Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գրական սնանկութիւն. Գործնական կեանք եւ Գրականութիւն. Լրագրութիւն եւ պարբերական մամուլ. Տիկին Զ. Եսայեան եւ իր «Կեղծ Հանճարները. Կին միտքը՝ Գրականութեան մէջ. Սիպիլ եւ Տիկին Եսայեան

Բաւական ատենէ ի վեր, գրականապէս, ճշմարիտ սնանկութիւն մը կ՚տիրէ մեր մէջ։ Ստուգիւ, Մամուլի անօրինակ սաստկութեամբ գործունէութիւն մը կա՛յ անտարակոյս. տենդահար, շնչասպառ, անսանձ գործունէութիւն մը։ Թուղթի, մելանի եւ խելքի անհաշիւ վատնում մ՚է այդ։ Կ՚ըսուի թէ ա՛յս է Դարուս եւ Ժամանակիս ընթացքը։ Գործունէութեան բոլոր կալուածներուն մէջ, անհրաժեշտ կ՚նկատուի այն աճապարանքը՝ որ ջղային յուզումնալից վիճակ մ՚է մանաւանդ։

Գործի կեանքը, ապրելու պայմանները՝ մեզի անխուսափելի կերպով հարկադիր ըրած են այս փութկոտութիւնը։ Քաղաքակրթութեան արագավազ հոսանքին մէջ՝ ոչի՛նչ այնքան ստիպողական է քան շուրջը նայելու եւ իր ժամանակին հետ ընթանալու հարկը, եւ ոչի՛նչ այնքան կործանարար՝ քան ինքնահաճ տատամսումներն ու քմածին յամեցումները։

Այս հեւքոտ աճապարանքին մէջ, մեծապէս տուժած է մեր գրականութիւնը։ Լրագրութիւնը, ունենալով սեփական գործունէութեան մասնաւոր առարկան, անընդունակ նկատուած է մշակելու գրականութիւնն իր լիակատար պայմաններուն համեմատ։ Իսկ պարբերական մամուլը, իր կարգին, տարուած է մանաւանդ յարափոփոխ այժմէութեան, թեթեւ գրականութեան ու սնամէջ ժամանցին պահանջներէն։ Դանդաղ, երազուն, բայց ապահով հեշտանքներ պարգեւող, մտքի ճշմարիտ եւ իրական արբեցութեան մը թանկագին երջանկութիւնը տուող ընթերցումին ճաշակը տեղի տուած է հիմա Սալօնի գրականութեան թեթեւ պէտքերուն։

Բայց զուտ գրական գործ մը, ճշմարիտ արուեստագէտ խառնուածքի արտայայտութիւն մը, հիմնապէս անհաշտ է ժամանակակից ոգիին այս հանգամանքներուն հետ։ Անիկա՝ այն լռասէր, երազոտ ծաղիկն է, որ կ՚կարօտի երկարատեւ ու մանրախիղճ խնամքի, եւ կրնայ միայն ամբողջական ծաղկումի մը մէջ բացուիլ՝ պատսպարուած պարտէզի մը հանգստաւէտ արեւոտ առանձնութեան խորը։ Փողոցային աղմուկն ու կոխկռտումները, տօնավաճառի արմկահարումներն ու յորձնեռանդն եռուզեռումները՝ իրեն համար չեն բնաւ։

Գրականապէս, կ՚սնանկանանք, եւ ասիկա բարեգուշակ չէ մեր մտաւորական ու արուեստագիտական ընդունակութիւններուն համար։

Տիկին Զապէլ Եսայեան Արեւ[ելեան] Մամուլ ի մէջ հրատարակած Կեղծ հանճարները ՝ այս մտածումները դրդեցին ինծի։ Ուշի ուշով կ՚հետեւիմ այդ գործին, որուն առաջին մասերը միայն ըլլալ կ՚ենթադրուին ցարդ հրատարակուած էջերը, եւ հետզհետէ կ՚ամրապնդուիմ սա համոզման մէջ թէ ճշմարիտ արուեստագէտ խառնուածքի արտայայտութիւն մ՚է ան, պտուղ՝ նրբահոգ ուսումնասիրութեան եւ մանրախիղճ ուշադրութեան։

Արուեստի տեսակէտէն, Տիկին Եսայեանի ուսումնասիրած բոլոր տիպարները կատարեալ են։ Անհատական ինքուրոյն անթերի ամբողջութիւններ են անոնք, վերջին աստիճան հետաքրքրական։ Իրենց ֆիզիքական ու հոգեբանական դիմագծութիւններն ուսումնասիրուած են վարպետի ուշադրութեամբ եւ մեծապէս օժտուած դիտողութեան մը կնիքովը նուիրագործուած են անոնք, մանաւանդ այն չնչին ticերուն աննշմարելի գիծերուն մանրամասնութեան մէջ, որք նկարագրի մը ու տիպարի մը իսկատպութիւնը շեշտակի կ՚ստորագծեն։ Առանց չափազանցութեան, պէտք է ընդունինք թէ իր ներկայացուցած նկարագիրները, ինքնուրոյն եղանակով մը, ա՛յնքան ուժգնօրէն կ՚ապրին, ա՛յնքան բաբախուն կենդանութեամբ մը ոտքի վրայ կը կենան, որքան Պալզաքի կամ այն ինչ Ռուս վիպասանին տիպարները։

