Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շատ անգամ սովորութիւնը ունինք մեղադրելու մեր հասարակութիւնը կարգ մը թերութիւններու կամ՝ յանցանքներու համար՝ որոնց իսկական գոյնը, յատկանիշը չենք ճշդած սակայն։ Այսպէս, ուրիշներու մէջէն, լսած չէ՞ք տարտամօրէն ըսուիլը՝ թէ զոր օրինակ, մեր հասարակութիւնը կծծի է, բարեգործել չի գիտեր, կը զլանայ իր դրամը հանրային հաստատութեան մը ի նպաստ, եւն, եւն։

Այսպէս չէ սակայն։ Ըսել բացարձակապէս թէ մեր հասարակութիւնը կծծի է, խակ իրողութիւն մը հաստատաբանել է։ Իսկապէս, մեր ժողովուրդը կծծի չէ բնաւ։

Անիկա, թերեւս իր ցեղային հոգեբանութեան քանի մը յատկանիշերուն համեմատ, հակադրօրէն իր նիւթական միջոցներուն, առատաձեռն եղած է նոյնիսկ։ Հոն, զոր օրինակ, ուր գլխաւորապէս զգացում գործ ունեցած է, մեր հասարակութիւնը չէ կրցած բնաւ անտարբեր մնալ։

Հասարակութիւն մը, որպէս զի հաւաքաբար դիմէ դէպի ուղղութիւն մը, անհրաժեշտ է որ, բաց առնելով արտաքին ազդեցութիւններ, թելադրութիւններ, որոնք ամուլ պիտի մնային եթէ, հեռուէն կամ մօտէն, առնչութիւն մը չունենային իր ներքին բնազդներուն կամ մտքի սովորութիւններուն հետ, տեսակ մը հաւաքական համոզում ու համակրութիւն ունենայ դէպի այդ ուղղութիւնը։ Երբ այդ ներքին գիտակցութիւնը, համոզումը, որոնք կրնան այնքան անհեթեթ ու կոպիտ ըլլալ յաճախ, գոյութիւն չունին, ամենէ՛ն բարձր գաղափարները, ամենէ՛ն ազնիւ մտածումները, ամենէ՛ն օգտաշատ ձեռնարկները չպիտի կրնան անհրաժեշտ խանդավառութիւնը բերել այդ հասարակութեան։

Արդ, այն ամեն արարքներուն մէջ, ուր մեր հասարակութեան հաւաքական գիտակցութիւնը արթուն եւ զգայուն է եղած, անիկա ետ չէ կեցեր իր մասնակցութեան փառասիրութիւնը փնտռելէ։

Հայ ժողովուրդը հարուստ չէ։ Հայ ժողովուրդը քիչ հարուստներ ու պզտիկ հարուստներ միայն ունի։ Այլ ո՞վ շինեց այն բոլոր եկեղեցիները՝ որոնց մէջ ինքը կ՚աղօթէ այսօր, եւ ո՞վ այն դպրոցները՝ ուր իր տղաքը կը ղրկէ կրթուելու։ Անհատական բարեգործութեան բազմաթիւ օրինակներ թուել անհնար չպիտի ըլլար եկեղեցիի մը կամ՝ դպրոցի մը շէնքին շուրջը։

Ու հայ հասարակութիւնն էր որ, առանց ստիպողութեան, կամ նոյն իսկ ազդու հրաւէրի, իր նպաստները չզլացաւ այն հսկայ ու մեծ գործին՝ որ «որբախնամ գործ» կը կոչուի, այդ հասարակութիւնն էր որ, Պարոնեանի մը որբերը անօթութեան մէջ չլքանեց, Թէրզեանի մը կամ Սարըեանի մը ընտանիքը չմոռցաւ մխիթարելու գործնական մխիթարութեամբ։ Եւ, հինէն ու նորէն, դժուար չպիտի ըլլար ցանկը երկարել բոլոր այն յօժար մասնակցութիւններուն՝ զոր ունեցած է հայ ժողովուրդը, սկիզբէն իվեր, ամէն անգամ որ առիթը ներկայացած է փորձի ենթարկելու իր զգայնութիւնը, իր այլասիրութիւնը, կրնայի ըսել։

Հայ ժողովուրդին այս տրամադրութիւնը իրօ՛ք շատ գեղեցիկ է ու յուզիչ նոյնիսկ, երբ ուզենք մանաւանդ նկատողութեան առնել իր ընկերական ու տնտեսական աննախանձելի դրութիւնը՝ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ։

* * *

Բայց ո՞ւր է գաղտնիքը սա տխուր ու անյաղթելի հակասութեան. եթէ հայ ժողովուրդը առատաձեռն է, ինչո՞ւ համար իր կենդանութեանը բարեկեցիկ չապրեցուց Պարոնեան մը, գրականութեան աշխատասէր ու բեղմնաւոր վարպետ մը, որուն գործը այլապէս կը հետաքրքրէր զինքը։ Եթէ մեր հասարակութիւնը կծծի չէ, ինչո՞ւ կը զլանայ իր լուման, զոր օրինակ՝ հրատարակչական ընկերութեան մը հիմնարկութեան ձեռնարկին, կամ չի դներ այնչափ՝ որքան անհրաժեշտ է լուրջ ու ընդարձակ ամսաթերթ մը ապրեցնելու համար Պոլիսի մէջ։

