Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՄԻԼ ՎԷՌՀԱՌՆ

ԲԱՐԻԶԻ Սանսօթ եւ Ընկ. հրատարակչական տունը՝ մէկ երկու տարիէ ի վեր ի լոյս կ՚ընծայէ պզտիկ հատորներու շարք մը, Des Célébrités d’Aujourd’hui, (Օրուան երեւելի անձնաւորութիւններ, ) ընդհանուր մակագրին տակ, ուր, հաճոյատեսիլ տողանցումի մը մէջ, կը ներկայանան անոնք, օրուան երեւելի անձնաւորութիւնները։ Ալպօմը ճոխացած է արդէն աւելի քան երեսուն դէմքերով, ուր շատերու մէջէն, ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ Բօլ Ատան, Միռպօ, տը Կուռմօն, Նիչէ, Լըմէթռ, Անաթոլ Ֆռանս, Անռի տը Ռէնեիէ, Պուռժէ, Բէլատան, Բիէռ Լուիս, Մէթէռլէնք, Պռիւնըթիէր, Մոռէաս, Քլէմանսօ, եւ այլն։ Իւրաքանչիւր հատորիկ, կենսագրական ու քննախօսական մենագրութիւն մըն է, ճոխացած՝ կենդանագիրներով, ուսումնասիրուած անձնաւորութեան ձեռագրէն ընդօրինակութեամբ մը, հռչակաւոր քննադատներու կարծիքներէն՝ ծաղկաքաղով մը, եւ խնդրի առարկայ հեղինակին հրատարակած ու աշխատակցած երկերուն ու հանդէսներուն մէկ մէթոտիկ մատենախօսական ցանկովը։

Այս խիստ շահեկան ու գեղեցիկ շարքին նորագոյն հատորն է՝ Էմիլ Վէռհառնի նուիրուած հատորը, աշխատասիրութեամբ Լէոն Պազալժէթի։ Լէոն Պազալժէթ՝ հայ ընթերցողին համար նոր անուն մըն է, բայց կ՚արժէ որ զինքը ճանչնանք։ Անիկա կը պատկանի ֆռանսացի նոր գրողներու այն անկախ դասակարգին՝ որ իրենց լայն մտքովն ու ոչ նուազ լայն հոգիովը նպաստած են միջազգային ոգիին ծաւալման։ Լէոն Պազալժէթ՝ հանրամարդկային եւ միջազգային մտքին (Internationalisme) ախոյեան մըն է։ Ժամանակիս ոգիէն բղխած է ինք եւ իր գործունէութիւնը այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ նշանակալի կրնայ նկատուիլ։ Այս եռանդուն ու ազնիւ հոգին, իր գրքերով ու լրագրական յօդուածներով նպաստած է օտար գրականութիւնները Ֆռանսայի ծանօթացնելու գործին։ Ժամանակ մը հրատարակած է Magazine International խոշոր գրական հանդէսը, ուր իրարու քով եղբայրաբար ժամադիր կ՚ըլլային՝ ամերիկացի Վալթ Հուայթմէնը, իտալացի Ատա Նէկռին, սպանիացի Էօժէնիէօ տէ Քաստրօն, Անգլիացի Էտուար Քարբէնդըրը, պէլճիքացի Լըմոնիէն եւ Էքհուտը, հոլանտացի Միւլթաթիւլին, նորվէկիացի Իպսէնը, ռուս Վսէվոլոտ Կառչենը, եւ այլն, եւ այլն։ Magazine International իր նպատակին արժանի հոյակապ հրատարակութիւն մըն էր։ Ու մենք, մեր կարգին Լէոն Պազալժէթը սիրելու այնքան աւելի պատճառներ ունինք, որքան պարտինք գիտնալ թէ, այս ճշմարիտ internationalisteը հետաքրքրուած էր նաեւ հայ գրականութեամբ, եւ զայն իր հայրենակիցներուն ծանօթացնելու իրական բաղձանք մը ունէր, երբ կը հրատարակէր իր հանդէսը։ Magazine Internationalին դադարումէն ի վեր, Լէոն Պազալժէթ պարապ կեցած չունի։ Հրատարակած է քանի մը թանձրահատոր գրքեր, ուր կը բացատրէ միջազգային ոգին, իր ընկերային, գրական, արուեստագիտական ու իմաստասիրական երանգներուն մէջ, ու պատրաստելու վրայ է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը Վալթ Հուայթմէնի վրայ, զոր կը նկատէ Շէքսբիրի աստուածային շառաւիղէն քնարերգական տիտան մը։ Գրած է նաեւ տետրակ մը, ուր իր հայրենակիցներուն կը ներկայացնէ ու կը յանձնարարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեծանուն նախագահը, Թէոտոռ Ռուզվէլթ, ուժի, կորովի ու գործունէութեան այդ անօրինակ տիպարը։ Օրուան երեւելի անձնաւորութեանց այս միեւնոյն շարքին մէջ, Պազալժէթ տուած է նաեւ խանդավառ պատկեր մը՝ պէլճիգացի մեծ Քամիյլ Լըմանիէէն։ Խանդավառութեան, անկեղծութեան, կամքին ու կորովին պանծացումը, ապրելու բեղուն բնազդին փառաբանումը, ահա՛ իր ստորոգելիներն ու պատրուակները։ Լէոն Պազալժէթ չէզոք միտք մը չէ, հանդէպ իրերուն եւ մարդերուն։ Ի յառաջագունէ դատող մըն է ան, եւ իր դատաստանները այնքա՛ն անկեղծ ու համոզուած են, որքան բուռն ու նոյն իսկ մերթ անիրաւ։ Բայց այս հանգամանքները ոչինչ կը պակսեցնեն իր գործունեայ ու անձնուէր սերմանողի արժանիքէն։ Անիկա ժամանակակից կենդանի մտքին ձայնն է, եւ ինչ որ կը հակասէ իր կանխամտածութիւններուն, բնականաբար հարուածելի է ու դատապարտելի։

