Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԱՒԱՆԴԱՎԷՊԵՐԸ

Ներածութիւն կամ մարդկային հոգին՝ դարերու ընդմէջէն

Իր ունեցած կարողութիւններուն համեմատ, Մարդուն Ճակատագիրը կը թուի որոշապէս սահմանուած ըլլալ, եւ է՝ քալել, քիչ առ քիչ, դէպի ճանաչումն այն աշխարհին՝ ուր ինքը նետուած է, դէպի ըմբռնումն այն խորհուրդին՝ որ զինքը կը պարուրէ։

Ասոր համար՝ հետազօտութեան երկու գործիքներ տրուած են իրեն. Բանականութիւնն եւ Երեւակայութիւնը։ Բանականութիւնը կը հաստատէ իրողութիւնները, կը դասակարգէ, կը բաղդատէ զանոնք եւ կը հետամտի հետեւցնել՝ զանոնք պատճառաւորող օրէնքները։ Բայց պիտի չկարենար յաջողիլ բոլորովին առանձինն այդ արդիւնքը ձեռք բերելու, վասնզի շատ մը արտուղութիւններ ուղեկորոյս կ՚ընեն իր տրամաբանութիւնը, անոր համար որ՝ շատ մը գաղտնիքներ, որոնց չի կրնար թափանցել, կը թողուն, հոն հոս, մեծամեծ պարապներ, իր զննութեան մէջ։ Այն ատեն, Երեւակայութիւնը պակասը կը լրացնէ, տեսակ մը կանխագիտութեամբ, ընդգրկելով իրերու միջեւ հազիւ ուրեմն ըմբռնելի յարաբերութիւններ, հոն, ուր տակաւին Բանականութիւնը չէ կրցած հասնիլ, անիկա կը թռչի բոցեղէն թեւերով, որ գիշերին մէջ լուսեղէն ճամբաներ կը բանան. եւ այսպէս՝ ան կը լուսաւորէ Անտեսանելին։ Եւ անիկա ձեռք կը բերէ ապագայ Ճշմարտութիւնը, այսինքն ընդնշմարուած Ճշմարտութիւնը, որուն ապացուցումը հարկ է փնտռել։

Աւանդութեան կալուածին մէջ, կարելի է ըսել թէ, Բանականութեան պաշտօնն է դիտել, հակակշռել, արձանագրել մարդկութեան շարժուձեւերն ու գիւտերը, այսինքն՝ Պատմութիւնը, մինչ Երեւակայութեան ջանքը պէտք է ըլլայ նախապատրաստութիւնը, փոխանցումը ու յաջորդական ձեւափոխութիւնը դիցավէպերուն եւ Առասպելներուն՝ որք ընդհանրապէս խմբուած են Աւանդավէպ անունին տակ։

Ստուգիւ, ի՞նչ կը հասկցուի Աւանդավէպ ըսելով։

Կարելի է ըսել թէ, Աւանդավէպերը ցնորական պատմութիւններ են՝ ծնած մարդոց հաւաքական երեւակայութենէն, եւ որք բաւական հրապուրիչ ձեւ մը ստացած են, իրենց բանաստեղծական հարստութեամբը կամ իրենց խորհրդանշական ընդունակութեամբը, պահպանուելու համար Աւանդութեան մէջ։

Այս ցնորավէպերուն ծնունդը, մարդկային մտքի զարթման պահուն, կը թուի ունենալ երեք էական պատճառներ։

Երբեմն՝ անոնք ծնած են Տիեզերքը, իր դիւթանքները, իր հրէշութիւնները, իր հրաշալիքները, իր խորհուրդները բացատրելու պէտքէն։ Փոխն ի փոխ շլացած կամ զարհուրած աշխարհի տեսարանէն, մարդկային ուղեղը ցոլացուցած է իր հիացումը կամ իր սոսկումները գաղափարներու, պատկերներու մէջ, որք սահմանուած են ներկայացնելու Գեղեցիկը կամ Սարսափելին։

Երբեմն՝ անոնք ծնած են մեր գիտակցութեան մէջ Բարիին ու Չարին յառաջ բերած տպաւորութենէն եւ այն բնազդէն՝ որ կը մղէ զմեզ մարմնացնելու այդ Բարիին եւ այդ Չարին սկզբունքը՝ գերագոյն Ուժերու մէջ, բարերար կամ չարազդեցիկ։

Երբեմն ալ, վերջապէս, ծնած ան անոնք այն բաղձանքէն՝ որ կը յաճախէ մեր հոգին եւ որով կը հետամտինք մեծնալու, բարձրանալու աւելի վեր քան մեր թշուառ ճակատագիրը, ընդարձակ ձեռնարկներով կամ վսեմ շարժուձեւերով, որպէս անոնցմէ պիտի իրագործէին երեւակայական էակներ, աւելի վեհանձն եւ աւելի հզօր քան մեզ։

Եւ ինչպէս որ ստնտու մը կ՚օրօրէ ու կը քնացնէ նորածին մը մխիթարիչ երգերով, ցնորքը, զոր հնդիկները կ՚անուանեն Մայա եւ որ տիեզերական ու չքնաղ կախարդուհին է, կրցած է ամոքել մարդկութեան նորածին անձկութիւնը, բանաստեղծական, աստուածային կամ դիւցազնական գեղեցիկ Առասպելներով։

Այդ կախարդուհին՝ երգած է անոր եռանդազեղ շարականներ, քաղցրութեան եւ յոյսի քերթուածներ, ուր Բնութեան բոլոր մեծվայելչութիւնները կը մարմնաւորէին հրաշալի Ոգիներու ձեւին տակ, բաշխիչ խնդութեան եւ լոյսի։ Եւ այսպէս սկիզբ առած են բանաստեղծական Աւանդավէպերը։

Այդ կախարդուհին դարձեալ, անոր (մարդկութեան), ըսած է թէ, այս Ոգիներուն վերեւ գոյութիւն ունէին Աստուածներ եւ այս Աստուածներուն վերեւ՝ կար գերագոյն Էակ մը, որ ստեղծած էր աշխարհը, զանի դատապարտելով Բարիին եւ Չարին պայքարին. նա բացատրած է անոր թէ իր մտահոգութիւնը պիտի ամոքուէր երբ յստակօրէն կարենար որոշել այս գերագոյն Էակին բնութիւնը, թէ՝ Բարիին ու Չարին պայքարը վերջ պիտի գտնէր, երբ ինքը ճշգրիտ ճանաչողութեան տիրանար այն բանին որ Բարին է եւ անոր որ Չարն է։ Եւ այսպէս սկսած են իմաստասիրական կամ կրօնական Աւանդավէպերը։

