նաեւ մեր անհատական դիմումները փութկոտ ընդունելութեան մը պիտի արժանանան եւ առ առաւելն մինչեւ մէկ ամիս պիտի ստանանք սպասուած բոլոր պատասխանները»։

«ՄԱՍԻՍ»Ի ՀԱՐՑԱՐԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ

Բիւրակնի խմբագրութիւնը, գրչի աննկատ շարժումով մը, իր յունիս 27ի թիւով կ՚ըսէ թէ, իր թերթին 1898 եւ 1899 շրջաններուն մէջ իր աշխատակիցները թէ՛ Պոլսէն եւ թէ՛ գաւառէն ընդարձակ ուսումնասիրութեան նիւթ ըրին այն չորս հարցումները, զորս Մասիս իր թիւ 26ով ուսումնասիրութեան նիւթ կ՚առաջարկէ «Մասիսի առաջարկ» խորագրին տակ։ Եւ Մասիսի այս tardif (՞) առաջարկին առիթով հետաքրքիրները կը հրաւիրէ աչքէ անցընել Բիւրակնի նախորդ համարները, ուր անոնք լիուլի (՜) պիտի գտնեն եղեր իրենց հարցասիրութիւնը գոհացնելու նիւթեր։ Ու, իբրեւ վերջաբան, կ՚աւելցնէ. «Սպասենք տեսնելու համար թէ արդէն ըսուածներէն տարբեր բաներ մը երեւան պիտի գա՞ն այս նիւթին վրայ։ Բայց պէտք չէ որ մոռացութեան թողուի արդէն կատարուած աշխատութիւն մը»։ Որովհետեւ այս գրութեան շեշտը Մասիսի ձեռնարկին վնասակար ու réactif ըլլալու անբացատրելի նպատակ մը կը մատնէ, ինքզինքս ստիպուած կը զգամ ընթերցողներուս դիտել տալու թէ.

1. Բիւրակն երբեք, au grand jamais, քննութիւն մը բացած չունի վաղուան գրականութեան վրայ այն ձեւով՝ որով կը ձեռնարկէ բանալ այսօր Մասիս։

2. Իր նշանակած թուականներուն Բիւրակն առաջին անգամ ու միմիայն ինէ հրատարակած է զանազան յօդուածներ Պոլսահայ գրականութեան իսկական նշանակութեան՝ ու գաւառականին ապագայ ընդարձակ կոչումին վրայ, ու Պոլսահայ ո՛չ մէկ գրող իր կարծիքը յայտնած է այս մասին։ Երկու տարտամ յօդուածագիրներ միայն գաւառէն բանասիրութեան, ազգագրութեան ու լեզուաբանութեան կարեւորութիւնը երգեցին սովորական ծանօթ եղանակով։ Կը յայտարարեմ թէ Բիւրակնի խմբագրութիւնը ինք իր կողմէն աշխատութեան մէջ մասնակցութիւն չէ ունեցած ուղղակի, եւ այդ յօդուածները իր թերթին մէջ հրատարակուած տեսնելու բախտէն զատ՝ գործօն դեր մը չենք կրնար ճանչնալ իրեն համար, որով, արդէն կատարուած աշխատութիւն մը մոռացութեան թողուած տեսնելու վախը, այսօր, իր հաշուին, բոլորովին անտեղի կը դառնայ։

Խնդիրը ուրիշ տեսակէտէ մը նկատելով, չեմ գիտեր թէ գրական կարեւոր հարցի մը մասին բացուած այս քննութեան առթիւ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելուն մէջ ի՛նչ օգտակար ու պարկեշտ նպատակ մը կրնայ կենալ Բիւրակնին համար. բայց դիտել կուտամ որ, մեր յարուցած խնդիրը երբե՛ք իր կարեւորութիւնը չի կորսնցներ, եւ եթէ կրկնութիւն մըն ալ եղած ըլլար ինչ որ չէ ոչ թէ յետամնաց, այլ օգտակար անհրաժեշտ կրկնութիւն մը եղած պիտի ըլլար մեր ըրածը։

Եթէ Բիւրակն բոլորովին անկեղծ է իր դիտողութեան մէջ, այն ատեն իր հասկացողութեան շրջանակէն դուրս մնացած կ՚ըլլայ սա մտածումը թէ նոր գաղափար մը որպէս զի օգտակար իրականութեան մը յանգի, անհրաժեշտ է որ նուիրագործուի տեսակ մը հասարակաց կարծիքով, ու անոր համար որեւէ կրկնութիւն, այս կամ այն ձեւի ներքեւ, ոչ թէ յետամնաց, անօգուտ է, այլ մանաւանդ՝ անհրաժեշտ։

Ցանկալի էր որ Բիւրակնին հրաւիրած հետաքրքիրներէն ալ այս առիթով իրենց հետաքրքրութեան արդիւնքը ընդհանուրին ծանօթութեան ներկայացնողներ գտնուին։

