Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ 

Գարնան անուշ հովերն՝ որ կը փչեն, գարնան քաղցրիկ զովերն՝ որ կը գգուեն խոհուն ճակատներուն ցրուած գիսակները, նշենուն ճերմակ ծաղիկներուն թափթփուած բոյլին հետ, որ կուգայ իյնալ, ցրցքնել մեր շուրջը, կը թուին բերել նաեւ բանաստեղծ հոգիներուն՝ երանիկ երամներն եդեմային անուրջքներուն։

Գարնանաբեր ծաղիկը ծաղկեցաւ պուրակներու ծածկոցին տակ. ծաղկեցաւ ծիծղուն ծաղիկը շուշանասպիտակ՝ մեր պարտէզի նշենուն, ու կ՚սկսին փթթիլ բոլորն ալ, բոլոր անոնք՝ մսկոտ ու հիւանդագին ապաքինման՝ կեանքի ու խանդաղատանքի հրեղէն համբոյր մը կը հաճի տալ արեւն, իր մէկ ջերմիկ ճառագայթով։ Բնութեան, մեծ, լայն բնութեան, մայր-բնութեան ծոցին մէջ ուր կը տարածուի տիեզերքի անհուն, զգալի, շօշափելի բայց անիմանալի աստուածութիւնը, համայնաստուածութիւնն ամբողջական գոյութեան, կեանքի, անհուն կենդանութեան վերկենցաղական ծաղկարանն է որ խանդոտ, արեւոտ ծաղկումներով կը ծիծաղի ինծի։ Բոլոր ապրող գործարանաւորութիւններուն, բոլոր կենդանական յորձանապտոյտի ներդաշնակ առնչութիւններուն ու համակիր յարաբերութիւններուն, բոլոր նրբերանգներուն ու բոլոր նրբագիծներուն այս արուեստագիտական համայնքը, դէպի կեանքի սիրաւէտ ծոցը, դէպի բնութեան հիւրընկալ գոգը, իրական, բնական, օրինական հրաւէր մըն է։

Ամբողջին մէջ՝ աստուածանալ, հոգու կորովի տարածականութեամբ մը, տիեզերքին վրայ տարածել իր պզտիկ այլ անչափելի եսին գերառաձգական մեծութիւնը, գրկել, ընդգրկել գոյութեան համայնութիւնն իսկ, երկնքին տակ, աստղերուն տակ, արեւին տակ, հոս տեսանելուն ըմբռնման մէջ։ Ահա այս է բնական մարդուն, ճշմարիտ, սկզբնական, յաւիտենական մարդուն մտատիպարը։

Ընդհանուր գոյութեան մէջ, գործարանաւոր կեանքի իբրեւ ազնուագոյն յայտնութիւն, կը սիրեմ արեւը որ կեանք կուտայ ինծի, կը սիրեմ կեանքը որ այս օրուան գոյութեանս հանդիսարանն է։ Բոլոր շեղումները, բոլոր նրբութիւնները, բոլոր քաղաքակրթութիւններն ու զարգացման պիտակներն ու պատրուակները, աւա՜ղ, ըրին որ մարդը հիւանդանայ, բացասանայ, այլասեռի։

Ինչո՞ւ կը փախչիք արեւէն որ կը տաքցնէ ձեր հոգին, ու որ գոյն կուտայ ձեր կեանքին ինչպէս լեռներու արագաշարժ այծեամներուն, սարերու ջլապինդ քարայրներու եւ դաշտերու բոլոր ծաղիկներուն։

Տժգոյն, դողդոջուն սիրահարներ, բեւեռային մեռելական անսահմանութիւններուն, ուր չի ծաղկիր եղրեւանին, ուր չի թռչիր արշալոյսի ոսկեզօծ թիթեռնիկը, ուր կեանքը շինծու ու անկենդան ծաղկի մը նման ցուրտ է ու անհրապոյր։ Մելամաղձոտ անապատներու յուսահատական առանձնութեան սգաւո՛ր ագռաւներ, սեւեր հագած, սեւին յարած, սեւով յագեցած։ Գահավիժող անդունդին գիշերուան տխուր մութին, գերեզմանի փոսփորային լպրծուն խոնաւութիւններուն, յիշատակի անարիւն դալկատիպար ծաղիկներուն, բոլոր բացասութիւններուն եւ բոլոր ուրացութիւններուն, բոլոր հրաժարումներուն ու բոլոր հակակրութիւններուն գերի, եւ ախտավարակ անձնականութեան ունայնութիւններովը հիւանդ հոգիներ, ա՜հ, կ՚ատեմ, անկեղծօրէն կ՚ատեմ ձեզ, ամէնքդ ալ, գարնան ծաղիկներուն, առտուան առոյգ թիթեռներուն, բոլոր բողբոջումներուն ու բոլոր կենդանականութիւններուն այս բարեկամ, սիրական, հմայական ներդաշնակութեան առջեւ, հանդիսաւո՛րապէս։

Ժխտական իմաստասիրութիւնը, չունի գիտական կռուան որուն վրայ կարենար կանգուն մնալ, իր ունայնասէրի փղոսկրեայ մեկուսացեալ աշտարակը շուտ կը փլչի։ Հեռացումը, բնութեան բարի գոգէն, անգոյակ այլուրի մը, ցնորական անդրագոյնի մը, պլատոնական օդային նախատիպ գաղափարի մը համար, բացասումն իսկ է տիեզերքի անյեղլի օրէնքներուն։

