Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԵՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

«Գարունը՝ գարուն էր», Թօլսթօյի միստիկ ու խորիմաստ խօսքին համեմատ, եւ մենք, երկու ընկեր, երկու ձիաւոր, դուրս եկած մեր առօրեայ մարդկային ցաւագար մտահոգութիւններէն, առտուանցով, դեռ մթնշաղին, քաղաքին խարխուլ դռուըները գոցեցինք ետեւնիս, դաշտերու լայն ու ազատ ճամբուն վրայ։

Բնութիւնը, խաղաղ գիշերուան մը աստեղազարդ երազներէն՝ հազիւ թէ հմայքոտ ու հրճուագին զարթում մը կ՚ընէ։ Արեւելքը, մթնշաղին մէջ, լեռներու սեւ ու դանդաղ հորիզոնին վրայ, պատկառելի, վսեմ ու կրօնական հանդիսաւորութեամբ կը բռնկի, կը հրդեհուի։ Զեփիւռ մը, զով ու խնկահոտ, կը սարսռայ ու թռուըռայ բնութեան մէջ, երկինքին մսկոտ ու ջինջ կապոյտ սնդուսը սրսփացնելով։ Հորիզոնին վրայ բիւր երանգափոխութիւններ, հազար ու բիւր թոյրեր, նրբաթոյրեր կ՚ուրուագծուին անզգալի իրերայաջորդութեամբ, եւ հուսկ ապա կը նուաղին, կը հալի՜ն, կը հատնին՝ կարմիրին համայնասփիւռ բոցավառ յաղթանակին մէջ։ Շեշտեր, վանկեր, հծծիւններ, սուլիւններ, կը թռչին, կը բարձրանան, կը թրթռան՝ անծանօթ անկիւններէ, եւ առտուան այս խաղաղ ու մաքուր պահուն, բնութեան խորանին առջեւ, համագոյից համայնական աղօթքը կ՚եղանակաւորուի, ուղղուած առ յաւիտենական Մայրը, Երկիրը՝ ուրկից կը ծնինք եւ որուն կը վերադառնանք մեր բոլոր ձեւափոխութիւններուն մէջ։

  * * *

Արեւը բարձրացած է արդէն եւ դաշտերուն ու լեռներուն կանանչ հանդերձանքը՝ ճոխ ու առատ ոսկեզօծումի մը մէջ կը շողշողայ։ Մեր ձիերը, քալելով ցօղաթուրմ կանանչին կազդուրիչ խոնաւութեան վրայ, կը վրնջեն հրճուանքէ, շարժելով իրենց բաշն ու կշռական հողմահարութեան մը մէջ՝ իրենց ջղուտ պոչերը ճօճելով աջ ու ձախ։

Հնձողներ, որ արտերուն մէջ գիշերած են, իրենց առտուան արդուզարդը կ՚ընեն, աղբիւրի մը կամ առուակիկի մը ջինջ ջուրերով, աշխատութեան բեղուն օրի մը պատրաստութեամբ։

Գալով մեզի, ճիշդ օրուան մը ճամբորդութիւն ունինք մեր առջեւ։ Արշալոյսին հետ արթնցանք, ու վերջալոյսին միայն պիտի կարենանք հանգիստ առնել։ Կը խթենք ուրեմն մեր ձիանը, որ կը խայտան ու կ՚շտապեն կանոնաւոր րահվանով, վասն զի դեռ տաքը կոխած չէ ու առտուան զովութիւնը կը մտրակէ իրենց քալելու եռանդը։

Երբեմն թիթեռնիկներ կ՚ընկերանան մեզի, մեր այս ընթացքին հետ մրցում մը փորձելէ յետոյ՝ շուտով ձանձրացած՝ թառելու համար ծաղկած պուրակի մը վրայ։ Երբեմն թռչնիկ մը կը կտրէ մեր ճամբան, արագ, ու տենդոտ սլացքի մը մէջ։ Ու կը քալենք մարգագետիններուն մէջէն, հասած ցորենի ու գարիի արտերուն եզերքով, կամ զմրուխտի կանանչութեամբ եգիպտացորենի տունկերուն բարձրուղեշ եւ սլացիկ շարքերուն մօտիկէն։

