Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԱԳՐԻՆ ԴԵՐԸ՝ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Եւրոպական երկիրներու մէջ. յայտնի է թէ, օրագիրը այսօր կատարեալ ճարտարարուեստի ճիւղ մը դարձած է, իբրեւ շահաբեր գործիք՝ դրամագլխի կիրառութեան։ Անտարակոյս յաւակնութիւն չունիմ հետախուզութիւնն ընել այն բարեշրջութեան՝ որուն կրնայ հետեւած ըլլալ, իր սկիզբէն ի վեր, օրագիրը, եւրոպական քաղաքակրթութեան մէջ։ Պիտի ըսեմ՝ յառաջաբանօրէն թէ, անիկա չի կրնար ու պէտք չէ ըլլալ նաեւ մեր մէջ՝ ինչ որ է հոն։ Վասնզի մեր կեանքին, մեր միջավայրին, մեր մտքին պայմանները տարբեր են, ու տարբեր են մեր պէտքերն ու միջոցները։ Եւրոպական կեանքին մէջ՝ օրագիրը առաւելապէս քաղաքական նպատակներու կը ձգտի։ Անոր դերը՝ սահմանափակուած է նոյն իսկ երբեմն՝ քաղաքական-կուսակցական գործունէութեան մը շրջանակին մէջ։ Իր գոյութեան բովանդակ պատճառը՝ քաղաքականութիւնն է։ Ուշադիր ուսումնասիրող մը դիւրաւ պիտի կարենար հաստատել ըսածս։ Պարբերական հրատարակութիւնները միայն գաղափարական-գրական կուսակցութիւններու կամ դպրոցներու սահմանուած են։

Վերադառնալով մեզի, պիտի տեսնենք թէ խնդիրը հիմնովին կը փոխուի, եւ օրագրին կոչումն ու դերը հարկ է բոլորովի՛ն, բացարձակապէս տարբեր ըլլան մեզի համար։

Այս մասին կարծիք յայտնելէ առաջ, քննենք թէ, արդի պայմաններուն ու վիճակին մէջ, օրագիրը, այսօր, ի՞նչ գործ կը կատարէ եւ ո՞ւր կը փնտռէ իր գոյութեան իրաւունքը։

Մեր մէջ, երբ մարդ մը օրագիր մը հրատարակելու կը ձեռնարկէ, հետեւեալ երկու նպատակներէն մէկին կը ծառայէ առաւելակշռօրէն.

1. Դրամ շահիլ մանաւանդ, քանի որ իրօք մեր մէջ ալ լրագիր հրատարակել՝ շահու լուրջ աղբիւր մը դառնալ սկսած է։ Եւ

2. Օգտակար ըլլալ այն միջավայրին՝ որուն կը պատկանի։

Անշուշտ դրամ շահելու նպատակը ինքնին դատապարտելի նպատակ մը չէ, երբ, այն միջոցները՝ զոր կը գործածենք այդ նպատակին հասնելու համար, դուրս չեն մնար բարոյականին լուսանցքէն։ Իրօք չենք կրնար մեղադրել լրագրապետ մը, օրագրող մը՝ որոնք իրենց աշխատութիւններուն անմիջականօրէն դրամական փոխարինութիւնը՝ մտահոգութիւն կ՚ընեն իրենք իրենց։ Բայց նկատողութեան առնենք թէ ի՞նչ է բարոյական ճշգրիտ արժէքը՝ դրամ շահելու նպատակով ձեռնարկուած լրագրութեան։

Կան ասպարէզներ, ինչպէս ուրիշ անգամ առիթը ունեցած եմ դիտելու, զոր օրինակ՝ ուսուցչութիւն, գրքերու հեղինակութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, գիտական ուսումներ, եւն., ու ասոնց հետ նաեւ լրագրութիւնը, որ ունին էապէս ո՛չ-տնտեսական բնութիւն, ու, իրենց այդ հանգամանքով, նպատակ մըն են առաւելապէս՝ քան միջոց մը։ Մարդ այդ ասպարէզներէն մէկին կը դիմէ ո՛չ թէ իբրեւ հարստութեան կամ՝ շահու աղբիւր հաւատալով զանոնք, այլ ներքին մղումէ մը, անխուսաբելի դրդումէ մը քշուած, նախասիրութեան մը, ընդունակութեան մը, բարոյական պէտքի մը գոհացում տալու համար։