Այդ միեւնոյն նկատողութիւններուն տեսակէտէն, ահա իրեն կը վիճակի կենսագրել այն տարօրինակ ու զարմանալի մեծ պէլճիգացին՝ որուն անունն է Էմիլ Վէռհառն։ Լէոն Պազալժէթ՝ աւելի ձեռնհասներուն կամ մասնագէտներուն կը թողու ուսումնասիրել Էմիլ Վէռհառնը՝ իբր արուեստագէտ։ Ինք՝ անոր մէջ նկատողութեան կ՚առնէ մանաւանդ մարդը, նկարագիրը։ Իրաւ է որ Էմիլ Վէռհառն արդի ֆռանսական գրական շարժումին մէջ կը նկատուի symbolist–սէնպօլիստ դպրոցէն, որուն հիմնադիր ու պարագլուխ հանդիսացաւ Մալլառմէ եւ ուր կը համրուին Ժան Մոռէաս, տը Ռէնեիէ, Ֆօռ, Լաֆուկ, եւ դեռ բազմաթիւ անուններ։ Այսօրուան գրական նոր սերունդը, որ իր կարգին իր մատուռներն ու իր դպրոցներն ունի, իրենց ինքնայատուկ նշանակութիւններով, ինչպէս են՝ Humanisme, Intégralisme եւ isme մոգական վերջաւորութեամբ ուրիշ անուանումներ symboliste դպրոցին ստգտանք մը ընել ուզած է իր քիչ մը ցուրտ եւ գոռոզ մենասիրութիւնը։ Նորերը, Ֆէռնան Կռէկի սերունդը, կ՚ուզեն ըսել թէ, սէմպօլիսմի խումբը քիչ մը շատ ինքնահաճօրէն գինովցած եսին պանծացումով, մոռցան իրենց ժամանակը, անտեսեցին անոր ոգին, անոր յարանորոգ ձգտումները, եւ արտադրեցին արուեստ մը, որ գրեթէ ոչինչ ունէր արդիօրէն մարդկային, ըլլալով բնազանցամոլ եւ իր շուրջի իրերուն անտարբեր ոգիի մը արտայայտութիւնը։

Արդ, այսպիսի մեղադրանք մը բոլորովին անպատշաճ է Էմիլ Վէռհառնին համար, որ ներկայ ժամանակին պահանջներէն բղխած անհատականութիւն մըն է, «արդիական, եւրոպական, համաշխարհային» ոգի մը, ոսկեզօծ շքեղ վաղորդայններու մարգարէական տեսիլքներովն արբշիռ։

Ահաւասիկ իր պատկերը, աչքիս առջեւ ունիմ զայն։ Ոսկրուտ, եռանկիւնաձեւ դիմագծութիւն մը, խորտուբորտութիւններով կնճռոտած լայն ու ստուերամած ճակատ մը. պատկառելի քիթ մը. ակնոցներուն ետեւ պահուըտած վայրահակ աչքեր՝ յառաջակարկառ մացառուտ յօնքերով հովանաւորուած, վար իյնող երկայն ցանցառ ընչացք մը, որ շրթունքները կը ծածկէ։ Նայուածքը վայրահակ է, սառած, տարտամ, պղտոր։ Տարակուսելի է թէ որոշ բան մը կը տեսնէ՞ ան։ Թերեւս իր զառանցական տեսիլքներուն հայեցողութեան մէջ անշարժացած է ան, մտիվար, մտամոլա՜ր։ Որքա՜ն դառնութիւն, որքա՜ն սուգ կայ այս դէմքին վրայ։ Թանձրօրէն մտահոգ, վշտագին սատուրնական մըն է ան, իր անիրանալի երազներուն եւ ցնորքներուն հայեցողութեան մէջ մխիթարուած։

Ահա՛ ըստ Լէոն Պազալժէթի, Վէռհառնի կենսագրական գիծերը, համառօտակի։

Էմիլ Վէռհառն ծնած է Պէլճիքայի Սէնթաման գիւղաքաղաքին մէջ, 1855 մայիս 21-ին։ Էսքօի եզերքը, «հովերէն աւլուած ընդարձակ դաշտերու հորիզոններուն վրայ, կը ցցուին զանգակատունները քաղաքներուն եւ գիւղերուն, որք միայն դաշտին միօրինակութիւնը կը խզեն։ Տարուէ տարի՝ գետէն բեղմնաւորուած մարգագետիններուն պարարտ խոտերուն մէջ մինչեւ կուրծքը թաղուած արջառներ ու ոչխարներ կը թափառին։ Եւ թումբերէն անդին, մեծ առագաստանաւերն են որ կ՚անցնին, արեւէն ոսկեզօծուած կամ վերջալոյսէն կարմրաշող…։ Բանաստեղծին բովանդակ մանկութիւնը սահած է այս դառնախիտ ու մեծվայելչօրէն տխուր երկրանկարին մէջ, որ զինքը կազմեց վերջնականօրէն։ Վէռհառն՝ Էսքօի զաւակ մըն է, եւ հիւսիսային Ծովուն մօտաւորութիւնները օծած են զինքը»։