Ինչո՞ւ այս անստոյգ ու ընդվայրապար փնտռտուքը, անգոյ սահմաններու մէջ, երբ ամէն բան կայ արեւին տակ։ Իտէալը, զոր բնազանցութեան մէջ կը փնտռէինք, յաւէտ անմերձենալի, յաւէտ չարչարող, մեր գոյութեան ներքին ծալքերուն տակ պահուըտող բարեշրջութեան օրէնքին գաղափարացումը պէտք է որ ըլլայ։

Բնութեան լայն ծոցին մէջ, ու միմիայն հոն, հոն են բոլոր ներդաշնակութիւններուն տարրերը։ Փախուսիկ նօթեր, տարտղնած երանգներ, թռուցիկ վանկեր, ցրուած գիծեր կան։ Պէտք է ծաղկաքաղել զանոնք ճաշակով արուեստագէտի տպաւորութեամբ զգալ անոնց թաքուն առնչութիւններուն ծփանուտ հիւսուածքը, ու մարգարտաշարել զանոնք իրարու քով։ Ամէն ինչ աւելի կամ նուազ, գէ՛թ գեղեցկութեան տարրը ճոխացընելու չափ, բնական ներդաշնակութեան կը միտի արեւու տակ։ Ընկերութիւնն իսկ վիճակուած է, իր բարեշրջման ծայրագոյն աստիճաններուն վրայ, մարդուն աստուածացման մէջ, գերագոյն ներդաշնակութիւն մը կազմել օր մը։ Եւ գուցէ արուեստը, առաւելապէս այն ատեն ընկերային, միջազգային համացեղային այդ օրը միայն իր մեծագոյն գործերը պիտի արտադրէ։

Երբ գեղեցկութիւնը, բնականաբար տիեզերքի ենթակայական ըմբռնումէն ծնած, իրօք գոյութիւն ունի երկրի վրայ, ո՞ր գեղեցկագիտութիւնն աւելի մեծ է ու աւելի վեհ, քան աշխարհիս կեանքի ստորասական ըմբռնումներուն վրայ հիմնուած գեղեցկագիտութիւնը, ուժով, տոկուն, արեւոտ։ Միստիկական արուեստը, իր բոլոր ոգեպաշտական հրապոյրներուն, բոլոր ունայնասիրական հաճոյքներուն, առանձնական քաղցրութիւններուն, թուլութիւններուն ու նուաղումներուն, ստուերներուն ու խոնաւութիւններուն, կիսամրմունջ ողբական երաժշտութեան մէջ, գիտականօրէն, տրամաբանօրէն, մարդկայնօրէն, անյարմար է վճռական ձեւի տակ յայտնուելու։ Կեանքի ժխտումը՝ անմահութեան արժանի չի կրնար ըլլալ, եւ եթէ մարդկութիւնը յաւիտենական է, արեւու կենսատու լուսովը միայն յաւիտենական է։

Ահա՛, հո՛ն են բոլոր իմաստասիրութիւններն ու բոլոր արուեստները, հո՛ն պատմութիւնը—։

Ի՞նչ բան շինեց բոլոր հեթանոս ազգերուն մտաւորական ու արուեստագիտական մեծութիւնը, եթէ ոչ համագոյից համաստուածային ըմբռնումն ու անոր արդիւնք՝ արուեստին մեծ ու վսեմ իրականութիւնը որ յաւիտենական է։

Տրտմութիւնն եւ արցունքը սակայն միշտ կեանքի ուրացումը չեն։ Եթէ բնագիտական, նիւթական կամ բարոյական գործողութեան մը (action) հետեւանքով, որ անհատին վրայ պիտի անդրադառնար, երեւան կուգայ ցաւի կամ վիշտի պարագայ մը, տխրութիւնը բնական վիճակ մըն է։ Արուեստին տեսակէտով մանաւանդ, որ ենթակայական է յաւէտ, տխրութիւնն ու տժգունութիւնը մեծ évocateurներ են եղած մարդուն համար։

………………………………………………………………………

Վերջալոյսը, հեռաւոր հորիզոնին վրայ, վարդի, ոսկու եւ ծիրանու թեթեւ երազանքի մը մէջ կը նուաղի ահա։ Հայեցողն ալ ունայնին գաղափարովն ու համայնին գինովութեամբը պիտի նուաղէր…։

Ո՜հ, կէտադրութիւններու մոգական հնարքը տուէ՛ք ինծի, տկարութիւնները պահպանելու եւ տխուր լռելեայններու ներելի ընելու համար։ Ու թողէք ինծի մտածել իտէալ կեանքիս վրայ, որուն ծաղկալից վարդալից արահետներու մէջէն, սիրականի թեւին կրթնած, գլուխս երազներով լեցուն, հոգիս սէրերով լեցուն, սիրելի է ինծի, կիսափակ աչուըներով, մոլորուն քայլերով, դեգերիլ, երկա՜ր ատեն, գարնանային վերջալոյսի մը նուաղուն կարմիր նշոյլներուն մէջ…։

 

«Բիւրակն», 1898, 27 Օգոստոս, թիւ 28, էջ 518-520