Տիկին Եսայեան նոր գրող մըն է։ Բայց կ՚պատկանի մանաւանդ նորերու այն դասակարգին՝ որք տասը տարիէ ի վեր գրական կատարելութեան փառասիրութենէ մը տարբեր մտահոգութիւն չեն ունեցած գրիչ շարժելով։ Ինքը կարեւորագոյն դէմքն է այն երեք կամ չորս նորերուն, որոնց իւրաքանչիւրին գործունէութիւնն ապրելու տոկունութիւնն ու ապահովութիւնն ունի արդէն։

Տիկին Եսայեան՝ գրական շա՛տ սուր զգացողութիւն (sensibilité) մ՚է, մորթազերծ միսի հիւանդագին ուժգնութեամբ զգացողութիւն մը, որուն վրան իրենց բուռն ու զանազանած տպաւորութիւնները կ՚թողուն ամէնէ՛ն աննշան, ամէնէ՛ն անկշռելի ու խորհրդաւոր հպանցումները։ Շա՛տ է գաղտնիքն իր արուեստին անօրինակ, մեծապէս ուշագրաւ այլազանութեամբ ճոխութեան։ Բաց աստի, Տիկին Եսայեան ճշմարիտ արուեստագէտ տաղանդներու մօտ երկիւղած յաճախումի մը մէջ ըրած է իր գրական լուրջ ու խնամուած դաստիարակութիւնը։

Դիտելի է թէ կինը, գրականութեան ինչպէս ամէն բանի մէջ, չունի այն յստակութիւնը, կարգը, ճաշակի խստութիւնը, մանրամասնութեանց հոգը, որ առնական մտքի յատկութիւններ են մանաւանդ։ Կինն ընդունակ է մեծ փափկութեան, հարուստ ու բարդ զգացողութեան մը զարմանալի, ապշեցուցիչ, անըմբռնելի արտայայտութիւններուն։ Հազուագիւտ շահեկանութեամբ արուեստագէտներ կրնայ տալ կանացի սեռը։ Լա՛ւ, բայց տեսակ մը անխնամութիւն, տեսակ մը անփութութիւն, ցաւալի ստգտանք մ՚է զոր կարելի եղած է ընդհանրապէս կիներու երեսին նետել։ Ի հարկէ, այդ անխնամութիւնը՝ մերթ շատ աւելի հրապուրիչ եւ դիւթիչ հանդիսանալու կանացի եղանակ մ՚է։ Քիչեր ունին այդ մոգական գաղտնիքը։ Հոն՝ ուր հազուագիւտ բնականութեամբ անփութութիւն մը գլխաւոր հմայքը կ՚հանդիսանայ մէկ քանի տաղանդներու, անդին, անզգոյշ ու անհոգ թափթփածութիւն մը՝ վերջին շնորհները կ՚գողնայ շատ մը կին գրողներու տաղանդին։ Մեր գրականութեան մէջ յաճախ առիթը ունեցած եմ հաստատելու զայդ։ Մեր մէջ ալ, կին գրողները յատուկ քերականութիւն մը, տրամաբանական կառուցումով պարբերութիւն մը չունին ընդհանրապէս. եւ ասիկա ուղղակի արտայայտութիւնն է իրենց իմացական կարողութիւններուն շփոթ վիճակին։

Հազուադէպ բարեխղճութեան ու բծախնդիր յստակութեան օրինակ մ՚է անտարակոյս Սիպիլ։ Այն կիսաթափանց մառախուղը, որ կ՚լեցնէ իր բանաստեղծութեան հեշտալի մթնոլորտը, անշուշտ առաւելութիւնն ունի զայն աւելի հմայիչ ու աւելի դիւթական ընծայելու։ Արդ, եթէ Սիպիլ շատ լաւ բանաստեղծ մ՚է, անհերքելի կերպով Տիկին Եսայեան նոր գրողներու լաւագոյն վիպասանն է, Չիֆթէ-Սարաֆին հետ։ Ուշագրաւ չէ՞ ասիկա. երկու կիներ, որոնց ստիպուած ենք ընծայելու լաւագոյն տեղ մը, գրական դէմքերու պատկերախումբին մէջ, եւ ասիկա՝ առանց կենցաղագիտական մտահոգութիւններու։

«Կեղծ Հանճարներ»ը շատ ուշագրաւ գործ մ՚է։ Պէտք չէ որ աննշմար անցնի անիկա, ինչպէս կրնայ պատահիլ յաճախ պարբերականի մը անկիւնը նետուած եւ երկարատեւ ընդմիջումներով երեւցող գրութիւններուն։ Անիկա բնաւ չի կրնար շփոթուիլ գրական նոյն սեռին պատկանող աւելի տարտամ արտադրութիւններու հետ։ Իրօք, մեր մէջ սովորութիւն չէ տակաւին հրատարակութիւնը չաւարտած գործի մը մասին կարծիք յայտնել։ Կրնայ ըլլալ։ Բայց սովորութիւն մը՝ օրէնք մը չէ. անիկա յաճախ անիմաստութիւն մ՚է։ Եւ ես կը համարձակիմ ահա իմ անկեղծ մտածումս ըսել Կեղծ Հանճարներ ու մասին, որուն վրայ ուշադրութիւնը կ՚հրաւիրեմ Գրականութեան ճշմարիտ ու բանգէտ սիրահարներուն, եւ զոր պիտի բաղձայի կարդալ իբրեւ երկայն ուսումնասիրութիւն մը մեր Գրականութեան բեմին վրայ երթեւեկող կարգ մը իսկատիպ եւ յոյժ շահեկան տիպարներու եւ դիմակներու։

 

«Բիւզանդիոն», 1905 Դեկտեմբեր 17-30, թիւ 2822