Իր մանկութիւնը խորապէս դրոշմուած է այս շրջավայրին թողած տպաւորութիւններով՝ զորս այնքան խորհրդանշական ձեւերու ներքեւ յետոյ կրցած է ոգեկոչել իր երկրին մէջ։

Ընտանիքը կը բաղկացնէին, Էմիլի հօրմէն ու մօրմէն զատ, իր մօրեղբայրը, գործարանատէր մը, եւ մօրաքոյրը, որուն մասին մանուկը տածած է ամենաբուռն խանդաղատանք մը։

Մանուկ Վէռհառն՝ խեռ ու անկախ էր։ Իր սիրական զբաղումներն էին ժամանակ անցնել տան ետեւի ընդարձակ պարտէզին մէջ, դիտել Էսքօի վրայ ուռեցող սպիտակ առագաստները, ժամերով կանգ առնել գիւղի արհեստաւորներու կրպակներուն առջեւ։

Մինչեւ տասնեւմէկ տարեկան, յաճախած է Սէնթամանի նախակրթարանը։ Ժամանակն էր այլ եւս աւելի լուրջ ուսումներուն։ Այն ատեն՝ Պռիւքսէլն էր, ու Սէն-Լուիի ուսումնարանը, ուր անցուց երկու տարի։ Անկից վերջ կը մտնէ Սէնթ-Պառպի քօլէժը, ի Կանտ, որուն գրասեղաններուն վրայ, քանի մը տարի յետոյ, պիտի գային նստիլ՝ Մէթէռլինք ու Վան Լէռպէռկ, երկու պէլճիքացի ծանօթ գրագէտները։

«Այս գիշերօթիկ վարժարանական կեանքի մթին ու տափակ տարիներէն՝ բարի յիշատակ մը կը մնայ սակայն, այն սերտ բարեկամութիւնը, որ կը միացնէր Էմիլ Վէռհառնը իր դասընկեր Ժորժ Ռոտէնպաքին», ողբացեալ մելամաղձոտ բանաստեղծին հետ։ Այդ թուականներէն սկսած էին գրել իրենց առաջին ոտանաւորները, զորս իրարու կը կարդային։ Այդ խստամբեր ու հաւատաքննական շրջանակին մէջ, իրենց մտաւորական առաջին աստուածներն էին ՝ Լաքոռտէռ, Շաթոպռիան ու Լամառթին։

Ուսանողութեան այդ տարիները դժուարակիր էին Վէռհառնի եռանդն ու անկախութեան ոգին ունեցող պատանիի մը համար։ Ուստի եւ, տեսարաններ իր ուսուցիչներուն հետ՝ շատ հազուադէպ չէին։

Անկից յետոյ, Վէռհառն տարի մը ստիպուեցաւ մնալ իր մօրեղբօր գործարանին մէջ, գոհացում տալու համար իր ծնողաց բաղձանքին, որ զինքը կ՚ուզէին տեսնել օր մը՝ իր մօրեղբօր յաջորդը։ Բայց Վէռհառնի կոչումը այդ չէր. ինք՝ պէտք ունէր աշխարհը տեսնելու, ճանչնալու, իր բազմապատիկ երեւոյթներուն ներքեւ։ Ատոր համար միջոց մը գտնել դժուար չեղաւ։ Իբրեւ իրաւաբանութեան ուսանող, մտաւ Լուվէնի համալսարանը, եւ այս առաջին հեռացումը մայրենի օճախէն՝ վճռական էր։ 1881ին համալսարանը թողուց, այդ միջոցին վերջնականապէս ապացոյցները տալով իր կոչումին։

Համալսարանական շրջանը՝ իր մտաւոր ու գրական սնանումին շրջանը եղած էր։ Այն իմացական խանդոտ մթնոլորտին մէջ, ուր անցուց իր ժամանակը։ Հիւկօ, Միւսէ, Կօթիէ, ինչպէս նաեւ իրենց կարգին՝ Պոտլէռ, Լըքոնթ տը Լիլ, Քօբէ, Ռիշբէն՝ անծանօթներ չէին այլ եւս։

Վէռհառն իր քերթողական առաջին վարժերը հրատարակած է ուսանողական հանդէսի մը եւ Journal des Beaux-Artsի մէջ, զոր կը վարէր իր հօրը մէկ բարեկամը։ Ասիկա՝ իր ընծայումն էր, որ զինքը կը պատրաստէր ճշմարիտ կոչումին։

1881ին իր իրաւագիտութեան վկայագիրն ստանալէ յետոյ, Պռիւքսէլի մէջ փաստաբանութիւն ուզեց ընել։