Վերջապէս գոհացում տալու համար իր գործունէութեան երազներուն, քաջալերելու համար ինքզինքը վատնելու մասին անհամբեր իր կորովասրտութեան թռիչքը, նա պատմած է անոր քաջագործութիւնները առասպելական անձնաւորութեանց, կարող ամէն կտրճութեանց եւ ամէն յաղթութեանց, Եւ այսպէս սկսած են դիւցազնական Աւանդավէպերը։

Այն չափով որ Մարդկութիւնը իր տարիքին մէջ կը յառաջանար, այս խանդոտ ցնորքներուն եկած են աւելնալ ուրիշ հմայաթափ ցնորքներ, պտուղ դառն փորձառութեան։ Այն ատեն՝ անոնք թարգմանած են անձկութիւնը՝ յաղթուած մարդուն՝ իր ըղձանքներուն մէջ դէպի Փառքը, դէպի Գիտութիւնը, դէպի Սէրը, ինչպէս նաեւ յամառութիւնն իր երազներուն, հակառակ բոլոր յուսախաբութեանց։ Բայց Մարդկութեան ո՛ր դարուն ալ պատկանին անոնք, կը թուին միշտ ծնունդ առած ըլլալ այս եռակի պէտքէն։ Յուսալ, Հաւատալ, Աշխատիլ։

***

Կը տեսնուի ուրեմն թէ, աւելի քան ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը լաւագոյն կերպով ԱՒԱՆԴԱՎԷՊԵՐն են որ կը ցոլացնեն դարերու ընդմէջէն Մարդկութեան հոգիին այլազան երեւոյթներն։

Մինչդեռ պատմական Աւանդութիւնը կը սահմանափակուի պատմելուն մէջ մարդոց շարժումները, վիպասանական Աւանդութիւնը կ՚արձանագրէ իրենց երազները եւ կերպով մը մարդկային Ճակատագրին բնազանցութիւնը կ՚ընէ։

Ասկից՝ իր նշանակելի կարեւորութիւնը։

Աւանդավէպը այնքա՛ն լաւ կերպով կ՚ամբողջացնէ Պատմութիւնը որ, ինքն է ձեռնտու եղած յայտնի կերպով ապացուցանելու մեր ծագման միութիւնը։ Հնդիկ նախնական աւանդութեանց հանգիտութիւնը Աստուածաշունչի բնագրին հետ, որ անոնց գլխաւոր գիծերը կը վերարտադրէ, հասարակցութիւնը հիմնական գաղափարներուն որք Տիեզերքի բոլոր ժողովուրդներուն մօտ վերագտնուած զանազան դիցավէպերը ներշնչած են, թոյլ տուած են եզրակացնել հասարակաց արմի միութիւնը։

Չպիտի մտնենք ցեղագրական խնդիրներու վիճաբանութեան մէջ, ուր հարկ եղած ձեռնհասութիւնը կրնայինք չունենալ։ Ճշմարի՞տ է թէ այն հնդիկները որք հաստատուեցան Գանգէսի եւ Ինտուսի ափանց վրայ, ճիւղերէն մէկն էին Յաբէթի մեծ ընտանիքին, որուն մէկ ուրիշ ճիւղը բնակեցաւ Իրանի կամ Պարսկաստանի մէջ, մինչ երրորդը կ՚երթար, Սեւ ծովի ափերէն, մինչեւ Եւրոպա, առաջ բերել Յոյները, Հռովմայեցիները, Կեղտերը, Ժէռմէնները, Սլաւները, եւ այլն։ Մեր դերը չէ հաստատել զայս։

Ինչ որ պէտք է ըսել հոս, այն է թէ, սկզբնական վառարանը բոլոր աւանդավէպերուն որ դարէ դար փոխանցուած են Մարդկութեան մէջէն, բռնկած է հնդիկներուն մօտ որք ինքզինքնին կը կոչէին Արիաս, (այսինքն ազնուական ու յարգելի մարդիկ)։

Անոնցմէ է որ մեզի եկած է լոյսին յայտնութիւնը, եթէ կարելի է ըսել։ Անոնք են որ մեզի փոխանցած են, շքեղ քերթուածներու եւ հրաշալի առասպելներու մէջէն, իր ստեղծագործութեան մէջ մարմնացած Աստուծոյ մը շլացուցիչ տեսիլքը։ Իրենց սրբազան մատեանները կը պարունակեն այնքա՛ն մաքուր, այնքա՛ն բարձր, այնքա՛ն խորունկ իմաստութիւն մը, զոր գերազանցել անհնար կը թուի։ Ուրիշ կրօնքներ ստեղծեցին մարդիկ, աստուածութեան աւելի նուազ անհեթեթ յղացումներով։ Բայց բոլոր գթութեան, տիեզերական սիրոյ եւ զոհողութեան առածները որք հիմն են այդ կրօնքներուն, բնաւ չեն տարբերիր այն վարդապետութիւններէն՝ զոր Պրահմաները կ՚ուսուցանէին արդէն մեր թուականէն 3000 տարի առաջ, իբրեւ թէ գերբնական յայտնութիւն մը ընդունած ըլլային։

Առանց աւելի յառաջանալու կրօնական հողին վրայ, կարելի է գէթ հաստատել թէ, ցնորքի ընդհանուր սահմանին մէջ, նախնական Հնդկաստանի ծոցը տեղի ունեցած է Դիցավէպերու, Առասպելներու եւ Խորհրդանշաններու այնպիսի հրաշալի ծաղկում մը, որ բոլոր ապագայ ժողովուրդները կրցած են տակաւին շնչել այս անկորնչելի ծաղիկներուն բուրմունքը։ Բոլոր գրաւիչ վարկածները, բոլոր խորունկ առածները իրենց բողբոջն ունին Հնդկաստանի նախնական դարերուն մէկ ցնորավէպին մէջ։ Տեղափոխուած ուրիշ երկինքներու ներքեւ, այս բողբոջը զարգացած է տարբեր ծաղկումի մը ներքեւ, գրեթէ միշտ նուազ ուռճազարդ ու նուազ թաւախիտ։ Խորհրդանշանին հարստութեան տեղը եկած է յաճախ Այլաբանութեան շնորհը եւ խիստ յաճախ, աւա՜ղ, կորսնցուցած է իր քնքուշութիւնը։ Հրաշալի Դիցավէպեր, որոնց արձագանքը նուազած է դարերու մէջէն անցնելով, այլասերուած են հանճարեղ առասպելներու, յետոյ պզտիկ բարոյավէպերու ձեւին ներքեւ։

