Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԼԱՄԱՂՁՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Բ


Ըլլալուէ եւ երեւալու խնդիրը թերեւս ոչ մէկ առիթի մէջ այնքան հակադարձօրէն երեւան կուգայ, որքան մելամաղձոտներուն քով, ու յաճախ ա՛յն կարգի մելամաղձոտներուն, որոնք տեւականօրէն ենթարկուած չեն այդ հիւանդութեան, եւ որոնք կը տարբերին այն նմոյշէն, որուն պատկերը ուրուագծել փորձեցինք նախընթաց յօդուածով։

Ամէն խորհող անձ դիտած է անշուշտ որ, մարդիկ իսկապէս այն չեն ինչ որ կերեւան. դդում գլուխներու տէր ամենակատարեալ ապուշներ կան, որոնք բանգէտ երեւալ կ՚ուզեն, եւ կը յաջողին ալ շատ հեղ. դարձեալ, բարոյապէս թէ ֆիզիքապէս ապականած մարդիկ կան, որոնք կը փորձեն ծածկել իրենց փտած մարմինը շիք արդուզարդի մը հովանիին տակ։ Մելամաղձոտներ ալ կամ, որոնք ծնունդ տուած են ամենէն զուարճալի եւ զբօսեցուցիչ, գործերուն, ինչպէս նաեւ, տռամներուն ամենէն եղերերգականը ու քերթուածներուն ամենէն ողբերգականը գրող անձեր կան, որոնք ճշմարիտ կատակասէրներ, ու զուարթախօս, ծաղրածու բնաւորութեան մը տէր են։ Միայն սա կէտը պէտք էր շեշտոլ որ, եթէ մելամաղձոտները այն չեն ինչ որ կ՚երեւան, պատճառը հոգեբանական է ու ոչ թէ կեղծիքի կամ ամբարտաւանութեան արդիւնք։

Մելամաղձութիւնը պէտք չէ նկատել ամեն ատեն իբր արդիւնք մտային ախտաւոր վիճակի մը. այդ բառը կը գործածուի նաեւ, նշանակելու համար այն մեղկ տխրութիւնը որ կը յաջորդէ մեծ կորուստի մը, օրինակ, ծնողքի մը կամ սիրելիի մը մահը։ Կը նշանակէ նաեւ այն տարտամ տրտմութիւնը, որ չափազանց հեշտագին է, եւ որուն ենթակայ են ամենէն աւելի բանաստեղծական ներշնչումներով առլցուն երիտասարդ հոգիները։ Այս այն մելամաղձութիւնն է, որուն Մվլդոնէն իվեր— ու տակաւին անկէ ալ առաջ— բոլոր քերթողները խունկ կը ծխեն, խորունկ եւ հիացիկ երկրպագումի մաղձութիւն, դուն որ մեղկութիւնն ես խանդակաթ հոգիին, որքա՜ն աւելի գերազանց ես խռովայոյզ հաճոյքներէն, խօլ զուարթութիւններէն եւ բոլոր յոյզերէն, զոր բուռն հրայրք մը կ՚ընծայէ սիրահարներու անզուսպ տենջերուն…» (J. J. Rousseau);

Մելամաղձութիւնը, իր այս ոչ ախտաւոր վիչակին մէջ, գրեթէ բոլոր հանճարներուն քով տեսնուած է։ Ասոնց մելամաղձութիւնը ծնունդ առած է ոռ թէ կեանքի մասին ցաւագար ու հիմնովին սխալ ըմբռնումներով, այլ աշխարհի մէջ տիրապետող ցաւին ու թշուառութեանց մասին իրենց ունեցած խորունկ գիտակցութեամբը. իրենցմէ իւրաքանչիւրը, անձնական փորձառութեամբ մը առիթը ունեցած է քննելու եւ ուսումնասիրելու մարդկութեան մեծ սիրտը, զոր իրական ցաւերով լեցուն, խոցերով ու պալարներով ապականած վիճակի մը մէջ գտած է. ու բարոյականի բոլոր այդ մեծ վիրաբոյժները, զգալով իրենց անկարողութիւնը, դանակի մէկ հարուածով մը մաքրելու մարդկութեան սիրտը տառապանքի խոցերէն, իրական ու անկեղծ վշտակցութեամբ մը իրենք ալ անզգալաբար ինկած ու անկեղծ վշտակցութեամբ մը իրենք ալ անզգալաբար ինկած են ցաւին մէջ. այն ատեն, բոլոր աշխարհ մութ երեւցած է իրենց, ուզած են շատ հեռու ապրիլ մարդերէն, որոնց գծուծ եւ գետնաքարշ արարքները գարշեցուցած է զիրենք։