«Ճշմարտիւ այս թուականին է որ Վէռհառնին համար կ՚սկսի նոր դարագլուխ մը։ Մեծ քաղաքը կը բացուէր իր առջեւ, իր հակահոսանքներով, դիմակալումներով ու շփումներով։ Իր հորիզոնը հետզհետէ կ՚ընդլայնէր ու Սէն-Թաման, Լուվէն, Պռիւքսէլ, աւելի ուշ՝ Լոնտոն, Բարիզ, աշխարհը…։ Ու ճշդիւ ինքը կը հասնէր եռանդայուզութեան ու բողբոջման վայրկեանի մը», որ Պէլճիքայի գրական շարժման տաք շրջանը կը յատկանշէ։

Վէռհառն՝ կը մասնակցի եռուզեռին։ La jeune Belgiqueի առաջին խմբագիրներէն է ինք։ Քիչ յետոյ իր ստորագրութիւնը կ՚երեւի Art Nouveauին ու Société Nouvelleին մէջ. Պէլճիքայի ու նոյն իսկ ֆռանսական արդի գրականութեան ամենէն պատկառելի հանդէսներէն մին, այսօր դժբաղդաբար շիջած։ Այդ միջոցին Վէռհառն կ՚ընդլայնէ իր ծանօթութեանց սահմանը։ Կը ճանչնայ Քամիյլ Լըմոնիէն, եւ տարի մը յետոյ իբրեւ կացորդ փաստաբան կը մտնէ մեծանուն Էտմոն Բիզառին քով, մտքի ու արուեստի անկախութեան այն պանծալի պաշտպանին, որ յետոյ պիտի հիմնէր Պէլճիքայի Բարձրագոյն ուսմանց նոր համալսարանը։ Բայց իրաւագիտական ասպարէզը չէր յարմարած իրեն։ Վէռհառն թողուց զայն վերջնականապէս 1884ին, նոյն իսկ Բիքառի խորհուրդով։

Տակաւին այդ թուականէն տարի մը առաջ, Վէռհառն հրատարակեց իր քերթուածներու առաջին հատորը, Les Flammandes (Ֆլամմանուհիներ)։

«Երկը բուռն էր, թանձրազանգուած ժպրհութեամբ եւ գործադրման այնպիսի ազատութեամբ մը, որ պիտի գայթակղութիւն ծնուցանէին»։ Պարկեշտութեան, Խիպին ու «անոնց բարոյականը»ին պաշտպան վարձկան մամուլը՝ իր կեղծապարիշտ ու թառթիւֆական պարտականութիւնը կատարեց։ Բայց միւս կողմէն, ահա՛ Քամիյլ Լըմոնիէն, որ իր հզօր անկեղծութեամբը գեղեցիկ պաշտպանութիւն մը կ՚ընէր Վէռհառնի իսկատիպ տաղանդին, նոյն իսկ այն թերթին մէջ՝ ուր առաջին անգամ երեւցած էր իր մէկ նշանաւոր վէպը, Un Mâle։

Այս հատորը, Les Flammandes, գիւղի կեանքն է, իր բոլոր երեւոյթներով։ Եւ հոն իր տեղն ունի այդ կեանքի շրջանակին մէջ շարժող ամէն ինչ. նոյն իսկ արհամարհելի՜ եզը։

Ու սեւ ու շէկ եզները, որ յաճախ ամէնքը միասին

Կը պոռոչէին վիզերնին երկարած, դէպի մայրը մտնող արեւները։

Այդ տարիներու շրջանին Վէռհառն վարեց բոլորովին պոհէմի կեանք մը, ապրելով քիչ մը ամենուրեք, արուեստագէտներու, նկարիչներու եւ գրագէտ բարեկամներու հոսանքի մը մէջ, մերթ նոյն իսկ չքաւոր, բայց միշտ անհոգ, ու ապրելու տենդով տոգորուած։ Արուեստագէտներու հետ իր կապած սերտ բարեկամութեան թուականին կը վերաբերին իր երկու արուեստի ուսումնասիրութիւնները, Josephe Heymans (1885) եւ Hermand Khnopff (1887), այն թուականներուն՝ ուր տպաւորական (impressionniste) դպրոցը նոր կը փայլէր Պռիւքսէլի մէջ։

Իր քերթուածներուն երկրորդ հատորը, Les Moines (Վանականներ) երեւցած էր 1886ին. Պառնասի հրատարակիչ Լըմէնի տունէն։

«Այս հաւաքածոն հեռաւոր ծագում ունէր ու կը կապուէր մանկական մտերիմ տպաւորութիւններու։ Սէնթամանէն մէկ մղոնի չափ հեռու, ի Պոռնհէմ, Պէռնառտէններու մենաստան մը կար, ուր Կիւսթավ Վէռհառն, բանաստեղծին հայրը, խիստ մտերմօրէն կապուած մեծաւորներէն մէկին հետ, սովորութիւն ունէր ամէն ամիս ջերմեռանդ ուխտագնացութիւն մը ընելու։ Իր որդին կ՚ընկերանար իրեն, երբ տունը գտնուէր, եւ առտուան ժամը չորս ու կէսին կը մեկնէին, խոստովանելու եւ հաղորդուելու համար։ Այգուն այգուն այս արշաւանքները եւ այն սէգ դիմագիծերը, սքեմին ծալքերուն մէջ այնքան ազնուական, զորս կը նշմարէր մենաստանին նրբանցքներուն մէջ, մեծապէս տպաւորած էին մանուկին երեւակայութիւնը, եւ երկար ատենի համար։ Պոռնհէմի մենակեացները իր մտքին մէջ յաճախանք մը մնացին։ Անոնք են որ Les Moinesին իբր ենթակայ ծառայեցին, եւ այն թուականին, ուր Վէռհառն իր մէջ կը կրէր այն ոտանաւորները, զորս ձօնեց անոնց, վանականներուն, իր յիշատակները վերապրիլ փորձելու համար, գնաց Ֆօռժի մենաստանը, Շիմէի մօտ, ապրիլ քսանեւմէկ օրուան առանձնացում մը»։