Նախնական Հնդկաստանի Աւանդավէպերուն նկարագիրն է, իրօք, յորդազեղուն շքեղութիւն մը նման այն բնութեան՝ որուն մէջ ծնունդ առած են անոնք։ Հսկայակա՜ն բնութիւն, կեանքով արբշիռ, հրաշալի, շռայլ՝ ամէնէն մեծավայելուչ, ժողովուրդի մը երեւակայութիւնը ցնցելու եւ բեղմնաւորելու ամենէ՛ն ընդունակ տեսարաններով. Բնութի՜ւն պսակուած իբրեւ լայնածիր ադամանդեայ արտախուրակով, երկրագնտիս ամենէն բարձր լեռներուն՝ գլխի պտոյտ պատճառող սարերով. բնութիւն՝ բեղմնաւորուած Երկրի ամենամեծ գետերով, զարդարուած՝ շքեղափայլ ծաղիկներով, թաթախուած սրազդեցիկ համեմներով, հմայուած ցնորական թռչուններով, եւ շնորհագեղ կենդանիներով, ինչպէս նաեւ ծածկուած անհուն անտառներով, որք լեցուն են սարսռագին խորհուրդներով, որոնց մէջ կը ծածկուին ահարկու ճիւաղներ. առասպելական բնութիւն, զեղխութիւն գեղեցկութեան ու սարսափի, Երազի մը ուրուացուցումը, Աստուծոյ մը զառանցանքը, անդունդ՝ որ կը ցոլացնէ անհունին խռովակոծ կրկներեւոյթը։

Եւ ստուգիւ Անհունին այդ մտահոգութիւնն է որ ներշնչողը եղած է բոլոր հնդկական դիցավէպերուն։ Անէացած գերագոյն էակի հայեցողութեան մէջ, զոր կը տեսնէին ամենուրեք տարածուած ստեղծագործութեան մէջ, Արիաները ստեղծած են հերոսներ, որ ոչ այլ ինչ էին բայց եթէ մարդկային մարմնացումները Աստուածութեան։ «Ամէն իրեր, կ՚ըսէ Քրիշնա իր Արճունա աշակերտին, ամէն իրեր ինձմէ կախեալ են, ինչպէս մարգարիտները այն լարէն՝ որ կը բռնէ զիրենք։ Ես՝ շոգին եմ ջուրին մէջ, լոյսը՝ արեւին մէջ ու լուսնին մէջ, ոգեկոչումը՝ Վէտաներուն մէջ, հնչիւնը՝ հովին մէջ, առնական կորովը՝ մարդուն մէջ, քաղցր բուրմունքը երկրին, շողիւնը՝ բոցին մէջ, յաւիտենական սերմը՝ բովանդակ բնութեան մէջ… ։ Ես եմ յաւիտենական ժամանակը, պահպանիչն եմ ես, որուն կրակը դարձած է ամէն կողմ, մահն եմ ես՝ որ ամէն ինչ կը կլլէ, բողբոջն եմ ես անոնց՝ որ դեռ չկան… ։»

Այս հնդկական դիցավէպերը մեծ մասով ժողվուած են գրական չորս վիթխարի մատեաններու մէջ, որ ո՛չ միայն գանձերն են քնարական եւ դիւցազներգական բանաստեղծութեան, այլ որ կը կացուցանեն Արիական քաղաքակրթութեան զանազան փուլերուն յիշատակարանները։ Ասոնք են Վէտաները, Մանա-Վաքասդրան, Ռամայանան եւ Մահապարադան։

Այս ներածութեան սահմանը չի թոյլատրեր ծանրանալ այս մեծածաւալ գործերու իւրաքանչիւրին վրայ։ (Ռամայանան՝ այնքան երկայն է որքան Իլիականը եւ Ոդիսականը միացեալ։ Մահապարադայի 200. 000 տող ոտանաւորները հնդիկներուն աչքին մէկ հատուածն են միայն ճշմարիտ Մահապարադային՝ շարադրուած Աստուածներու գործածութեանը համար՝ որ կը պարունակէ տասներկու միլիոն տող ոտանաւոր։) Յիշենք միայն անցողակի թէ Վէտաները հիանալի կրօնական շարականներ են, մօտաւորապէս 35 դար հնութեամբ որ կը պատկերեն, հզօր Խորհրդանշաններու մէջ, երկրային մեծ երեւոյթները եւ կ՚երգեն այն զգացողութիւնները՝ զորս հոգին կ՚զգայ հանդէպ անոնց։ Ըսենք թէ՝ Մանավաքասդրան կամ Մանուի օրինագիրքը (Մանու նախամարդը) կրօնական, բարոյական եւ քաղաքային օրէնսդրութեան դրութիւն մըն է, բարձր, առոյգ եւ ճշգրիտ իմաստութեամբ. վերջապէս թէ՝ Ռամայանան եւ Մահապարադան գլուխ-գործոցներ են հնդիկ Դիւցազներգութեան։

Այս երկու քերթուածներէ, ամբողջացած ուրիշներով, հանած ենք Ռամայի եւ Քռիշնայի Աւանդավէպերը՝ որոնց էական գիծերը արտագրել օգտակար համարեցինք։ Անոնք կը ցոլացնեն, իրօք, գրեթէ ամբողջապէս հոգին նախնի Արիաներու, որք արբշիռ էին բանաստեղծութեամբ ու յաղթանակներով, (Ռամա) եւ բարոյական ամենաբարձր ճշմարտութիւններուն հրաշալի յայտնատեսութիւնն ունէին (Քրիշնա)։

***

Ըսուած է թէ, եթէ մարդկութիւնը իր մանկութիւնն անցուցած է Հիմալայայի առանձնութիւններուն մէջ եւ Գանգէսի ուռճազարդ ափունքներուն վրայ, իր փայլուն երիտասարդութիւնն ապրած է Յունաստանի մէջ։