Ծ. Խ. Աւելորդ կը սեպենք մեր կողմէ բան մը աւելցնել այս Յայտարարութեան վրայ, որ յստակ կերպով կը հաստատէ արդէն թէ Բիւրակն կամովին կամ ակամայ սխալի մէջ ինկած է՝ այնպէս մը հասկցնել ուզելով իր ընթերցողներուն թէ՝ «Վաղուան գրականութեան» վրայ Մասիսի կողմէ մեր գրագէտներուն ուղղուած հարցումը արդէն իսկ այդ թերթին մէջ ծեծուած խնդիր մը եղած ըլլար։

«Մասիս», 15 Յուլիս 1900, թիւ 29

«ՄԱՍԻՍ»Ի ՀԱՐՑԱՐԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

«Բիւրակն»՝ prestigeէ ու վարկէ ինկած թերթը, ինքնագովութեան ու ազգագրա-լեզուագիտա-բանասիրական տքնութիւններու հռչակաւոր fiascoն, պարզապէս նողկալի կը դառնայ այսօր, վաղուան գրականութեան առթիւ բացուած վիճաբանութեան մէջ։ Ձեւով կը բողոքէ, ու դեռ բոլոր զաւեշտական ձեւերը մէկու մը՝ որուն կարծեցեալ արժանիքները տարակոյսի ներքեւ պիտի դրուէին, արժանիքներ՝ զորս անժխտելի ու անվիրաւորելի նկատած էր ինքը։ Այլ իր ինքնագով մունետիկի բոլոր խժալուր աղմուկը իրեն նաքարակիտ մըն ալ չի շահիլ տար՝ ի նպաստ իր դատին։ Ընդհակառակն։ Եւ անոնք որ «Բիւրակն»ը ժամանակէ մը ի վեր, ու բաւական ժամանակէ ի վեր, Դաւթեան գործակալութեան ռէքլամի անտանելի շրջաբերականին չարափոխուած տեսնելու ցաւը զգացին, այսօր իրենց տխուր համոզումներուն մէջ աւելի կ՚ամրապնդուին միայն։ Ընթերցող հասարակութիւնը, որ յաճախ հրապարակային վիճաբանութեան մը ամենէն կարեւոր dessous-ներուն անգիտակ է, ուզածին պէս կրնայ մեկնել։ Այդ հասարակութեան կը յանձնարարեմ, եթէ ձանձրութիւնը կ՚արժէ, կարդալ «Բիւրակն»ին նախորդ համարները։

1. Համոզուելու համար իմ նախորդ յայտարարութեանց ստուգութեան։ «Բիւրակն»՝ վաղուան գրականութեան վրայ քննութիւն մը եւ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ՝ իր Պոլսեցի ու գաւառացի բազմաթիւ աշխատակիցներուն կողմէն իր համարներուն մէջ լիուլի կատարուած ըլլալ կը հռչակէր, ու այսօր… միմիայն Պ. Գալուստ Անդրէասեանի անունը մէջտեղ կը նետէ։ Գ. Անդրէասեանին, մեր նոր սերունդի ամենէն բեղուն ու հասուն միտքերէն մէկին՝ արժանիքներուն վրայ հիացող մըն եմ. այլ իր յօդուածները, իրենց ինքնուրոյն կարեւորութիւնը պահելով հանդերձ, անմիջական ու բացարձակ աղերս չունին մեր յարուցած խնդրին հետ։ Ազգագրա-լեզուագիտա-բանասիրական նիւթերէ բաւական տարբեր բաներ կ՚ուզենք քրքրել այս անգամ։ Կը սպասենք որ «Բիւրակն» շարունակէ մէջտեղ դնել անունները իր Պոլսեցի ու գաւառացի բազմաթիւ աշխատակիցներուն որոնք գրած են եղեր այս նիւթին վրայ։

2. Զարմանալու համար թէ՝ արդեօք այս այն միեւնոյն սիրելի Պ. Դաւթեա՞նն է, որ իր թերթին մէջ լաւագոյն գնահատականները հիւրընկալած ու գրած էր այն անձին դէմ՝ զոր այսօր Լաֆօնթէնի ճանճին նմանցնելու ողորմելի եւ աղքատ սրամտութեան զուարճութիւնը կը պարգեւէ մեզի։ Հասարակութիւնը՝ կրնայ զարմանալ այս ձեւով, իսկ ես՝ նողկանքը ունիմ յայտարարելու թէ՝ այսօր ինծի դէմ իր ասեղի անվնաս հարուածները այնքա՜ն չար մտադրութիւններով փորձել ուզողը այն երջանիկ, այն պարկեշտ, այն ուղղամիտ մահկանացուն է, որ դեռ երէկ, բարեկամաբար, ինչո՞ւ չէ, կը խնդրէր որ շարունակէի աշխատակցիլ իր թերթին։ Ինչէ՞ն է այս հակասութիւնը՝ երէկին ու այսօրուան մէջ։ Աս ալ խուրնազ խմբագրի հնարամտութիւններէն չըլլա՜յ։