Ուրիշ խորհող միտքեր, այդ դառն փորձը փորձելու իսկ չեն համարձակած. այն ահագին վիհը որ կայ արդի քաղաքակրթութիւն կոչուած կազմակերպութեան եւ իրենց իտէալ կեանքին մէջ, բաւական եղած է զիրենք ենթարկելու կամաւոր աքսորի մը, ուր ապրած են ճգնաւորական կեանք մը միշտ աւաղելով ու ողբալով քաղաքակրթութեան չարիքներուն վրայ։ Եւ այս է պատճառը եթէ օրըստօրէական յաւելում մը կը նշմարուի կեանքէն դժգոհող մելամաղձոտներու թիւին մէջ. իրենց համար շատ դժուար եկած է հաշտեցնել իտէացած կեանքը՝ գործնականին հետ։

Եւրոպական գրականութիւնը ամէն դարէ աւելի, վերջինին մէջ է որ ցոյց տուած է անօրինակ հակում մը դէպ ի մելամաձութիւն. առանց հոս զբաղելու դէմքերու այն երկար շարքովը, որ ոիչ մը ամէն ազգի գրականութեան, բայց մանաւանդ Ֆրանսականին մէջ ներմուծեց մելամաղձոտ տարեր, դիտել կուտանք թէ մեր գրականութիւնն ալ— որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ հետեւողութիւն մըն է Ֆրանսականին— պէտք չէ կաշկանդուած մնալ այդ հիւանդագին մելամաղձութեան թուլացուցիչ ազդեցութեան տակ։

Մելամաղձոտ գրականութիւն մը երբէք գոյութեան իրաւունք չի կրնար ունենալ, որովհետեւ, անիկա կ՚ենթարկէ մեր հոգեկան կարողութիւնները կատարեալ անգործութեան մը, մեռելական երեւոյթ մը տալով մեր կեանքին։ Մելամաղձութիւնը՝ գրականութեան մէջ՝ չունի այն դերը, որ տխուրինը, առողջ տխրութեանն է. եւ մինչ առաջինը պիտի դատապարտէր մեր ներքին ոյժերը զուտ կրաւորականութեան մը, երկրորդը՝ առողջ տխրութեամբ ներշնչուած գրականութիւնը այսինքն՝ մեծագոյն սատարը պիտի ըլլար մեր հոգիներուն ազնուացման գործին մէջ, զմեզ գիտակից ընելով կեանքին հետ բաղադրուած զազրութիւններուն, ու նաեւ, ցոյց տալով այն փրկարար ուղին, որ պիտի առաջնորդէր մեզի դէպ ի վսեմ բարձրութիւնները լաւ ապրուած կեանքի մը։

֍

Ըսինք թէ մելամաղձոտները, յաճախ, այն չեն ինչ որ կ՚երեւան. այս պարագան կրնայ տարօրինակ թուիլ ընթերցողներուս համար, կարեւոր է ուրեմն որ քանի մը օրինակներով լուսաբանենք խնդիրը։

Առաջին օրինակը, տարօրինակութիւններու երկիրէն՝ Ամերիկայէն է որ պիտի առնենք։ Ամերիկեան բեմին ամենէն փայլուն դերասաններէն մէկը, երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր մելամաղձութենէ մը, որ իր հոգին մատնած էր անբուժելի թախծութեան մը, իր բոլոր օրերը արցունքի եւ առանձնութեան մէջ անցնել տալու աստիճան Բարեկամներու խորհուրդով, դերասանը կը դիմէ բժիշկի մը, որուն համբաւը, դիւրին է գուշակել որ, այդ կարգի հիւանդութիւններու իբր միակ շուժիչը, շատ մեծ էր։ Երկար քննութենէ մը ետք, հեգոկան բժիշկը կը պատուիրէ հիւանդին մարմնական այս ու այն վարժութիւններ, բացօթեայ պտոյտներ, եւն բայց, ի մեծ յուսախաբութիւն բժիշկին, հիւանդը կը յայտարարէ թէ ինք արդէն փորձած ըլլալով այդ կարգի դարմանները, դրական օգուտ մը չէ ստացած է անոնցմէ։ Այն ատեն, բժիշկը կը դեդեւի, եւ քանի մը վայրկեան խորհրդածութենէն ետք կը յարէ. «բարեկամ, քու բժշկութեանդ համար մէկ միջոց միայն կայ ուրեմն, որուն անթերի գործադրութեանը պէտք է որ սկսիս այս գիշերուընէ իսկ։ Գիտես անշուշտ որ, Ճօնսընի թատերական խումբը ամէն օր իր ներկայացումները սկսած է տալ Օ. թատրոնին մէջ. լաւ, կ՚երթաս հոն, եւ այդ խումբին ամենէն յաջող կատակերգակ դերասանը վստահ եմ որ պիտի յաջողի խնդացնել ու զուարճացնել զքեզ։ Իսկ եթէ այս փորձն ալ չի յաջողի, կրնաս վստահ ըլլալ որ հիւանդութիւնդ անբուժելի է»։ Դերասանը, կատարելապէս ապուշ դարձած, քանի մը րոպէ բժիշկին երեսն ի վեր նայելէ ետք, «բայց տօքթըր, կը պատասխանէ, այդ ձեր ակնարկած դերասանը ճիշտ ես եմ»։