Բանաստեղծին հոգին սկսած է արդէն դառնանալ աշխարհիկ կեանքի եռուզեռին յարափոփոխ ունայնութենէն։ Վանականներու մօտ այս յաճախումը եւ այս վերապրումը մանկական կեանքի յիշատակներու ու տպաւորութիւններու, իր հոգին ալ օծած են մենարանին միսդիկ տրտմութեամբը.

Վանականներ…

Որ կ՚ապրիք աչքերնիդ ուղղած ձեր փղոսկրեայ Քրիստոսին վրայ

……………………………………………………

Ես ալ մինակ պիտի ապրիմ, բոլորովին մինակ, իմ արուեստիս հետ

……………………………………………………

Քանզի միայն արուեստը կը մնայ երկրիս վրայ

Յանկուցանելու համար հզօր ու մենասէր միտք մը,

Եւ արբուցանելու համար զայն կարմիր ու ուժատու հեղուկով։

Այս տողերը քիչ մը չե՞ն յիշեցներ Թէոֆիլ Կոթիէի հրաշալի քերթուածը,

Tout passe. l’art robuste

Seul a l’éternité

Այնուհետեւ, յաջորդաբար երեւցան՝ Soirs (1887), Débacles (1888) եւ Flambeaux Noirs (1890), «Վէռհառնի գործին ամենէն յաճախ մեկնաբանուած մասը»։ Թանձր, դառնակսկիծ, մտախոհ մելամաղձութեան բոյր մը կը բղխի այս եռաբանութեան էջերէն, ուր իրիկուններուն տրտմութիւնը, հեռաւոր հորիզոններուն վրայ մարող ճամբաներու երկարաձգումները, գիւղին եզրը իր յաւիտենական խաչելութեան մէջ ուժաթափ հինուկ հողմաղացը, վերջապէս է՛ն աննշան իրերը կ՚ապրին, կեանքի սեւ հոգերուն սարսուռովը դրոշմուած։

Այն թուականներուն ուր Վէռհառն այս էջերը կը մրոտէր, յաճախակի ու երկարաձիգ բնակութիւններ կ՚ունենար Լոնտոնի մէջ։ «Հոն շատ կ՚աշխատէր եւ գրեթէ անկից դուրս եկած է ամբողջ եռաբանութիւնը»։ Այլ եւս իր տաղանդը հետզհետէ աւելի կը հասուննար. այս ճարտարարուեստի, ընկերային թշուառութեան, շոգիի, մուխի ու մրուրի միջավայրերը՝ նոր ու տարօրինակ տպաւորութիւններով կը տոգորէին զինքը, որ փղոսկրեայ աշտարակին առանձնասէր մենակեացը չէր։

Այս բիրտ ու սեւ Լոնտոնին մէջ, եւ այնքան դառնօրէն կենդանի եւ այնքա՛ն հմայիչ՝ իր տգեղութեամբ, Վէռհառն կուգար յագենալ այն յորդեռանդն տխրութեամբ՝ զոր կը քրտնին հիւսիսի քաղաքները, ու, ինքը կուգար հոն նաեւ, առանց թերեւս տեղեկանալու այդ մասին, գտնելու համար նոր գեղեցկութիւն մը խորը այն բանին՝ զոր ընթացիկ մարդկութիւնը կ՚անուանէ տգեղութիւն»։

Ո՜վ իմ իրիկուան հոգիս, այն սեւ Լոնտրան՝ որ քու մէջդ կը քաշքշուի…

Բայց հոն ուր Վէռհառնի եզական, մեծվայելուչ ու պանծալի տաղանդը ինքզինք կ՚սկսի յայտնել. այլ եւս բոլորովին իսկատիպ ձեւի մը ներքեւ, Villages illusoires է ան (1894)։ Բանաստեղծը այլ եւս խզած է բոլոր աւանդութիւններուն հետ։ Դասական չափաբերութիւնը անյարմար գործիք մըն է իր մտքին ու զգացողութիւններուն զարտուղի յեղմանց։ Ան՝ պէտք ունի, իր հզօր կամայականութիւններուն իբր պատշաճաւոր արտայայտութիւն, նոր չափաբերութեան մը, նոր լեզուի մը, նոր քերականութեան մը։ Իր այդ դիրքին մէջ, միանգամայն դժնեայ, վեհօրէն բարբարոս, եւ զարհուրելի կերպով առանձին է ան։ Իր հուժկու ձեռքին ներքեւ ամէն բան խորտակուած է կարծես։