Արեւը հետզհետէ կը բարձրանայ հորիզոնին վրայ։ Տօթագին օր մը ինքզինքը գուշակել կուտայ արդէն։ Երկինքին վրայ՝ որուն միապաղաղ կապոյտը արեւին մէջ կը շողշողայ, ձիւնափայլ ամպեր կը սլքտան՝ աննշմարելի դանդաղութեամբ, ու քմածին ձեւափոխութիւններով։ Մերթ ամպի փերթ մը իր վաղանցուկ ստուերին կազդուրիչ զովութեան մէջ կ՚առնէ զմեզ, ու ատիկա՝ բարիք մըն է մեզի համար։ Մանաւանդ քիչ մը աւելի հոգի ու շունչ կ՚առնենք՝ կէս ժամու չափ ընդարձակ ու ստուերախիտ ծառաստանի մը զովութեան մէջէն ճամբորդելով։

Կէսօր եղած է արդէն, ու մենք ձիերէն վար կ՚իջնենք ծառաստանին եզերքը քերող առուակի մը ջուրին մօտ։ Մաքուր օդը եւ շարժումը սաստկօրէն գրգռած են մեր ախորժակները, եւ, մեր տենդավառ ստամոքսները սառնորակ ջրով ցօղուելու պէտքը անդիմադրելի դարձած է։ Ձիանը կ՚ազատենք իրենց սանձերէն, թողլով զիրենք՝ որ արծին թարմ ու անկոխ կանանչը, ու մենք, սխտորով ու պանիրով սարքուած համեստ ճաշէ մը յետոյ՝ կ՚ընկողմանինք շուքերուն մէջ ու կանանչներուն վրայ, կապոյտին երազներովը սնուցանելու մեր կիսափակ ու արբշիռ նայուածքը։

* * *

Կէս ժամ յետոյ մեր ձիերուն վրայ ենք նորէն, շարունակելու համար ճամբանիս։ Տաքին անխուսափելի աշխարհակալութիւնը կը նեղէ զմեզ ու մեր ձիանը՝ որ ծով-քրտինքին մէջն են հիմա եւ դանդաղ ու դժկամակ ընթացքով մը կը քալեն։

Հիմա ա՛լ մեր ճամբորդութիւնը մանաւանդ չարչարանք մը, դժոխային տաժանք մըն է, քան զբօսանք մը, Տերեւ մը, յարդի շիւղ մը չի շարժիր։ Մթնոլորտին մէջ եռուզեռում մը կայ եւ գոլը, դժոխքին բաց մնացած դռներէն իբրեւ թէ խուսափելով, կը խեղդէ զմեզ իր անճողոպրելի տիրապետութեան մէջ, արուն-քրտինքի կայլակներ քամելով մենէ։ Մեր պայուսակներուն մէջ մոռցած ենք շիշով ջուր առնելու, եւ քանի մը ժամը անգամ մը միայն կարելի է լեղի ջրհորի մը հանդպիլ։ Դժոխային պապակ մը կը տապկէ զմեզ, մեր շրթունքները իրարու կը կպչին ու մեր քիմքերը կը ցամքին ու կ՚այրին։ Մեր ճամբորդի շաղակրատութիւնները, պատմութիւններն ու հէքիաթները, որ զբաղեցուցած էին զմեզ հիմա ա՛լ ձանձրացուցիչ կը դառնան եւ խոր լռութիւն մը տիրած է շուրջերնիս։ Ու, մեր ինքնամփոփման մէջ, իւրաքանչիւրս իր խոհերուն մտերմութեան անձնատուր, ձիերուն դանդաղ դափրը միայն չոր ճամբուն վրայ, լռութիւնը կը խռովէ։

Ուշադրութիւնս, որ պահ մը իմ մէջս էր ամփոփուած, ապակեդրոն ճառագայթում մը կ՚ունենայ վերստին։ Կը դիտեմ արտերուն մէջ հնձողները, կին, աղջիկ, ծեր ու երիտասարդ։ Աշխատութեան տքնութիւնը կը ծանրանայ իրենց մէջքերուն ու կռնկին վրայ, լռին ու ցաւատանջ համակերպութեան մը մէջ՝ գլխիկոր կը շարժեն անընդհատ ծանր ու տաժանակիր մանգաղը, որ իրենց կեանքին բողոբոջները կը հնձէ։