Ուրեմն հո՛ն է որ պէտք է երթանք փնտռել իր նոր երազները եւ հարցասիրել հայելին այն բազմաթիւ աւանդավէպերուն՝ զոր մեզի թողած է այն Երկիրն՝ ուր Մուսաները ծնան։ Անոնցմէ է որ, Թեսալիոյ լեռներուն վրայ, Որփէոս սորվեցաւ Քնարին գաղտնիքները ու նաեւ գաղտնիքը կրօնական ծէսերուն որք մշտնջենաւորուեցան այնքա՜ն դարերու միջոցին՝ միշտ յարաճուն զօրութեամբ մը։ Ինը Քոյրերն են որ, Հէլիքոնի ստորոտը, Հէզիօտի ուսուցին Տիեզերքի հրաշալիքները, Աստուածներու եւ Դիւցազանց ազգաբանութիւնները բացատրող դիցավէպերը։

Յունաստանի այս աւանդավէպերուն եւ հնդիկ դիցավէպերուն միջեւ էական տարբերութիւն մը կայ։ Այն պահուն ուր Անհունին մտահոգութիւնը կը խռովէ Արիական հոգին, որ ինքզինքը գլխի պտոյտով բռնուած կ՚զգայ Աստուածութեան անչափելի մեծութեան հանդէպ, յունական հոգին, նուազ գրաւուած Աշխարհի տեսարանէն, ենթարկած է ինքզինքը ճշդութեան, հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան օրէնքներու, իր երազներուն՝ ինչպէս նաեւ իր արուեստներուն եւ իր գիտութիւններուն մէջ։ Անիկա երեւակայած է Խորհրդանշանականութիւն մը, որ, փոխանակ հոգեկանը նիւթականացնելու, ընդհակառակն նիւթականը հոգեկանացուցած է։ Հոս այլ եւս խնդիրը այնպիսի Աստուծոյ մը վրայ չէ՛ որ պիտի մարմնացած ըլլար ստեղծագործութեան էակներուն եւ ուժերուն մէջ, այլ հոս՝ մարդիկ եւ բնութեան զօրութիւններն են որ կ՚աստուածանան։ Ի՞նչ են, իրօք, հելլենական աստուածները, իրենց կարողութիւններով հազիւ թէ աւելի գերազօր քան մարդկութիւնը, հակամէտ՝ այս վերջինին հետ պայքարելու, խորամանկութիւնը իբր զէնք գործածելու ստիպուած, եւ միշտ չկրնալով յաղթական դուրս ելնել իրենց մղած պայքարներէն (Բռօմէթէ ասպարէզ կը կարդայ Զեւսի քինախնդրութեան, եւ Հէրակլէսի օգնութեամբ կը յաջողի զայն տապալել)։

***

Հետեւելով Մարդկութեան ընթացքին իր քաղաքակրթութեան զանազան օթեւաններուն մէջ, հիմա կը հասնինք Հռովմէական թուականին։ Հռոմ, որ աւերեց Յունաստանը, ինչպէս արդէն քանդեց ամբողջ աշխարհը, իբրեւ անցք ծառայեց ամբողջ Եւրոպական քաղաքակրթութեան, եւ իր լեզուն եղաւ այն գործիքը՝ որ յաջորդ սերունդներուն բացաւ հնութեան գանձերուն իմացումը։

Իրապէս, Հռովմէացիները չանգիտացան արուեստները, զանոնք գտած ըլլալով ամենուրեք՝ ուր տարին իրենց աւերումները. բայց՝ արհամարհեցին զանոնք եւ զանոնք ծառայեցուցին միմիայն՝ իրենց զբօսանքներուն։

Որով եւ, թէպէտ եւրոպական քաղաքակրթութիւնն անցած է Հռովմէն, բայց իր պատերազմական յաղթանակներուն արդիւնքը չէ բնաւ։ Անիկա մանաւանդ արգասիքն է օտար կրօնի մը՝ որուն առաջին առաքեալները մարտիրոսացուցին Հռովմէացիք։

Այս նոր կրօնի հիմնադրին, Յիսուսի մասին՝ աւանդավէպերը բազմաթիւ են։ Անոնց մէջ, ժողովրդային աւանդութիւն մը գլխաւորաբար կենդանի մնացած է, այն է՝ թափառական հրեայի աւանդութիւնը։

Շրջուն գրածախներուն ձեռքով տարածուած գեղերու մէջ, տեսակ մը ողբական երգի (տէսթան) ձեւին ներքեւ, ուր կը գծուի պատմութիւնը հրեային՝ որ 33 տարիէն սկսեալ մինչեւ այս ժամս անընդհատ կը քալէ, այս առասպելը, առաջին ակնարկով չի թուիր ունենալ այն բովանդակ բարոյական կարեւորութիւնը՝ զոր կուտանք իրեն։ Եւ սակայն, որպէսզի դարերու ընդմէջէն ունեցած ըլլայ նմանօրինակ համբաւ մը սկսեալ այն թուականէն՝ ուր ծնունդ առաւ ան (անտարակոյս դէպի Դ. դար, ի Կոստանդնուպօլիս, ճշմարիտ Խաչի գիւտի թուականին) պէտք է որ այս աւանդութիւնը իր մէջ պարունակէ մասնաւոր կենդանութեան ուժ մը։ Եւ իրօք, բաւական է քիչ մը խորհրդածել, հասկնալու համար թէ ի՞նչ հարուստ խորհրդանշանականութիւն մը կը պարունակէ դէմքը այն մարդուն՝ որ ժամանակակից եղած է Քրիստոսի, որ խօսած է անոր հետ, որ տեսած է անոր եւ առաջին մարտիրոսներուն հոգեվարքը, որ ներկայ գտնուած է հռովմէական հսկայ տարրին անկման, բարբարոսներու արշաւանքին, որ անցած է Միջին-Դարու գիշերին մէջէն, Վերածնութեան շքեղ արշալոյսէն, եւ զոր կը ներկայացնեն տակաւին հոն, ոտքի վրայ, արդի ժամանակներուն մէջ, աղաղակելով իր այն ցաւը թէ՝ ինքը եղած է մին անոնցմէ որ Յիսուսը խաչեցին։