Այդ զուարթ կարծուած, բայց իրապէս աշխարհի ամենէն մելամաղձոտ մարդոցմէ մին եղող ամերիկացի դերասանը ինձ կը յիշեցնէ մեր Պարոնեանը, որ կրնայ ծառայել իբր նոյն կարգի օրինակ մը։ Չափազանցութիւն չպիտի ըլլար ըսելը թէ Յ. Յ. Պարոնեան անունը այլ եւս հոմանիշ է մեր ժողովրդին լեզուին մէջ, ծիծաղի, երգիծանութեան, ու Պարոնեան լիովին արժանի է այդ պատիւին, որովհետեւ իր զաւեշտագիրի տաղանդին մէջ եզական բան մը կայ, որ— ի բաց առեալ ամենայաջող կրթիչի յատկութիւնը— կը յաջողի մարելիք բերող քրքրիջներ պատճառել, նոյն իսկ կրկին եւ կրկին կարդացուած իր տողերով Արդ, Պարոնեանի կեանքը ոչ մէկ երեւոյթ կ՚ընծայէ զուարթ կոչուելիք, այլ ատոր ճիշտ հակառակը. զինքը մօտէն ճանչցողները կը վկայեն թէ, Պարոնեան սովորաբար տրտում եւ յուսահատ կերպարանք մը ունէր. «Ամէն անգամ որ զինքը տեսնէի, կը գրէ իր ծանօթներէն մէկը, կը կարծէի թէ այն օրը մեծ վիշտ մը ունի, կամ անյաջողութիւն մը։ Բայց ոչ, իր բնաւորութիւնն էր, ներքին ցասկոտութիւն մը ունէր, եւ այդ ալ շատ նպաստամատոյց եղաւ իր տաղանքին»։

Անգլիական գրականութեան մէջ այս երեւոյթը բացատրող ամենէն աղւոր օրինակը Քաուբըրն է. Քաուբըրի մելամաղձութիւնը այն աստիճան ծանր համեմատութիւններ առած էր որ, խեղճը իր կեանքը խելագարութեամբ վերջացուցած է։ Ու այն մարդը, որ այնքան հոգեսարսուռ գործեր երկնեց, գրած է նաեւ Ճօն Կիլբինը, մէկը այն ամենէն աւելի զուարթ կտորներէն, զոր Տիքընս մը կարող էր արտադրել։

Բայց ըլլալու եւ երեւալու մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնը փոխադարձ է. այնպէս որ, եթէ ամենէն զուարթաբարոյ երեւցած անձը ներքնապէս ամենէն թշուառն է, փոխադարձաբար, ամենէն աւելի լացնող գործեր արտադրող անձեր ալ պակաս չեն, որոնք իրենց ամէն օրուան կեանքին մէջ զուարճախօս ու կատակաբան են։

Դարձեալ անգլիական գրականութեան մէջ, Թոմաս Եունկը կայ, Գիշերային մտածութիւններու յղացողը, որ ամեն օրուան խօսակցութեան մէջ, խիստ զուարթ եւ սրտախօս անձի մը հաբաւը կը վայելէր։

Մեր գրականութեան ալ մէջ պակաս չեն անշուշտ այս կարգի դէմքեր. հատ մը յիշած ըլլալու համար, առնենք Կարապետ Ոսկեանը, որուն մահը տակաւին քիչ ժամանակ առաջ ողբացինք։ Ոսկեանի գրիչին արտադրութիւնները մեծ մասամբ յոյզերով լեցուն եւ մելամաղձութեամբ շաղուըւած տողեր են, որոնց մէջ արցունքի կաթիլներ կը կաթկթին եւ տխուր յիշատակներ կը թրթռան։ Արդ, Ոսկեանը ճանչցողները ըսած են թէ իր ընկերակցութիւնը ամենէն աւելի հաճոյալի տպաւորութիւնը կ՚ընէր մարդու վրայ, եւ թէ՝ ինք ամէն ատեն շրթունքներուն վրայ պատրաստ ունէր զուարթ խօսք մը, սրամտութիւն մը։

Կ. Պոլիս

«Արեւելեան մամուլ», 1902, 1 Յուլիս, թիւ 13, էջ 587-591,

«Արեւելեան մամուլ», 1902, 15 Յուլիս, թիւ 14, էջ 614-618