Այս առթիւ չեմ կրնար չյիշել դէպք մը, զոր պատմելու համար լաւագոյն պատեհութիւն մը չպիտի կարենայի գտնել։

Villages Illusoiresը նոր լոյս տեսած էր։ Այդ պահուն պատեհութիւնն ունեցայ ճանչնալու ֆռանսացի երիտասարդ մը, որ իբր Հանր[ային] պարտքի վարչութեան քննիչ՝ քանի մը օր քաղաքս (Մալկարա) մնացած էր։ Իրիկուն մը, ընթրիքէն յետոյ, մեր տունը առաջնորդեցինք զինքը, քանի մը տեղացի բարեկամներու հետ։ Եռանդոտ, լուրջ, ազնիւ, ուսեալ երիտասարդ մըն էր։ Կրնար պարծիլ՝ ֆռանսական արդի գրական շարժումը ճանչնալու յաւակնութեամբ։ Ուստի եւ բաւական ախորժելի ժամեր անցուցինք իրեն հետ։ Բայց ես զարմանքով տեսայ թէ, իրեն ծանօթ ամենէն նոր հեղինակը՝ առ առաւելն Անաթոլ Ֆրանսն էր։ Չէր ճանչնար, ու պէտք չէր տեսներ ճանչնալու նոր գրական շարժումը, որ այսօր ճշմարիտ փառքեր կը համրէ արդէն։ Իրեն համար տարտամ ու գաճաճ անուններ էին օրինակի համար Վէռլէն, Մալլառմէ, Մօռէաս։ Ուստի եւ զարմացկոտ հետաքրքրութիւնն ունեցայ իրեն ներկայացնելու Վէռհառնի թարմ հատորը։ Հեղինակը անծանօթ էր իրեն։ Քաղաքավար ու շրջանկատ արհամարհանքով մը բացաւ գիրքը, պատահաբար իր ամէնէն գեղեցիկ էջերէն մէկին վրայ, La Neige։ Ազնիւ ֆռանսացին՝ տող մը միայն կրցաւ կարդալ, յստակ, վանկային արտասանութեամբ մը։

La neige tombe in-dis-con-ti-nú-ment! զարհուրած էր բարբարոս բառէն, indiscontinúment, ու մէկ կողմ նետեց հատորը։

Բայց տարօրինակ հատորը, իր 15 քերթուածներով, ամենքն ալ ազատ ոտանաւորով գրուած գլուխ-գործոցներու շարք մըն է միայն։ Խուլ ընդվզումին, իր ժամանակէն տառապող հոգւոյն յամառ հպարտ մարտիրոսութեան, անաղմուկ դիւցազներգութիւնն է ան։ Ճշմարիտ Խորհրդանշաններ են իր հերոսական Ատաղձագործը, Ջաղացպանը, Գերեզմանափորը, եւ մանաւանդ տիտանական Դարբինը։ Ու պակուցիչ, արհաւրալից, խորհրդաւորօրէն կենդանի դրուագներ են՝ Անձրեւը, Ձիւնը, Հովը, Լռութիւնը։ Ու, իբր գերագոյն մխիթարութիւն, կը նկատենք թէ, անհունօրէն երկարող գիշերուան մէջ, առտուան մը դէմ, յուսատու արշալոյսներ կը ճերմկին։ Վէռհառն՝ յուսահատը չէ ուրեմն։ Ինք կը հաւատայ լաւագոյն մարդկութեան մը կարելիութեան։ Անոր համար է որ գետին նաւավարը, (Le passeur d’eau) որ եղերական նաւաբեկութեան մը մէջ ջրամոյն կ՚ընկղմի, մինչեւ վերջին վայրկեանը, մինչեւ յաւիտեան՝ կանանչ եղեգ մը ունի իր ակռաներուն մէջ։

 

Բայց յամառ եւ հինաւուրց նաւավարը

Պահեց սակայն՝ Աստուած գիտէ որքան ատենի համար,

Կանանչ եղեգն՝ իր ակռաներուն մէջ։

 

Միշտ գրելէ, քիչ մը ամեն տեղ իր ստորագրութիւնը շռայլելէ չդադրելով հանդերձ, Վէռհառն պտտած է ամբողջ արեւմտեան Եւրոպան, զայն քանի մը անգամ խաչաձեւ կտրելով վերէն վար։

Եւ երբ հրատարակեց յաջորդաբար ուրիշ երեք գրքեր, Les villes Tentaculaires, Les visages de la vie, Les Forces Tumultueuses, արդէն իսկ վերջնականապէս ու ճշմարտապէս մեծ բանաստեղծ մըն էր, համեմատութեան տեսակէտէն՝ Հիւկօներու, Լամառթիններու, Լըքոնթ տը Լիլներու դասակից։ Լէոն Պազալժէթ, որու հատորիկէն են մեր բոլոր ջակերտումներն եւ ուրկէ կ՚առաջնորդուիմ Վէռհառնի կենսագրական մանրամասնութիւններուն համար, այդ գործերը կ՚անուանէ՝ «բացարձակօրէն անզուգական շրջապատող բանաստեղծութեան մէջ, եւ որոնց խուրձը բաւական է՝ դարու մը գրականութեան մէջ դարագլուխ մը բանալու»։