Ուրեմն մասնաւորելով լրագրութեան վրայ, չէինք կրնար ընդունիլ որ՝ դրամ շահելու նպատակի մը ծառայէր ան առանց խանգարուելու իր իսկութեան մէջ, երբ էապէս իր բնութիւնն է զուտ բարոյական։ Դիւրին է եզրակացնել թէ՝ լրագրական ձեռնարկին մէջ նպատակը սահմանափակել դրամական շահուն համար՝ բացարձակապէս դուրս կը մնայ ձեռնարկին բարոյական կոչումէն, ու կ՚ըլլայ խորթ միջոց մը՝ որ կ՚ապականէ մեծ հիմնարկութեան մը նկարագիրը։ Միեւնոյն դրութեան մէջ կը գտնուին դերասան մը, ուսուցիչ մը, հեղինակ մը, նկարիչ մը՝ որ իրենց տաղանդը կը լղրճեն դրամ շահելու նպատակին մէջ, երբ կը մոռնան ասպարէզին էական պայմանները, վերածելով զանի բացարձակ միջոցի մը երբ նպատակ մըն է ան։ Վասնզի այս տեսակ պարագայի մը մէջ ձեռնարկողը անվրէպ կը գործածէ տեսակ տեսակ միջոցներ ու հնարքներ, ճիշտ անոնց նման՝ որոնց կը հանդիպինք մենք արհեստագործութեան ասպարէզին մէջ, ուր յաճախորդը կը խաբուի կեղծին ու վնասակարին, փայլունին ու աժանին պիտակով։ Այդ միջոցները, զորս արհեստէն եղողները միշտ մենէ աւելի լաւ կը գիտնան, մանաւանդ մերինին նման աղքատ ընկերութեան մը մէջ անհրաժեշտ կը թուին դարձած ըլլալ, բան մը՝ որուն հոտը կ՚առնենք մենք, գրող ու ընթերցող, նոյնիսկ մեր այսօրուան լրագրութեան մէջ։

Բայց գործելու այս եղանակը բացարձակապէս դատապարտելի է, քանի որ ան կը վնասէ մեծապէս հիմնարկութեան իսկական բնութեան, իր կիրարկած միջոցներով՝ որ մեծ մասամբ անխոստովանելի, ստոր ու վատ են։ Այս կերպով, հասարակութիւնը ո՛չ միայն բան մը չի շահիր, այլ կը խաբուի ու կը վնասուի ալ. բարոյական վնաս՝ որ անփոխարինելի է։

Օգտակար ըլլալու sentimental եւ ուռուցիկ բարի յօժարութիւն մը՝ բաւական չէ որ այդ ձգտումը գործնական նշանակութեան մը յանգի։ Ճիշտ մի եւ նոյն պարագան կը ներկայացնեն մեր մէջ անոնք՝ որ ներքին մղումի մը ազդեցութեան տակ կը գործեն լրագրութեան մէջ։ Կը պակսի իրենց այն գիտակցութեան ընդարձակութիւնն ու մտքի envergureը որոնք պիտի կարենային լրագրութիւնը իր իսկական նշանակութեան հասցնել։

Օրը օրին թարմ լուրեր տալ, ընթերցող հասարակութիւնը օրուան շահեկանութեան հոսանքին բռնել, համեմուած, կտրատ ու շնչասպառ խմբագրականով մը, որ անկարեւոր այժմէութեան մը շուրջը ձանձրացած թափառումէ մը կը վերադառնայ. կցկտուր գրականութիւն մը, որուն մէջ անձնական թռուցիկ գոհունակութիւն մը ու ողորմելի սնափառութիւն մը կը խլրտին, հապճեպ յօդուածներ, մէկ օրուան չէ՝ այլ մէկ ակնարկի ազազուն կեանքով. մէկ խօսքով ամբողջութիւն մը՝ զոր ընթերցողին աչքն ու իմացականութիւնը հազի՜ւ կը հպանցեն, ու արդէն այդ օրուան մը աշխատութենէն դոյզն հետք մը չէ մնացած։ Շաբաթներով ու ամիսներով կարելի է մեր օրաթերթերէն տող մը չկարդալ, առանց ո եւ է կերպով վնասուելու։ Վասն զի ուժով նկարագրի մը ազդումները գոյութիւն չունին հոն։ Չկայ որոշ գոյն, ցայտուն կարկառ մը՝ ուշադրութիւն հրաւիրող։ Թերթը իր ամբողջութեան մէջ, իրերահալած ուղղութիւններու սահմաններուն վրայ վախկոտ ու զգուշաւոր քայլափոխներու անիմաստ փորձ մըն է, ձգտելով ժողովրդին ամէն դասակարգներուն ճաշակին յարմար գալու պոռնկական հաճոյակատարութեան։ Տեսակ մը անուշապուր, տեսակ մը հինօրեայ փերեզակի կրպակ՝ ուր բազմաթիւ ընդդիմակութիւններ՝ խոշոր զարմացումով իրարու երես կը թուին նայիլ։ Բայց էապէս նոր գաղափարները, նոր միտքը, նոր իմաստասիրութիւնը չեն հիւրընկալուիր հոն։ Ատոնց բոլորը՝ միամիտներուն բաժինն է, բաժինը՝ անկեղծներուն, կրքոտներուն, անփորձներուն՝ որ տակաւին կեանքին գործնական սեւերեսութիւնները չեն ճանչնար, յուսախաբութիւններ չեն ունեցած, հիասթափումներու ցուրտ ջրալոգանքին անակնկալը չեն տեսած։ Մինչդեռ ինքը, լուրջ թերթը, որուն մազերը ճերմկիլ սկսած են, ունի կեանքի մեծ փորձառութիւն, գիտէ ապահով ճամբաներ թնդելու արուեստը, հանդարտ, ու քիչ մը իր լրջութեան մէջ ծանրացածի, թերեւս ձանձրացածի պատկառելի շարժուձեւով մը որուն մէջ յաւակնոտ ու արհամարհոտ մեծամտութիւն մըն ալ կը սպրդի, բան մը՝ որ սրբազան լուսապսակի մը շնորհը կուտայ այդ ճերմակ մազերուն։

