Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիրով գեղօններս չեն տար արձագանք,

Մոլար նայուածքներս ցոլք չունին բընաւ.

Ահա կը գոռայ փրփրոտ ծովն ամբաւ,

Ծովը յոյզերուն՝ հոգւոյս տառապանք։

 

Մոլար նայուածքներս ցոլք չունին բընաւ,

Լըճակն ուր սովոր էի՝ տխրամած

Հայլիացնել այս դէմքն ամօթխած

Ցամքած է հիմա՝ ծաղիկ կենազրաւ։

 

Լըճակն ուր սովոր էի՝ տխրամած,

Սիրոյ երգերուն հրայրքով արբշիռ,

Պատանի սըրտիս թեւ տալ ու գրգիռ,

Սպի մ՚է այլեւս, ճահճոտ՝ մորացած։

 

Սիրոյ երգերուն հրայրքովն արբշիռ,

Շէնշող արձագանք մ՚ի զուր կը փնտռեմ,

Ու թէ լամ երբեք այս բախտը դժխեմ,

Չիկայ ցաւակից սըրտի մը թրթիռ։

1904, Պօլիս։