Այլեւս՝ տեսանողն ու մարգարէն, երբեմնի խստասիրտ սաստողն ու մռայլ բողոքարկուն, իր ցնորական հրաշալի տեսիլներուն դէմյանդիմանութեան մէջ, պայծառ վաղորդայններու հրճուանքը կը զառանցէ։

«Եւ բոլոր այս տեսիլքները կ՚անցնին, ահագին ու բաբախուն, ակօսուած փայլակներով, որ կը լուսաւորեն այն նոր աշխարհները՝ որոնց վրայ բանաստեղծը տնկած է արուեստի դրօշը»։

Բոլոր այդ քերթուածները կիկլոպային իրագործումով հսկայ յիշատակարաններ են, հզօր, բրգաձեւ, մեծվայելուչ։ Հոն ամէն բան զօրեղապէս ահագնացած, թանձրօրէն միստիկ, այլ տարօրինապէս իրական է։

Նոյն պահուն Վէռհառն առաջին անգամ Mercure de Franceին մէջ եւ յետոյ առանձին հատորով հրատարակեց les Aubesը, տրամերգական հոյակապ թատրերգութիւն մը, արձակ ու չափեալ՝ խառն, որ եթէ իբր բեմական գործ յաջողութին մը չեղաւ, այլ սակայն իբր քերթուած՝ վսեմ ու լայնատարած սաւառնումով յղացում մըն է, Իպսէնեան շունչով գրուած։

Ինչպէս կը տեսնուի, մեծ բեղմնաւորութեամբ միտք մըն է Վէռհառն։ Երբ, ինչպէս տեսանք, յաջորդաբար հրատարակեց վերջին նոր շարքը, (Heures claires, Les visages de la vie, Les Fores Tumultueuses) անոր իւրաքանչիւր օղակին մէջ իր հանճարը ինքզինք կը հաստատէր, միշտ նոր, միշտ անակնկալ, անհունօրէն այլազան։ Մանաւանդ թէ, առաջին օրերու սրտաբեկ մելամաղձութեան, գրեթէ վերջնականապէս յաջորդած էր նոր շեշտ մը, հաւատքը լաւագոյն կեանքին ու փառաբանութիւնը ապրելու բնազդին։

«Մարգարէական գրքեր, կ՚ըսէ Պազալժէթ, փարոս գրքեր, յիշատակարաններ մտածման ու արուեստի, հրատոչոր հոգիի մը քուրային մէջ ձուլուած, թերեւս չափազանց գեղեցիկ, կ՚ուզեմ ըսել չափազանց հզօր ու չափազանց ողողուած լոյսով, օրուան պղտոր մարդկութեան համար։ Ասոնք մանաւանդ ապագայ գրքեր են։ Եւ անոնք ինծի կը ներկայացնեն գերագոյն Վէռհառնը, ան՝ որուն ձայնը չպիտի կորնչի յաւէտ»։

Այնուհետեւ, 1900ին եւ 1901ին յաջորդաբար ի լոյս ընծայած է նաեւ ուրիշ երկու թատերախաղեր, Le Cloître եւ Philippe II, որոնց երկուքին ալ բեմական յաջողութիւնը համապատասխան չեղաւ Վէռհառնի համբաւին։ Ասոնցմէ դուրս, Վէռհառն գրած է արուեստի ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ Ռամպրանտի նուիրուածը (1905) հոյակապ գործ մըն է, ըստ Լէոն Պազալժէթի։

Ահա՛ այս եզական մարդը, իր անցեալ կիրքերուն ու ապագայի տեսիլներուն մէջ։ «Իր արուեստը, իր հայրենի հողէն դուրս եկած մարդոց բրտութիւնն ունի, որ կը զանազանէ զիրենք միմիայն դպրոցին մէջ կազմուած մարդերէն։ Բայց ասիկա յատկանիշն է բոլոր մեծ երկերուն՝ որոնցմով կը սնանի մարդկութիւնը, ինչպէս են՝ Աստուածաշունչ, Հոմեր, Շէքսբիր, Ռապըլէ։ Այդ արուեստը ոչինչ ունի կեղծանուշիկ եւ հաճոյական, ոչինչ՝ որ զինքը յանձնարարէ սալօններու սքանչացումին։ Անիկա սեպ ու խորտուբորդ է, առանց «ներդաշնակութեան», անիկա վայրագ է, անիկա մեծ է, անիկա ինքն իսկ է։ Անիկա չի ժպտիր խորհրդապահ ժպիտով մը, չի գիտեր նրբամոլ արուեստի մը կեղծուպատիր ծեքծեքումները. անիկա հարսներգներու ճաշակը չունի։ Ան կ՚աղաղակէ իր չարչարանքը, իր սարսափը կամ իր ուրախութիւնը, կեանքէն դուրս կը քաշէ ինչ որ կեանքը կրնայ տալ ամենէն աւելի թանձր ու սրտագրաւ, եւ այս՝ այնպիսի շեշտերով, որ կը ցաւցնեն, որ վախ կը պատճառեն, կամ որ զքեզ այլ յայլմէ կ՚ընեն։ Բայց մի՛ պահանջէք իրմէ, ինչ որ չի կրնար տալ, այն է՝ միջին յուզումը, չափակցական ու կատարեալ տեսիլը։ Անոր մի՛ խօսիք կանոններու վրայ. ձեզի պիտի պատասխանէր՝ «անհատ»ով։ Եւ չպիտի յաջողէիք զիրար հասկնալ։ Վասնզի իմաստակութեամբ միայն կարելի է իրարու հետ հաշտեցնել Ռասին ու Շէքսփիր, այսինքն մէկ կամ երկու դարերու միջոցին մարդկային խումբի մը կողմէ ընդունուած տարազի մը համեմատ արուեստը՝ եւ արուեստը, կարճ, անհունօրէն ազատ, «անկարգ»։ Վէռհառն, դիւթողներուն ու երաժիշտներուն մէջ՝ միակ հնարք մը ունի, բաւական քիչ սովորական, այնպէս չէ՞, զոր ի գործ կը դնէ ամէն վայրկեան, առանց զայն սպառելու վախին, վասնզի զեղուն է անով, այսինքն է՝ Ուժը ։ Իր արուեստին զանգուածներուն մէջէն ուժի գետ մը կը տարածուի։

