Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶՄԻՐԵԱՆՑ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Իզմիրեանց մրցանակը գրական երեւոյթ մըն է մեր մէջ։ Անիկա՝ հանգրուան մըն է հայ մտքին ընդհանուր զարգացման աստիճանացոյցին վրայ, եւ իրական դատանիշը կը հանդիսանայ հայ հարուստին բնաշրջման՝ իր օգտակար ըլլալու տրամադրութիւններուն մէջ։ Ասիկա գեղեցիկ ու յուսադրող նշան մըն է արդարեւ։ Կը գտնուի հարուստ մը՝ որ իր ձեռքին տակ ունեցած միջոցները, դրամին գերազօր ուժը, կիրառութեան կ՚ուզէ դնել օգտակարութեան նորօրինակ ըմբռնումի մը համեմատ, աննմանօրէն մեր հարուստներու մեծագոյն մասին։ Աղա Յովսէփ Իզմիրեանց չէ՞ր կրնար եկեղեցի մը շինել տալ, չէ՞ր կրնար վարժարան մը կառուցանել, ազգային հաստատութիւն մը վերանորոգել ու նիւթական հիմնարկութեան մը ճակատը՝ իր անունը քանդակուած տեսնելու փառասիրութեան հաճոյքը միթէ անծանօ՞թ էր իրեն։ Բայց այս մարդը գաղափարապաշտ մըն է եղեր, իր սրտին գոհացումները աննիւթական կառուցումներու հմայքին մէջ փնտռելու ընդունակ եւ տրամադիր։

Ինծի համար, որ սովորութիւնը ունիմ իրականանալի գաղափարը միշտ գերադասել ռամիկ կամ ռամկացած իրականութենէն, Իզմիրեանցի մեծութեան համեմատութիւնները՝ այնքա՛ն աւելի հզօրապէս կը շեշտուին որքան իր գործը զուտ իմացական ու գաղափարական նշանակութեամբ մը դրոշմուած է։ Վասնզի այն տխուր ժամանակին մէջ, ուր հայ գրագէտ ու գրականութիւն ծաղրանքի, հեգնութեան ու արգահատութեան միայն պիտի նիւթ մատակարարէին մեր մուշտակաւոր աղաներուն, կը գտնուի հայ հարուստ մը՝ որ կը հասկնայ գրականութիւն ըսուածին լուրջ նշանակութիւնը, եւ ասիկայ իր արժանիքին առաջին նշանն է, եւ յետոյ, մասնաւորելով իր ըմբռնումը, ջեղ ու յատկանիշ տալով անոր, կը գիտնայ թէ ի՞նչ է մանաւանդ նշանակութիւնը՝ տոհմային գրականութեան։

Չեմ ըսեր թէ Իզմիրեանց ըմբռնած ըլլայ այս անուանակոչութեան բոլոր նշանակութիւնը՝ իր ամբողջ ընդարձակութեան մէջ։ Իր կտակին տրամադրութիւնը տոհմային գրականութիւնը աւելի անձկօրէն սահմանած ըլլալ կը թուի, այն գործադրութեան համեմատ՝ որուն կը ձգտին իր կտակակատարները։ Լրջօրէն նշանակելի է սակայն այն մասնաւորութիւնը՝ զոր ինքը ուզած է դնել իր գնահատութեան մէջ։

Այսպէս կամ այնպէս, Իզմիրեանց կտակը իր գոյութեամբն իսկ լուրջ գործ մըն է, իր պաշտօնականութեամբը նուիրագործուած։ Ամբողջ ազգը համակարծիք է զայն գնահատելու մասին, ու բոլոր անկեղծ սրտերը իրենց համակրութիւնը կուտան մեծանուն բարերարին յիշատակին։

Ճիշդ այս խորհրդածութիւններէն յետոյ, Իզմիրեանց մրցանակին մէջ կա՞ն նկատելի կէտեր՝ որոնք կրնան օգտակար եզրակացութիւններ դուրս բերել ի նպաստ մեր այսօրուան գրականութեան։ Իզմիրեանց մրցանակին գործը կը պարունակէ՞ իր մէջ այնպիսի տարրեր՝ որոնք պիտի կարենային ամրացնել ջիղերն այն ամբաստանագրին՝ զոր կը փորձեմ նետել պոլսահայ գրականութեան երեսին՝ իր արդի ըմբռնումին համեմատ։

Ահա՛ կարեւոր խնդիր մը։

Սկսելու համար, պիտի նշանակեմ նախ թէ՝ Իզմիրեանց Պոլսահայ մը չէ, եւ մեր մէջ մինչեւ այսօր իրեն նմանող մը չունեցաւ։