Արտերուն եզերքը իշուկներ կ՚արածին իրենց քուռկիկներով. վայրի տանձենիի մը կամ սալորենիի մը աղքատիկ շուքին տակ՝ իրենց մօրը հետ արտ եկող անվարտի տղեկներ կը քնանան, քիթ ու բերան աղտոտութեան ու մուրի մէջ, ճանճերու շնական երամի մը յարձակումներուն տակ։

Մեռած գիտակցութիւն մը կը զրահաւորէ այս թշուառներուն գոյութիւնը, որ, անասուններու ընկերութեան մը մէջ՝ անասնացած է։ Այլապէս՝ հնար չէր հանդուրժել ընկերութեան այն ահարկու քմահաճոյքին՝ որ զիրենք կեանքի լուսանցքէն դուրս կը նետէ անկարեկիր։

* * *

Իրիկունը մօտեցած է արդէն, ու մենք այլեւս շատ հեռու չենք մեր նպատակակէտէն՝ որ յունական գիւղ մըն է։ Վերջալուսային զովութիւնները սթափեցուցած են զմեզ մեր ինքնամփոփ տխուր ներքնահայեցութիւններէն եւ, իրիկնամուտի երգը երգող արտոյտին հետ, մենք ալ մեր վրան բաւական սիրտ կը գտնենք՝ սիրերգ մը, եղերերգ մը թրթռացնելու մեր շրթունքներուն վրայ։

Հիմա՝ գիւղ մտնելու վրայ ենք, ամբողջ կարաւան մը կիներու, տղաքներու, կովերու, գոմշուկներու, քուռկիկներու՝ որոնք խմբովին կը վերադառնան, թէեւ աշխատաւորներու մէկ մասը արտերուն մէջ պիտի գիշերէ՝ առտուն կանուխ գործի գլուխ գտնուելու համար։

Արեւը մարը մտած է արդէն. օրն իրիկուընած է եւ կապոյտ մշուշներ կը դանդաղին հեռաւոր լեռներու ստորոտը։ Ամբողջ գեղը մթնշաղի մէջ թաթխուած է։ Քանի մը տարտամ ճրագներ միայն կը քթթին հոս հոն՝ պուրակներու մէջ փալփլող կայծոռիկներու նման։ Տուներու ցանկապատէն՝ շան հաչիւններ կը լսուին։ Ծծկան կովերու թաւ բառաջներ կը պատռեն լռութիւնը։

Քանի մը վայրկեան եւս՝ ու արդէն իջած ենք մեր ձիերէն։

Երկար ու տաժանելի ճամբորդութեան մը յոգնութիւնը եւ անտանելի տաքը՝ ջլատած են մեր նստելու ու շաղակրատելու տրամադրութիւնները։ Սուրճ մը, աղուհացով գիւղական ընթրիք մը, եւ արդէն ընկողմանած ենք փսիաթի մը վրայ, գեղի սրճարանին դուրսը, երկինքին տակ, անուշ ու կազդուրիչ քուն մը քաշելու համար։

* * *

Առատ թթուածինով ակաղցուն մաքուր օդի մէջ քնացողը՝ զերծ կ՚ըլլայ պատուհանները փակ սենեկի մը ախտաւոր մեղկութիւններէն։ Քուներնիս շուտով առած ենք արդէն ու արշալոյսէն առաջ ոտքի վրայ կը գտնուինք։ Ճամբորդութեան բոլոր յոգնութիւնը՝ գիշերուան հետ սկրթուած է վրայէս, ու, բազուկներս ու ոտքերս քննելով՝ ինքզինքս բոլորովին առոյգ կը զգամ։

Առտուն, գեղին մէջ՝ շատ անուշ է։

Աքաղաղները տունէ տուն իրենց հնչուն ու կոտրտած ձայներով արշալոյսին կարմիրները կը բարեւէն։

