Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԸ

Ժողովրդի մը, ցեղի մը կեանքին մէջ կան վայրկեաններ՝ ուր վճռական հանդիսաւորութեամբ կը խօսի բացարձակ ու գերագոյն շահ մը, Գոյութեան Շահը, աւելի վեր, աւելի հրամայական քան բոլոր այն բազմաթիւ մասնաւոր ընդդիմամարտ նկատողութիւնները, իրարու ներհակ տեսակէտները, որոնք այդ ցեղին սովորական ընկերաքաղաքական կեանքը կը յօրինեն։

Անշուշտ, մասնաւոր, խմբակցական տեսակէտներն ու նկատողութիւններն են որ գաղափարներու յաղթանակն ու կեանքը կ՚ապահովեն ընկերութեան ծոցին մէջ։ Եթէ կեանքը շղթայում մը, շարայարութիւն մըն է փոփոխութիւններու, ուրեմն կեանքը կռիւ մըն է, ուր անհրաժեշտապէս գոյութիւն կ՚ունենան յաղթութիւններ եւ պարտութիւններ։ Առանց ատոր կեանքը կեանք չէ՛, այլ՝ ապականութիւն, նեխում, փտութիւն, քայքայում։

Ուրեմն որքա՜ն շահաւէտ է, ցեղի մը մտերիմ կենսունակութեան տեսակէտէն, գոյութիւնը ներքին հոսանքներու, որք գաղափարական եւ ընկերական յօրինուածութիւնն անդադար կը վերաշինեն, այսպէսով անոր ապահովելով մշտադալար կենդանութիւն մը, եւ կացուցանելով գործն իսկ, իրողութիւնն իսկ բնաշրջութեան։

Ասիկա՝ իր ամբողջութեան տեսակէտէն այլեւս քիչ շատ ապահով ընկերութեան մը ներքին գոյութեան սովորական գնացքն է։ Այս տեսակէտով, ընկերութեան մէջ այնքա՛ն աւելի կենսաւէտութիւն կայ, ինչ չափով որ նոր տարրերու, նոր գաղափարներու, նոր աւիշի մուտք մը եւ յաղթանակ մը հնարաւոր կը դառնան հոն։ Հինը դիւրաւ տեղի չի տար միշտ։ Անիկա նորին դէմ կը հանէ իր կենդանութեան մնացորդ ուժը։ Այդ է ներքին կռիւներուն գլխաւոր պատճառը։ Բայց հոս՝ կռիւը՝ բարի կռիւն է, եւ յաղթանակը՝ բարի յաղթանակը։ Անոնք որ ազատագրուած հայեացքով մը կրնան նկատել կեանքի երեւոյթը, անվիշտ իմաստութեամբ մը կ՚ընդունին կեանքի օրէնքը, եւ կը համակերպին անոր բարի ու բարերար լուծին։

Բայց ինչպէս վերեւ ըսի, ցեղի մը կեանքին մէջ կան պահեր, ուր վճռական պահանջողութեամբ կը խօսի բացարձակ ու գերագոյն շահը մը, Գոյութեան Շահ մը, սպառնացուած այլեւս չէ թէ ներքին շահաւէտ կռիւներէ, այլ արտաքին կործանարար ուժերէ, որք գայլի մը բացարձակ պահանջն են ուղղուած՝ գառնուկի մը հասցէին։

Այդ տեսակ ճակատագրական ու վճռական պահերու մէջ, նախապէս օգտակար հանդիսացող ազդակներ դիւրաւ կրնան վնասակար դառնալ։ Հոն, ուր ցեղը պէտք ունի իր բոլոր ուժերուն, դէմ կենալու համար իր գոյութեան սպառնացող փոթորիկներուն, ապահովաբար ընկերաբանական սխալ մը կը գործէ՝ ուշանալով ներքին կռիւներուն մէջ, որք այլեւս նոյն օգտակար նշանակութիւնը չունին, այլ կը դառնան պառակտումներ, յիմար ու տգէտ եւ անգիտակից շարժումներ, խմորին միութիւնը փսորող։ Երբ ընկերութիւնը պէտք ունի ամբողջական դիմադրութեան մը, իր ուժերը ջլատող որ եւ է շարժում, որ եւ է ձեւ՝ անպայման վնասակար կը դառնան։