Չէ՞ք կարծեր որ Պոլսահայուն եւ Ռուսահային ցեղայնութեան տարբերութիւններուն մէկ դատանիշն ըլլայ ասիկա։ Չէ՞ք կարծեր որ Պոլսահայուն մէջ տոհմային զգացման թուլութեան նշան մը ըլլայ՝ բարերարելու այս եղանակին պակասը։ Պոլսահայը, օտար շփումներու եւ յաճախումներու մէջ, վնասուած է իր ցեղային խառնուածքին քանի մը կարեւոր կէտերէն։ Այս հաստատաբանութիւնը եթէ պէտք ունի ապացոյցներու, պզտիկ ապացոյց մը չէ թէ պոլսահայ միջավայրը Իզմիրեանց մը հասցուցած չըլլալով, զուրկ նկատուի իր տոհմային առանձնախառնութեան քանի մը կարեւոր հանգամանքներէն։

Կան նաեւ ուրիշ կէտեր։

Շահեկան եւ անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ցանկը այն երկասիրութիւններուն՝ որոնք, իր հիմնարկութեան սկիզբէն, արժանացան Իզմիրեանց մրցանակին։ Շատ օգտակար եւ անհերքելիօրէն ազդու եզրակացութիւններ կան հանելիք այդ տեսակ ուսումնասիրութենէ մը։ Ամենէ՛ն առաջ հոն նկատողութեան կ՚առնուին մրցման մասնակցող հեղինակներուն հանգամանքները։ Անոնց քանի՞ հատը Պոլսեցի, քանի՞ն Ռուսահայ ու քանի՞ն գաւառացի եղած են։ Յետոյ, իրենց մշակած նիւթերը, միանգամ ընդ միշտ կտակի տրամադրութեան համեմատ ըլլալով տոհմային նիւթեր, ի՞նչ միջավայրերէ քաղուած են։ Եթէ այդ երկասիրութիւնները ուղղակի չեն համապատասխաներ վաղուան գրականութեան ծրագրին՝ իր բովանդակ ընդարձակութեան մէջ, գէթ կը թոյլատրեն սակայն կարճ միտքերն ու յամառ ուղեղները համոզելու թէ տոհմային հայեցի գրականութեան մը լուրջ կարելիութիւնը՝ դուրս կը մնայ պոլսահայ միջավայրին սահմաններէն, որ չի պարունակեր իր մէջ նախատարերքը Իզմիրեանց մրցանակի մրցման պատրաստուող որ եւ է գործի։

Բոլոր այն միամիտ Պոլսեցիները, որոնք այսօրուանին հանգստաւէտ գոհունակութեան մէջ տոհմային գրականութեան մը գաղափարն ու գաղափարողները ծաղրելով իրենց ազազուն ու ճղճիմ փառասիրութեան գոհացում տուած ըլլալ կ՚երազեն, ես կը հրաւիրեմ անոնց բոլորը՝ խորհիլ այս կէտերուն վրայ։ Կրնան քիչ մը մէկ կողմ թողուլ իրենց ֆանթէզիները ու ժամանցները, որոնց մէջ սահմանափակեցին ժամանակէ մը ի վեր ամբողջ լրագրական գրականութիւնը։ Իրենց թեթեւամտութիւններուն ու գրական աճպարարութիւններուն մէջ թող վայրկեան մը բարեհաճին անհանգիստ ըլլալ՝ խորհելու թէ գրականութիւնը չի՛ սահմանափակուիր քմահաճոյքին սահմաններուն մէջ։

Իզմիրեանց Յանձնաժողովին կ՚առաջարկեմ հրատարակել տետրակով մը մանրամասն ցանկը մրցանակի արժանացած բոլոր գործերուն, թուականի կարգով։ Հոն կը նշանակուին բոլոր մանրամասնութիւնները։ Հեղինակները, իրենց ծննդավայրը, իրենց գործին նիւթն ու համառօտութիւնը, մրցանակին քանակութիւնը, հրատարակուած կամ չհրատարակուած ըլլալը, եւն, եւն։

Ասիկա շատ կարեւոր աշխատութիւն մըն է, զոր անհրաժեշտ է ընել։ Անկից պիտի ծագին շատ մը լուրջ, շատ մը ո՛չ ֆանթէզիստ խորհրդածութիւններ, որոնք աւելի քան ժամանցի նիւթ պիտի կարենան մատակարարել գրականութեամբ շահագրգռուողներուն։

 

«Արեւելեան մամուլ», 1901, 15 Օգոստոս, թիւ 16, էջ 687-690