«Թափառական հրեան» ամբողջ մարդկային կարաւանն է որ կ՚ընթանայ ճամբաներէն, տխուր եւ յոգնաբեկ, վասնզի կ՚ուրանայ Գթութիւնը, Արգահատանքը, Արդարութիւնը, եւ թէ այսպէսով կը շարունակէ խաչը հանել իր Աստուածը։ Իր ետեւէն սակայն, կը լսէ ձայն մը որ կը պօռայ անընդհատ. «Քալէ՛, Քալէ՜։ Իմ անէծքս պիտի ընկերանայ քեզի մինչեւ այն օրն ուր դուն ի գործ պիտի դնես իմ ուսուցումս։ Վասնզի ե՛ս եմ որ ի վեր հանած եմ միակ ճշմարտութիւնն՝ ըսելով. Սիրեցէք զիրար»։

***

Այս քրիստոնէական աւանդավէպը անմիջապէս եկեղեցին իւրացուց եւ զայն ծառայեցուց իր սկօլաստիքական պայքարախօսութեանց պէտքին, ինչպէս արդէն Յիսուսի վարդապետութիւնը գործածեց իբրեւ բարոյական սարսափի գործիք։

Պատմութեան մէջ Միջին-Դար կոչուած տասը դարերու այդ շրջանը մահագուշակ շրջան մը եղաւ։ Մարդկային մտածումը հոն կը թուի մօտեցած ըլլալ իր ոգեւարին, այնքա՜ն անիկա ապրեցաւ հոն խեղդուած՝ սոսկումին ներքեւ Աստուծոյ մը՝ սպառնալից, բռնակալ, անգութ, ամէնէն մթին չարչարանքներովը պատժող՝ իր քահանաներուն պահանջմանց դէմ գործուած ամենաթեթեւ զանցառութիւնը, ինչպէս նաեւ որ եւ է մտքի յանդգնութիւն՝ որ պիտի մոռնար ինչ որ նախագծուած էր երեւակայել ու հաւատալ։

Այս չափազանց ծանր մթնոլորտին մէջ բանաստեղծութիւնը չէր կրնար իր թռիչքն առնել։ Գիտութիւնն իրաւունք չունէր ո՛չ մի գիւտ հաստատելու, վասն զի այդ գիւտը համաձայն չէր եկեղեցւոյ կանոններուն, եւ անմիջապէս կը յայտարարուէր իբր հերետիկոսութիւն։ Բայց Ալշիմին կը մշակուէր կատաղօրէն։ Անիկա իբրեւ պսակ ունեցաւ Կախարդութիւնն ու Մոգութիւնը, որ աւելի՛ եւս յարգի դարձան, հակառակ այն սոսկալի տանջանքներուն՝ որոնց կ՚ենթարկուէին այդ պարապումներուն անձնատուր եղողները։

Պատճառն այն էր իրապէս՝ որ մտքերը չէ թէ անողորմ Աստուծոյ մը սարսափին, այլ մանաւանդ՝ Սատանային ահին ներքեւ խռովեալ կը մնային։ Սատանային իշխանութիւնը շատ աւելի լաւ ճանչցուած էր քան Աստուծոյ իշխանութիւնը, եւ այն որ կախարդ ըլլալու չափ գիտութիւն ձեռք կը բերէր, կը նկատուէր իբրեւ մէկը՝ որ Սատանային իշխանութեանց մէկ մասը ձեռք անցուցած է. վասն զի «Կախարդ» բառը կը նշանակէր Սատանի գործակից։ Ատկից ծագում առած է մոգութեան վախն ու հետաքրքրութիւնը։

Կախարդ ըլլալ՝ կը նշանակէր ինքզինքը դժոխքին արժանի ընել, բայց երկրային ի՜նչ առաւելութիւններու փոխարէն։ Վկայ՝ Կախարդիչ Ֆաուստի աւանդավէպը որ այս նախապաշարումներով լեցուն շրջանին ամենէն յատկանշական աւանդութիւններէն մին է եւ զոր մէջ բերել անհրաժեշտ էր։ Կախարդներու եւ Կիւսերու մօտ Միջին-Դարը թաքուն զօրութիւն մը շնորհեց նաեւ երեւակայական էակներու, որք են պարիկները։ Բայց պարիկները չափազանց ժպտագին, չափազանց օդային, չափազանց դիւթիչ դէմքեր էին որով եւ չէր կրնար անոնց ծնունդ տալ եւրոպեան ծանրացած ու մթին երեւակայութիւնը։ Այս շնորհալի տեսիլքները, ամպի պէս թեթեւ, առտուան ցօղին նման թարմ, եւ իրենց ձեռքին մէջ բռնած ոսկեղէն գաւազանիկ մը՝ լուսնի ճառագայթի մը պէս նրբին, փոխ առնուեցան արաբական հէքեաթներէն։ Իրօք, Եւրոպայի հարաւակողմի ժողովուրդները միայն քիչ մը իմացական ցոլք սփռեցին Միջին-Դարու գիշերուան մէջ։ Արդէն, այն փայլուն ցնորքները, որոնցմով կ՚արբենային, եւ զորս չուշացան նաեւ ընդունիլ միւս ժողովուրդները, պարսկական ծագում ունէին։ Անոնք արաբներուն բերուած էին պարսիկ վաճառականի մը կողմէ, որուն պատմութիւնները դրդում տուին անօրինակ հրապոյրի։ Ֆէրիներն ու Նէրիներն եղան այն պարիկները՝ որք այնքան նշանակելի դեր մը խաղցան մեր (ֆռանսական) գրականութեան մէջ, գլխաւորաբար Ասպետութեան ժամանակներուն։

Իւրժէլ, Մօրկան, Մէլիւզին՝ եւն, եւն՝ նոյնքան զմայլելի աւանդավէպեր են՝ արժանի պատմուելու. բայց անոնք չեն ցոլացներ բաւական մարդկայնութիւն, ո՛չ ալ իմաստասիրական նշանակութիւն, որպէս զի կարելի ըլլար տեղ տալ անոնց այս գրքին մէջ։