Երբ ցեղի մը չի պակսիր անհրաժեշտ քաղաքական իմաստութիւնը, անիկա անմիջապէս կ՚զգայ Վայրկեանին ահեղ նշանակութիւնը, իր բովանդակ լրջութեան մէջ։ Եւ հոգեբանութեան յեղակարծ շարժումով մը կը կառչի, ամրապէս կը փարի ինքնապահպանութեան բնազդին տրամադրած ուղղութիւններուն։ Խմորը կը հաւսըրի, ինչպէս կ՚ըսեն գաւառացիները, եւ իր բովանդակ հիւլէական կազմին մէջ, իր միութեան նկարագիրը կը պահպանէ ընդդէմ արտաքին սպառնալիքին։ Որովհետեւ ոչինչ բացարձակ է բարոյականութեան տեսակէտէն, այսպիսի պարագայի մը մէջ կը գտնենք որ՝ խաղաղ բնաշրջութեան պահու մը օգտակար հանդիսացող եղելութիւններ՝ դիւրաւ կրնան վնասակար դառնալ։ Ուրեմն մոլեռանդութիւններու մէջ ոչինչ պէտք է դնել բացարձակ։ Գոյութեան հարցը, ցեղի մը գերազանց մոլեռանդութիւնը պարտի ըլլալ։ Ա՛յս է գերագոյն իմաստութիւնը. ա՛յս է ճշմարտագոյն գիտութիւնը։

* * *

Սահմանադրութենէն ասդին թրքահայ ընկերութեան մէջ երեւան եկող իրողութիւնները, վերեւ նշանակուած խորհրդածութիւններուն տեսակէտով, շահեկան են։

Արդարեւ մեր մէջ մուտ գործել նկրտեցան կարգ մը գաղափարական նոր հոսանքներ, որոնք իրենց սեփական, եւ իրարու նկատմամբ, ինչպէս հին հիմնարկութիւններու եւ ըմբռնումներու հանդէպ ունեցած դիրքովն իսկ՝ զերծ չպիտի ըլլային օգտակարութեան բաժինէ մը։

Յեղափոխական ու քաղաքական կուսակցութիւններուն՝ արտասահմանի մէջ սկսած իրերամարտ պայքարն ալ՝ փոխադրուելով մեր մէջ, պիտի ունենար ու սկսած էր ունենալ իր օգուտը։ Արժէքներու եւ արժանիքներու ճշդում մը երեւան գալ սկսած էր։ Եւ ատոր ջերմապէս պէտք ունէր հայ ընկերութիւնը։ Եւ շարունակելով այսպէս, ապահովաբար օր մը պիտի ողջունէինք զտումի, մաքրագործումի այն իրողութիւնը, որուն կը ցանկանք։

Բայց հայ տարրը, օսմանեան կայսրութեան մէջ բացարձակ անկախութեամբ տարր մը չէր։ Իր ճակատագիրն անմիջապէս կապեր ունէր երկրին ներքին ու արտաքին հանգամանքներուն հետ։ Յարաբերութեանց, կախումներու ցանց մը, որոնցմէ ձերբազատուելու որ եւ է կարելիութիւն գոյութիւն չունի։ Օսմանեան կայսրութիւնը բաղկացնող տարրերուն միջեւ, այնպիսի բարդ պատճառներու հետեւանքով, զորս ուսումնասիրել դուրս է ներկայ յօդուածին ծրագրէն, կարելի չէր եղած գոյացնել անհրաժեշտ միութիւն մը։ Ցեղային բոլոր նկատողութիւններն իրարու դէմ կ՚ելնէին։ Եւ այս իրողութիւնը Թուրքիոյ մէջ առաջ բերաւ տեսակ մը գոյութեան հարց, իւրաքանչիւր տարրի անհատական տեսակէտէն։ Միեւնոյն պարագան կը շեշտէր արտաքին քաղաքականութիւններուն սպառնալիքը, երկրին ընդհանուր ճակատագրին ուղղուած։