Ամբողջ գիւղը՝ ոտքի վրայ է արդէն։ Որը՛ արտը, որը՛ աղբիւրը կ՚երթայ։ Հօտաղը կը պօռայ եւ նախիրը կը ժողվէ։ Եզներ, կովեր, գոմէշներ, սայլեր՝ իրենց ճռճռոցով, աշխատութեան ամբողջ յոգնաբեկ ու մտածկոտ կարաւանը, համակերպած ու ճակատագրական տրտմութեամբ մը, կը շարժի, կ՚անցնի, կ՚երթայ, դէպի դաշտերը՝ բզկտուելու համար իր ուժին մէջ։ Մխիթարութիւն մը կայ՝ որ ուժին զսպանակները կը լարէ յարատեւ, ուժը պիտի պտղաբերուի, կը յուսացուի որ տարուան բերքը առատ պիտի ըլլայ եւ գեղացին ձմեռը պարտք չպիտի ընէ։

* * *

Մեր առջեւ ամբողջ օր մը ունինք գեղին մէջ մնալու։ Գործեր ունինք քանի մը գեղացիներու հետ՝ զոր կարգադրելէ յետոյ պիտի մեկնինք յաջորդ օրը։ Բայց հիմա, աշխատութեան ատեն, ամէն մարդ դուրս կ՚երթայ, գեղացիները գտնել անհնար է, պէտք է իրիկուան սպասել, զանոնք կարենալ տեղ մը ժողվելու համար։

Ուստի, զով օդով, գեղին մէջ կը սլքտանք ասդին անդին։ Գեղացին թէեւ յոյն է կրօնքով ու ազգութեամբ, սակայն ալպաներէն կը խօսի։ Թրակիայի այս մասերուն մէջ կան արդէն քանի մը ալպանախօս գիւղեր։ Հիները բնա՛ւ չեն գիտեր յունարէն. միայն քանի մը տարիէ ի վեր վարժարան մ՚ունին՝ ուր յոյն ուսուցիչներ կը յունացնեն զանոնք ամէն կերպով, իրենց անձուկ ու ողորմելի շօվինութեան բարիքները ցանելով անոնց մէջ, ու այդ վայրենիները օրթօտոքսութեան լոյսին վարժեցնելով։

Հակառակ իմ փափաքիս, չգտայ մէկը՝ որ ինծի կարենար ազգագրական տեղեկութիւններ տալ այս յունադաւան ալպանացիներուն վրայ։ Իրենց տարազով, իրենց սովորութիւններով, աւանդութիւններով, շեշտուած տարբերութիւններ ունին շուրջի յոյն գեղերէն։ Կիները մանաւանդ, իբրեւ աւելի՛ աւանդապահ ու բնաշրջական երեւոյթներու աւելի՛ դիմադրող, պահած են իրենց տարազը։ Մինչեւ մէջքը՝ պարզ կտաւէ շապիկի մը մէջ գրկուած է, վրայէն՝ նեղ, կարճ եւ կուրծքը բաց բաճկոնակով մը՝ որ ծիծերնին կը պոռթկացնէ կիսաբաց շապիկին գրգռիչ կաղապարումին մէջ։ Մէջքէն վար՝ անվարտի են։ Մինչեւ սրունքներուն կէսը, ուր տարփահրաւէր մերկութեան մը մէջ լեցուն պճեղներ կը ցուցադրուին, կ՚իջնէ բազմածալ թոյլ շրջազգեստ մը միայն, ընդհանրապէս տան կտաւէ կամ պասմայէ։ Ո՛չ գուլպա կը գործածեն ոչ տրեխ կամ կօշիկ։ Ամուր ու հաստատ քայլով մը կը քալեն, հողը ցնցելով ու իրենց սրունքին ու պճեղներուն գիրգ մսանները դողդղացնելով։ Գլուխնին ծածկուած է եազմայով ու լաջակով։ Վերջին աստիճան աղտոտ են ու ընդհանրապէս տգեղ։

Գիւղին մէջ ամենուրեք աղբնոցներ, իրենց գարշահոտութեան արտաշնչութեամբ՝ դաշտային մաքուր օդը կ՚ապականեն։ Կիներ, դռներուն առջեւ նստած՝ աղտոտ ծիծի առատութիւն մը դուրս ձգած իրենց սեղմ բաճկոնակէն, հաւասարապէս նողկալի աղտեղութիւններու մէջ մկրտուած երախաներ կը ծծցնեն։ Ուրիշներ՝ աւելի ծերեր՝ իլ կը ոլորեն, կոպիտ ու անհեթեթ ձախլիկութեամբ մը։