Անոնցմէ մին սակայն, Վիվիանի ու Մէռլէնի աւանդավէպը, կ՚արժէր մէջ բերուիլ, ոչ թէ միայն որովհետեւ անիկա մնացած է խորհրդանշանը Սիրոյ՝ որ կը յաղթանակէ հանճարին, բայց նաեւ որովհետեւ Մէռլէնի մարգարէութիւններն այնքա՜ն աղմուկ հանեցին որ՝ իր անունը կը տիրէ Զ. էն մինչեւ Ը. դարու բոլոր աւանդավէպերուն եւ նոյն իսկ աւելի հեռաւոր ժամանակներու աւանդավէպերուն մէջ։ Կարծեցին իրօք հաստատել թէ անիկա գուշակած էր բոլոր վերջը պատահած պատերազմներն ու բոլոր նշանաւոր մարդոց մահերը, եւ այս գուշակութիւններ մեկնաբանուեցան ու բացատրուեցան Ալէն տը Լիլի կողմէ, մին ամենէն համբաւաւոր սկօլաստիքներէն՝ Ապէլառէն յետոյ։ ԺԴ. դարուն այս մարգարէութիւններ տակաւին ի պատուի էին եւ անոնց էր որ Էտուառ Բ. կոչում ըրաւ, արդարացնելու համար իր պահանջումները՝ Ֆրանսայի թագի մասին։ Նոյն իսկ յաջորդ դարուն, անոնք աւելի քան երբէք ժողովրդի դիւրահաւանութեան առարկան դարձան։ Այսպէս է որ, ի մէջ այլոց, Մէռլէն յայտարարած էր. «Զօթիակոսի 12 նշանները իրարու հետ պիտի կռուին եւ այն ատեն պիտի տեսնեն որ Կոյսը պիտի իջնէ Աղեղնաւորի կռնակին վրայ», եւ ասիկա մեկնաբանուեցաւ իբրեւ գուշակութիւնը Ժանն-Տ՚Արքի պաշտօնին՝ որ կոչուած էր Ֆրանսան ազատելու։ Ատկից զատ, Մէռլէնի անունը կապուած էր Արթիւրի անուան, որուն բնակարանին մէջ ապրեցաւ, ինչպէս նաեւ ոչ նուազ հռչակաւոր Կլոր-Սեղանի Ասպետներուն անուան, որք հերոսներն են շատ մը ժողովրդային աւանդութիւններու։ Ուրեմն անհնար էր լռութեամբ անցնիլ աւանդավէպին վրայէն մարդու մը՝ որուն Խօսքը բոլոր մտքերուն մէջ այնքա՜ն նշանաւոր ու յարատեւ ցոլացման ուժ մը ունեցած է։

Եւ քանի որ խօսքը ըրինք Արթիւրին ու Կլոր-Սեղանի ասպետներուն, օգուտ քաղենք հաստատելու թէ՝ եթէ Միջին-Դարը իր ամբողջութեան մէջ մթին ու զզուելի շրջան մը եղաւ, նուաճուած մնաց նախապաշարման սարսափին ու Աւատականութեան տակ, պատշաճ է որ երբէք չարհամարհենք այն դիւցազնական իտէալը՝ զոր ստեղծեց Ասպետութիւնը։

Այդ իտէալը ցոլացած է շատ մը վիպաձեւ ցնորավէպերու մէջ, որք կը հռչակեն բարձր իրողութիւններ, նման Արթիւրի եւ իր ասպետներու ըրածներուն։ Ըսենք անցողակի թէ՝ այդ թուականին ամենէն նշանաւոր պարերգն է (Chanson de Gaité) Ռոլանի երգը։

Ամէն ոք գիտէ թէ Ռոլան Առասպելին շնորհիւ նշանաւոր դարձած անձնաւորութիւն մըն է։ Պատմութիւնը պարզապէս կը յիշատակէ թէ՝ կառավարիչ եղաւ Պռըթաների արշաւանքին եւ թէ ինկաւ Բիռէնէն անցած պահուն, Կալլիան պաշտպանելով ընդդէմ Սարազէններու։ Բայց ժողովրդային հոգին զայն ընդունելով իբր նախասիրուած հերոս, անոր տուաւ անպարտելի քաջասրտութիւն մը, հրաշալի ուժ մը, ինչպէս նաեւ՝ անխախտ պարկեշտութիւն մը, արդարութեան սէր մը՝ որ զինքը ամենուրեք կը հանդիսացնէր արդար իրաւունքի ախոյեանը։ Կարճ խօսքով, ժողովրդի հոգին այնքա՛ն լաւ կերպով մարմին տուաւ այս դէմքին մէջ իր դիւցազնականութեան պէտքին, որ, փառաւորուած ցնորքին շնորհիւ ու վերջնականապէս անմահացած գեղեցիկ քերթուածով մը, Ռոլանի անձնաւորութիւնը պատմութենէն Աւանդավէպին անցաւ, հոն փայլելու համար ամենէն առասպելական հերոսներուն քով։ Ռոլանի աւանդավէպը հոս չպիտի դնենք, արդէն դիւցազներգական դիցավէպ մը Ռամայի դիցավէպը, դրած ըլլալով։ Հետաքրքիրները կը ղրկենք ուղղակի Ռոլանի երգին։

* * *

Ահաւասիկ հիմա մարդկութիւնը հասած նոր հանգրուանի մը, այնքա՛ն արդարապէս վերածնունդ կոչուած, շրջան՝ որուն սկիզբ կուտան այն տարին՝ ուր երեւցաւ Տանթէի Աստուածային Կատակերգութիւնը։

Արշալոյս մը կը բարձրանայ ժպտագին, արեւմտեան աշխարհին աւետելով ուրախութեան թուական մը, իր իմացական Ազատագրութեան մեծ տօնը։ Եւ ոտքի վրայ՝ այս կենդանարար նոր լուսափայլութեան ճառագայթներուն մէջ, վսեմ ու հմայիչ աւետաւորներ, Տանթէ, Բէթրարք, Պօքաչիօ, մատով ցոյց կուտան այն ակունքը՝ ուր մարդկութիւնը պիտի կարենայ երիտասարդացնել իր մտածումը, այն Աղբիւրն՝ դէպի ուր կը հակին հնօրեայ մուսաները։

Նախնական դարերու մարդիկ, Յոյները, Լատինները, սիրած էին Բնութիւնը, եւ հոն գտած էին իրենց անբաղդատելի կենսունակութիւնը։ Վերածնունդը կը հասկնայ այս ուժին գաղտնիքը։

Եւ անգամ մը ձեռք անցուցած իր նոր զօրութիւնը, զայն կը վատնէ յիմարաբար՝ փառաւոր շարժուձեւերով, կամ սարսափելի ոճիրներով, ի գործ դրուած այնպիսի մարդոց ձեռքով՝ որոնց պատմութիւնը գրեթէ առասպելական է, եւ կը բաղխի արտակարգ ընդդիմակութիւններու մէջ։