Արդարեւ, իրողութիւններ ու դէպքեր կուգային հերքել այն մեծ ու միամիտ վստահութիւնը՝ որով Հայը իր գիրկը բացած էր Սահմանադրութեան։ Եւ, Կիլիկեան Տռամը, արհաւրոտ օր մը, եկաւ մեր գիտակցութեան մէջ մխելու այն արիւնլուայ ճշմարտութիւնը թէ պահանջ կար ամէն նկատողութենէ, ամէն հաշիւէ ի վեր, հոգահար ըլլալու ցեղին գոյութեան գերակշիռ հարցով։ Այլեւս բոլոր միւս նկատողութիւնները, իրենց յարաբերական օգտակարութիւնն ու կարեւորութիւնը կը կորսնցնէին, եւ կը դառնային վնասակար, ցեղին միախմոր ամբողջութեան, այսինքն ամբողջական ուժին պահպանման տեսակէտէն։

Այսօր, մեծ դառնութիւնն ունինք հաստատելու թէ, կը շարունակուի ցրուումի, ուժերու բաժանման այն չարագուշակ ուղղութիւնը։ Ամէն ինչ, Հայոց ազգային կեանքին մէջ, ահաւոր կործանումի մը, անդարմանելի քայքայումի մը ախտանիշերը ցոյց կուտայ։ Ու, հեգնալիր տրտմութեամբ, կը խորհիմ այն պատմական առաքինութիւններուն, որք իբր թէ Հայունը եղած են դարերու ընթացքին։ Ապահովաբար, քննական խիստ վտանգաւոր վայրկեան մը կ՚անցընէ ցեղին գիտակցութիւնը։ Չէ կարելի ըսել թէ չունինք անձնուէր գործիչներ, ազգասէր առաջնորդներ. չէ կարելի ըսել թէ բարի կամեցողութիւններ կը պակսին, չէ՛. բայց ապահովապէս շուարած ենք, եւ մանրամասնութիւններու ճղճիմ փառասիրութեան մէջ մոլորուն։ Ցեղին հաւաքական գիտակցութիւնը վտանգի մէջ է, նշաւակ ըլլալով տեսակ մը տարականոն ու ախտաւոր դրութեան։ Ինծի կը թուի թէ մեր բոլոր աստուածները վար ինկեր են իրենց պատուանդաններէն, եւ Ազգային Պանդէոնը՝ կիսաստուածներու թերատ ու անբաւական հանճարին ժամադրավայր դարձած է այսօր։ Ապահովաբար, աստուածային իմացականութեան մը ազդումին, գերագոյն ներշնչումի մը կենդանութեան, Եհովայի մը հրեղէն աջակցութեան պէտք ունի ցեղին հիւանդագին գիտակցութիւնը, արթննալու համար իր բարի աւանդութիւններուն փրկարար ուղղութեան վրայ։

Եթէ, այդպէսով, կարելի ըլլայ փրկել ցեղին գիտակցութիւնը, հրաշալի երեւոյթի մը հանդիսատես պիտի ըլլանք այն ատեն։ Բոլոր մասնաւոր պզտիկ ատելութիւնները, մասնաւոր ջնջին քէները՝ իրենց յարաբերական յետսապահանջումներն առկախ պիտի բռնեն ժամանակի մը համար, եւ խմորը պիտ հաւսըրի համակրութեան վճռական շարժումի մը մէջ։ Ցեղին գիտակցութիւնը, ազատագրուած՝ պատահական պահանջներու կոտորակումէն, պիտի մեծնայ, պիտի ընդլայնուի, պիտի բարձրանայ, համայնական կշռոյթի մը ներդաշնակութեան մէջ բաբախելու համար իւրաքանչիւր անհատի հոգւոյն խորը, Գերագոյն Շահին, գոյութեան պահպանման փրկարար պահանջին տեսակէտէն։

Իրերու արդի ուղղութեամբ, այս մասին յուսա՞լ թէ յուսահատիլ. Չեմ գիտեր…։

 

«Ձայն հայրենեաց», 1909, 8-21 Դեկտեմբեր, թիւ 8-9 (58-59)