Ո՛չ մէկ հրապուրիչ, ո՛չ մէկ խանդավառող պատկեր կայ։ Ախտամոլ հետաքրքրութիւն մը միայն կրնայ ճարակիլ այս միօրինակ աղտոտութեամբ մթնոլորտին մէջ։

  * * *

Պարպա Եանիին խանութը կ՚երթանք՝ քիչ մը զուարճանալու համար։ Պարպա Եանին Թեսալիացի յոյն մըն է, որ իր ծննդավայրը քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր թողած՝ այս գեղը կ՚ապրի նպարավաճառութեամբ։ Կնիկ տղայ, զոր հոն, վարը թողած է, տարիներէ ի վեր տեսած չունի։ Իրենպէսերը շատ կան այս գեղերուն մէջ։

Ներս կը մտնենք խանութէն՝ որ միեւնոյն ատեն իր բնակարանն է։ Խանութ ըսուածը՝ ցածուկ շէնք մըն է պարզապէս։

Պարպա Եանին իր տեսակին մէջ իսկատիպ մը, եօթանասունը անցուկ ծերունի մըն է, նիհար, քերծուած մօրուքով, մկրատուած ճերմակ պեխերով, այլ, իր կաղամբի գոյն աչքերուն մէջ պահելով յամառութեան ու ինքնավստահութեան շողանք մը։ Մեզ տեսածին պէս՝ իր կարկտաններով պիսակաւորուած շայաքէ աղտոտ բալթօյին քղանցքը շարժելով ներս կը հրամցնէ զմեզ՝ կէս մէջքէն խոնարհութիւն մը ընելով։ Աղճատ, անկապ ու առանց քերականութեան կամ մանաւանդ յունարէն քերականութեամբ շարադրուած տաճկերէնով մեզի բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, կը խնդրէ որ մէյմէկ սօմա առնենք։ Պարպա Եանին հին ծանօթ մըն է, կարելի չէ իր առաջարկը մերժել՝ առանց զինքը վիրաւորելու։ Վերջին աստիճան գոհ՝ քաղքցի ծանօթներ գտած ըլլալուն, որոնց հետ իր սիրական նիւթերու վրայ պիտի կարենայ խօսիլ, Պարպա Եանին կը քշէ մեզի մէյմէկ կաղի պարապ սնտուկ, ու, ճերմկած յօնքերը վերվեր բարձրացնելով, ինքն ալ կը նստի անոնցմէ հատի մը վրայ։

Պարպա Եանին ուսումնական մարդ մըն է։ Մի՛ նայիք այսպէս գեղ տեղը ապրելը։ Կարդացած է, ու դեռ կը շարունակէ՜ կարդալ։ Ամենէն առաջ, քաղաքական լուրերու հիւանդութիւնն ունի։ Ինքը որ տարին հազիւ 15-20 ոսկի մը փարա կրնայ հանել իր հեռաւոր ընտանիքին համար, տարեկան բաժանորդագին մը կը վճարէ Պոլսի Քօնսթանթինուբօլիս ին. ու գիտէ՞ք քանի՜ տարիներէ ի վեր։

Ու, անգամ մը տեղաւորուած իր սնտուկին վրայ համեստ ու երկիւղած շեշտով մը մեզի իր հայեացքները կը պարզէ օրուան խնդիրներուն վրայ, որոնց մէջ տեղ ունին, Թրանսվալին—Չինաստանին քով՝ անթել հեռագիրը կամ ղեկաւոր օդապարիկը։ Պարպա Եանին կրօնական խնդիրներն ալ կը սիրէ։ Եթէ ազատախոհ մը չէ, կրօնամոլ մըն ալ չէ։ Իր նկատողութիւններուն մէջ, եկեղեցական խնդիրներու եւ քահանաներու շուրջը բողոքական շեշտեր կան։ Պարպա Եանին՝ կը ճանչնայ Թօլսթօ՜յը։