Ասոնք են Արկածախնդիրներ եւ հերոսներ, ինչպէս են Քրիստափոր Գոլոմպոս, աղքատ ճենովացի նաւաստի, որ կը նետուի Ատլանտեանի ալիքներուն վրայ, եւ կը գտնէ արեւմտեան աշխարհը, Վասքօ տէ Կամա, որ կը վերագտնէ արեւելեան աշխարհը, Մակէլլան, Ֆէռնան Քօռթէզ, Ալպուքէրք, Բիզառ, որ ասպարէզ կ՚իջնէ խոզեր պահելով եւ որ կը նուաճէ Բէրուն, ծովակալ Տօրիան, Կօնցալվէ տէ Քօրտու, Պայառ, անվախ եւ անստգիւտ ասպետը։

Ասոնք են՝ մտածման գործաւորներ, ինչպէս Սավօնառօլ որ կ՚ըմբոստանայ ընդդէմ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան. Լուտեր՝ որ կ՚ընդվզի ծէսին դէմ ու կը բարեկարգէ զայն. Մօնթէներ՝ որ այնքան աղմկալից դէպքերու մէջտեղ, կը մրմնջէ. «ի՞նչ գիտնամ». տպագրիչներու ընտանիքներ, Սքալիկէրներ, Մանուչիները, Էթիէնները, եւ Տօլէները, Ռապըլէ. այնքա՛ն ճոխ ու հանճարային երգիծական երեւակայութեամբ օժտուած, ստեղծիչ անկորնչելի տիպարներու, Բանիւրժ, Բանտակրիւէլ, Կարկանդիւա. Արէթէն, որ լրագրութեան նախակարապետ պարսաւաթուղթը կը հնարէ. Մաքիավէլ, կատակերգու հեղինակ, պատմաբան. Էրասմ, իմաստասէր նրբին հեգնաբանութեամբ, որ կ՚ուսումնասիրէ իմաստութիւնը, ծաղկաքաղելով հնութեան առածները, եւ կը գրէ Յիմարութեան Ջատագովութիւնը «խոյս տալու համար այն վարկաբեկութենէն՝ որ կը տրուի իմաստունի անուան»։ Թովմաս Մօրիւս, ցնորամիտը (utopiste). Բառասէլս՝ որ կը փնտռէ իմաստասիրական քարը եւ ոսկիին գաղտնիքն ու կը գտնէ զինկօն ու սնդիկը. Վէզալ, որ կը ստեղծէ անդամազննութիւնը, Հառվէ որ կ՚ուսուցանէ արեան շրջանը, Պաքոն որ կը հիմնէ փորձառական իմաստասիրութիւնը, Կոպերնիկ որ կը գտնէ աշխարհի դրութիւնը. Կալիլէ որ կը հաստատէ, հակառակ հաւատաքննութեան, իր նախորդին գիւտը։

Ասոնք են՝ հմայքով լեցուն բանաստեղծներ ինչպէս՝ լ՚Արիօստ, հեշտալիր երգիչ, Լը Թասս, որ դուրս կուտայ լուրջ ու տրտմագին տրտունջ մը. Քամօէնս, որ նաւաբեկութիւններէ խոյս կուտայ երթալ մեռնելու համար հիւանդանոցին մէջ. Սէռվանդէս, արկածախնդիր զինուոր, որ կը պատրաստուի ասպետական արկածները ծաղրելու Տօն Քիշօթին մէջ, վերջապէս անբաղդատելին Շէքսբիր որ, իր խեղկատաթատրին բարձունքէն լսելի կ՚ընէ մարդկային կրքի բոլոր աղաղակները եւ մեզի կը հրամցնէ, լիագաւաթ, ամենէն հմայիչ ֆանթէզին ու ամենէն բուռն քնարերգութիւնը։

Ասոնք են նաեւ հրաշալի արուեստագէտներ, Լէոնառ տը Վինչի, նկարիչ, երկրաչափ եւ գիտուն, վարպետ՝ աննման իսկատպութեամբ օժտուած, որով Ֆռանսուա Ա. կը պատուէ իր ապարանքը, ուր կ՚ուզէ ունենալ նաեւ Անտռէա տէզ Սառթէ. Լը Թիդիէն, որուն մոգական վրձինին պաշտպան կը հանդիսանայ Կարալոս Ե. Լը Թինթօրէ, Լը Վէռօնէզ, Ճիօռճիօն, Վենետիկեան ուրիշ փառքեր։ Ռաֆաէլ Սանձիօ, մելամաղձոտ հրապուրողը. Միքէլ-Անճէլօ, ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ, վսեմ հսկայ, որ հանճարին ուժը միացուց աշխատութեան ուժին եւ մտածման բարձրութեան. Պէնվէնուդօ Չէլլինի, համբերատար եւ հրաշալի գործաւոր. Հօլպայն՝ զոր Անգլիա կը խլէ Պալէն ոսկիի գնով. Ալպէռ Տիւսէռ, որուն զօրեղ գրոցը կը պաշտպանէ Գերմանիա՝ նախանձով։

Այդքա՛ն փառքեր, այդքա՜ն դիւցազնութիւնք, այդքա՜ն ոճիրներ, այդքա՜ն իմացական թռիչք, այդքան արուեստի ճառագայթում, ասիկա անբաղդատելի շքեղափայլութեամբ տեսարան մը չէ՞։

Կարծես թէ հրաշալի դիւթախաղ մըն է, երեւակայուած հանճարներու ամենէն զօրեղին կողմէն ու խաղցուած մեծաշուք դերասաններով։

Այսպէսով վերածնունդը զանց կ՚ընէ երազուած աւանդավէպերը, վասն զի ինքը ապրած է ամբողջ մեծվայելուչ երազ մը։ Ան եղած է առաւելապէս՝ Գործունէութեան թուականը։

Բայց այդ ժամանակին վերաբերող աւանդութեան մը մէջ կը հանդիպինք դէմքի մը՝ որ քիչ մը պատկերացուցած է այդ բոլոր դէմքերը, որոնց այլազան շարժուձեւերը փորձեցինք համախմբել տեսակ մը արագ որմնանկարով։