Անիկա տագնապեալ մըն է, որուն արուեստը կը թելադրէ հրաբուխի կամ թաթառի տպաւորութիւններ։ Գոռումներ կը ցնցեն զայն, որք կարծես փոթորկալից դուրս կուգան գետնի խորերէն։ Քերթուածի տուն մը իրմէն՝ պարպւում մըն է մարդկային ելեկտրականութեան…»։

Վերջապէս երկու նոր գործեր, Tendresses Premières (1904) եւ Heures d’après midi (1905) կուգան հայրենի յիշատակները, հայրենի օճախին մոխիրները վերարծարծել։

Ասկից յետոյ, քանի մը ամիս առաջ իսկ, Վէռհառն հրատարակեց բանաստեղծութեանց նորագոյն հատոր մը, La Multiple Splendeur ուր միեւնոյն մարգարէական ոգին, իր ակնախտիղ լուսափայլութեամբ զգայապատրական տեսիլներ կը պատմէ, միեւնոյն եռանդագին անկեղծութիւնով։

Վերջացնելէ առաջ, հոս անհրաժեշտ է հայ ընթերցողին ներկայացնել Վէռհառնը՝ իր կենսագիր Պազալժէթի տողերուն մէջէն։

«Մանաւանդ փոքրահասակ, ուսերը կամարաձեւ, Վէռհառն՝ իր անձին մէջ կ՚ընծայէ չես գիտեր ինչ մը, միեւնոյն ատեն վարանոտ ու ջախջախուած։ Դէմքը նիհար է։ Ճակատն ու այտերը ակօսուած են խորունկ կնճիռներով։ Վզին մէկ սովորական շարժումը՝ գլուխը կը նետէ դէպի առաջ։ Անսահման եւ նորանշան խարտեաշ ընչացքներ, որոնց կը խառնուին քանի մը արծաթեայ թելեր, կը խափանեն դէմքը եւ զայն կը դրօշազարդեն կրկին փետրափունջով մը ծփուն ու դէպի վար իյնող։ Անյեղլի ակնոցներուն ետեւ՝ խիստ ջինջ, գորշ-կապոյտ աչքեր.

ծովն

եւ իր գոյնը իմ աչքերուս մէջն են.

կը ցոլացնեն գորով, տրտմութիւն եւ հայրենաբաղձութիւններ։ Բովանդակ մարդը կը մատնէ ծանրաբեռն յոգնութիւն մը, կտրուած՝ յանկարծական ու կամաւոր զօրութեամբ մը։ Դաշտային աշխատութիւններով կքած պիտի երեւակայէիք զինքը։ Հակառակ դէմքին, որ արուեստագէտին ջղայնութիւնը երեւան կը հանէ, իր անպաճոյճ քալուածքին, կցկտուր շարժուձեւերուն, իր ձեզի մօտենալու յանկարծադէպ եղանակին մէջ, գեղջուկ բան մը կը գտնէք։

Խօսքը խիստ յստակ, ջինջ ելեւէջներով, ոստումներով, կը բարձրանայ, եւ ամբողջութիւնը կ՚արտայայտէ խստութիւն ու քաղցրութիւն»։

Եւ ահա Քօբէներու, Օկիւսդ Տօռշէններու, Անտռէ Թէօռիյէներու քով, զարմանալի կերպով անծանօթ մնացած է մեզի այս հսկան։ Մեր արդի պոլսական բանաստեղծութիւնը, զոր կը յատկանշէ շինծու ծաղիկներու, կեղծ, բռնազբօսիկ զգացողութիւններու ճաշակը, պէտք ունի Վէռհառնին պէս անկեղծ, հզօր ու իսկատիպ տաղանդներու ազդեցութեան։ Ըսել չեմ ուզեր թէ պարտինք ստրկօրէն օրինակել իր եղանակները։ Բայց Վէռհառն, որ անկախ մը, ուժեղ մը, մեծ մըն է, կրնայ իր թելադրիչ ու վարակիչ օրինակով փրկել զմեզ օտարոտի կեղծ արուեստի մը նուաստացումներէն։ Անոր ազդեցիկ ու բանաւոր մտերմութիւնը կրնայ մեզի հարկադրել մեր սեփական ճամբաները փնտռելու եւ գտնելու մեծագոյն պէտքն ու բարիքը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907, 14 Մարտ, թիւ 11, էջ 267-274