Ժողովուրդին օգտակար ըլլալ, անոր հրամցնելով ամէն օր այդ նողկալի անուշապուրէն, ժողովուրդին օգտակար ըլլալ՝ տատամսելով հասարակաց տխմար կարծիքին սահմաններուն վրայ. ժողովուրդին օգտակար ըլլալ՝ անոր հնամոլութիւնը, անոր նորատեցութիւնը, անոր նախապաշարումները եւ տկարութիւնները փայփայել, սնուցանելով, ներկայ կեանքին, ժամանակին ու միջավայրին պահանջները վերնագրուած անիմաստ օրագրութեամբ մը, ահա՛ այն դրութիւնը՝ որուն մէջ երջանկութեան երազներ կը տեսնեն մեր թերթերը, խղճի դիւցազնական հանգստութեամբ։

Օգտակար ըլլալու այս երազին մէջ շատեր միամտօրէն անկեղծ են, ու ցաւալի կողմը հոդ է։

Մինչդեռ օրագիրը մեզի համար պէտք է հանդիսանայ հասարակաց մտաւորական սնունդին շտեմարանը։ Մենք մեր իմացական, տնտեսական եւ առ հասարակ բարոյական զարգացման անհրաժեշտ կերակուրը՝ հոն պէտք է փնտռենք։ Մերինին նման աղքատ հասարակութիւն մը` իրաւունք ունի այդ պահանջն ընելու։ Օրագրութիւնը՝ մեր հասարակաց դպրոցը, մեր ժողովրդային համալսարանն է, որ կոչում ունի սորվեցնելու եւ ուղղելու։ Օրագիրը՝ իսկական յառաջդիմութեան օրկանը պէտք է ըլլայ։ Օրագրութեան մէջ մտնողները եթէ չեն գիտակցիր լայնօրէն իրենց այս կոչումին, եթէ մարդկութեան ընդհանուր զարգացման ու բարելաւութեան սատարող բարձր սկզբունքներու անժառանգութեան մէջ կը տապլտկին, իրենց դերը՝ վնասակար ու յետադիմական կը դառնայ։

Հասարակաց կարծիքը, եթէ իրօք գոյութիւն ունի անիկա, ընդհանրապէս տգէտ է իր ամենէն կենսական պէտքերուն։ Ժողովուրդը, հաւաքաբար, չունի իր օգուտներուն ու վնասներուն գիտակցութիւնը։ Ատկից երեւան կուգայ առաջնորդներուն պէտքը։

Գիտութեան նորանոր խուզարկութիւնները, ընկերային հարցերու առած լուրջ կարեւորութիւնը, ժողովուրդներուն կեանքի պայմաններուն ուսումնասիրութիւնը՝ իմաստասիրելու եւ գործելու նոր կերպի մը կը հարկադրեն զմեզ ամէն օր։ Աշխարհահայեցողութիւնները փոխուելու վրայ են անդադար, ու այսօրուանը՝ վաղուանը չի կրնար ըլլալ։ Օրագրին կոչումը, մեզի համար, պէտք է բացորոշ ու անկեղծ բարոյական սկզբունքներու համաձայն, ըլլայ մղել գիտութեան ու ճշմարտութեան պայքարը՝ սխալներու ու ստութիւններուն դէմ։ Հարկ է կարելի եղածին չափ շատ արդարութիւն իրագործել երկրի վրայ, Զոլայի բացատրութեան համեմատ։ Ու, գաղափարներու եւ ձգտումներու հոսանքներ պէտք է առաջ բերուին, թերթերու անհատական նկարագիրներովը յատկանշուած։

Ահա՛ ընդհանուր ծրագիր մը, որուն տրամադրութիւններուն համեմատ կը կարծեմ թէ օրագիրը կրնայ իրապէս օգտակար ըլլալ մեր հասարակութեան։

Ասոնցմէ դուրս, հրապարակին վրայ գրական արհեստագործութիւն, գրական վաճառականութիւն կամ փերեզակութիւն ամէնքն ալ անբարոյական ու վնասակար միջոցներ են։ Հասարակութիւնը որ կը խաբուի՝ կ՚արդարանայ իր տգիտութեան մէջ. անոնք որ կը խաբեն, չեն արդարանար ո՛չ մէկ պատրուակով։

Օրագրութեան մասին մեր ունեցած սովորական ըմբռնումները՝ պէտք է հիմնովին փոխուին։ Տարբեր հայեցակէտներէ պէտք է նկատենք անոր օգտակարութեան պայմանները։ Այլապէս՝ ետ կ՚երթանք ու չարաչար ինքզինքնիս կը խաբենք, ճղճիմ ու անիրաւ փառասիրութեան մը գոհացումին ոճրագործ հանգստութեան մէջ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, Փետրվար 1, թիւ 3, էջ 166-170