Այս մարդը, ամենափայլուն ծագումով, ամենէն յանդուգն Արկածախնդիրներու հոգիին համահաւասար յանդգնութեամբ հոգի մը, այնքա՜ն կրքայոյզ որքան հոգիները ամենէն գեղեցիկ տռամներու հերոսներուն, աւելի զօրեղապէս կախարդիչ քան ամեն վրդովիչ բանաստեղծութիւնները, այս մարդը, մղուած գործունէութեան պէտքէ մը, որ չէր կրնար գտնել իր գործածութիւնը, սիրային զառանցանքէ մը՝ որ չէր հանդիպեր իր իտէալին, անիկա անցաւ ամենէն խռովայոյզ, ամենէն անկարգ, ամենէն աններդաշնակ եւ միեւնոյն ատեն՝ ամենէն գեղեցիկ ու ամենէն ամօթալի կեանքին մէջէն զոր կարելի ըլլար երբէք երեւակայել։

Անիկա եղաւ՝ ուսանող, անիկա եղաւ՝ զինուոր, անիկա եղաւ ուխտաւորը բոլոր արկածալից ճամբաներուն, անիկա տիպար հանդիսացաւ շռայլութեան, զեղխութեան, փողահար չարամանկութեան։ Անիկա ի գործ դրաւ բոլոր ոճիրներն ու բոլոր ամպարշտութիւնները. անիկա համարձակեցաւ բոլոր հայհոյութիւններուն եւ իր կեանքը վերջացուց ապաշաւին մէջ, աբեղայի մը սքեմին տակ։

Այդ մարդն է Տօն Ժուանը, ճշգրիտ արձագանք թուականի մը՝ որ կատաղօրէն վատնեց իր բոլոր կենսական ուժերը, առանց որոշ ուղղութեան, բայց որ, տեսակ մը շուայտ տեսիլքի մէջ, կը թողու անբաղդատելի շլացում մը։

Ուրեմն գծեցինք նաեւ այդ աւանդավէպը, դժուարաւ համառօտելով զայն, այնքա՛ն վարպետներէ յետոյ որք անոր տուած են իրենց հանճարին շքեղութիւնը։

***

Հասնելով արդի ժամանակներուն, այլեւս չունինք ուրիշ բան բայց եթէ հաստատել Աւանդավէպերու մահը։ Գիտութիւնը, դարձած պարիկ, իր հրաշքները բերաւ հրաշալիին տեղ, եւ անիկա բացատրութիւնը տուաւ բազմաթիւ հանելուկներու որք դարերով Մարդկութեան մտահոգութեան առարկան էին։

Սակայն այս մտահոգութիւնը աճեցաւ անտեսանելի աշխարհին հանդէպ, որուն սեմին վրայ հասած է Գիտութիւնը, եւ, խարխափելով, կը ջանայ անոր դուռը բանալ։ Մթին գաղտնիքներու թափանցելու մասին իր ըրած ջանքերու պահուն, անիկա պէտք պիտի ունենայ տակաւին հետեւելու նախակարապետի ջահին, փոխ առնելու Երեւակայութեան կրկնատեսութիւնը։ Եւ վարդապետութեանց հաստատումէն առաջ, նոր Խորհրդանշաններ կը պատրաստուին, շատ տարտամ, շատ անկատար, անտարակոյս, բայց որ կը պարունակեն նախազգացումը էական Ճշմարտութեան։

Հին դիցավէպերը մեռած են թերեւս, ինչպէս մեռած են նաեւ բոլոր իմաստասիրութիւնները, բայց ինչպէս որ եթէ իմաստասիրութիւններն անհետին՝ Իմաստասիրութիւնը կը մնայ, այնպէս ալ Խորհրդանշանները կը կորսուին, եւ Խորհրդապաշտութեան կարիքը կը մնայ։ Վասնզի Տիեզերքի տեսարաններուն ընդ առաջ, մարդկային միտքը չի կրնար գոհանալ հաստատելով իր տեսածը, իրողութեան վերեւ կը փնտռէ սկզբունքը, կ՚երեւակայէ զայն եւ կը հետամտի պատկերացնել զայն. իրերու բնագիտական ըմբռնումը կը կրկնուի եւ կ՚ամբողջանայ ուրիշ ըմբռնումով մը, որ կերպով մը, բնազանցական է. զգացողութիւնները ծնունդ կուտան Գաղափարներուն, այսինքն խորհրդանշանական ներկայացումներուն։

Ասիկա չուրացուիր. ամենէն զօրաւոր ինչպէս նաեւ ամենէն աղքատ ուղեղը կը հպատակի այս օրէնքներուն. եւ չտեղեկանալ այս մասին, կը նշանակէ խորհրդապաշտութիւն ընել առանց գիտնալու, ինչպէս Պ. Ժուռտէն արձակ կը խօսէր առանց գիտնալու։

Մեր մտածումները կը յայտնուին բառերով որ պզտիկ պատկերներ են, պզտիկ խորհրդանշաններ, որոնց խումբը կը գումարուի աւելի լայն խորհրդանշանի մը մէջ, հաստատուած մեր յիշողութեան խորը, լեզուի բացատրութեանց նման։ Այդ բարձր խորհրդանշանները մեզի կը մատակարարեն դիցավէպերը։

Այսօր, օրինակի համար, ուր Գիտութեան յաղթանակները հետզհետէ աւելի իրենց կը գրաւեն մեր մտազբաղութիւնները, բացայայտ չէ՞ միթէ որ մեր մտքերը կը ոգեկոչեն «Բռօմէթէ» աւանդավէպը՝ որ Ողիմպոսէն կրակը գողցաւ, «Բսիքէ»ի աւանդավէպը՝ որ իր լամպարին կրակը վառեց փարատելու համար այն խորհուրդը՝ որով իր աստուածային սիրահարը կ՚ուզէր պարուրուած մնալ. աւանդավէպերը «Ֆաուստ»ի եւ «Տօն Ժուան»ի որք ըղձալիր հոգիներ էին, ամէն բան ճանչնալու ծարաւի։

Ուրեմն, կարելի չէ կասկածիլ, երբէք մոռացման մէջ չպիտի իյնան այդ դիցավէպեր՝ որք իրենց մէջ կը պարունակեն մարդկային Ճակատագրին յայտնութիւնը։ Եւ ներելի է մանաւանդ ըսել թէ՝ նման դրական գիտութեանց շէնքին որ կը բարձրանայ հին վարկածներու խորտակուած սիւներով, իմաստասիրութեան եւ բարոյականի շա՛տ ընդարձակ խորհրդանշան մը պիտի կանգնի, օր մը, հին ցնորավէպերու աւերակներով։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1905, 17 Օգոստոս, թիւ 34, էջ 849-856 24 Օգոստոս, թիւ 35, էջ 875-881