Որքան կ՚ուզէք réclame ըրէք այսինչ կամ այնինչ գրական հատորին համար. հրատարակիչը միշտ վնասով կ՚ելնէ անոր մէջէն, երբ դասագիրք մը չէ ան։ Որքա՛ն կ՚ուզէք աշխատեցէք համոզելու հարուստ մը, ապագայ կտակարար մը՝ որ իր բարեգործելու տրամադրութեան՝ քիչ մը աւելի գաղափարապաշտ երանգ տայ, փոխանակ եկեղեցի մը կառուցանելու յաւիտենապէս ռամիկ ու հնաւանդ ախորժակին։ Երեւոյթ մը, հրաշք մըն է Զակազիկի պատուական հայը՝ որ Թլկատինցիին վարժարանին կը նպաստէ իր դրամովը, անհուն հեռաւորութեան մը մէջէն գնահատելով գաւառացի գրագէտ ուսուցիչին գործը, ու գիտակից համակրութեամբ մը իր աջակցութիւնը նուիրելով անոր յարատեւութեան։

Գիտէ՞ք ինչ է այս բոլորին պատճառը։ Այն չէ թէ, ինչպէս արդէն ըսինք, հայ հասարակութիւնը կամ հայ հարուստը ըլլան կծծի եւ ագահ։

Հասարակութիւններուն, ինչպէս անհատականութիւններուն, գործերը կը համապատասխանեն, իրենց բարոյական աստիճանաւորման տեսակէտէն, անոնց զարգացման աստիճանին։

Արդ, հայ հարուստը կամ հայ հասարակութիւնը, իրենց զարգացման համեմատ, բարիքի եւ օգտակարութեան միեւնոյն աստիճանները չեն տեսներ եկեղեցի մը կառուցանելուն, որբ մը որդեգրելուն, աղքատ մը երախտաւորելուն եւ գրական մրցանակ մը հաստատելուն, եւրոպական համալսարանները ղրկուելիք երկու ուսանողի տարեկան ծախք մը կտակելուն մէջ։ Իրենց համար միեւնոյն լրջութիւնը եւ կարեւորութիւնը չունին բարեգործել վարժարանի մը շէնքին համար եւ հոգալ վարժարանի մը բարոյական հիմնարկութեան գործը։ Չքաւորի մը ի նպաստ հանգանակութեան սիրայօժար մասնակցողը, վատնուած, ծովը նետուած դրամ մը կը նկատէ զոր օրինակ՝ փիլիսոփային աշակերտըին մէկ օրինակին տրուելիք 6 ղր[ու]շը։ Վասնզի բարիք մըն է թշուառութիւնը սփոփել, մինչդեռ սնոտիք մը՝ գրականութիւնը, եթէ գէթ չէ ժամանցի նիւթ մը պարզապէս, որուն համար չարժեր շատ յոգնիլ։

Ահա՛ ասոնք են մեր հասարակութեան բարոյական ու իմացական ախորժակները, բոլորն ալ դատանիշները՝ քաղաքակրթական յետամնացութեան։

Մեր մէջ մամուլին դերը նոյնը պէտք չէ ըլլայ, ինչ որ է անիկա եւրոպական ընկերութիւններուն համար, հոն եթէ անիկա գլխաւորապէս կը մշակէ ու կը բուծանէ հասարակութեան առօրեայ տրամադրութիւններն ու ճաշակները, հոս պէտք է մանաւանդ ազդէ անոնց վրայ, յեղաշրջէ զանոնք, ու լարէ նոր ձգտումներու, նոր ճշմարտութիւններու պահանջքին համեմատ։ Հրապարակագրին գրիչը հարկ է ապտակ մը, եւ մեծագոյն ապտակը ըլլայ ընկերային բարեփոխման եւ գրականութիւնն ամբողջ, իր ամենէն մաքուր ձեւին ներքեւ, անհրաժեշտ է որ ըլլայ թելադրող ու ներգործական։ Գրչին ուժը պէտք է մտքերը ելեքտրացնէ հզօր ու անտեղիտալի ազդումներով։ Անհրաժեշտ է մտրակել մեր հասարակութիւնը իր անզգայ անտարբերութեան մէջ դէպի այն գաղափարներն ու գործերը՝ որոնք տարրերը կը կազմեն ճշմարիտ քաղաքակրթութեան, մինչդեռ անոնք մեզի կը թուին թռուցիկ, տղայական ու անգործնական։ Հարկ է արթնցնենք իրեն մէջ պատկառանքն ու յարգանքը այն բաներուն՝ զորս այսօր կ՚արհամարհէ միայն, տգէտ անհասկացողութեամբ մը։

Իր տալու, նուիրելու տրամադրութիւնները, որոնք անուրանալի են, հարկ է եղանակաւորուին միայն նոր ու գեղեցիկ ըմբռնումներու համեմատ, փոխանակ լճանալու հնաւանդ տափակութիւններու անձուկ սահմանին մէջ, եւ այն ատեն պիտի հանդիսատես ըլլանք բարերար ու կազդուրիչ երեւոյթի մը, գաղափարի եւ գործի կեանքին զուգընթաց զարգացման, որմէ միայն հնար է սպասել ամենէն իրական ու ամենէ՛ն լուրջ օգուտները։

 

«Արեւելեան մամուլ», 1901, 1 Յուլիս, թիւ 13, էջ 548-551