Քաղաքակրթութեան բարիքներուն վրայ խօսելով, կը դատապարտէ կրօնական խտրութիւնները։ Զարմանալի՜ բացառութիւն, Պարպա Եանին, երեսուն տարիէ ի վեր վայրենի գեղացիներու մէջ ապրող մարդ մը, կրօնամոլ ու սնափառ յոյն մը չէ։ «Տեսէ՛ք, կ՚ըսէ, այսօր Հայ եւ Յոյն Պատրիարքները ի՞նչպէս եղբայրաբար կը վարուին իրարու հետ, մինչդեռ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ…»։ Ու, առանց գիտնալու, Պարպա Եանին համազգայնութեան հոտ մը կը դնէ իր խօսակցութեան մէջ։ Բայց բոլոր այս անակնկալները, իր աղճատ, անճարակ թուրքերէնով, պէտք է գիտնանք թէ՝ մանաւանդ գուշակել կուտայ մեզի՝ քան կը բացատրէ։

Պարպա Եանիին հոգեբանութիւնը կը խուսափի մենէ։ Այս տարօրինակ ծերը, այնքան քաղաքավար, փափկանկատ՝ այնքան արթուն ու հետաքրքիր, կը զարմացնէ զիս իր դիոգինեան կեանքով։ «— Է՜հ, մենք ալ մարդ էինք երբեմն…» կը մխայ իր շրթունքներէն, տխուր ու թախծալից վերջաբանի մը մէջ։ Բայց ես զարմանքն ունիմ խորհելու թէ, մեր շուրջը, մեր քաղաքին մէջ, քանի մը հատ Պարպա Եանիներ դժուար պիտի ըլլար գտնել։

Ու հրաժեշտ կ՚առնենք իրմէն, զինքը վերստին տեսնելու խոստումով։ Պարպա Եանին, իր քաղաքավար խոնարհութեամբ զմեզ ճամբու դնելէ յետոյ, կը թաղուի իր մութ ու խորհրդաւոր նկուղին խորը։

  * * *

Մեր իջեւանած սրճարանին դէմն է եկեղեցին, որուն շրջափակին մէջ կը գտնուի դպրոցը։ Ընդհանուր աղմուկի մը մէջէն որ մեղուներու բզզիւնի մը տպաւորութիւնը կը թողու, երբեմն կը լսուին վարժապետին կշտամբանքներն ու դաժան կանչվռտուքը՝ որ իրեն մէջ հակակրութիւն հրաւիրող շեշտ մը ունի։ Հետաքրքրութեան համար ներս կը մտնենք եկեղեցիին բակէն, խրտչեցնելով ու սարսափահար ընելով կուռթ հաւ մը իր վառեակներուն հետ։ Մեր ներս մտած պահուն՝ տղաք ոտքի վրայ են, մանչ ու աղջիկ, ընդամէնը 30 հոգի մը, այս վերջիններն ունենալով 15 տարեկանի մօտ վարժուհի մը, որ, իր կարգին ուսանողուհիի մը տպաւորութիւնը պիտի թողուր։

Վարժապետը, երկայնահասակ, նիհար, Տօնքիշօթական լրջութեամբ, խարտեաշ մըն է, իր դիրքին գիտակցութիւնը ունեցողի մը բոլոր կոկոզավիչութեամբ, չի բարեհաճիր իսկ մեզի ուշադրութիւն դարձնել։ Կրօնական նուիրականութեամբ վայրկեանի մը այցելած ենք դպրոց, ճաշի ժամն է, ու տղաք աղօթքի համար ոտքի վրայ են։

* * *

Իրիկունը, քեահեա յին միջոցով մեր փնտռած մարդիկը կանչել տուած ենք մեր սրճարանը։ Գեղացիին ջիղերը զարմանալի հանդարտութիւն մը ունին։ Ո՛չ մէկ բան անակնկալ չէ իրենց համար։ Դժուար է իրենց խօսք հասկցնել, ամենադժուար է՝ համոզել զիրենք։ Այս պայմաններուն մէջ կարգադրած ենք մեր գործերը, եւ ընթրիքէն յետոյ որ պանիր հացէ տարբեր բան չի կրնար ըլլալ, տեղաւորուած ենք արդէն մեր փսիաթին վրայ, քնանալէ առաջ երկար ատեն դիտելով երկինքը, յարդգողին գաղտակուրի բողբողումները, ու պատրաստուելով երազել՝ լուսաւորներուն մտերիմ ու ոսկեզօծ քթթումներուն տակ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1901, 1 Հոկտեմբեր, թիւ 19, էջ 792-799