Բայց բոլոր ատոնք՝ Դաւթեան գործակալութեան ռէքլամի շրջաբերականին ինկած վարկը բարձրացնելու չպիտի ծառայեն ապահովապէս։ Ու իբրեւ վերջնական եզրակացութիւն այս քիչ մը անտեղի վիճաբանութեան, ինչ որ ալ շարունակէ ըսել ուզել հնարամիտ գործակալը, Մասիսին ու անոր աշխատակիցներուն վնասակար ըլլալու մտադրութիւնը անտարակուսելի կը գտնենք։

 

Ծ. Խ. Կը ցաւինք որ Պ. Արտաշէս Յարութիւնեան այսքան խիստ պատասխան մը տալու հարկին մէջ գտնուեցաւ, ինչ որ իր իրաւունքն էր, Բիւրակ նի անիմաստ ու անտեղի յարձակումներուն, որոնք բարեկրթութեան սահմանները անցան եւ անձնականութեան տարին՝ լրագրական հարցի մը կեղծ քօղին տակ սկսուած վէճ մը (Տե՛ս այս շաբաթաթերթի յուլիս 18ի թիւը)։ Խնդիրը իր պարզագոյն ձեւին վերածելով, մէջտեղ կը մնայ սա անհերքելի իրողութիւնը թէ Բիւրակնի խմբագրութիւնը չկրցաւ ցոյց տալ անունները այն գրագէտներուն որոնք այդ թերթին մէջ գրած ըլլան «Վաղուան Գրականութեան» վրայ եւ ապաստանեցաւ միայն՝ Պ. Գալուստ Անդրէասեանի յօդուածներուն, տարիներ առաջ հրատարակուած։ Ասկէ դուրս, ինչ որ գրեց ու գրէ Դաւթեան գործակալութեան օռկանը, խուսափողական բաներ են որոնց չարժեր այլեւս կարեւորութիւն տալ։

Արդէն, ինչպէս կը դիտեն Մասիս ի ընթերցողները, երկու պարբերական հանդէսներ՝ մէկը Իզմիրէն ու միւսը Պոլսէն՝ բան գործ ըրած են ամենէն տափակ, ամենէն գռեհիկ ոճով վիճաբանութիւններ գրգռել մեզի հետ, միմիայն նպատակ ունենալով քիչ մը ուշադրութիւն հրաւիրել իրենց վրայ եւ եթէ հնար է՝ Մասիսի վայելած վարկը տկարացնել։ Իրենց առաջին նպատակին մէջ յաջողին թերեւս, վասնզի շատեր տեսանք՝ գրասէր ու ընթերցասէր բարեկամներ՝ որոնք Մասիս ի պատասխանները տեսնելէ ետքը կը հարցնէին թէ ի՞նչ էին Արեւ[ելեան] Մամուլի եւ Բիւրակնի մէջ գրուածները… զորս չէին կարդացած։ Գալով երկրորդ նպատակին, ընտրած ճամբանին այնքան ծուռ է՝ որ խնդուքնիս կը շարժէ։ Մենք պիտի շարունակենք մեր գրական-լրագրական այս համեստ ձեռնարկութիւնը նոյն ուղղութեամբ որուն կը հետեւինք ամիսէ ի վեր եւ որ արժանացած է հասարակութեան համակրանքին, առանց բնաւ ազդուելու այդ երկու թերթերու վարիչներուն գնդասեղի հարուածներէն որոնք գէթ ժանգոտած չըլլալու առաւելութիւնն ալ չունին։

 

«Մասիս»,   5 Օգոս. 1900, թիւ 32


[1]  Շաբաթաթերթ «Մասիս»ի 1900 Յունիս 24ի թիւին մէջ (թիւ 26), խմբագրութիւնը իր աշխատակիցներուն եւ առհասարակ ընթերցողներուն ուղղած է հետեւեալ Հարցարանը, զոր մտածած ու խմբագրած էր Արտաշէս Յարութիւնեան։ Ասոր պիտի հետեւին հեղինակին բացատրական մէկ քանի տողերը, իր տեսակէտներն ու եզրակացութիւնը։ Աւելորդ է ըսել թէ այս հարցը ժամանակին մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց եւ ծանօթ գրագէտներ, ինչպէս Ռ. Պէրպէրեան, Ռ. Զարդարեան, Ռ. Որբերեան, Յովհ. Գազանճեան, Ս. Դաւթեան, Արշ. Ալպօյաճեան եւ Շ. Շաւարշ, իրենց տեսակէտները պարզեցին շահեկան յօդուածներով։

Ն. Գ. Բ.